Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէտք Է Գրաւիչ Ըլլայ Այն Կինը, Որ Ինծի Կը Յաջորդէ. Տալայ Լամա

Հոկտեմբեր 16, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

 

suzy_10-16-15

Թիպեթի հոգեւոր առաջնորդը սեռային խտրականութեան վէճ հրահրեց` ըսելով, որ տգեղ կին մը չի կրնար Տալայ Լամայի աշխատանքը ընել: Ստորեւ` «Պի.Պի.Սի.»-ի կայքին վրայ հրապարակուած այս հարցին անդրադարձող Քոլին Ֆրիմանի յօդուածէն հատուածներ:

Արեւմուտքի մէջ իր միլիոնաւոր համակիրներուն համար ինք ապրող, շնչող մարմնացումն է մարդկայնութեան եւ կարեկցանքի: Բայց եթէ  Տալայ Լաման փոխարինելը արդէն խիստ դժուարին էր, այժմ ինք հաստատեց  յաւելեալ  չափանիշներ` իր յաջորդին համար:

Թիպեթի հոգեւոր առաջնորդը յայտարարեց,որ եթէ իրեն յաջորդողը կին մը պիտի ըլլայ, ան ոչ միայն սիրալիր եւ քնքուշ պէտք է ըլլայ, այլեւ` ակնահաճոյ:

80-ամեայ պուտտայականը, որ իր այս խօսքով զարմացուց ամբողջ աշխարհի տարածքին իր  հետեւորդները, ըսաւ, որ մինչ ինք շատ ուրախ կ՛ըլլար, որ կին մը ստանձնէ իր դերը, պարզ կամ տգեղ թեկնածուն չի կրնար յարմար ըլլալ:

«Իգական սեռը պէտք է գրաւիչ ըլլայ, այլապէս գործի չի ծառայեր», ըսաւ ան,  «Պի.Պի.Սի.»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ:

Տալայ Լամա, որ կիներու իրաւունքներու ինքնահռչակ պաշտպան մըն է, այս նկատողութիւնը ըրաւ, երբ կ՛այցելէր Լոնտոն, ուր  ան կը խթանէր հոգատար եւ  բարեացակամ վերաբերմունքի հասկացողութիւնը:

Հակառակ անոր որ իր մեկնաբանութիւնները ձեւով մը կը հակադրուէին իր ազատական դիմագիծին, եւ «Պի.Պի.Սի.» որոշած էր անոնց կարեւոր տեղ չտրամադրել լուրերու հաղորդումներուն մէջ, սակայն կնոջական կայքեր այդ մեկնաբանութիւնները քաղեցին: Տարատեսակ կարծիքներ արտայայտուեցան:

Nicole-Lama_10-16-15Joanna-Krupa-i-Lama_10-16-15«Պի.Պի.Սի.»-ի  հարցազրոյցին մէջ հաղորդավար Քլայվ Միրի,  Տալայ Լամայի հարցուց, թէ արդեօք կարելի՞ է, որ կին մը յաջորդէ իրեն այս պաշտօնին: Տալայ Լամա մեծ խանդավառութեամբ հաստատեց, որ կարելի է, նշելով, որ նախորդ հարցազրոյցին մէջ, քանի մը տարի առաջ, ինք ֆրանսացի հաղորդավարուհիի մը ըսած է. «Կին Տալայ Լամա մը կենսաբանօրէն աւելի ներուժ պիտի ունենայ  խանդաղատանք եւ կարեկցութիւն դրսեւորելու: Ապա հաղորդավարուհիին ըսի, որ այդ կնոջ դէմքը շատ գրաւիչ պէտք է ըլլայ»:

Քլայվ Միրի զարմացած հարցուցած է. «Դուք կը կատակէք, կ՛ենթադրեմ: Կամ, արդեօ՞ք չէք կատակեր»: Տալայ Լամա ապա յստակացուցած է, որ ինք չի կատակեր. «Ճիշդ է», պատասխանած է ան:

Երկու տարի առաջ «Թելեկրաֆ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Տալայ Լամա ըսած էր, որ ինք «գոհ» պիտի ըլլայ, եթէ իր յաջորդը կին մը ըլլայ:.

Տալայ Լամա նախապէս ինքն իրեն  ներկայացուցած է իբրեւ իգական սեռի  իրաւունքներու բուռն ջատագով մը` յայտարարելով. «Ես զիս իգական սեռի  իրաւունքներու պաշտպան կ՛անուանեմ»:

Ան, սակայն, նաեւ հասկցուցած է, որ չի սիրեր յետադարձ ցնցումները, որոնք յառաջացուցած են իր մեկնաբանութիւններուն հակադարձողները: «Իգական սեռի իրաւունքներու պաշտպան կին որոշ գործիչներ չափազանց զգայուն են: Ես ասիկայ չեմ սիրեր», առիթով մը ըսած է Տալայ Լամա:

Տալայ Լաման
Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

14-րդ Տալայ Լաման (այսպէս կը կոչուին Թիպեթի առաջնորդները), ծնած է 1935-ին եւ պաշտօնի կոչուած` 1950-ին, երբ Չինաստան կը ներխուժէր Թիպեթ: Թէեւ 1954-ին ան Փեքին գնաց չինացի ղեկավարներու հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու համար, սակայն 1959-ին  պարտադրաբար փախաւ Թիպեթէն, երբ չինական ուժեր Լհասայի մէջ վայրագօրէն ճզմեցին ազգային ըմբոստութիւնը: Տալայ Լամա այդ ժամանակներէն ի վեր կը բնակի Հնդկաստանի հիւսիսային Թարամսալա շրջանին մէջ: Չինական ներխուժումէն ի վեր, աքսորեալ Թիպեթի Կեդրոնական խորհուրդը, գլխաւորութեամբ Տալայ Լամայի, այս հարցով դիմած է ՄԱԿ-ի, որ Թիպեթի հարցով որդեգրած է երեք բանաձեւեր` 1959-ին, 1961-ին, եւ 1965-ին:

Տալայ Լամա 1989-ի Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի դափնեկիրն է, Թիպեթի ազատագրման նպատակով մղած ոչ վայրագ պայքարին համար:

Ան ճամբորդած է աւելի քան 67 երկիրներ, ստացած` 150  մրցանակներ, շքանշաններ, դոկտորական պատուոյ վկայականներ: Ան նաեւ հեղինակած է 110 գիրքեր:

Տալայ Լամա երկխօսութիւններ ունեցած է տարբեր կրօններու գերագոյն առաջնորդներու հետ եւ մասնակցած` միջկրօնական ներդաշնակութեան եւ հասկացողութեան բազմաթիւ ձեռնարկներու:

Բնականաբար Տալայ Լամա անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան:

2006-ին Տալայ Լաման Հնդկաստանի իր նստավայրին մէջ բացառիկ հարցազրոյց մը տոուած է «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռին: Անդրադառնալով հայութեան խնդիրներուն`  Թիպեթի հոգեւոր առաջնորդը առաջին անգամ հրապարակաւ խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին: «Ի տարբերութիւն անցեալի, այսօր կը սկսինք այս կամ այն ձեւով ճանչնալ տարբեր հասարակութիւններու, որոնց շարքին` բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքները: Անշուշտ,  իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր մշակոյթն ու ինքնութիւնը պահպանելու իրաւունք ունի: Հայերը դարաւոր պատմութիւն ունեցող ազգ են եւ, անշուշտ, այդ իրաւունքը նոյնպէս ունին:   Բայց ես կ՛ուզէի հետեւեալը ըսել` որեւէ հակամարտութեան լուծում, յատկապէս այնպիսինները, որոնց արմատները դէպի անցեալ կ՛երթան, կարելի է միայն ներման վրայ հիմնուելու պայմանով: Ներել` չի նշանակեր մոռնալ անցեալի մէջ կատարուածը, ատիկա պէտք է յստակ ըլլայ երկու կողմերուն համար ալ: Սակայն պէտք չէ սրտին մէջ  ատելութիւն պահել»,- ըսած էր Տալայ Լամա:

 

 

 

Նախորդը

Անն Քուլթըր. Կին Մը, Որ Կը Փորձէ Ամերիկայի Ամէնէն Ատելի Կինը Ըլլալ

Յաջորդը

«Նախ Պէտք Է Փոխուի Մտայնութիւնը Ա՛յն Մարդոց, Որոնց Համաձայն Արեւմտահայերէնը Հայերէն Չէ…»

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?