ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հարաւային Լիբանանի վիճակը, քանի մը ամսուան համեմատական հանդարտութենէ ետք, 1982-ի ապրիլին դարձաւ կրկնակիօրէն մտահոգիչ: Միւս կողմէ, իսրայէլեան յարձակումի մը հաւանականութենէն բխող մտավախութիւնները փարատելէ առաջ, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ բախումներ ծայր առին Ամալի եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերուն միջեւ, որոնք արձագանգ գտան եւ տարածուեցան հարաւի մէջ, պատճառելով մարդկային եւ նիւթական մեծ կորուստներ:
Երեքշաբթի, 13 ապրիլ 1982-ի արեւածագէն առաջ Շիահի եւ շրջակայ թաղամասերու բնակիչները արթնցան ծանր զէնքերով ծայր առած բախումներու սարսափի մթնոլորտին մէջ: Արդարեւ, շրջանի Հայ Ժըտիտէ թաղամասին մէջ բախում մը ծայր առաւ Ամալի եւ անոր հակադիր համայնավար տարրերու միջեւ ու շուտով վերածուեցաւ ռմբակոծումներու, որոնց ընթացքին հրթիռներ ինկան նաեւ բախումներու դաշտէն հեռու թաղամասերու մէջ:
Օրուան ամէնէն ծանրակշիռ բախումները, սակայն, տեղի ունեցան հարաւի մէջ, Նապաթիէ-Սուր-Սայտա գօտիին մէջ, Ամալի եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերուն միջեւ: Բուռն բախումներ եւ ռմբակոծումներ տեղի ունեցան յատկապէս Ատլունի, Զիֆթայի եւ Ժըպահի շրջաններուն մէջ:
Գիշերը հաստատուած քանի մը ժամուան զինադուլէ ետք, չորեքշաբթի, ապրիլ 14-ին բախումներն ու ռմբակոծումները վերսկսան եւ արագօրէն տարածուեցան դէպի նոր շրջաններ, ուր զինեալ երեւոյթները արդէն իսկ ելեկտրականացուցած էին մթնոլորտը: Ամէնէն ծանրակշիռ ռմբակոծումները տեղի ունեցան Ատլունի եւ Սաքսաքիէի մէջ, իսկ կրակի օղակը իր հակակշիռին տակ առաւ Սայտայէն Սուր եւ Նապաթիէ տարածուող բազմաթիւ գիւղեր եւ աւաններ, որոնց կարգին Քֆար Թըպնիթը, Հարունը, Տուէյրը, Անսարը, Զիֆթան, Մարունիէն, Ժըպահը, Զպտինն ու Սարաֆանտը:
Քաղաքական մակարդակի վրայ շփումներու իբրեւ արդիւնք, յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին զինադուլի համաձայնութիւն մը գոյացաւ, որ երկար չդիմացաւ: Կացութիւնը պայթեցաւ հազիւ ժամ մը ետք ու մինչեւ ուշ գիշեր, հրետանիի եւ հրթիռներու գործածութեամբ շարունակուեցաւ սաստկօրէն:
Բախումները արձագանգ գտան նաեւ Խանտաք Ղամիքի եւ Պասթայի շրջաններուն մէջ: Աւելի ուշ բախումներ տեղի ունեցան նաեւ Պաշուրայի եւ Քարաքոլ Տրուզի մէջ, իսկ երեկոյեան կացութիւնը պայթեցաւ հարաւային արուարձաններուն մէջ, Պուրճ Պարաժնէէն մինչեւ օդակայանի մայրուղին: Պիր Հասան եւ Հայ Մատի թատերաբեմ դարձան հրթիռներու փոխանակման կրակէ օղակի մը: Հրթիռներ ինկան նաեւ հակամարտ կողմերու կազմած ճակատներու գիծերէն շատ հեռու գտնուող շրջաններու մէջ: Այսպէս, Ռաուշէի ծովեզերեայ կրպակներու շուկային վրայ ինկած հրթիռ մը մեծ հրդեհ մը առաջացուց:
Ամբողջ գիշերը եւ մինչեւ հինգշաբթի, ապրիլ 15-ի առաւօտեան կանուխ ժամերը ռմբակոծումներն ու հրթիռարձակումները շարունակուեցան, մինչեւ որ զինադուլի համաձայնութիւն մը գոյացաւ, առիթ տալով բախումներու թատերաբեմ եղող շրջաններու բնակիչներուն` պահ մը դուրս գալու իրենց ապաստանարաններէն:
Խաղաղութիւնը սակայն երկար չտեւեց: Առաւօտեան ժամը 8:00-էն ետք նոր բախումներ եւ ռմբակոծումներ ծայր առին հարաւային արուարձաններուն եւ անոնց շրջակայ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ:
Յետմիջօրէին ծանր բախումներ եւ ռմբակոծումներ ծայր առին Խանտաք Ղամիքի մէջ ու տարածուեցան մինչեւ Պասթա, Պշարա Խուրի եւ Մուսայթպէ: Երեկոյեան արաբական զսպիչ ուժերը յաջողեցան մուտք գործել Խանտաք Ղամիքի եւ Պասթայի թաղամասերէն ներս:
Հարաւի մէջ, բախումները կը շարունակուէին գլխաւոր երկու առանցքներու վրայ. ներքին` Զիֆթա-Նապաթիէ եւ ծովեզերեայ` Ատլուն-Սարաֆանտ-Սաքսաքիէ-Ղազիէ գիծերուն վրայ: Թնդանօթներով եւ հրթիռարձակումներով մղուած բախումներուն ընկերացան հակառակորդի դիրքերու գրաւման բուռն կռիւներ եւ փոխադարձ առեւանգումներ:
Ուրբաթ, ապրիլ 16-ին, հարաւային արուարձանները բոլորեցին ծանր ռմբակոծումներու տաք օր մը: Առաջին ծանրակշիռ միջադէպը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 8:20-ին, Շիահի շրջանին մէջ, Ամալի եւ համայնավար տարրերու փոխադարձ առեւանգումներով եւ զինեալ յարձակումներով: Այդ միջադէպերը ծայր տուին հրթիռարձակումներու եւ ռմբակոծումներու, որոնք տարածուեցան Պուրճ Պարաժնէէն մինչեւ Սֆէյր, Ռուէյս եւ Պիր Ապտ:
Աւելի քան ժամ մը տեւած ռմբակոծումները դադրեցան պահ մը, աւելի սաստիկ կերպով վերսկսելու համար կէսօրին: Ռմբակոծումները շարունակուեցան ամբողջ յետմիջօրէին ու տարածուեցան մինչեւ Ասաատ Ասաատ փողոց:
Երեկոյեան, ռմբակոծումները մեղմացան, սակայն 10:15-էն 10:30-ի միջեւ Պուրճ Պարաժնէէն մինչեւ Պիր Ապտ տարածուող շրջանը անգամ մը եւս թատերաբեմ դարձաւ ծանր ռմբակոծումներու, իսկ ժամը 11:30-էն ետք ռմբակոծումները վերսկսան սաստիկ թափով:
Հարաւի պարագային, բախումները կեդրոնացած էին Սուրի եւ Նապաթիէի շրջաններուն մէջ: Մինչ այդ, հարաւի եռօրեայ բախումները պատճառած էին աւելի քան 300 զոհ եւ վիրաւոր, իսկ նիւթական վնասները անհաշուելի էին:
***

«Ազդակ», 20 ապրիլ 1982-ի թիւով եւ «Վտանգը ընդհանուր է» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ լիբանանցին դեռ չէ սթափած վերջին բախումներուն պատճառած ցնցումէն:
Ի՞նչ պատահեցաւ որ զէնքերը ուղղուեցան իրարու դէմ, երբ այլապէս եւ նոյն ինքն հարաւի վրայ Իսրայէլի վտանգը կախուած էր դամոկլեան սուրի մը պէս, հարց կու տար «Ազդակ» եւ կը շարունակէր ըսելով.
Բացատրութիւններ միշտ կան եւ դժուար չէ զանոնք գտնել: Բայց ոչ մէկ բացատրութիւն կարելի է տալ ա՛յն երեւոյթին, որ լիբանանեան տագնապի ամբողջ տեւողութեան, ընդհանրապէս նոյն ճակատին վրայ կանգնած ուժերը ճիշդ այս ժամանակը ընտրեցին` որոշելու համար որ զէնքի ճամբով պիտի հարթեն իրենց տարակարծութիւնները:
Խորքին մէջ նոյն անբացատրելի գիծն է, որ 1975-էն ի վեր տագնապի մէջ կը պահէ այս հայրենիքը, որուն զաւակները բնականաբար ունին տարակարծութեան եւ հակադրութեան պատճառներ, առանց որ հասկնալի դառնայ թէ ինչպէ՛ս այդ տուեալները կրնան առաջնորդել եղբայրասպան կռիւի:
Բայց բացատրելի ըլլայ կամ ոչ, Լիբանան կը մնար գետին պայթումի նոյն խաղին, որ պարզապէս ժամկէտ, բնոյթ եւ տեղ կը փոխէր, իր ներկայութիւնը միշտ զգալի կը դարձնէր եւ իր օրէնքները կը պարտադրէր անխտիր բոլորին, կը հաստատէր «Ազդակ» եւ կը շեշտէր ըսելով.
Ահաւորը ա՛յն է, որ բախումի իւրաքանչիւր հանգրուան ոչ միայն չի կրնար լուծել իրեն ծնունդ տուող հակամարտութեան պատճառները, այլեւ պայթուցիկ նոր բաղադրութիւն մը կ՛աւելցնէ լիբանանեան վառօդի տակառին, հետագային շատ աւելի աղիտալի պայթումի մը մղձաւանջը փոխանցելով լիբանանցիին:
Փաստօրէն ընդհանուր եւ միեւնոյն վտանգին պարագայական բռնկումը եղան Հարաւէն սկսած եւ շուտով Արեւմտեան Պէյրութ ահի ու անշարժութեան մատնած բախումները: Վտանգը ընդհանուր է, որովհետեւ խորքին մէջ ամէն բախում կը վկայէ հարցերու լուծման քաղաքական ուղին մերժելու ծայրայեղութեան մը մասին, կը պարզաբանէր «Ազդակ», շեշտելով.
Գաղափարական թէ քաղաքական ի՛նչ գունաւորում ալ ունենան իրարու դէմ զէնք բարձրացնող կողմերը, պարզապէս մահացու հարուած մը կու տան ազգային համերաշխութեան ա՛յն ուղիին, որ այս հայրենիքի փրկութեան առաջնորդող կարելի եւ անփոխարինելի միակ յոյսն է:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով. Կը բաւէ որ այս հայրենիքին զաւակները իրենց հարցերուն լուծումը պայմանաւորեն օրինական իշխանութեանց ազդու միջամտութեամբ եւ, արդէն, բնականաբար կարելի կը դառնայ դուռը փակել անբացատրելի եւ անհակակշռելի բռնկումներուն առջեւ:
Այլապէս պարագայական ու մասնակի ամէն բախում ուշ կամ կանուխ կ՛առաջնորդէ ընդհանուր բռնկումի, վտանգին կու տայ ընդհանուր տարողութիւն, որովհետեւ քաղաքական հարցերու լուծման ճամբան կը ձգէ զինեալ խմբաւորումներու անբացատրելի քայլերուն եւ որոշումներուն բախտին:
***

Չորեքշաբթի, 21 ապրիլ 1982-ի յետմիջօրէին իսրայէլեան օդանաւեր վայրագ յարձակումներ շղթայազերծեցին Լիբանանի վրայ: Յարձակումները սկսան ժամը 2:25-ին եւ կրկնուեցան երեք անգամ, մինչեւ ժամը 4:30 եւ որոնց ընթացքին Տամուրի, Հարըթ Նաամէի, Արամունի, Տոհայի, Շուֆի, Շըհիմի եւ Սապրայի շրջանները թիրախ դարձան իսրայէլեան օդանաւերէ արձակուած ռումբերու եւ հրթիռներու:
Իսրայէլեան գործողութիւնը խլեց տասնեակներով զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Սաստիկ ու բազմահանգրուան ռմբակոծումները նաեւ բազմաթիւ հրդեհներ յառաջացուցին, ինչ որ սեւ ծուխի ամպով մը պատեց Պէյրութէն մինչեւ Տամուր տարածուող գօտիին երկինքը:
Ռմբակոծումներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ` անոնց աւարտէն ետք, իսրայէլեան օդանաւերը շարունակեցին թռիչքներ կատարել Պէյրութի եւ հարաւային արուարձաններուն վերեւ, հասնելով մինչեւ Քեսրուան եւ Պեքաա, ուր տեղի ունեցան սուրիական օդանաւերու հետ օդային ընդհարումներ:
Օդանաւային բախումներուն հետեւանքով, սուրիական օդուժը կորսնցուց երկու օդանաւ, որոնցմէ մէկը ինկաւ Հարիսայի մօտակայ շրջանի մը մէջ, իսկ երկրորդը` Պար Իլիասի շրջանին մէջ:
Յարձակումներուն ամբողջ տեւողութեան, արաբական զսպիչ ուժերու եւ պաղեստինեան հակաօդային հրետանիները գործեցին անընդհատ:
***
Պէյրութի մէջ ապահովական կացութիւնը կրկին անգամ վատթարացում արձանագրեց մայիսի սկիզբը: Ծայր առին խափանարարական եւ ոճրային արարքներ, որոնց թիրախ դարձան յատկապէս կրօնական անձնաւորութիւններ եւ հաստատութիւններ:
Միաժամանակ բախումներ ծայր առին Թրիփոլիի Պաալ Մոհսէն եւ Պապ Թըպպանէ շրջաններուն մէջ, ժողովրդային դիմադրութեան շարժումին եւ Սուրիոյ համակիր զինեալներու միջեւ: Բախումները հետզհետէ սաստկացան եւ ստացան աննախընթաց սաստկութիւն եւ ծաւալ: Ռմբակոծումներու եւ բախումներու շրջագիծը տարածուեցաւ քաղաքին բազմաթիւ թաղամասերը: Ինկան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:
Մայիս 9-ին իսրայէլեան օդանաւեր վայրագօրէն ռմբակոծեցին Սուրէն մինչեւ Տամուրի երկարող ծովեզերեայ կարգ մը շրջաններ, ինչպէս նաեւ` Զահրանիի եւ Շուֆի մէջ քաղաքային եւ զինուորական կարգ մը թիրախներ: Ռմբակոծումները սկսան յետմիջօրէի ժամը 4:10-ին եւ կրկնուեցան 10 վայրկեան ետք: Այնուհետեւ, աւելի քան մէկ ժամուան ընթացքին, իսրայէլեան օդանաւեր շարունակեցին սուտ յարձակումներ եւ քննական թռիչքներ կատարել ռմբակոծման թիրախներուն եւ մինչեւ Պէյրութ տարածուող շրջաններուն վերեւ, իրենց կարգին թիրախ դառնալով հակաօդային հրետանիի եւ «Սամ 7» տիպի հրթիռներու, որոնցմէ խուսափելու համար արձակեցին ջերմարձակ գունդեր:
Յաջորդող օրերուն, Սայտայի մէջ ծանր բախումներ ծայր առին պաղեստինցիներուն եւ նասըրականներուն միջեւ:
***
«Ազդակ», 10 մայիս 1982-ի թիւով եւ «Կրակի հետ կը խաղան» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմի բուռն հանգրուաններուն, լիբանանցին զերծ պահուած էր միջ-համայնքային գրգռութեան այս ոճէն: Նոյնիսկ համայնքային պահանջներուն շուրջ ծաւալած զինեալ բախումներու ժամանակ, միշտ ալ ակնբախ եղած էր կրօնական անձնաւորութիւններն ու հաստատութիւնները հարուածի թիրախ չընտրելու հետեւողական գիծ մը:
«Ազդակ» կը նշէր ըսելով որ դաւադիր ձեռքեր կրնան կանգ չառնել նաեւ այդ սահմանին առջեւ` լիբանանեան տագնապը հրահրելու իրենց մութ հաշիւներուն մէջ:
Քաղաքական ոճիրները բացորոշ դարձուցին, որ զուգադիպութենէ մը շատ աւելին կը միացնեն անոնց հեղինակները: Համայնքային այլամերժութիւն սերմանելու նոյն որոշումը զգալի է հաւասարապէս թէ՛ իսլամ եւ թէ քրիստոնեայ թիրախներու դէմ կատարուած անարգ այդ ոճիրներուն ետին: Անոնց չի պակսիր նաեւ միջոցներուն միջեւ խտիր չդնելու մոլեռանդութիւնը, ականուած ինքնաշարժն ու քստմնելի մարդասպանութիւնը նոյնքան ընդունելի միջոցներ են անոնց համար, այնքան ատեն որ կը ծառայեն այս հայրենիքին զաւակները իրարմէ հեռացնելու դաւադրութեան, կ՛ընդգծէր «Ազդակ»:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ նորութիւն չէ քաղաքացիական հակամարտութիւնները սրելու միջ-համայնքային գրգռութեանց զէնքը. նոր է, պարզապէս, թիրախներու ընտրութեան մէջ ցուցաբերուած մոլեռանդութիւնը: Եթէ նախապէս միայն աշխարհիկ բնոյթ կ՛ունենային թիրախները, դաւադիր ձեռքերուն համար ըստ երեւոյթին հնչած է նաեւ ուղղակի կրօնական թիրախները հարուածելու ժամը: Անբացատրելի չէր այս շրջադարձը, որովհետեւ լիբանանցին այլեւս փակած է միջ-համայնքային գրգռութեանց տուրք տալու փորձութեանց էջը: Ուստի` փոխադարձ անվստահութեան եւ այլամերժութեան մթնոլորտը լիբանանեան բեմէն չհեռացնելու տրամաբանութեամբ կը բացատրուէր կրօնաւորները հարուածելու դաւադրական ծայրայեղութիւնը:
Մենք ընտրած ենք ու հետեւողականօրէն կը հիմնաւորենք քաղաքացիական այն կեցուածքը, որ սխալ է լիբանանեան տագնապը հաւասարեցնել միջ-համայնքային հակամարտութեանց հետ: Անգամ մը որ մտքերուն մէջ տեղաւորուի այլամերժութեան այդ վէրքը, անմիջապէս անոր կը հետեւի եղբայրասպան արիւնահեղութեանց տուրք վճարելու փորձութիւնը, կ՛ըսէր «Ազդակ» եւ կ՛եզրափակէր ըսելով.
Կրօնական թիրախներուն դէմ կատարուած յարձակումները պարզապէս կը հետապնդեն Լիբանանը միջ-համայնքային այլամերժութեան վերադարձնելու եւ եղբայրասպան բախումներու գետին դարձնելու դաւադիր հաշիւը:
***

Արեւմտեան Պէյրութի մէջ ոճրային պայթումները իրարու կը յաջորդէին, խափանարարութիւններու շղթային վրայ նոր օղակներ աւելցնելով, միւս կողմէ ալ Ամալի եւ իրաքեան Պաասի ու քրտական կազմակերպութեանց միջեւ զինեալ բախումներ տեղի կ՛ունենային Զոքաք Պլաթի, Զարիֆի եւ շրջակայ թաղերուն մէջ:
Լոնտոնի մէջ, 3 յունիս 1982-ին, Բրիտանիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպան Շլոմօ Արկով ահաբեկման ենթարկուեցաւ: Դեսպանին դէմ կատարուած մահափորձը իբրեւ պատրուակ գործածելով իսրայէլեան կառավարութիւնը իր օդուժին հրահանգեց ռմբակոծել Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստինեան թիրախները:
Իսրայէլեան օդանաւային յարձակումները սկսան ուրբաթ, 4 յունիսի յետմիջօրէի ժամը 3:10-ին, իբրեւ առաջին թիրախ ունենալով Պէյրութի Մարզական աւանը եւ անոր շրջակայ պաղեստինեան դիրքերը: Ութ «Էֆ. 15»-երու, «Էֆ. 16»-երու եւ «Քֆիր»-ներու միջոցով կատարուած ռմբակոծումները շարունակուեցան աւելի քան մէկուկէս ժամ, իրարմէ 5-էն 15 վայրկեան տարբերութեամբ շուրջ տասը յաջորդական յարձակումներով, որոնք արագօրէն տարածուեցան ու ընդգրկեցին Սապրա, Շաթիլա ու Պուրճ Պարաժնէ գաղթակայանները, Ֆաքհանիի շրջանը, Ժալլուլ դաշտը, Պիր Հասանը, ինչպէս նաեւ` օդակայան տանող մայրուղիի երկու կողմերուն վրայ գտնուող դիրքեր: Բազմաթիւ շէնքեր ու ինքնաշարժներ քանդուեցան կամ կրակ առին, իսկ ստեղծուած խուճապալի վիճակին հետեւանքով, բազմաթիւ արկածներ պատահեցան:
Նկատի ունենալով որ ռմբակոծումներուն թիրախները մեծ մասամբ քաղաքային ու բնակարանային շրջաններ էին, անոնց 215 զոհերը եւ 400 վիրաւորները մեծամասնութեամբ եղան անմեղ քաղաքացիներ:
Հարաւի մէջ, Արապսալիմ գիւղին մօտակայ դիրքերը եւս օդանաւային ռմբակոծման ենթարկուեցան: Ինկան մեծաթիւ զոհեր:
Կարճ ատեն մը ետք, պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերու հրետանին սկսաւ ռմբակոծել հիւսիսային Գալիլիոյ շրջանը, իբրեւ հակազդեցութիւն իսրայէլեան յարձակման: Այնուհետեւ ծայր առաւ հրետանիի պատերազմ մը` Նապաթիէ-Պոֆոր դղեակ առանցքին վրայ: