Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պէյրութ Եւ Շրջակայքը Վայրագ Ռմբակոծումներու Տարափին Տակ

Հոկտեմբեր 21, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Տագնապի Լուծման Համար
Հանգրուանային Ծրագիրներ

26796309

Իսրայէլեան բանակին կողմէ արեւմտեան Պէյրութի պաշարման եւ հետեւողական ռմբակոծումներու պայմաններուն տակ, քաղաքական գետնի վրայ, բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենային եւ կը քննարկուէին առաջին հերթին իսրայէլեան ուժերը Պէյրութէն 8 քիլոմեթր հեռացնելու, պաղեստինեան ուժերը Պէյրութէն առժամաբար հիւսիս եւ Պեքաա փոխադրելու, իսկ հակադիր ուժերուն միջեւ միջազգային ուժեր հաստատելու ծրագիրներ: Այնուհետեւ կը նախատեսուէր Արաբական լիկայի նախարարական ժողով մը գումարել, ճշդելու համար յաջորդ քայլերը:

Բանակցութիւնները կ՛ընդգրկէին նաեւ Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը` ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի թիւ 508-509 որոշումներու գործադրութեան գծով: Վերջապէս, այդ ծրագիրի գործադրութեան պարագային, լիբանանեան բանակը իր հակակշիռը պիտի տարածէր Պէյրութի, հիւսիսի, Պեքաայի եւ այլ շրջաններու մէջ:

Միւս կողմէ, իսրայէլացի պատասխանատուներ սպառնալիքներ ուղղեցին պաղեստինցիներուն եւ Սուրիոյ եւ զանոնք զգուշացուցին մաշումի պատերազմի մը հետեւանքներէն:

Իսրայէլեան զինուորական աղբիւրներ յատկապէս զգուշացուցին Սուրիան` «նոր ստացուած արդիական զէնքեր» գործածելէ, դիտել տալով, որ նման քայլ մը կրնայ Սուրիա-Իսրայէլ ամբողջական ճակատումի մը յանգիլ, «իսկ Դամասկոս, Պեքաայի եւ Կոլանի վրայով Իսրայէլի հասողութեան գօտիին մէջ կը գտնուի»:

Իր կարգին Իսրայէլի վարչապետ Մենահիմ Պեկին յայտարարեց, որ հաշուեյարդարի պիտի ենթարկէ Եասէր Արաֆաթն ու ՊԱԿ-ը, ու այնուհետեւ ստիպուած պիտի չըլլայ պատերազմ մղելու 40-50 տարի:

Իսրայէլեան կառավարութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ Լիբանանի մէջ խաղաղ լուծումի մը մասին իր յոյսերուն մեծ մասը կորսնցուցած է:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատ հաստատեց, որ սուրիական ուժերը Լիբանանէն պիտի չհեռանան, այնքան ատեն որ իսրայէլեան գրաւումը վերջ չէ գտած:

* * *

Իսրայէլեան բանակին կողմէ ամբողջական պաշարման տակ առնուած արեւմտեան Պէյրութն ու հարաւային արուարձանները երեքշաբթի, 27 յուլիս 1982-ը անցուցին վայրագ ռմբակոծումներու ծանրակշիռ մթնոլորտի մը մէջ: Օդային, ծովային եւ ցամաքային ռմբակոծումները եղան աննախընթաց թէ՛ իրենց սաստկութեամբ, թէ՛ ընդգրկած գօտիին ընդարձակումով եւ թէ զոհերու եւ նիւթական վնասներու հաշուեկշիռով: Միւս կողմէ, վերոյիշեալ շրջանները դժոխային անջնջելի մթնոլորտի մը վերածած ռմբակոծումներուն հակադարձութիւնները, իրենց կարգին, արձագանգ գտան արեւելեան մօտակայ եւ հեռաւոր շրջաններու մէջ:

img012

Արդարեւ, արեւածագէն առաջ ու մինչեւ կէսօր, հրետանիի ռմբակոծումները բուռն թափով շարունակուեցան հարաւային արուարձաններուն մէջ, իսկ ժամը 10:00-ին, քանի մը հրթիռներ ինկան Կալըրի Սըմաանի եւ «Քամիլ Շամուն» պողոտային վրայ, իսկ իսրայէլեան օդանաւերու բարձրէն թռիչքները հետազօտական բնոյթ ունեցան:

Ռմբակոծումներու սաստկացման եւ անոնց ծիրին տարածման հետ, արեւմտեան Պէյրութի եւ  արուարձաններուն վիճակը վատթարանալու սկսաւ յետմիջօրէի ժամը 1:35-էն ետք, երբ իսրայէլեան մարտանաւեր սկսան ռմբակոծել Ուզահիէն մինչեւ  Ռամլէթ Պայտա եւ Սփինիս երկարող ծովեզերեայ շրջաններ, իսկ քիչ ետք, ռմբակոծումը տարածուեցաւ մինչեւ Թալլէթ Խայաթ, Ռաուշէ, Վերտէոն եւ Համրա: Օդանաւային ռմբակոծումը չուշացաւ եւ հրետանիի ընկերակցութեամբ` թիրախ ընտրեց օդակայանի մայրուղիէն ու Պուրճ Պարաժնէէն մինչեւ Սապրա, Շաթիլա, Ֆաքհանի, Թարիք Ժըտիտէ, Մազրաայի քոռնիշը, ձիարձակարանի շրջանը, Մոհամէտ Հութ փողոց եւ Սոտեքօ: Ժամը 4:30-ին, կարճատեւ բախում մը տեղի ունեցաւ նաւահանգիստ-Ֆաթթալ շէնք շրջանին մէջ, իսկ աւելի ուշ, հրետանիի մարտեր մղուեցան օդակայանէն Շուէյֆաթ տարածուող շրջանին մէջ:

Արեւմտեան շրջաններու ռմբակոծման իբրեւ հակադարձութիւն, հրթիռարձակում եւ ռմբակոծում կատարուեցան դէպի արեւելեան շրջաններ: Մօտակայ շրջաններէն` Հատէթ, Հազմիէ, Էշրեֆիէ, Պատարօ շրջաններէն անդին` հրթիռներ ինկան նաեւ Սին էլ Ֆիլի, Մոնթէ Վերտիի, Պուրճ Համուտի, Պաուշրիէի, Տըպայայի եւ Ժունիէի նաւահանգիստին մէջ, ուր վնասուեցաւ միջազգային Կարմիր խաչին յատկացուած բժշկական նիւթերու փոխադրանաւ մը: Ժամը 10:00-էն ետք, Ժունիէի նաւահանգիստը դարձեալ ռմբակոծուեցաւ «կրատ»-ներով, իսկ աւելի ուշ, հրթիռներ ինկան նաեւ Պիքֆայայի մօտակայ անտառներուն մէջ:

Ռմբակոծումներու ամէնէն աղիտալի հետեւանքները արձանագրուեցան Ռաուշէի եւ ձիարձակարանի շրջանին մէջ: Արդարեւ, Ռաուշէի ծովահայեաց ութ յարկանի շէնք մը գրեթէ ամբողջովին փուլ եկաւ ու մահացան 84 հոգի եւ վիրաւորուեցան 142 ուրիշներ: Ձիարձակարանի շրջանին մէջ, երկրորդ շէնքի մը փլուզումը խլեց շուրջ 25 զոհ, իսկ Մոհամէտ Հութ փողոցին վրայ մեծ հրդեհ մը ծագեցաւ: Բազմաթիւ շէնքեր վնասուեցան եւ հրոյ ճարակ դարձան նաեւ ռմբակոծուած  այլ շրջաններու մէջ: Իսկ արեւելեան շրջաններու մէջ ինկան 7 զոհեր եւ 33 վիրաւորներ:

«Լիբանանեան ուժեր»-ու հրամանատար շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ պաղեստինցիները ամբաստանեց արեւելեան շրջանները անարդար կերպով ռմբակոծելու յանցանքով, համոզում յայտնելով, որ ռմբակոծման նպատակն է «Լիբանանեան ուժեր»-ը մասնակից դարձնել կռիւներուն: Ան սակայն ընդգծեց, որ պիտի չհակազդէ այդ գրգռութեանց:

* * *

ur0024242cc0a84zw3

Չորեքշաբթի յուլիս 28-ին, հարաւային արուարձաններուն մէջ ծայր առին ընդհատ ռմբակոծումներ: Կէսօրուան մօտ իսրայէլեան օդանաւեր եւ մարտանաւեր երեւցան Պէյրութի վերեւ եւ անոր արեւմտեան ծովեզերքին դիմաց ու վերստին ռմբակոծեցին Ռամլէթ Պայտայէն մինչեւ Ռաուշէ երկարող ծովափը, ապա նաեւ` Վերտէոնը, ձիարձակարանի շրջանը, Սապրան, Շաթիլան, Պիր Հասանն ու քուէյթեան դեսպանատան շրջանը:

Կէսօրուան ռմբակոծումները տեւեցին մօտաւորապէս երեք ժամ, ժամը 13-էն ետք, ընդհատ ռմբակոծումները վերստին սահմանափակուեցան հարաւային արուարձաններուն մէջ, թնդանօթաձգութեամբ եւ հրթիռարձակումներով:

ժամը 17:00-էն ետք, սակայն, կացութիւնը արագօրէն վատթարացաւ հարաւային արուարձաններուն մէջ: Առաջին հերթին, Հատէթ թիրախ դարձաւ ծանր հրթիռներու տարափի մը, որ վերստին բռնկեցուց տաք ճակատները: Իսրայէլեան մարտանաւերէն եւ հրետանիի ռմբակոծումները ծանրակշիռ հետեւանքներ ունեցան: Օդակայանէն մինչեւ Մազրաայի քոռնիշ տարածուող գօտին, ապա նաեւ ձիարձակարանի շրջանը, Մոհամէտ Հութ եւ Ռաս Նապաա թաղամասերը ռմբակոծուեցան սաստկօրէն: Ժամը 18:00-էն ետք, հակադարձ ռմբակոծումները եւ հրթիռարձակումները տարածուեցան դէպի Էշրեֆիէ, Սին Էլ Ֆիլ, Տըքուանէ, Պուրճ Համուտ, Տորա, Նահր Մոթ, Զալքա, Այն Ալաք, Ժունիէ, Զմմառ եւ Ռէյֆուն:

Զինադուլի պայմանաժամին` ժամը 21:00-ին մօտենալուն հետ, ռմբակոծումները աւելի եւս սաստկացան, Մեթնի ծովեզերեայ շրջանէն մինչեւ Ուզահի եւ Հարաւային արուարձաններ ռմբակոծուեցան անխնայ կերպով: Կարճ ատեն մը ետք, հաղորդուեցաւ որ Իսրայէլէն ներկայացուած առաջարկի մը վրայ, զինադուլը յետաձգուած է ժամը 22:30-ին:

Գիշերուան ժամը 10:30-ին, զինադուլի երկրորդ պայմանաժամի պահուն, ռմբակոծումները զգալի կերպով մեղմացան, սակայն անկէ ետք ալ ընդհատ պայթումները շարունակուեցան գլխաւորաբար հարաւային արուարձաններուն մէջ:

***

Հարաւային Լիբանանի մէջ, ուր իսրայէլեան ներխուժումէն առաջ պաղեստինեան իշխանութիւնը գրեթէ ամբողջական էր, սկսած էր կեանքի նոր շրջան մը: Իրենց կարգին, իսրայէլացիք կը փորձէին զգայնութիւնները փարատել եւ ոչ մէկ տարբերութիւն ցուցաբերել քաղաքացիներու հետ իրենց յարաբերութեան ընթացքին: Իսրայէլեան զինուորական ներկայութիւնը ակներեւ էր Սուրի եւ Սայտայի մէջ, որոնք նախապէս ազգային շարժումի ամբողջական հակակշիռին ներքեւ էին:

Իսկ Ամալ շարժումի ենթակայ շրջաններուն մէջ գրեթէ բան չէր փոխուած. իսրայէլացիք միջամուխ չէին ըլլար քաղաքացիներու առօրեայ կեանքին, այլ կը բաւականանային գիւղերու մուտքերուն վրայ անցարգելներ հաստատելով: Միւս կողմէ, Ամալի զինեալները նախապէս իրենց ենթակայ շրջաններու ապահովութիւնը ստանձնած էին, իրենց իշխանութիւնը հասցնելով մինչեւ իսկ անցեալին ազգային շարժումին հետ իրենց հակակշռած շրջաններուն վրայ:

Ամալի լոզունգները տարածուած էին բոլոր պատերուն վրայ եւ բոլոր փողոցներուն մէջ, իսկ իմամ Մուսա Սատրի նկարները ներկայ էին ամէն տեղ. այդ նկարներու տակ եբրայերէն գրութիւններ զետեղուած էին, իսրայէլացի բանակայիններու երթեւեկը դիւրացնելու եւ զանոնք ներքին թշնամիներէն դուրս պահելու համար:

Սայտայի մէջ իսրայէլացիք կեդրոններ եւ բանակատեղիներ հաստատած էին: Սաֆա պտուղի սառնարանը պաղեստինցիներու համար բանտի վերածուած էր. հոն արգիլուած էր մուտք գործել առանց քաղաքի զինուորական կառավարիչի արտօնութեան:

Վաճառականներ իրենց ապրանքներուն վրայ եբրայերէն ցուցատախտակներ զետեղած էին, զինուորներուն բացատրելու համար թէ իրենց մօտ ինչ ունին: Իրենց կարգին, իսրայէլացի զինուորները կը գնէին ու կանխիկ կը վճարէին:

Իրենց զինուորական պարտականութեան կողքին, իսրայէլացի զինուորներէն ոմանք նոյնիսկ վաճառականութեամբ կը զբաղէին: Շարք մը ապօրինութիւններ պատճառ դարձան որ իսրայէլեան կառավարութիւնը յատուկ քննութեան ենթարկէ Իսրայէլ վերադարձող զինուորները:

Սուրի մէջ, իսրայէլացի ձկնորսներէն պահանջեցին իրենց նաւակները ճերմակ ներկել եւ անոնց վրայ եբրայերէն թիւեր արձանագրել:

Իսրայէլեան բանջարեղէններն ու պտուղները մեծ շուկայ ունէին հարաւի մէջ. այսպէս, իսրայէլեան կիտրոնի քիլոն կը վաճառուէր 2 լ. ոսկի, մինչ լիբանանեանը 5-էն 6 լ. ոսկի. իսրայէլեան խնձորն ու ձմերուկը եւս ողողած էին հարաւի շուկաները:

***

m113-1_700

«Ազդակ», 26 յուլիս 1982-ի թիւով եւ «Կայուն Լիբանանի մէջ երաշխիքը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ վաղուան Լիբանանի բանալի հարցը ապահովութեան պահանջէն շատ աւելին է, կայունութեան մեծ խնդիրն է, իբրեւ հայրենիք, ժողովուրդ թէ պետականութիւն` կայուն հիմերով կեանքի մը տիրանալու եւ այդ ճամբով հասարակաց նոյն պատկանելիութիւնը զարգացնելու մարտահրաւէրն է:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով.

«Մենք ամէն պատճառ կը տեսնենք, կառչած մնալու համար քաղաքական վարքագիծի վերածուած մեր այս համոզումին: Լիբանանեան տագնապի բռնկումին ու աստիճանական հրահրումին մէջ վստահաբար վճռական դեր ունեցան արտաքին ազդակները եւ շրջանային թէ մեծապետական հակամարտութիւնները: Բայց նոյնքան անվիճելի իրողութիւն է, որ Լիբանան պատրաստ հող դարձաւ իրմէ շատ աւելի մեծ տագնապներու պայթումին համար, որովհետեւ իր համայնքներուն եւ ընկերային ուժերուն միջեւ կայուն հաւասարակշռութիւն մը չէր կրցած զարգացնել իր անկախութենէն ի վեր:

Վաղուան Լիբանանը եւս, բաժնելով ճակատագիրը շրջանի բոլոր երկիրներուն, կրնայ միշտ գտնուիլ մեծ տագնապներու սպառնալիքին տակ: Բայց դարձեալ իրեն ճակատագրակից երկիրներուն օրինակով, Լիբանան կրնա՛յ արտաքին այդ ցնցումներուն դիմաց կանգուն մնալ, եթէ առաջնորդուի այն հաստատ քաղաքականութեամբ, որ իր զօրութեան աղբիւրը իր հատուածներուն փոխադարձ վստահութիւնն ու համակեցութիւնն է»:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ պետական ու քաղաքացիական կայունութեան տիրացած ժողովուրդներու օրինակը կը սորվեցնէ, թէ ընկերային արդարութիւնը ամէնէն ազդու երաշխիքն է երկրի մը տարբեր հատուածներուն միջեւ հասարակաց պատկանելութիւնը զարգացնելու եւ տագնապ պատճառող անոնց տարբերութիւնները ներդաշնակութեան առաջնորդելու համար: Մինչեւ իսկ համայնքային ու մշակութային տարբեր պատկանելիութիւնները կը յաջողին դուրս գալ բախումի տանող պատճառ մը ըլլալու իրենց բնոյթէն, եթէ տուեալ պետութիւնը կրցած է արդարութիւն գործել իր բոլոր հատուածներուն նկատմամբ:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Լիբանանի պարագային բախտորոշ նշանակութիւն ունի ընկերային արդարութեան իրագործումը, որովհետեւ անոր զաւակները այլապէս բաժնուած են արդէն տարբեր պատկանելիութեանց միջեւ: Այս երկրի բարիքներուն հաւասարապէս տէր կանգնելու հնարաւորութիւնն է, որ վերջին հաշուով կայուն կեանքի մը եւ ազգային ապրող միութեան մը դուռը կը բանայ միատեղ ապրելու եւ հասարակաց հայրենիք մը կերտելու լիբանանցիներուն ուխտին առջեւ:

***

Պէյրութի տագնապին դարմանման առաքելութիւնը ունեցող արաբական սեղմ յանձնախումբը յուլիս 28-ին Ճետտայի մէջ սկսաւ իր աշխատանքներուն:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Պութրոս:

ՄԱԿ-ի մնայուն անդամներուն հետ իր պատուիրակներուն ունեցած բանակցութիւններուն արդիւնքին կողքին, սեղմ յանձնախումբը քննարկեց նաեւ Պէյրութէն պաղեստինցիներու հեռացման ծրագիրները:

Երկօրեայ ժողովը վերջ գտաւ փոթորկալի եւ տաք վիճաբանութիւններով յատկանշուած նիստերէ ետք, որոնք իրարու հակադրեցին մէկ կողմէ` լիբանանեան եւ միւս կողմէ` պաղեստինեան եւ սուրիական պատուիրակութիւնները:

Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Շատլի Քլիպիի հրապարակած հաղորդագրութիւնը շեշտը կը դնէր Պէյրութի շուրջ զինադուլի հաստատման վրայ, ապա կը յայտնէր, թէ ՊԱԿ-ը կ՛ընդունի իր ուժերը հեռացնել Լիբանանէն, իսկ ուժերու եւ այնուհետեւ քաղաքացիներու ապահովութեան հարցին մանրամասնութիւնները կը ձգուէին ՊԱԿ-ին եւ լիբանանեան կառավարութեան միջեւ գոյանալիք համաձայնութեան: Հաղորդագրութիւնը նաեւ կը պահանջէր Պէյրութի պաշարման վերացում ու իսրայէլեան ուժերու հեռացումը, ինչպէս նաեւ միջազգային ուժի մը կազմութիւնը, օժանդակելու համար ապահովութեան հաստատման լիբանանեան բանակի առաքելութեան:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Հոկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

«Թրքական Գրականութեան Մէջ Մեծ Լռութիւն Կայ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին»   Կ՛ըսէ Էլիֆ Շաֆաք
Մշակութային եւ Այլազան

«Թրքական Գրականութեան Մէջ Մեծ Լռութիւն Կայ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին» Կ՛ըսէ Էլիֆ Շաֆաք

Մայիս 16, 2025
Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?