ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի սահմանագիծին վրայ բախումները եւ մայրաքաղաքի երկու շրջաններուն միջեւ ռմբակոծումները 1982-ի մայիսի 18-էն ետք մեղմացան: Մինչ, միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը երկար թռիչքներ կ՛ընէր Պէյրութի շրջակայ պաղեստինեան գաղթակայաններուն վերեւ եւ կը դիմաւորուէր հակաօդային զէնքերու առատ կրակոցներով:
Իսրայէլեան օդանաւերը սկիզբը թռիչքները կը կատարէին առաւօտուն եւ հակաօդային թնդանօթներու պայթումները կ՛արթնցնէին արեւմտեան Պէյրութի բնակիչները:
Այնուհետեւ թռիչքները տեղի կ՛ունենային մայրամուտին: Արդարեւ, մութին հակաօդային զէնքերու կրակոցները նուազ ճշգրիտ կ՛ըլլային, ինչ որ առիթ կու տար իսրայէլեան օդանաւերուն աւելի լաւ հետախուզելու շրջանը եւ ճշդելու պաղեստինեան դիրքերը, անոնց դէմ լայնածաւալ յարձակումի մը հեռանկարով:
Գաղթակայաններէն ներս, օրը քանի մը անգամ կը լսուէին ահազանգային ոռնոցները, որոնք գաղթականները կը հրաւիրէին իջնել ապաստանարան:
Ամէն օր, աւազէ տոպրակներով կառուցուած պատնէշներու բարձրութիւնը կ՛աւելնար:
***

Պէյրութի սահմանագիծին վրայ օրերէ ի վեր տիրող համեմատական հանդարտութիւնը խանգարուեցաւ ուրբաթ, 29 մայիս 1981-ի յետմիջօրէին, երբ զինարձակումները յանգեցան պայթումի, ծայր առաւ հրթիռարձակման եւ կոյր ռմբակոծումներու նոր ալիք մը, որ արագօրէն տարածուեցաւ մինչեւ մայրաքաղաքին հարաւային արուարձանները, ինչպէս նաեւ` դէպի ներքին` բնակարանային շրջաններ:
Ռմբակոծումները մեղմացան երեկոյեան ժամը 6:30-էն ետք, մինչ ընդհատ պայթումներն ու զինարձակումները վերագտան իրենց աւանդական հունը:
Ռմբակոծումները նոր թափով վերսկսան շաբաթ, մայիս 30-ի գիշերը: Կիրակի, մայիս 31-ի առաւօտեան ժամը 6-ին զինադուլ հաստատուեցաւ, ռմբակոծումները դադրեցան եւ քաղաքացիք բնակարաններէն դուրս գալով ազատ շրջագայութեան հնարաւորութիւն ունեցան:
Կէսօրին, սահմանագիծի աւանդականօրէն տաք կէտերուն վրայ բախումներն ու արձակազինութիւնները սաստկացան: Սոտեքօ-Պըրժաուի-Թայունէ գօտիէն ծայր առած ռմբակոծումները կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին իրենց տիրապետութեան սահմանները տարածեցին սահմանագիծին դրացի թաղերէն անդին, դէպի արեւելք, արեւմուտք, հիւսիս եւ հարաւ: Հրթիռարձակման թափը հետզհետէ սաստկացաւ ու ժամը 4:30-էն մինչեւ 5, միջին հաշուով 5 երկվայրկեանը ռումբ մը կ՛իյնար Ժունիէէն մինչեւ Ուզահի տարածուող շրջաններուն մէջ, խլելով բազմատասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ, մեծ մասամբ` կիրակնօրեայ արձակուրդը ծովային բաղնիքներուն կամ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ անցընող քաղաքացիներէն:
Ռմբակոծման թիրախ դարձան, արեւելեան շրջաններուն մէջ` Ժունիէն ու Քեսրուանի ծովեզերեայ այլ շրջաններ, Էշրեֆիէն, Ժեհթաուին, նաւահանգիստը, Արդարութեան պալատի շրջանը, Պատարոն, Այն Ռըմմանէն, Ֆըրն Շըպպէքը, Սին Էլ Ֆիլը, Ճսըր Պաշան, Հազմիէն, Հատէթը եւ Պաապտան, իսկ արեւմտեան շրջաններուն մէջ` Ռաս Պէյրութի Քորնիշն ու անոր արեւմտեան ծայրամասին վրայ գտնուող ծովային բաղնիքները, Ռամլէթ Պայտան, Սապրան, Ուզահիի օթոստրատը, Քուէյթի դեսպանատան շրջանը, Քոլայի բոլորակը, Արաբական համալսարանի շրջանը, Մազրաան, Պարպիրը, Մուսայթպէն եւ հանրային պարտէզին մօտակայ շրջանը:
Բազմաթիւ հրդեհներ ծագեցան ռմբակոծումներուն ընդգրկած շրջաններուն մէջ, բազմաթիւ բնակարաններ ու ինքնաշարժներ քանդուեցան կամ մեծապէս վնասուեցան, իսկ ռմբակոծման թիրախ դարձած շրջաններու մէջ խուճապը ահաւոր էր: Հիւանդատար ինքնաշարժներու ճչակներուն աղմուկը կը գերակշռէր այլ ինքնաշարժներու աղմուկը, որ սակայն կարճ ատեն մը ետք դադրեցաւ, երբ փողոցները ամայացան ու քաղաքացիք ապաստան գտան ապահով վայրերու մէջ: Այդ օր ինկան 20 զոհեր եւ 270 վիրաւորներ:
Երեկոյեան զինադուլ հաստատուեցաւ, սակայն ընդհատ կրակոցներն ու պայթումները շարունակուեցան սահմանագիծի երկայնքին:

Երկուշաբթի, յունիս 1-ի արեւածագէն առաջ կռիւները վերսկսան բուռն թափով: Ռումբերէն բաժին ինկան նաեւ Պուրճ Համուտին եւ Տորային, ուր ինկան քանի մը զոհեր, որոնց երեքը մանուկներ էին:
Հրթիռարձակումը սաստկացաւ արագօրէն ու կարճատեւ մեղմացումներով շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր: Ժունիէի ծովեզերեայ ու լեռնային շրջաններէն սկսեալ, անցնելով Տորայէն, Պաուշրիէէն, Սին Էլ Ֆիլէն, Ճսըր Պաշայէն, Հազմիէէն, Հատէթէն, Այն Ռըմմանէէն, Ֆըրն Շըպպէքէն ու Էշրեֆիէի զանազան գօտիներէն ու հասնելով մինչեւ Շիահ, Մազրաա, Պարպիր, Շաթիլիա ու անոնց շրջակայ թաղամասեր, աւելի քան տասը ժամ թիրախ մնացին երկուստեք արձակուած անհամար ռումբերու եւ հրթիռներու: Երեկոյեան, ռումբեր ինկան նաեւ Պաապտայի նախագահական պալատին մօտ:
***
Պէյրութի ապահովութեան կացութեան գահավիժումին զուգահեռ, հարաւի վրայ իսրայէլեան յարձակումները վերսկսան բուռն թափով: Արդարեւ, հինգշաբթի, 28 մայիսի յետմիջօրէին, իսրայէլեան օդանաւեր ռմբակոծեցին Տամուրը, Նաամէն եւ Հարըթ Նաամէն, խլելով 30 զոհ եւ 110 վիրաւոր:
Այնուհետեւ, մայիս 28-էն 29 լուսցող գիշերուան ընթացքին իսրայէլեան ուժեր Նաամէի ծովափին վրայ ցամաքահանում կատարեցին, մինչ իսրայէլեան մարտանաւեր ռմբակոծեցին Տամուրէն մինչեւ Նաամէ երկարող ծովափը:
Իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններուն նպատակն էր Տամուրի շրջանին մէջ հաստատուած լիպիական «Սամ 9» հրթիռներու խարիսխներուն քայքայումը:

Իսկ երեքշաբթի, յունիս 2-ի յետմիջօրէին իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Սուրի մօտակայ Ապու Ասուատ եւ Ատլուն շրջաններուն վրայ: Յարձակումը սկսաւ վեց «ֆէնթըմ»-ներու միջոցաւ, որոնք յաջորդական յարձակումներով ռմբակոծեցին բազմաթիւ շէնքեր եւ բնակարաններ: Ռմբակոծումներուն հետեւանքով երեք յարկանի շէնք մը ամբողջութեամբ փուլ եկաւ, բազմաթիւ ծառեր արմատախիլ եղան, իսկ հաղորդակցութեան եւ ելեկտրաբաշխումի յատուկ ցանցերը մեծապէս վնասուեցան:
Օդանաւային յարձակումին գլխաւոր թիրախն էր պաղեստինեան Ֆաթհ կազմակերպութեան կեդրոն մը, որ ամբողջութեամբ քանդուեցաւ: Հակաօդային զէնքերու կրակոցներէն խուսափելու համար, իսրայէլեան օդանաւերը ջերմային յատուկ կազմածներ արձակեցին:
Միւս կողմէ, Մերժայուն ու Նապաթիէ առանցքին վրայ, հրետանիի ընդհատ ռմբակոծումներ տեղի կ՛ունենային Սաատ Հատտատի «իրողական ուժեր»-ուն եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական զինեալներուն միջեւ:
***
Պուրճ Համուտի եւ ընդհանուր առմամբ Լիբանանի հայութեան դիմադրականութեան խորհրդանիշ, ճգնաժամային բոլոր պահերուն ամէն վտանգ արհամարհած եւ պատնէշի վրայ կանգուն մնացած, բոլորանուէր անձնուիրութեամբ գիշեր ու ցերեկ ժողովուրդի կարիքներուն հասած, ծանրագոյն պարտականութիւններ եւ վտանգաւոր պատասխանատուութիւններ ստանձնած Խաչիկ Արապեան մահացաւ հինգշաբթի, 4 յունիս 1981-ի առաւօտեան ժամը 6:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Ան ծնած էր 1942-ին, Հալէպ: Ուսումը ստացած էր տեղւոյն Սահակեան վարժարանին մէջ: 1957-ին ընտանիքին հետ հաստատուած էր Պուրճ Համուտ: Ան երդուած էր արեան գնով մինչեւ մահ ծառայել իր պաշտած ազգին եւ յեղափոխական գաղափարին:
Հաւաքական կեանքով ապրող, ժողովուրդի զաւակ, պարզ, համեստ ու հաղորդական ժողովրդական մարդ, ընկեր Խաչիկ ամէն տեղ էր: Իրեն կը դիմէին բոլորը եւ իրմէ կը սպասէին անձնական թէ ընդհանրական ամէն հարցի լուծում: Իր պարզութեամբ ու համեստութեամբ, ուղղամտութեամբ, վճռակամութեամբ եւ բանակցելու կարողութեամբ, ան կրնար բոլորին հետ լեզու գտնել, կիրքերը մեղմել, անհասկացողութիւնները փարատել, ամէն հարցի լուծում գտնել եւ հակառակորդներուն իսկ յարգանք պարտադրել:
Ուրբաթ, յունիս 5-ին, Պուրճ Համուտ ամբողջ փակ էր: Սուգը համընդհանուր էր: Իրենց կարգին, դաւադիր ձեռքեր ռումբերու թիրախ դարձուցին հայահոծ թաղերը, առաւօտեան վաղ ժամերուն մահ ու ծանր վէրքեր սփռելով Պուրճ Համուտի տարածքին, առաւելաբար` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջակայքը: Ռումբերուն զոհ գնաց Մեսրոպ Օզանլեան, ծանրօրէն վիրաւորուեցան Սիմոն Էսքայեան եւ Յովսէփ Գաբրիէլեան, իսկ այլ վիրաւորներու կարգին էին Գրիգոր Տեմիրճեան եւ Րաֆֆի Գալայճեան:
Բայց հակառակ ռումբերուն, ժամը 9-էն սկսեալ, ստուարաթիւ ժողովուրդ արդէն խռնուած էր Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին ու անոր գաւիթը: Շրջանի պատասխանատուներու կարգադրութեամբ, եւ նկատի ունենալով անապահով վիճակը` ժողովուրդին թելադրուեցաւ կին ու մանուկ տունը պահել, անախորժ ամէն անակնկալի տարողութիւն սահմանափակելու համար:
Ժամը 11:00-ին, եկեղեցին ու շրջակայքը կը յորդէին սգակիրներով: Ներկայ էին պետական նախարար մեթր Խաչիկ Պապիկեան, ազգային, կուսակցական եւ յարանուանական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ լիբանանցի անձնաւորութիւններ:
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, եկեղեցիին մէջ դամբանական խօսեցաւ Լիբանանի թեմի հայոց առաջնորդ Արամ եպիսկոպոս Քէշիշեան: «Մահկանացու ծնար, բայց անմահացար» բնաբանով, սրբազանը ընդգծեց թէ «երեք բառեր լաւագոյնս կը խտացնեն անոր անունին կապուած պայքարի ուղին. ծառայութիւն, պարկեշտութիւն եւ քաջութիւն»: Ան շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ Խաչիկ Արապեան խորհրդանիշ մը դարձաւ բառին բովանդակ առումով: «Եղաւ խորհրդանիշը հայ ժողովուրդի սրբազան իտէալներուն անսակարկ նուիրուելու անձնազոհութեան. եղաւ խորհրդանիշը Լիբանանի հայութեան ազատ ապրելու վճռականութեան, եւ եղաւ յատկապէս խորհրդանիշը Լիբանանի մէջ մնալու, ամէն դժուարութեան տոկալու եւ վերապրելու հաւաքական մեր անտեղիտալի կամքին»:
Եզրափակելով, Արամ սրբազան յայտնեց թէ «մահկանացու ծնած այս պարզ ու համեստ հայորդին իր գործով ու արութեամբ արժանի դարձաւ անմահութեան, եւ իբրեւ այդպիսին պիտի մնայ մեր հոգիներուն մէջ, միշտ յուշելով իր այնքան սիրած յեղափոխական երգին բառերը` շարունակէք մեր սուրբ գործը»:
***
«Ազդակ», 8 յունիս 1981-ի թիւով եւ «Թիկունքը ամուր պահել» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ հայրենիքի պաշտպանութեան համար ռազմաճակատ գացող զինուորը, թշնամիին վրայ գրոհի ձեռնարկող զօրավարը եւ մանաւա՛նդ, պատնէշի վրայ բաց ճակատով մահը դիմագրաւող հերոսը կը սարսափին միայն մէկ բանէ` իրենց թիկունքին անապահովութենէն:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ չի կրնար ըլլալ որ մեր ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան համար անձնուրաց տղաք ամէն վտանգի դէմ ճակատ յարդարեն, երբ անդին` իրենց սեփական մորթը փրկելու խուճապով, հայ մարդիկ գերագոյն «ողջմտութիւնը» կը փնտռեն հաւաքական այս գուպարէն անաղմուկ խոյս տալու «ճարպիկութեան» մէջ:
Ազգերու պատմութեան մէջ պարտութիւնները հազուադէպօրէն վճռուած են ռազմաճակատներու վրայ: Նոյնիսկ ճակատամարտ մը կորսնցնողը կրցած է շահիլ պատերազմը, եթէ կրցած է ամուր պահել իր թիկունքը եւ վերանորոգ թափով վերստին նետուիլ կռուի դաշտ: Բացառութիւն չէ կազմած նաեւ հայոց պատմութիւնը, ուր պարտութիւնները եղած են դարմանելի, երբ ամրակուռ պահուած է թիկունքը եւ շարունակուած է կռիւը:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով. ահա թէ ինչո՛ւ հոս, Լիբանանի մէջ, անհեթեթ եւ ահաւոր պատերազմի բոլոր ցնցումներուն ենթակայ մեր ժողովուրդին համար, թիկունքը ամուր պահելու հրամայականը կը ստանայ բախտորոշ նշանակութիւն:
Մեզի չեն պակսիր արթուն պահակներ. անոնք կու գան, ինկողները կը փոխարինեն, տկարացողներուն ձգած բացը կը լեցնեն եւ պատնէշի վրայ հաստատակամ կը մնան` իրենց հետ խրոխտ պահելով մեր հոգիները:
Կը պակսի միւսը` թիկունքը պահողներուն դիմադրականութիւնը: Աւելին` կը պակսի նոյն ինքն թիկունքը ամուր պահելու գիտակցութիւնը:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով. փաստը ա՛յն է, որ մեր առօրեան երկփեղկուած է զոյգ բեւեռներու միջեւ: Մէկ կողմէ` տոկալու եւ դիմադրելու վճռականութեամբ զինուած կամքեր, իսկ միւս կողմէ` նահանջի եւ խուճապի մատնուած հոգիներ: Նման բեւեռացում մը, սակայն, պարզապէս կը ջլատէ հաւաքական մեր ուժը, որովհետեւ կը խորացնէ հակասութիւնը ռազմաճակատ գացողին եւ հողէն հեռացողին միջեւ… Մինչդեռ ամէն բանէ առաջ այսօր մենք պէտք ունինք ամրակուռ թիկունքի, իր դիմադրականութեան տնտեսական, մշակութային եւ կազմակերպական կռուաններ ապահոված ժողովրդային ներքին ճակատի:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով. տագնապի մատնուած որեւէ ժողովուրդ միշտ ալ գտնուած է նոյն պարտաւորութեան դիմաց: Պայքարը չի կրնար մէկ ճակատով, միայն ռազմաճակատով ապահովուիլ: Որեւէ պայքար կ՛ենթադրէ նախ բոլոր ուժերու լարում, եւ ապա` կռուի բոլոր հանգրուաններուն տոկալու ամբողջական յանձնառութիւն: Ասիկա ճիշդ է ե՛ւ անհատական, ե՛ւ հաւաքական պայքարներու պարագային: Կամ մարտունակ ոգիով ամուր կը պահուին թէ՛ ճակատները, թէ պատնէշները եւ թէ թիկունքը, եւ կամ ալ մէկուն կամ միւսին տկարացումէն կը տուժէ ամբողջ պայքարը: