Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն, Անխնայ Ռմբակոծումներ Եւ Ծանր Բախումներ Զահլէի Եւ Պէյրութի Մէջ

Յուլիս 8, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

7-08-15_Lebanese-forces-in-Zahle
«Լիբանանեան ուժեր»-ու միլիսներ Զահլէի մէջ

Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը եւ յատկապէս հարաւի մէջ լարուածութիւնը նոր մագլցում արձանագրեցին 1981-ի յունուարի վերջաւորութեան:

Արդարեւ, իսրայէլեան օդանաւեր յունուար 29-ին անխնայ ռմբակոծեցին Սայտան, Սուրը, Նապաթիէն եւ Պոֆոր դղեակի շրջանները, խլելով բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:

Փետրուար 22-էն 23 լուսցող գիշերուան ընթացքին հարաւը անգամ մը եւս թատերաբեմ դարձաւ իսրայէլեան յարձակումի մը: Կէս գիշերէն կարճ ատեն մը առաջ, իսրայէլեան քոմանտօ մը ուղղաթիռներով էջք կատարեց Նապաթիէի եւ մօտակայ Քֆուր գիւղին մէջ եւ բախում ունեցաւ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերուն հետ: Սպաննուեցան քաղաքացիներ եւ պաղեստինցի զինեալներ, քանդուեցաւ պաղեստինեան Ազատագրումի արաբական ճակատի կեդրոնը, ինչպէս նաեւ քանդուեցան ու վնասուեցան տասնեակներով բնակարաններ:

Մարտանաւերէ եւ օդանաւերէ կատարուած ռմբակոծումներու հովանիին տակ, իսրայէլեան քոմանտոն յաջողեցաւ  հեռանալ ուղղաթիռներով: Այնուհետեւ, պաղեստինեան եւ յառաջդիմական դիրքերու եւ Սաատ Հատտատի «իրողական ուժեր»-ուն միջեւ ծայր առաւ սաստիկ ռմբակոծում մը:

Այնուհետեւ, յաջորդող օրերուն, Սաատ Հատտատի ուժերը եւ իսրայէլեան հրետանին սաստկօրէն ռմբակոծեցին Սայտան եւ հարաւի գիւղերը:

Հարաւի կացութիւնը արագ գահավիժումի հոլովոյթի մը մէջ մտաւ: Սայտայէն մինչեւ Սուր տարածուող ծովեզերեայ գօտիին մէջ իսրայէլեան օդանաւեր սաստկօրէն ռմբակոծեցին պաղեստինեան գաղթակայանները` Ապու Ասուատը, Ռաշիտիէն, Պուրճ Շիմալին եւ Ռաս էլ Այնը, ինչպէս նաեւ անոնց շրջակայ վայրերը: Ծանր ռումբերու եւ հրթիռներու կողքին, իսրայէլեան օդանաւեր լարուած ռումբեր ձգեցին, որոնց պայթումը մեծաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ խլեց:

* * *

Պէյրութի մէջ, կեդրոնական հրապարակներէն մինչեւ Սոտեքոյի գիծ երկարող սահմանագիծին վրայ արձակազինութիւնը 1981-ի փետրուարի կէսերէն սկսեալ կը շարունակուէր առօրեայ հերթականութեամբ, մերթ սաստկանալով ու տարածուելով եւ յանգելով ծանր զէնքերու գործածութեան: Սահմանագիծին հակադիր կողմերուն միջեւ հրթիռարձակումը արեւմտեան շրջանին մէջ կը հասնէր մինչեւ Զոքաք Պլաթ, իսկ արեւելեան շրջանին մէջ` մինչեւ Սէն Ժոզէֆ համալսարան եւ Թապարիս: Արձակազինութիւնը յաճախ կը հասնէր, մէկ կողմէ մինչեւ Խանտաք Ղամիք եւ Կոմոն Փալաս, միւս կողմէ` մինչեւ Էշրեֆիէի Սասին հրապարակի շրջանը:

Հարաւային արուարձաններուն մէջ, մարտ 25-էն սկսեալ, Ամալի եւ իրաքեան պաասի միջեւ ծայր առած բախումները սաստկացան եւ Շիահի, Ղպէյրիի, Պիր Ապտի, Հայ Մատիի եւ Հարըթ Հրէյքի մէջ արիւնահեղ ընդհարումներ տեղի ունեցան:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակին եւ Պաղեստինի ազատագրութեան բանակին միջեւ բախումներ ծայր առին Պըրժաուիի, Սոտեքոյի, Ռաս Նապաայի եւ  Թանգարանի շրջաններուն մէջ: Բախումներուն մասնակցեցան պաղեստինեան եւ յառաջդիմական միացեալ ուժերու զինեալներ, որոնք դիրքեր գրաւեցին լիբանանեան բանակի պատնէշներուն հանդիպակաց շէնքերուն մէջ:

Այդ շէնքերէն կրակ բացուեցաւ բանակայիններուն վրայ, որոնք փոխադարձեցին: Սոտիքոյի մէջ սաստիկ կռիւներ մղուեցան:

* * *

 

«Լիբանանեան ուժեր»-ու շրջուն ջոկատ Զահլէի մէջ
«Լիբանանեան ուժեր»-ու շրջուն ջոկատ Զահլէի մէջ

Զահլէ, Պեքաայի մայրաքաղաքը, 120 հազար քրիստոնեայ (գլխաւորաբար` յոյն կաթոլիկ, նաեւ` օրթոտոքս եւ մարոնի) բնակչութեամբ, ռազմագիտական կարեւոր դիրքի վրայ, կռուախնձոր դարձած էր:

Զահլէ կը հակակշռէ Սուրիա տանող երկու ճամբաներ, մէկը` արեւելքէն դէպի Դամասկոս, միւսը` հիւսիսէն դէպի Հոմս:

Կռթնած` Սաննինի բարձունքներուն եւ կառուցուած` գետակի մը հովիտին մէջ, Զահլէ կը մագլցի հովիտի բարձունքներն ի վեր, որոնք կը տիրապետեն ամբողջ շրջանին: Այդ բարձունքները հակակշռողը կը տիրէ նաեւ ճամբաներուն:

Անցնելով քաղաքի ցած ու նոր թաղամասէն, Պեքաայի ճամբան կը միացնէ այն երկու հովիտները, որոնք կը կազմեն դաշտավայրը: Հարաւէն Լիթանիի հովիտը, որ կը տանի դէպի հարաւային Լիբանան եւ Գալիլիա, եւ հիւսիսէն` դէպի Որոնդէսի հովիտը, որ կը տանի դէպի Սուրիա` Հոմսի վրայով, եւ դէպի Միջերկրական:

Հարաւ-հիւսիս այս ճամբան ուղղաձիգ է Պէյրութ-Դամասկոս ճամբուն, որ դէպի արեւելք կը մագլցի Անդրլիբանանի կողերը եւ դէպի արեւմուտք` Լեռնալիբանանի կողերը:

Պէյրութ-Դամասկոս ճամբան կ՛անցնի Զահլէէն  8 քիլոմեթր հարաւէն, նաեւ` ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող Շթորայի քառուղիէն:

Շթորայի մէջ է որ կեդրոնացած էին սուրիական ուժերու գլխաւոր կառոյցները: Հոն կեդրոնացած էին բազմահազար սուրիացի զինուորներ, պաշտպանելու համար դէպի Պէյրութ եւ դէպի Դամասկոս ճամբաները, իսրայէլեան հաւանական յարձակումի մը դէմ:

Արաբական զսպիչ ուժերու Լիբանան մուտքէն ի վեր, սուրիացիք անցարգելներ հաստատած էին քաղաքի մուտքին եւ հիւսիս-հարաւ ճամբու երկայնքին, քաղաքի սահմանէն ներս: Սուրիացիք այդ անցարգելները կենսական կը նկատէին: Սուրիական ուժերու ապահովութիւնը չէր կրնար հանդուրժել որեւէ զինեալ ներկայութիւն` քաղաքը շրջապատող բարձունքներուն եւ Սաննինի կողերուն վրայ:

Սուրիացիք «Լիբանանեան ուժեր»-ու եւ Իսրայէլի միջեւ գործակցութիւնը լուրջ սպառնալիք կը նկատէին իրենց ապահովութեան համար: Զահլէի մէջ, «Լիբանանեան ուժեր»-ու շարքին իսրայէլեան զինուորական ներկայութեան մը պարագային, ամբողջ շրջանը կրնար իսրայէլեան զինուորական հակակշիռի տակ անցնիլ: Իսրայէլ զինուորական լայն օժանդակութիւն կը տրամադրէր «Լիբանանեան ուժեր»-ուն, անոնց մէջ զինուորական մասնագէտներ եւ հետախոյզներ ունէր, եւ հետեւաբար, կ՛ենթադրուէր, որ Սաննինի բարձունքներէն իսրայէլացիք կրնային լրտեսել մինչեւ Կոլանի բարձունքները եւ սուրիական հողերը:

Զահլէի մէջ իսրայէլեան զինուորական ներկայութեան մը պարագային, Շթորայի սուրիական դիրքերը քանի մը քիլոմեթր հեռու պիտի ըլլային անոնցմէ: Բան մը, որ սուրիական հրամանատարութեան համար կրնար ոչ միայն վերջ տալ Պեքաայի մէջ  սուրիական բանակի ներկայութեան, այլ նաեւ կը սպառնար նոյնիսկ Դամասկոսի: Այդ նկատառումներով այլ սուրիական բանակի 85-րդ եւ 78-րդ զօրագունդերը, նախապէս հոն կեդրոնացած 7-րդ զօրագունդի կողքին, դիրքաւորուեցան Զահլէի հովիտի երկայնքին: Սուրիացիք նաեւ զինեցին շրջակայ պաղեստինեան եւ ձախակողմեան ուժերը:

Սուրիական գաղտնի սպասարկութիւնները 1980-ին Զահլէի մէջ սպաննեցին փաղանգաւոր եւ ազատական կուսակցութեանց անդամներ եւ ձախակողմեան ուժեր դիրքաւորեցին քաղաքին շրջակայքը:

Իրենց կարգին «Լիբանանեան ուժեր»-ը Սաննինի բարձունքներէն, լեռներուն մէջէն, սկսան ճամբայ մը բանալ դէպի Զահլէ, այդպիսով քաղաքը միացնելու համար իրենց հակակշռած շրջանին:

«Լիբանանեան ուժեր»-ուն եւ շրջանի սուրիական ու ձախակողմեան ուժեր»-ուն միջեւ լարուածութիւնը 1980 դեկտեմբերին իր գագաթնակէտին հասաւ: Ծանրակշիռ բախումներ արձանագրուեցան եւ Զահլէ անխնայ ռմբակոծուեցաւ: Կռիւները տեւեցին տասնհինգ օր:

Սուրիական ուժեր Զահլէի մուտքին
Սուրիական ուժեր Զահլէի մուտքին

«Լիբանանեան ուժեր»-ու պատասխանատուները յայտնեցին, որ սուրիացի զինուորներու Զահլէէն ներս ներկայութիւնը անընդունելի է: Անոնք ըսին, որ Զահլէ քրիստոնեայ քաղաք է եւ անոր բնակչութիւնը չի կրնար հանդուրժել արաբական զսպիչ ուժերու ներկայութիւնը:

Երեքշաբթի, 31 մարտ 1981-ին Զահլէի ապահովութեան կացութիւնը գահավիժեցաւ եւ Հոշ Ումարա, Համմար եւ Մուալլաքա շրջանները թատերաբեմ դարձան բախումներու եւ հրթիռարձակման: Շուկան եւ վարժարանները փակուեցան ու լարուածութիւնը տարածուեցաւ ամբողջ քաղաքին վրայ:

Յաջորդ օր, ապրիլ 1-ին, յետմիջօրէին Զահլէ թատերաբեմ դարձաւ ծանր բախումներու եւ ռմբակոծումներու, որոնք ծայր առին ժամը 4:30-էն ետք, գահավէժ ընթացքով շարունակուեցան քանի մը ժամ, ապա` հետզհետէ մեղմացան ժամը 9:00-էն ետք, սակայն քաղաքին մէջ ու շրջակայքը կրակոցները շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր:

Գիշերուան ընթացքին մասամբ խաղաղած կացութիւնը հինգշաբթի, ապրիլ 2-ին ուժգնօրէն պայթեցաւ կանուխ առաւօտէն սկսեալ, եւ Համմարի, Հոշ Ումարայի եւ ճարտարարուեստական գօտիի շրջաններէն ծայր առած բախումներն ու ռմբակոծումները արագօրէն տարածուեցան ամբողջ քաղաքին վրայ, բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ խլելով քաղաքացիներէն ու ստեղծելով տագնապալի այնպիսի կացութիւն մը, որուն մէջ, Կարմիր խաչի քաղաքի բաժանմունքը մայրաքաղաքի եւ միջազգային Կարմիր խաչին դիմեց, վիրաւորներուն համար արիւն պահանջելով:

Սաստիկ բախումներու հետեւանքով, հաղորդակցութիւնները գրեթէ ամբողջովին խզուեցան Զահլէի մէջ. օրուան ընթացքին ինկան աւելի քան 30 զոհ եւ 130 վիրաւոր: Արձանագրուեցան նիւթական հսկայական վնասներ:

Յետմիջօրէին զինադուլի համաձայնութիւն մը գոյացաւ եւ սուրիական բանակի սպայակոյտի փոխ պետ զօրավար Ալի Ասլան, որ Շթորա կը գտնուէր, արաբական զսպիչ ուժերուն հրահանգեց ժամ 5:00-ին դադրեցնել կրակը: Այսուհանդերձ, ճշդուած ժամէն կարճ ատեն մը ետք, բախումներն ու ռմբակոծումները ամենայն սաստկութեամբ վերսկսան քաղաքին մէջ եւ շուրջ, իսկ ժամը 7:00-էն ետք ստացան աննախընթաց ուժգնութիւն:

***

Զահլէի մէջ կացութեան բռնկումին զուգահեռ, Պէյրութի մէջ, արդէն իսկ լարուած կացութեան գահավիժումը սկսաւ ապրիլ 2-ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, երբ սահմանագիծի երկայնքին օրերէ ի վեր շարունակուող արձակազինութիւնը սկսաւ սաստկանալ ու ծանրանալ: Կէս ժամ ետք, կացութիւնը պայթեցաւ կեդրոնական հրապարակներուն վրայ, եւ հրթիռարձակումն ու ռմբակոծումները արագօրէն ծաւալեցան Նաւահանգիստի շրջանէն սկսեալ մինչեւ Սոտեքօ, Պըրժաուի եւ Թանգարանի շրջան: Պըրժաուիի շրջանին մէջ լիբանանեան բանակային դիրքերուն վրայ յարձակում մը շղթայազերծուեցաւ. բանակային դիրքերը հակադարձեցին իրենց վրայ կատարուած յարձակումներուն, որոնք տեւեցին ժամը 11:00-էն մինչեւ 12:

Սահմանագիծին վրայ նախորդող օրերուն յաճախակի երեւոյթ դարձած բախումները սակայն չմնացին սահմանափակ գօտիի մը մէջ, այլ ժամը 11:00-էն ետք, անոր երկու շրջաններուն միջեւ սկսաւ հրթիռարձակում մը, որ տարածուեցաւ Պէյրութի արեւելեան ու արեւմտեան շրջաններուն խորերը: Արեւմտեան շրջանին մէջ հրթիռներ ու ծանր գնդացիրներու փամփուշտներ հասան մինչեւ Զոքաք Պլաթ, Զարիֆ եւ Կեդրոնական դրամատան շրջանը, իսկ արեւելեան շրջաններուն մէջ, Էշրեֆիէն, Աքքաուին, Սիուֆին, Քարմ Զէյթունը, Մըքալլէսը, Սին Էլ Ֆիլը, Հըրշ Թապէթը, ճարտարարուեստական շրջանները, Պուրճ Համուտը, Տորան եւ Ժըտէյտէն թիրախ դարձան հրթիռներու:

Նախագահ Իլիաս Սարգիս շփման մէջ մտաւ բանակի եւ արաբական զսպիչ ուժերու հրամանատարութեանց հետ ու անոնցմէ պահանջեց միջամտել ու դադրեցել բախումները: Սակայն տարուած ճիգերը արդիւնաւորուեցան ժամանակաւորապէս. յետմիջօրէին ու մինչեւ երեկոյ ռմբակոծումները կարճատեւ ընդհատումներով շարունակուեցան, մերթ` սաստկանալով եւ մերթ մեղմանալով:

Պէյրութի մէջ այդ օր ինկան առնուազն 27 զոհեր ու աւելի քան 120 վիրաւորներ: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, այդ օր Պէյրութի եւ Զահլէի մէջ ռմբակոծումներուն զոհերուն թիւը կը հասնէր 70-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւը` 350-ի:

***

Մայրիներու պահակներ Զահլէի Հոշ Ումարա շրջանին մէջ
Մայրիներու պահակներ Զահլէի Հոշ Ումարա շրջանին մէջ

Պէյրութի եւ Զահլէի մէջ կացութեան բռնկումէն ետք, «Ազդակ», 6 ապրիլ 1981-ի թիւով եւ «Չկրկնել ինքնասպանութեան սխալը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Ապրիլ 2-ի հինգշաբթին փաստօրէն ամէնէն կարճ ճամբէն լիբանանցիներուն բերաւ անձկութիւնը ամբողջական պայթումին: Մայրաքաղաքին զոյգ շրջանները հարուածող կոյր ռմբակոծումները եւ անմեղ զոհերու նոր շարքեր խլող հրթիռները ողբերգական նոր մղձաւանջով մը ծանրաբեռնեցին լիբանանեան քաղաքական հորիզոնը:

… Զարմանալի չէ որ այս տան զաւակները տակաւին կը պահեն իրենց լաւատեսութիւնը` հակամարտ կողմերու ողջմտութեան հանդէպ: Վերջին հաշուով, քաղաքական տիալոկը եղբայրասպան զէնքով փոխարինելու փորձութիւնը միայն վնաս կը հասցնէ կռուողներուն եւ կ՛աւերէ հայրենիքը: Ամէնէն համեստ լիբանանցին իսկ կ՛անդրադառնայ այս իրողութեան եւ իր մէջ կը զարգացնէ այն յոյսը, թէ նոյնինքն զինեալ կողմերը յանգած են այդ եզրակացութեան եւ բոլորն ալ պիտի չուզեն կրկնել ինքնասպանութեան 1975-1976-ի ահաւոր սխալը»:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ ոչ ոք լուրջ բացատրութիւն մը կը տեսնէ անակնկալ մարդորսութեան, բախումներուն եւ ռմբակոծումներու նոր ալիքին համար: Լիբանանեան բեմին վրայ դերակատար ուժերէն ոչ մէկը կրնար արդարացում մը տալ կացութեան ընդհանուր վատթարացման, եւ անոր մէջ իրենց փոխադարձ դերակատարութեան:

Զէնքի տրամաբանութիւնը մերժող լիբանանցին տակաւին կ՛ակնկալէր, որ այս հայրենիքի զաւակները ու յատկապէս հակամարտ կողմերը վերջ տային քաղաքացիական պատերազմով քաղաքական հաշիւներ մաքրելու իրենց բոլոր պատրանքներուն: Եղբայրասպան զէնքը միայն ու միայն հայրենիքին կը վնասէ եւ ջայլամի օրինակին հետեւելով, կարելի չէ պատասխանատուութիւններէ խուսափիլ:

«Նոյնիսկ այսօր ալ ուշ չէ` Լիբանանը միջազգային թէ շրջանային ճակատումներէն հեռացնելու համար», կը շեշտէր «Ազդակ» եւ կ՛աւելցնէր ըսելով: Քաղաքական աշխարհը միշտ ալ ունի պայթուցիկ հարցեր եւ բռնկումի պատրաստ տագնապներ, որոնք սովորաբար կրակով կը դրսեւորուին յատկապէս հոն, ուր մէկ հայրենիքի եւ մէկ ազգի պատկանելիութեան գիտակցութիւնը խոցուած է: Լիբանան կը մնար արտաքին ճակատումներու համար դրսեւորումի ազատ բեմ մը, որուն դերակատարները, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ կը դառնային զէնքի ուժով քաղաքական երկրորդական շահեր հետապնդող կողմերը:

Լիբանանը ինքնասպանութեան մղելու այս խաղով, խորքին մէջ, անհակակշռելի ճակատումի մը ոլորապտոյտին մէջ կը բռնուէին նաեւ իրենք` Լիբանանեան կացութեան թելերը իրենց ձեռքերուն մէջ պահող շրջանային թէ միջազգային կողմերը: Կրակով խաղալու ռազմավարութիւնն ալ վերջին հաշուով ունի իր սահմանները:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ լիբանանահայութիւնը իր բոլոր հատուածներով, այս տեսակէտին եւ այս հաւատքին վրայ է, որ հաստատեց իր միասնականութիւնը` դրական չէզոքութեան իր քաղաքականութեամբ, եւ պիտի շարունակէ այդ ուղիով ընթանալ նաեւ այսուհետեւ, որքան ալ ծանր ըլլան փորձութիւնները եւ լիբանանեան հայրենիքը հարուածող ներքին թէ արտաքին վտանգները:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (8 Յուլիս 1965)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Նորօրեայ Առասպե՞լ, Թէ՞ Մարդիկ Խաբելու Արուեստը
Մշակութային եւ Այլազան

Նորօրեայ Առասպե՞լ, Թէ՞ Մարդիկ Խաբելու Արուեստը

Յունուար 27, 2023
Մարդոց Տառապանքը` Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Մարդոց Տառապանքը` Մինչեւ Ո՞ւր

Յունուար 20, 2023
Կազայէն Մինչեւ Արցախ. Միջազգային Ընտանիքը` Կրաւորական
Մշակութային եւ Այլազան

Կազայէն Մինչեւ Արցախ. Միջազգային Ընտանիքը` Կրաւորական

Յունուար 13, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In