ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Իսրայէլեան բանակին Լիբանան ներխուժումէն եւ արեւմտեան Պէյրութի պաշարումէն ետք, 1982 յուլիսի կէսերուն ստեղծուած քաղաքական եւ զինուորական սառած իրավիճակը կը մնար անփոփոխ, իսկ Պէյրութի տագնապի լուծման` պաղեստինեան ուժերու հեռացման եւ միջազգային խաղաղարար ուժի մը Պէյրութ առաքման առաջադրանքներուն գծով, Պէյրութի, ՈՒաշինկթընի, Իսրայէլի եւ արաբական ու եւրոպական երկիրներու միջեւ տարուող ուղղակի եւ անուղղակի բանակցութիւննեը կը շարունակուէին:
Իսրայէլեան օդանաւեր հինգշաբթի, 22 յուլիս 1982-ի յետմիջօրէին յարձակման անցան Պեքաայի մէջ կեդրոնացած արաբական զսպիչ ուժերուն ու Պէյրութի արեւմտեան գօտիի եւ հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող պաղեստինեան եւ յառաջդիմական դիրքերուն վրայ, այսպէսով խախտելով կիրակի, 11 յուլիսի երեկոյեան հաստատուած զինադուլը: Զինադուլը խախտող նախընթաց գործողութիւնները հարաւային արուարձաններուն եւ Պեքաայի մէջ եղած էին հրետանիի մասնակի բախումները:
Օդանաւային ռմբակոծումները սկսան Պեքաայի մէջ, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին: Թիրախներն էին Պար Իլասի, Սաատնայէլի, Թաանայէլի, Շէյխ Ապտալլայի, Քուրայի եւ Պաալպէքի մօտակայ արաբական զսպիչ ուժերու դիրքեր: Օդանաւային յարձակման ընկերացան նաեւ հերետանիի մարտեր, որոնք երկարեցան հակամարտ ուժերը բաժնող «զինադուլի գիծ»-ին բազմաթիւ շրջաններուն վրայ, մինչեւ Մտէյրէժ եւ Համմանա: Արաբական զսպիչ ուժերը հակադարձեցին յարձակումին:
Պէյրութի մէջ, ժամը 3:00-էն սկսեալ, իսրայէլեան օդանաւեր նախ «սուտ յարձակումներ»-ու ձեռնարկեցին: Ռմբակոծումները սկսան ժամը 5:00-ին եւ տեւեցին մէկ ժամ: Թիրախներն էին Ուզահիէն մինչեւ Ռամլէթ Պայտայի եւ Սփինիսի շրջանը տարածուող ծովեզերքը, պաղեստինեան գաղթակայանները, Մարզական աւանի, Քաղաքապետարանի դաշտի, Ֆաքհանիի եւ Քոլայի շրջանները: Ինկան աւելի քան վաթսուն զոհ, մեծ մասամբ` կիներ, մանուկներ եւ ծերեր:
* * *
Ուրբաթ, յուլիս 23-ին, Պեքաայի մէջ հրետանիի սաստիկ բախումներ տեղի ունեցան իսրայէլեան եւ սուրիական հրետանիներուն միջեւ:
Կէսօրին, իսրայէլեան օդանաւեր վերսկսան քննական թռիչքները` Պէյրութի եւ հարաւային արուարձաններու վերեւ: «Սուտ յարձակումներ»-ով սկսած այդ թռիչքները ժամը 1:15-էն ետք վերածուեցան ռմբակոծումներու, որոնք ընդգրկեցին օդակայանի մայրուղիի եւ Պուրճ Պարաժինէի շրջաններէն մինչեւ Լէյլաքի, Ռամլ էլ Ալի, Պիր Հասան, Մարզական աւան եւ պաղեստինեան գաղթակայանները:
Ռմբակոծումները տեւեցին աւելի քան մէկ ժամ, որմէ ետք, հարաւային արուարձաններուն մէջ ընդհատ պայթումները շարունակուեցան, փոխադարձ հրթիռարձակումներով:
Պէյրութի եւ Պեքաայի իրադարձութեանց կողքին, իսրայէլեան ուժեր կրակմարի դրութիւն հաստատեցին Սայտայի մէջ, փակեցին անոր բոլոր մուտքերը եւ շրջագայութիւնը արգիլեցին` ձեռնարկելով հետապնդումներու լայնածիր արշաւի մը:
Արտակարգ այդ միջոցառումներուն պատճառը նախորդ երեկոյ պատահած միջադէպ մըն էր: Արդարեւ, իսրայէլեան ուժերու գիծին ետին գործող պաղեստինեան ուժեր թափանցած էին Սայտա եւ յարձակում գործած` սերային վրայ, ուր հաստատուած էին իսրայէլեան գրասենեակներ: Կիսածանր զէնքերով մղուած կռիւներու ընթացքին, իսրայէլացի բազմաթիւ զինուորներ սպաննուած եւ վիրաւորուած էին:
Իսկ Պհամտունի մօտ, պաղեստինեան ուժեր յարձակում գործեցին իսրայէլեան դիրքի մը վրայ ու բախում մը ունեցան անոր տարրերուն հետ, սպաննելով ու վիրաւորելով անոնցմէ ոմանք:
* * *
«Ազդակ», 19 յուլիս 1982-ի թիւով եւ «Ապագայ Լիբանանը եւ մենք» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր: Վստահ ենք որ Լիբանան ո՛չ միայն ներկայ տագնապի հանգրուանը յաջողութեամբ պիտի կտրէ, ո՛չ միայն պիտի վերապրի իբրեւ քաղաքական միաւոր եւ հայրենիք, այլեւ` իր զաւակներուն աննկուն կամքով եւ միութեամբ` աւելի ամուր, աւելի կենսունակ, աւելի մեծցած պիտի դիմակալէ ապագան: Հաստատ կը հաւատանք, որ ութ տարուան ահաւոր երկունքէ մը յետոյ վերածնած նոր Լիբանանը պիտի ապրի ու պիտի բարգաւաճի:
Ի՞նչ է սակայն ապագայ Լիբանանի մեր պատկերացումը: Հարց տանք. «Ի՞նչ տեսակ Լիբանան կ՛ուզենք»: Ունի՞նք արդեօք յստակ պատասխան մը, յստակ մտապատկեր մը, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական յստակ առաջադրանքներ, աշխատանքի յստակ ծրագիր մը այդ առնչութեամբ:
«Ազդակ» կը շարունակէ ըսելով, որ անիկա արուեստական, վերջին ժամու յղացում մը, քիչ մը ուշ մնացած պատշաճեցում մը չէ: Անիկա բնական, անխուսափելի, արդիւնքն է այն քաղաքականութեան, որուն անշեղ հետեւեցանք վերջին տարիներուն ընթացքին, հակառակ բազմաթիւ խոչընդոտներու, բազմապիսի դժուարութիւններու եւ թիւրիմացութիւններու, երբեմն ալ անխնայ քննադատութիւններու, ճնշումներու, հալածանքի եւ զոհերու: Քաղաքականութիւն մը, որուն զօրավիգ կանգնեցաւ միաճակատ լիբանանահայութիւնը եւ ամբողջ սփիւռքը:
Լիբանանահայութեան առաջադրանքները բանաձեւելով «Ազդակ» կ՛ըսէր.
Քաղաքական մարզին մէջ մեր առաջադրանքն է որ
– Լիբանան մնայ անկախ եւ միացած, իր գերիշխանութիւնը տարածելով լիբանանեան ամբողջ հողամասին վրայ, առանց որեւէ բացառութեան: Զինուորական, քաղաքական կամ տնտեսական ճնշումներու ճամբով` ո՛չ մէկ ուժ, ներքին կամ արտաքին ո՛չ մէկ կազմակերպութիւն, ո՛չ մէկ օտար պետութիւն փորձէ կապտել լիբանանեան օրինական գերիշխանութիւնը:
– Ձախողութեան մատնուին Լիբանանի միութեան խախտումին եւ երկրին բաժանումին առաջնորդող ուղղակի կամ անուղղակի բոլոր ծրագիրները, «իրողական բաժանման» գոյավիճակը արմատացնելու, շարունակելու կամ օրինականացնելու բոլոր փորձերը:
– Ապրող իրականութիւն դառնայ Լիբանանի ժողովրդավարական եւ խորհրդարանական վարչաձեւը: Բայց միեւնոյն ատեն Լիբանան օժտուի գործօն եւ ուժեղ կառավարութիւններով, որպէսզի անոնք ճամբայ հարթեն երկրին բարեկարգութիւններուն:
– Սերտ եւ ներդաշնակ կապեր ու յարաբերութիւններ հաստատուին Լիբանանի եւ արտաքին աշխարհի միջեւ, եւ մասնաւորապէս արաբական պետութիւններուն հետ, պայմանաւ որ լրիւ յարգուին Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի ուխտերուն ծիրին մէջ:
– Ապահովուին մտածումի, խօսքի եւ արտայայտութեան կատարեալ ազատութիւնները: Իբրեւ պետութիւն եւ ժողովուրդ Լիբանան պաշտպանէ մարդկային եւ ազգային բոլոր արդար դատերը:
Վարչական մարզին մէջ լիբանանահայութեան առաջադրանքը բանաձեւելով «Ազդակ» կ՛ըսէր, որ
– Լիբանանը բաղկացնող համայնքները սերտօրէն գործակցին եւ փոխադարձօրէն յարգեն իւրաքանչիւրին ինքնութիւնը, իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները: Պետական սպասարկութիւններու մէջ սակայն անհրաժեշտ էր լայիքացումը, տեղ բանալու համար արժանաւորին եւ այդպէս` նպաստելով վարչական բարեկարգութեան:
– Արմատական մաքրագործումի եւ բարփոխութեան ենթարկուի պետական վարչամեքենան, ընդլայնին տեղական իրաւասութիւնները:
Ապահովական մարզին մէջ լիբանանահայութեան առաջադրանքը բանաձեւելով «Ազդակ» կ՛ըսէ.
– Ազգային բանակը բարեկարգուի, զօրանայ եւ օժտուի անհրաժեշտ միջոցներով, որպէսզի կարողանայ լաւագոյնս ապահովել հայրենիքի պաշտպանութիւնը, լիբանանեան հողամասին ամբողջ տարածքին եւ բոլոր սահմաններուն վրայ:
– Նոյնպէս` բարեկարգուին, զօրանան եւ անհրաժեշտ միջոցներով օժտուին ներքին Ապահովութեան Ուժերը, որպէսզի ապահովեն երկրին ներքին խաղաղութիւնը:
Ընկերային եւ տնտեսական մարզերուն մէջ բազմաթիւ էին լիբանանահայութեան առաջադրանքները, որովհետեւ կայուն եւ զօրաւոր Լիբանան մը կարելի կը դառնայ գլխաւորաբար տնտեսապէս բարգաւաճելով եւ իր բոլոր զաւակներուն բարեկեցութեան հաւասար առիթներ ընծայելով:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ վաղուան Լիբանանը հետամուտ պէտք է ըլլայ ամէն ձեւի չարաշահութեանց եւ մենաշնորհներու վերացումին, տուրքերու արդար բաշխում կատարելով եւ անոնց բծախնդիր գործադրութեան լծուելով: Անյապաղ պէտք է ձեռնարկել ազգային տնտեսութեան ծրագրումին, առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձնելով թերաճ շրջաններու զարգացումը եւ անոնց կարելիութեանց արդիւնաւորումը: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ ապագայի անորոշութիւնը կը հանդիսանայ լիբանանցիի առօրեայ մտահոգութիւնը, ինչ որ անհրաժեշտ կը դարձնէ գործի ապահովումը աշխատաւորներուն, արհեստակցական միութեանց զօրացումը, աշխատավարձերու սրբագրումը, սպառողական շուկայի հակակշռումը, ընկերային ապահովութեան մարզերու բազմացումը, բնակարանային տագնապի լուծումը եւ, յատկապէս լուծումը կարող ուժերու արտագաղթին մղող պատճառներուն:
***
Իսկ 22 յուլիս 1982-ի թիւով եւ «Երբ զէնքերը կը յոգնին» խորագիրով ակնարկով «Ազդակ» կը գրէր, որ բազմահազար ցուցարարներ արհամարհեցին զինեալ անցարգելները եւ, Արեւմտեան Պէյրութէն Մանսուր պալատ ուղղուելով, բողոքեցին իրենց թաղերուն պարտադրուած պաշարման վիճակին դէմ:
Երբ լիբանանեան ողջ հայրենիքը վերածուած է զօրանոցի եւ քաղաքական ամէն քայլ կը հպատակի զէնքերու քմայքին, առաջին ակնարկով վստահաբար ցնորական կրնար թուիլ լաւատեսութիւնը բոլոր անոնց, որոնք ժողովրդային ցոյցերուն տակաւին հաւատք կ՛ընծայեն: «Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ փաստօրէն զէնքերն ալ կը յոգնին, այն իմաստով` որ հակառակ իրենց սպառնական ճնշումին, չեն կրնար վերջնականապէս փոխարինել հարցեր լուծելու բնական միջոցը, ժողովրդավարական պայքարի ուղին: Տարիներ շարունակ այս երկիրը իրենց հակակշիռին տակ պահելէ ետք, ներքին թէ արտաքին զէնքերը ահա մատնուած են անելի եւ ակամայ տեղի կու տան զիրենք արհամարհող բողոքի ցոյցին առջեւ:
«Ազդակ» կը նշէր, որ երեւոյթը սոսկական ցոյցէ մը շատ աւելին էր, որովհետեւ քիչ մը ամէն մակարդակի վրայ լիբանանեան տագնապը կ՛անցնէր նոյն շրջադարձէն: Զէնքերը պահելով թէ առանց զէնքի, գրեթէ ամէն կողմ ճարահատ կը կանգնի այն համոզումին վրայ, որ քաղաքական լուծումը ներկայ անելէն դուրս գալու կարելի ու հնարաւոր միակ ելքն է:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ արաբեւիսրայէլեան հարցին կայուն եւ արդար լուծում մը գտնելու եւ այդ ճամբուն վրայ տասնամեակներու իրենց թշնամանքէն դուրս գալու իրատեսութիւնը սկսած է առաջնորդել քայլերը թէ՛ նոյնինքն շրջանային ուժերուն եւ թէ մեծերուն, որոնք փոխադարձ ճանաչումին եւ իրաւունքներու յարգումին մէջ կը տեսնեն երաշխիքը խաղաղութեան:
***
Պէյրութի արեւմտեան գօտիի հարաւային արուարձանները կիրակի, 25 յուլիսին թիրախ դարձան իսրայէլեան ռմբակոծումներու: Կէսօրէ առաջ, ժամը 10:30-էն սկսեալ ու շուրջ մէկ ժամ, իսրայէլեան օդանաւեր եւ մարտանաւեր ռմբակոծեցին Ռամլէթ Պայտայէն մինչեւ Մարզական աւան ու քուէյթեան դեսպանատուն, ինչպէս նաեւ` մինչեւ Թարիք Ժըտիտէ եւ պաղեստինեան գաղթակայաններ տարածուող շրջանները: Օդանաւային յարձակումներու դադրեցումէն ետք, Պարպիր-Թանգարան-Պատարօ շրջանին մէջ հրետանային ռմբակոծումներ ծայր առին, որոնք արձագանգ գտան Սոտեքոյի շրջանին մէջ: Հրթիռներ ինկան նաեւ Էշրեֆիէի ու Տըքուանէի շրջաններուն մէջ: Աւելի ուշ, ընդհատ հրթիռարձակումները սահմանափակուեցան Հատէթ-Լէյլաքի-օդակայան գօտիին մէջ, իսկ երեկոյեան ժամը 8:15-էն ետք, իսրայէլեան օդանաւեր վերստին թռիչքներ կատարեցին արեւմտեան Պէյրութի վերեւ, արձակելով լուսարձակ եւ մահասփիւռ ռումբեր:
Երկուշաբթի, յուլիս 26-ի արեւածագէն առաջ, հարաւային արուարձանները թիրախ դարձան հրետանիի եւ մարտանաւերու ռմբակոծումներու: Ռմբակոծումը հակազդեցութիւն մըն էր պաղեստինեան դիրքերէ արձակուած հրթիռներու:
Նախամիջօրէին, բախումները դադրեցան ու միայն հարաւային արուարձաններուն մէջ ընդհատ պայթումները եղան ընդհանուր խաղաղութիւնը խանգարող դէպքերը: Յետմիջօրէին, իսրայէլեան օդանաւեր վերստին երեւցան Պէյրութի վերեւ ու ժամը 2:45-էն սկսեալ մինչեւ 3:20, ապա նաեւ, երեկոյեան ժամը 9:45-էն սկսեալ ու աւելի քան մէկ ժամուան ընթացքին, ռմբակոծեցին Ռամլէթ Պայտայի ծովեզերքէն մինչեւ Թարիք Ժըտիտէ երկարող գիծին հարաւային կողմը` պաղեստինեան գաղթակայաններն ու անոնց շրջակայ թաղամասերը: Ռմբակոծման թիրախ դարձան նաեւ Ուզահիէն մինչեւ օդակայան, Պուրճ Պարաժնէ տանող շրջաններ, որոնց դիմաց, հրթիռներ արձակուեցան դէպի Հատէթ եւ Եարզէ, ուր վնասուեցաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքը:
Յետմիջօրէի ռմբակոծումներուն ընթացքին, հրետանիով եւ կիսածանր զէնքերով բախում մը տեղի ունեցաւ նաեւ օդակայանին մօտ: Պաղեստինեան ուժեր Շուէյֆաթի շրջանին մէջ քանդեցին իսրայէլեան զինուորական զրահապատ մը եւ սպաննեցին ու վիրաւորեցին ութ զինուորներ:
Միւս կողմէ, Պեքաայի մէջ իսրայէլեան ուժերը 10 քիլոմեթր յառաջխաղացք արձանագրեցին եւ գրաւեցին երեք գիւղեր: