ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի մէջ 1981 յունիսի կէսերուն կացութիւնը աստիճանաբար սկսաւ հանդարտիլ: Պետական, ապահովութեան եւ քաղաքական պատասխանատու շրջանակներու նախաձեռնութեամբ ու անոնց միջեւ շփումներ տեղի ունեցան մայրաքաղաքի սահմանագիծը կտրող կարգ մը անցքերու վերաբացման առաջադրութեամբ: Այս ուղղութեամբ, գործնական առաջին քայլերը առնուեցան, երբ Պուլվար Քամիլ Շամուն-Կալըրի Սըմաան-Շիահ գիծին վրայ իրենց դիրքերը վերագրաւեցին լիբանանեան բանակի ու արաբական զսպիչ ուժերու միաւորները:
Սակայն, սահմանագիծին վրայ արձակազինութիւնը եւ կրակոցները կը շարունակուէին ընդհատ կերպով: Նաեւ` Սոտեքոյէն մինչեւ Պըրժաուի երկարող գիծին երկու կողմերուն միջեւ հրթիռարձակումը, յատկապէս` գիշերները, կը հասնէր մինչեւ մօտակայ բնակարանային թաղամասեր:
***
«Ազդակ», 22 յունիս 1981-ի թիւով եւ «Արի կեցուածքով» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ մարդուն արժէքը իր կատարած ընտրութիւններուն մէջ է: Կը բաւէ որ մարդ համակերպի իրեն բաժին հանուած չարիքներուն, ստրկացումին եւ ստորնացումին, շահագործումին եւ օտարացումին, եւ կը բաւէ որ ան չընտրէ մարդկօրէն ինքզինք հաստատելու ի հարկին մահը արհամարհող ծառացումը, որպէսզի դեռ մարմնապէս չմեռած` արդէն իսկ քաշկռտուք կը դառնայ անոր կեանքը:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ երբ մարդու ընտրութեան կ՛ընկերանայ յանձնառութիւնը, դժուարութեանց պատրաստ ըլլալու, չտկարանալու եւ ի հարկին ամէն անկումի տոկալու եւ վերականգնելու գիտակից վճռականութիւնը` արդէն մարդկային արժանաւորութիւնը կ՛ամբողջանայ հոգեկան անսպառ ուժով:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ այդ ներշնչումով է որ հոս, Լիբանանի մէջ մեր միտքն ու սիրտը կը կապուին անոնց ու կը գօտեպնդուին ա՛յն կամքով, որոնք քաղաքացիական անհեթեթ պատերազմի հոսանքին մէջ կը փնտռեն հայկականին ընտրութիւնը եւ կը ստանձնեն այդ հիման վրայ ապրելու, գործելու եւ ամէն վտանգի տոկալու, աւելին` վերականգնելու յանձնառութիւնը:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով. կը բաւէ նայիլ իր նահատակ զաւակին տեղ երկրորդը պահակութեան տանող հայ ծնողին, իր սեփական տան ապահովութիւնն ու բարեկեցութիւնը իր թաղին պաշտպանութեան եւ զարգացումին մէջ փնտռող հայ տղամարդուն, իր ուսումն ու կարողութիւնը հայ դպրոցով պայմանաւորող ուսուցիչին ու հանրային կառոյցներու եւ պատասխանատուութեանց արժանի պահակները դառնալու կոչումով անձնդիրներուն` զգալու համար թէ որքան վարակիչ է դիմադրականութեան այն տենդը, որ ծնունդ է հաւաքական ընտրութեան, եւ զայն ամէն զոհողութեամբ անդառնալի պահելու յանձնառութեան:
***

Մինչ Պէյրութի մէջ կռիւները յունիսի կէսերուն սկսան մեղմանալ, սակայն միւս կողմէ, պաշարուած Զահլէի մէջ բուռն կռիւները վերսկսան:
Արդարեւ, հինգշաբթի, յունիս 18-ին վերսկսած սաստիկ բախումներէ ետք, յունիս 19-ին երեկոյեան Զահլէ սաստկօրէն ռմբակոծուեցաւ եւ քաղաքի զանազան շրջաններուն մէջ հրդեհներ ծագեցան:
Միւս կողմէ, արձակազինութիւնը կը շարունակէր անշարժութեան մատնել քաղաքին տարբեր թաղամասերը եւ յատկապէս ծայրամասերը:
Յունիս 22-ին կացութիւնը պայթեցաւ ու Հոշ Ումարան, Մուալլաքան, ճարտարարուեստական շրջանները եւ Ուատի Արայէշը թիրախ դարձան հրթիռարձակման:
Զահլէէն անդին, Պասքինթայի, Սաննինի եւ Լաքլուքի շրջանները եւս ռմբակոծուեցան: Այնուհետեւ, Այուն Սիմանէն մինչեւ Աժալթուն ու Ժունիէի վերին շրջանները թիրախ դարձան ռմբակոծման:
Զինադուլի մը հաստատման հեռանկարով, մինչ մէկ կողմէ Ճետտայի մէջ արաբական քառանդամ յանձնախումբը աշխատանք կը տանէր, միւս կողմէ նախագահ Իլիաս Սարգիս յունիս 25-ին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէջ մտաւ Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատի հետ, խորհրդակցելու համար Ճետտայի ժողովի արդիւնքին ու Զահլէի կացութեան անմիջական դարմանումին կարելիութեանց շուրջ: Խօսակցութեան ընթացին, համաձայնութիւն գոյացաւ Զահլէի մէջ զինադուլի մը հաստատման գծով:
Յունիս 26-ին, մինչ ընդհատ ռմբակոծումը եւ արձակազինութիւնը կը շարունակուէին, մասնակի հանդարտութենէն օգտուելով Կարմիր խաչի պատուիրակութիւն մը մուտք գործեց Զահլէ եւ բժշկական օժանդակութիւններ մատուցեց: Պատուիրակութիւնը նաեւ տասնվեց վիրաւորներ դուրս բերաւ քաղաքէն ու զանոնք Պէյրութ փոխադրեց:
Յունիս 27-ին Դամասկոսի մէջ գումարուեցաւ արտակարգ ժողով մը, որ սկզբունքային համաձայնութեան մը յանգեցաւ Զահլէի տագնապի դարմանումին գծով եւ որուն գործադրութեան գետինը պատրաստելու համար, լայնածիր բանակցութիւններ տեղի ունեցան: Ճշդուեցաւ աշխատանքի ուղեգիծ մը, որ կ՛առաջադրէր Զահլէի հարցի լուծման ճամբուն խոչընդոտները հարթել:
Միւս կողմէ, նախագահ Իլիաս Սարգիս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ շէյխ Պեշիր Ժըմայէլէն: Քննարկուեցան Զահլէի կացութեան դարմանումի քայլերը` «Լիբանանեան ուժեր»-ու տուած դիւրութիւններէն ետք:
Երկուշաբթի, յունիս 29-ի երեկոյեան 650 ոստիկան-զինուորներ, օժտուած` ութ զրահապատներով եւ այլ անհրաժեշտ զինական կազմածներով, պատրաստ վիճակի մէջ դրուեցան, սպասելով տրուելիք ազդանշանին, շարժելու համար դէպի Զահլէ եւ քայլ առ քայլ ստանձնելու Պեքաայի մայրաքաղաքին ապահովութեան հսկողութիւնը, միաժամանակ վերջ դնելով պաշարման այն օղակին, որուն մէջ կը գտնուէր Զահլէ երեք ամիսէ ի վեր:
Ապահովութան ծրագիրի քաղաքական եւ զինուորական երեսները քննարկուեցան շարք մը ժողովներու եւ շփումներու ընթացքին:
***
Զահլէի ապազինման ու անկէ ներս ապահովութեան հաստատման գործնական քայլերը սկիզբ առին յունիս 29-էն 30 լուսցող գիշերուան ընթացքին: Կէս գիշերէն ետք ժամը 2:00-ին Պաապտայի եւ Ապլահի զօրանոցներէն ճամբայ ելլելով, ներքին ապահովութեան ուժերը ուղղուեցան դէպի Զահլէ եւ Հոշ Ումարա հասան առտուան ժամը 5:00-ին:
Նոյն ժամուն, Հոշ Ումարա հասան նաեւ Զահլէի երեք համայնքներու կրօնական առաջնորդներ Իգնատիոս Ֆարահ (յոյն կաթոլիկ), Ժորժ Իսքանտար (մարոնի) եւ Էսփիրիտոն Խուրի (յոյն ուղղափառ) եպիսկոպոսները, համայնքային եւ քաղաքական այլ ղեկավարներու ընկերակցութեամբ, ու դիմաւորեցին լիբանանեան ապահովութեան միաւորները:
Զահլէցի նախարար Իլիաս Հըրաուի, որ Զահլէի տագնապի լուծման առաջադրանքով տարուած բանակցութեանց կարեւորագոյն բաժինը տարած էր, Հոշ Ումարա հասաւ ժամը 7-էն կարճ ատեն մը առաջ, արաբական զսպիչ ուժերու զինուորական պատասխանատուներու հետ վերջնական կարգադրութիւնները ամբողջացնելէ ետք: Այնուհետեւ, լիբանանեան ապահովութեան ուժերը ուղղուեցան Զահլէ ու նահանգապետարան հասան քառորդ Ժամ ետք:

Պեքաայի մայրաքաղաքին մէջ սկսաւ տօնական օր մը. արդարեւ, մինչ ներքին ապահովութեան ուժերը կը սկսէին աստիճանաբար տարածուիլ եւ դիրքեր հաստատել Զահլէի մէջ, քաղաքացիք աւանդական հիւրասիրութիւններով եւ ցնծութեան արտայայտութիւններով ողջունեցին զանոնք, ձեռնարկելէ առաջ կիսաւեր բնակարաններու վերակառուցման եւ քարակոյտերով փակուած ճամբաներու վերաբացման աշխատանքին:
Մինչ ներքին ապահովութեան ուժերու միաւորները կը ձեռնարկէին քաղաքէն ներս դիրքերու ստանձնումի աշխատանքին, շրջանի զինուորական պատասխանատուներուն եւ նախարար Իլիաս Հըրաուիի ներկայութեան, ներքին ապահովութեան ուժերու պատկանող օթոպիւսներ կը բարձրանային «Լիբանանեան ուժեր»-ու պատկանող 95 զինեալներ, որոնց քաղաքէն հեռացման շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր նախօրօք:
Ժամը 9:00-ին, ներքին ապահովութեան ուժերու հսկողութեան տակ, զինեալները փոխադրող ինքնաշարժները ուղղուեցան դէպի Զահլէի մուտքը, ուր կարգ մը կիսածանր զէնքեր յանձնեցին արաբական զսպիչ ուժերուն: Ապա, նախարար Իլիաս Հըրաուիի, արաբական զսպիչ ուժերու տեղեկատուութեանց պատասխանատու զօրավար Մոհամետ Ղանեմի եւ Իսքանտար եպիսկոպոսի ինքնաշարժներուն առաջնորդութեամբ ու ներքին ապահովութեան ուժերու եւ արաբական զսպիչ ուժերու հսկողութեամբ, անոնք ճամբայ ելան դէպի Շթորա ու Դամասկոս-Պէյրութ միջազգային ճամբէն ուղղուեցան Ժամհուր: Հոն, լիբանանեան բանակը ստանձնեց զինեալ տարրերը, որոնք այնուհետեւ ուղղուեցան դէպի Պէյրութ:
Զահլէէն դուրս եկած տարրերը ճամբուն վրայ այցելութիւն մը տուին Պաատայի մուտքին սիթ-ին ընող կրօնաւորներուն: Ապա, անոնք ուղղուեցան դէպի Սին էլ Ֆիլ, ու Ճսըր Ուաթիի շրջանին մէջ դիմաւորուեցան «Լիբանանեան ուժեր»-ու հրամանատար շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի, նախարար Սելիմ Ժահելի եւ այլ պատասխանատուներու կողմէ:
Յետմիջօրէին, «Լիբանանեան ուժեր»-ու «պատերազմական խորհուրդ»-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, ուր խօսք առին շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ եւ փաղանգաւոր պատասխանատուներ:
***

Այսպիսով, ներքին ապահովութեան ուժերու Զահլէ մուտքով, Պեքաայի մայրաքաղաքին մէջ վերահաստատուեցաւ լիբանանեան օրինականութիւնը:
Սուրիացիք, որոնք ապրիլ 2-էն ի վեր պաշարած էին Զահլէն, չէին ուզեր հոն տեսնել քրիստոնեայ միլիսներու ներկայութիւնը, իսկ լիբանանեան ձախակողմեան կուսակցութիւնները դէմ էին լիբանանեան բանակի մուտքին, այն պատրուակով որ լիբանանեան բանակը մօտիկ է «Լիբանանեան ուժեր»-ուն: Մինչ ներքին ապահովութեան ուժերը աւելի չէզոք կը նկատուէին եւ անոնց հրամանատարը աւանդաբար իսլամ էր:
Քրիստոնեայ միլիսները Զահլէէն մեկնած ըլլալով, այլեւս իսրայէլեան օդուժը պատճառ չունէր միջամտելու ի նպաստ անոնց, եւ տրամաբանօրէն, սուրիական հրթիռներու ներկայութիւնը աննպատակ կը դառնար:
Սուրիացիները գոհացում ստացան Պեքաան պարպուած տեսնելով փաղանգաւորներու ներկայութենէն: Անոնք Պեքաան կը նկատէին իրենց ապահովութեան էական մէկ շրջանը, եւ կ՛ուզէին շեշտել իրենց ազդեցութիւնը:
Զահլէի շուրջ սակարկութիւններէն ամէնէն աւելի տուժող կողմը հանդիսացան փաղանգաւորները, բացի բարոյական այն գոհունակութենէն թէ 95 մարտիկներով անոնք ամբողջ երեք ամիս դիմադրեցին սուրիական ճնշումին:
Զահլէի հարցին լուծումը յարաբերաբար դիւրին էր, տրուած ըլլալով որ անիկա մօտէն կը շահագրգռէր ամերիկացիները, որովհետեւ Զահլէի հարցը կապ ունէր հրթիռներու տագնապին հետ, որ կրնար հանդիսանալ Սուրիա-Իսրայէլ պատերազմի մը կայծը: Այդ հարցը նաեւ պարզ էր, որովհետեւ կապ չունէր պաղեստինցիներուն հետ:
***

Երեք ամիս պաշարուած մնալէ ետք, զահլէցիք անվախօրէն սկսան դուրս գալ ապաստանարաններէն եւ սկսան նախապատրաստական աշխատանքներ տեսնել, քաղաքի ծայրամասերու ծանրօրէն վնասուած թաղամասերու վերանորոգութեանց համար: Քաղաքին մէջի նուազ վնասուած շրջանին մէջ, կարգ մը վաճառատուներ բացին իրենց դուռերը, սակայն քաղաքացիներուն մօտ երեք ամիսէ ի վեր տիրապետող հոգեվիճակը ամբողջովին չէր փարատած:
Կեանքի բնականոն պայմաններու վերահաստատման աշխատանքները` ներքին ապահովութեան ուժերու կողմէ նոր դիրքերու ստանձնումն ու պաշարման վիճակի վերացումը սակայն չէին ամբողջացած, ձեւական կարգ մը դժուարութեանց պատճառով:
Յաջորդող օրերուն ներքին ապահովութեան ուժեր ստանձնեցին Զահլէի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ գտնուող դիրքեր, որոնք մինչ այդ կը գտնուէին զինեալ տարրերու տրամադրութեան տակ, իսկ միւս կողմէ, յաջորդաբար դիրքեր հաստատեցին Քահ էլ Ռիմի, Համմարի, Թալլէթ Ժըհայի, Հոշ Ումարայի, Մուալլաքայի, Հարքաթի եւ Զահլէի կամուրջին վրայ, փոխարինելով արաբական զսպիչ ուժերը: Նաեւ Զահլէ մտան քաղաքային ապահովութեան սպասարկութեան եւ ջուրի ու ելեկտրական ընկերութեան պաշտօնեաներ, քաղաքէն ներս հողաթումբերն ու աւերակները վերացնելու եւ ջրաբաշխումի եւ ելեկտրաբաշխումի ցանցերը վերանորոգելու համար:
***
«Ազդակ», 6 յուլիս 1981-ի թիւով եւ «Որո՞ւ կը սպասէ… լիբանանեան որոշումը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ աւելի քան երեք ամսուան բուռն լարուածութենէ ետք, Զահլէի պաշարումին վերացման հետ քակուեցաւ նաեւ լիբանանեան թնճուկին վերջին հանգոյցը:
«Ազդակ» կը նշէր, որ անգամ մը եւս շրջանային ուժերը կարելի ամէն միջամտութիւն կը կատարեն` որպէսզի հակամարտ կողմերը դուրս գան իրենց անզիջող կեցուածքէն: Առ այդ, լիբանանցին ամենայն իրաւամբ հարց կու տայ իր իշխանութիւններուն եւ կողմերուն, թէ որո՞ւ կը սպասէ… լիբանանեան որոշումը` հայրենիքը իր երկփեղկուած վիճակէն դուրս բերելու եւ կայուն համերաշխութեան մը ճամբուն մէջ դնելու նախաձեռնութիւնը:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ լիբանանեան պետութեան գզրոցներուն մէջ ազգային համերաշխութեան մէկէ աւելի ծրագիրներ կը սպասեն «լաւ» օրերու, երբ Լիբանանի միացեալ կամքը իր կողքին կը գտնէ նաեւ արաբական աշխարհի եւ միջազգային դիւանագիտութեան հաշտարար տրամադրութիւնները:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ Լիբանան թէ՛ ներքնապէս եւ թէ արտաքին ճակատի վրայ ունի անհրաժեշտ տուեալները, որպէսզի կարենայ գլխաւոր դերակատարներուն հաւանութեամբ ճշդուած լուծումի տարազները կեանքի կոչել եւ մինչեւ իսկ պարտադրել դժգոհներուն: