Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անն Քուլթըր. Կին Մը, Որ Կը Փորձէ Ամերիկայի Ամէնէն Ատելի Կինը Ըլլալ

October 16, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

ann-coulter_10-16-15

Անն Քուլթըր ամերիկացի մեկնաբան է, որ վիրաւորած է  ամէն ոք` նախագահ Պարաք Օպամայէն մինչեւ իր վերջին թիրախը` հրեայ ժողովուրդը:

Այս մասին Պի.Պի.Սի.-ի կայքը հրապարակած է Ռաթիքա Սանխանիի յօդուածը, որ թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ: Նշենք, որ յօդուածին ցարդ արձագանգած են շուրջ 2000 անձեր, իրարու հակադրուող մեկնաբանութիւններով:

Եթէ դուք բնաւ չէք լսած Անն Քուլթըրի մասին,  կրնայ ըլլալ` փառք տաք եւ չկարդաք այս յօդուածը:

Աւելի անզգամներու համար Քուլթըր իսկապէս Ամերիկայի Քեթի Հոփքինզն է (Անգլիոյ մէջ խնդրայարոյց մեկնաբան-հաղորդավարուհի):

Ճիշդ զայրացած գռեհիկ Հոփքինզի նման, կը թուի, թէ Քուլթըր անհատական խաչակրութիւն մը շղթայազերծած է երկրին մէջ ամէնէն ատելի կինը ըլլալու համար: Եւ ըստ երեւոյթին, սկսած է յաջողիլ:

Սեպտեմբերի կէսերուն Քուլթըր հակասեմական պիտակուեցաւ եւ ընկերային տեղեկատուական ցանցերը խառնաշփոթի մատնեց:

Իսրայէլի բնաբանին վրայ կեդրոնանալով հրեաներու քուէներ անբարոյական ձեւով կորզել փորձող Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուներու մասին գրելով իր Թուիթըրին մէջ`  Քուլթըր հարցուց. «Միացեալ Նահանգներու մէջ քանի՞…(անվայել բառ մը) հրեայ կայ կը կարծեն այս մարդիկը»:

Յստակօրէն վիրաւորական է: Սակայն պահելով իր պահպանողական համոզումները` Քուլթըր ինքզինք զսպելով շատ չտարուեցաւ, եւ այդ անվայել բառին առաջին տառը օգտագործեց:

Անոր մեկնաբանութիւնները քննադատուած եւ դատապարտուած են  ցեղապաշտական եւ տգէտ ըլլալու համար:

Միացեալ Նահանգներու քաղաքական շրջանակներու մէջ թեկնածուներ կրնայ ըլլալ, որ  իրենց ուշադրութիւնը կը դարձնեն Իսրայէլի կողմը, սակայն ատիկայ անպայման կապ մը չունի հրեաներուն հետ: Արեւմուտքի մէջ ապրող բազմաթիւ հրեաներ Իսրայէլի հետ սերտ կապեր չունին, մինչ բազմաթիւ ոչ հրեայ ամերիկացիներ կը հետաքրքրուին, թէ ի՛նչ կը պատահի իրենց երկրի գլխաւոր դաշնակիցներէն մէկուն:

Մտահոգիչը այն է, որ Թուիթըրի օգտատէրերէն ոչ բոլորը կ՛ըմբռնեն ասիկա: Փոխարէնը` հրեաները վիրաւորող Քուլթըրի գրած անվայել բառը ունեցած է աւելի քան 1500 արձագանգ եւ  բորբոքած` the hashtag #IStandWithAnn:

Ատիկա կը նմանակէ hashtag #IStandWithAhmed-ը, որ սկսած է աջակցելու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ ամերիկացի իսլամ աշակերտի մը, որ ձերբակալուած էր զարթուցիչ ժամացոյց պատրաստելուն համար (անոր ուսուցիչները կարծած էին, թէ ատիկա ռումբ մըն է), եւ աջակցողներու շարքին ունի Պարաք Օպաման:

Ղրկուած հաղորդագիրները (message) լեցուն են գորովով,սէրով: Մինչ  #IstandWithAnn-ը լեցուն է ցեղապաշտական-խտրական մոլեռանդութեամբ:

«Աննի բանակ»-ը  hashtag-ը կ՛օգտագործէ հակասեմական արձանագրութիւններու, Ողջակիզումի անպատշաճ մանրապատումներու եւ ընդհանուր ատելութիւն արտայայտելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Քիւրտ Պատմաբանը Քիւրտ-Հայկական Յարաբերութիւնների Բարդ Հանգոյցի Ընկերային-Տնտեսական, Ազգային Եւ Կրօնական Բաղադրատարրերի Մասին

Յաջորդը

Պէտք Է Գրաւիչ Ըլլայ Այն Կինը, Որ Ինծի Կը Յաջորդէ. Տալայ Լամա

RelatedPosts

Կիները Աւելի Յաջո՞ղ Կը Ղեկավարեն
Մշակութային եւ Այլազան

Կիները Աւելի Յաջո՞ղ Կը Ղեկավարեն

March 13, 2026
Համաշխարհային Յայտնի Առաջնորդներ, Որոնք Սպաննուած Են
Մշակութային եւ Այլազան

Համաշխարհային Յայտնի Առաջնորդներ, Որոնք Սպաննուած Են

March 6, 2026
Արհեստական Բանականութի՞ւն, Թէ՞ Փորձանք
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութի՞ւն, Թէ՞ Փորձանք

February 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.