Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Բուռն Բախումներ Պէյրութի Սահմանագիծին Եւ Սաննինի Բարձունքներուն Վրայ

Յուլիս 22, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

1981-forces-libanaises-bataille-de-zahle-41
Սաննինի բարձունքները

Լիբանանի մէջ 1981 ապրիլի սկիզբը բռնկած կռիւները, յատկապէս` Պէյրութի, Զահլէի եւ Հարաւի մէջ, ապրիլի վերջաւորութեան մեղմացան: Պէյրութի եւ Զահլէի մէջ ապահովական կացութիւնը զգալիօրէն բարելաւուեցաւ, ինչպէս նաեւ ապահովութեան ամրապնդման համար աշխատանքներ տարուեցան:

Հակամարտ կողմերու ուժերու յարաբերակցութիւնը, 1981 ապրիլի տուեալներով, հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէր:

ա) Արաբական զսպիչ ուժերը կ՛ընդգրկէին սուրիացի 25 հազար զինուորներ: Անոնք օժտուած էին հրասայլերով, հրետանիով, ցամաք-ցամաք եւ հակահրասայլային հրթիռներով: Կը հակակշռէին Լիբանանի տարածութեան մեծ մասը, բացի հարաւէն եւ քրիստոնէական գօտիէն:

բ) Լիբանանեան բանակի 23 հազար զինուորները եւ 5000 ոստիկան-զինուորները ցրուած էին երկրի զանազան շրջաններուն մէջ: Իրենց գլխաւոր տկարութիւնը այդ ցրւումն ու զէնքի անբաւարարութիւնն էր, բաղդատած միւս ուժերուն: Լիբանանեան բանակը իր տրամադրութեան տակ ունէր հին տիպի «Ա. Էմ. Իքս. 13» եւ «Էմ. 41» հրասայլեր միայն, եւ 200 զրահապատ ու փոխադրական ինքնաշարժ:

գ) «Լիբանանեան ուժեր»-ու 10 հազար միլիսները ամրացած էին քառանկիւնի մը մէջ, որ կ՛երկարէր արեւելեան Պէյրութէն մինչեւ Պարպարա (Պաթրունէն հարաւ) եւ Լեռնալիբանանի բարձունքներէն մինչեւ ծով: Ունէին կարգ մը յառաջացեալ դիրքեր` Զահլէն եւ Սաննինի արեւելեան լանջերը: Մնայուն 10 հազար միլիսներու կողքին, շուտով կրնային զօրակոչի ենթարկել 40 հազար մարզուած կամաւորներ: Օժտուած էին հեռատար հրետանիով, հրթիռներով եւ «Շերման» հրասայլերով:

դ) Պաղեստինցի 15 հազար ֆետայիները դիրքաւորուած էին արեւմտեան Պէյրութէն մինչեւ Սուր եւ մանաւանդ ծովեզերքի երկայնքին, Լիթանիի գետափին, Արքուպի լեռներուն եւ հարաւային Պեքաայի մէջ: Անոնք կը պատկանէին զանազան կազմակերպութիւններու, բայց ունէին զինուորական միացեալ հրամանատարութիւն մը:

Անոնց վրայ պէտք էր աւելցնել Ժորժ Հապաշի, Նայէֆ Հաուաթմէի եւ զանազան ուրիշ կազմակերպութիւններու պատկանող զինեալները, որոնք ընդհանրապէս ահաբեկչական գործողութիւններ կը կատարէին:

ե) «Ազգային շարժում»-ին մաս կազմող քաղաքական կազմակերպութիւններու շուրջ 8 հազար միլիսները պաղեստինեան ուժերու ծիրին մէջ կը դառնային: Այդ կազմակերպութիւններէն գլխաւորներն էին մուրապիթունները, Ժոմպլաթի յառաջդիմական ընկերվարականները, համայնավարները եւ ղովմիները:

զ) Ամալը 4-էն 6 հազար միլիսներու կողքին ունէր շուրջ 10 հազար պահեստի ուժեր, որոնք կեդրոնացած էին արեւմտեան Պէյրութի եւ հարաւային շիիաբնակ արուարձաններուն մէջ` Շիահ, Ղպէյրի, Պիր Ապտ, Պիր Հասան, Ուզայի եւ Խալտէ, ինչպէս նաեւ հարաւի, Պաալպէքի եւ Հերմէլի մէջ:

է) Սլէյման Ֆրենժիէի մարատաները, քանի մը հարիւր միլիսներով, կեդրոնացած էին Զղարթայի մէջ:

ը) Սաատ Հատտատի «իրողական ուժեր»-ը, 1500 միլիսներով, կեդրոնացած էին իսրայէլեան սահմանի երկայնքին` Մերժայունէն մինչեւ Նաքուրա:

թ) «Ֆինիւլ»-ի վեց հազար «կապոյտ սաղաւարտակիր»-ները, որոնք դիրքաւորուած էին հարաւային Լիբանանի մէջ:

* * *

Կռիւներու անակնկալ մեղմացման պայմաններուն տակ, «Ազդակ», 4 մայիս 1981-ի թիւով եւ «Զէնքերէն աւելի զօրաւոր» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր: Ի՞նչ պատահեցաւ, որ երեք շաբաթներու այնքա՜ն ահաւոր  փոթորիկներէ ետք` խաղաղութեան այս աստիճան յուսատու շունչ մը կը տիրէ լիբանանեան ծովուն վրայ:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ լիբանանեան բեմին վրայ գործող հակամարտ ուժերը սկսան  յայտնագործել անխուսափելին, որովհետեւ աւելորդ անգամուան մը համար եւս փաստուեցաւ թէ եղբայրասպան զէնքը ոչ մէկ լուծում կրնայ բերել քաղաքացիական տագնապներուն:

Աւելի քան երեք շաբաթ, աւանդական ամէն ճակատ բռնկելու վտանգաւոր ծայրայեղութեամբ, կողմերը վերադարձան 1976-ի անել խաղին` քաղաքական այս կամ այն նպատակին հասնելու համար ամբողջ հայրենիքը գրաւի տակ դնելու եւ ի հարկին կորսնցնելու յուսահատական ռազմավարութեամբ:

«Ազդակ» կը պարզաբանէր ըսելով, որ պարզորոշ է խաղը եւ ոչ ոքի համար գաղտնիք պէտք է թուին անոր օրէնքները: Ինչպէս անդորրութիւնը, նոյնպէս եւ զայն կանխած շաբաթներու անապահովութիւնը շեշտակիօրէն քաղաքական որոշումի ծնունդ են: Որքան ալ զօրաւոր ըլլայ զէնքը, միշտ աւելի զօրաւոր է զայն գործածող քաղաքական կամքը:

Ողբերգութիւնը հոն է, որ հակամարտ կողմերէն ոմանք տակաւին կը խորհին, թէ զինուորական պայթումներու սպառնալիքին տակ գումարուած կլոր սեղանի բանակցութիւնները աւելի ձեռնտու են իրենց դիրքերը ամրապնդելու տեսակէտէն, կը շեշտէր «Ազդակ» եւ կ՛եզրափակէր ըսելով: Մեզի համար որոշ է, որ զէնքէն աւելի զօրաւոր տուեալ մը կը գտնուի այս հայրենիքի ճակատագրով մտահոգ ուժերուն ձեռքը: Կը բաւէ, որ միջազգային թէ շրջանային հակասութեանց գերին դարձած լիբանանցիները ամէն բանէ վեր դասեն կլոր սեղանի շուրջ նստելու հայրենասիրական պարտաւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ վիրաւոր այս հայրենիքին վերադարձնել հիմնականն ու երկրորդականը իրարմէ անջատելու ողջմտութիւնը, խորապէս համոզուած` որ զէնքէն աւելի զօրաւոր կռուանններ գոյութիւն ունին:

* * *

Պէյրութի կեդրոնական գօտին
Պէյրութի կեդրոնական գօտին

Քանի մը օրուան մեղմացումէ ետք, չորեքշաբթի, մայիս 6-ի երեկոյեան բուռն բախումները վերսկսան Պէյրութի սահմանագիծին վրայ եւ Սոտեքօ-Պըրժաուի ու մօտակայ շրջաններ թատերաբեմ դարձան հրթիռարձակումներու, որոնք տարածուեցան մինչեւ ներքին շրջաններ: Այնուհետեւ, սահմանագիծին վրայ արձակազինութիւնն ու ընդհատ պայթումները լարուածութիւնը պահեցին անփոփոխ:

Ուրբաթ, 8 մայիսին, Պէյրութի կեդրոնական գօտիին մէջ կիսածանր զէնքերով ծայր առած բախումները սաստկացան եւ անոնց ծիրը ընդարձակուելով հասաւ մինչեւ Նասրա, Սոտեքօ, Պըրժաուի, Ռաս Նապաա, Պատարօ, Այն Ռըմմանէ եւ Թայունէ: Արձակազինութիւնը իր տիրապետութեան տակ առաւ Սայֆի, Ժըմմէյզէ, Տըպպաս, Պշարա Խուրի եւ Խանտաք Ղամիք շրջաններու ներքին թաղերը:

Երկուշաբթի, մայիս 11-ի կէսօրին, կեդրոնական հրապարակներէն մինչեւ Սոտեքօ , Պըրժաուի եւ Թայունէ երկարող շրջաններուն մէջ սկիզբ առած բախումները շարունակուեցան ռմբակոծումներով ու շառաւիղը հետզհետէ երկարող սաստիկ հրթիռարձակումներով: Ընդհանրապէս բնակարանային թաղամասերէ ներս  հաստատուած հրետանիները լռեցնելու նպատակով փոխադարձաբար արձակուած ռումբերը ինկան մէկ կողմէ` Էշրեֆիէի, Սին էլ Ֆիլի, Այն Ռըմմանէի, Հատէթի, Ճսըր Պաշայի, Տըքուանէի, Տորայի եւ Նահրի Քորնիշի շրջաններուն, ու միւս կողմէ` Ռաս Նապաայի, Շիահի, Պարպիրի, Մազրաայի քորնիշի, Մուսայթպէի, Թալլէթ Խայաթի, Ռաս Պէյրութի եւ Զոքաք Պլաթի շրջաններուն մէջ: Ինկան առնուազն 18 զոհեր եւ աւելի քան 173 վիրաւորներ. արձանագրուեցան նիւթական հսկայական վնասներ:

Երեքշաբթի, մայիս 12-ի առաւօտուն զգուշաւոր խաղաղութիւն հաստատուեցաւ Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ: Նախընթաց օրերու փորձառութենէն մեկնելով, պէյրութցիք սպասեցին որ կացութիւնը վերստին պայթի միջօրէին կամ յետմիջօրէին, սակայն կացութիւնը հանդարտ մնաց մինչեւ երեկոյ, երբ նաւահանգիստին եւ կեդրոնական հրապարակներուն վրայ կացութիւնը մագլցում արձանագրեց: Առեւտրական շուկաներու ճակատը բռնկեցաւ ու ծայր առին ծանր թնդանօթային կռիւներ: Հրթիռներ ինկան մինչեւ Տորա եւ Նահր Մոթ:

Շաբաթ, 16 մայիսի միջօրէին, կեդրոնական հրապարակներուն վրայ տեղի ունեցող արձակազինութիւնը անգամ մը եւս յանգեցաւ կացութեան պայթումին, որ բռնկեցուց սահմանագիծի տաք կէտերը, հրթիռարձակումներու հասողութիւնը տարածելով մինչեւ մօտակայ բնակարանային թաղեր:

Երեկոյեան կարճատեւ դադարէ մը ետք, ռմբակոծումներն ու հրթիռարձակումները վերստին պայթեցուցին կացութիւնը. սահմանագիծի երկու կողմերուն միջեւ, կիսածանր ու ծանր զէնքերով տարուող բախումներուն զուգընթաց, կոյր ռմբակոծումները շարունակուեցան ամբողջ գիշերը, ապա կիրակի, մայիս 17-ի նախամիջօրէի եւ երեկոյեան կարճատեւ դադարներէ ետք` մինչեւ ուշ գիշեր:

Ռումբերու տարափը տարածուեցաւ մայրաքաղաքի արեւելեան թէ արեւմտեան շրջաններուն մէջ եւ հասաւ մինչեւ Ժունիէ եւ Քեսրուանի ծովափնեայ շրջանները: Միջին ու ծանր տարողութեամբ հրթիռներ եւ ռումբեր ինկան Սէյֆիի, Ժըմմէյզէի, Աքքաուիի, Էշրեֆիէի, Մար Մըխայէլի, Պուրճ Համուտի (գլխաւորաբար` Արագած թաղի), Տորայի, Սին էլ Ֆիլի ու մինչեւ Այն Ռըմմանէ եւ Թայունէ շրջաններուն վրայ, որոնց դիմաց ռմբակոծուեցան Սապրան, Շաթիլայի բոլորակի շրջանը, Ռաս Նապաան, Պաշուրան, Զոքաք էլ Պլաթը, վարչապետարանի շրջակայ թաղերը, պանդոկներու շրջանը, Այն Մըրէյսէն, Ռաս Պէյրութն ու այլ շրջաններ: Ռմբակոծումներուն զոհ գացին նաեւ երկու հայեր` Աւետիս Քէշիշօղլեան (19 տարեկան, Արագած թաղէն) եւ Իլիաս Ղազալ:

Երկուշաբթի, մայիս 18-ին, զինեալ տարրեր շրջան ըրին ամէնուրեք, քաղաքայիններուն թելադրելով չհեռանալ ապաստանարաններէն ու խուսափիլ շրջագայութենէ: Գիշերը եղաւ դժոխային եւ սաստիկ ռմբակոծումներու շրջագիծը ընդգրկեց  Պէյրութի արեւմտեան եւ արեւելեան բոլոր շրջանները, ինչպէս նաեւ Քեսրուանի եւ Մեթնի ծովեզերեայ եւ լեռնային շրջանները:

* * *

Միլիսներ` Պէյրութի սահմանագիծին վրայ
Միլիսներ` Պէյրութի սահմանագիծին վրայ

Պէյրութի եւ արուարձաններու երկու շրջանները իրարմէ բաժնող սահմանագիծը ունէր ութ քիլոմեթր երկարութիւն եւ 500-էն 1000 մեթր լայնք: Իսկական աւերակ մը, ուր դիզուած էին քանդուած տուներ, խիճերու, աւազներու եւ հողի բլուրներ, պայթած խողովակներ, ելեկտրական եւ հեռաձայնի փրթած թելեր:

Պէյրութի նախկին եռուն, երփներանգ եւ աղմկոտ այդ շուկաներուն մէջ կը թափառէին միայն անտէր շուներ եւ անօթի կատուներ, որոնք գտած էին մուկ եւ առնէտ որսալու հարուստ շրջան մը: Հոն էին մանաւանդ զինեալ տարրերը, լիբանանեան տագնապի գործօն դերակատարները:

Սահմանագիծը կը սկսէր նաւահանգիստի շրջանէն: Նաւահանգիստին աւազանները խճողուած էին ընկղմած նաւերու մարմիններով, որոնց ծխնելոյզները եւ ողնափայտերը կը ցցուէին ջուրերէն դուրս:

Նաւահանգիստին շուրջ կառուցուած էր ամբողջ պարիսպ մը` լքուած եւ անգործածելի քոնթէյնըրներով, հոն գործող պաշտօնեաները եւ բեռնակիրները պաշտպանելու համար դարանակալ արձակազէններէն:

Այդ պարիսպէն անմիջապէս անդին կը սկսէր քաղաքակեդրոնը, որ կը տարածուէր Նահատակաց հրապարակին շուրջ: Ամէն գիշեր հոն կը տիրէր իսկական դժոխք մը: Հրապարակին երկու կողմերը հաստատուած ուժերը կրակ կը տեղացնէին իրարու վրայ, թնդանօթներով, հրթիռներով եւ ծանր արագահարուածներով: Ինչ որ չէր քանդուած ռումբերու կողմէ, կը մոխրանար հրդեհներուն մէջ:

Սահմանագիծը կը շարունակուէր դէպի հարաւ` Դամասկոսի փողոցին վրայով մինչեւ Պատարօ, Ֆըրն Շըպպէք, Այն Ռըմմանէ եւ Հատէթ, որոնք դարձած էին միջարաբական պատերազմի ռազմադաշտեր:

Սահմանագիծին երկու կողմերը կառուցուած շէնքերուն ճակատները անճանաչելի էին. փամփուշտի եւ ռումբի խոռոչներ, ջարդուած փեղկեր եւ կահ կարասիներ: Ինչ որ կարելի չէր եղած փրկել բնակիչներուն կողմէ, կողոպտուած էր զինեալներուն եւ անոնց արբանեակներուն կողմէ:

Աւերակ այդ հազարաւոր տուներուն եւ խանութներուն վրայ պէտք էր աւելցնել պետական շէնքերը` նախարարութիւն, զօրանոց, հիւանդանոց եւ դարմանատուն: Պատերազմը պատճառ դարձած էր նաեւ 146 գործարաններու  քանդումին: Ուրիշ 177 գործարաններ ստիպուած փակած էին իրենց դուռերը: Մնացեալները կ՛աշխատէին իրենց կարելիութեանց 50 առ հարիւր համեմատութեամբ: Դրամատուները 30 առ հարիւրով նուազեցուցած էին իրենց գործունէութիւնը: Նաւահանգիստը, որ մինչեւ 1975 արեւելեան Միջերկրականի ամէնէն կարեւորն էր, կը գործէր անկանոն կերպով եւ կ՛աշխատէր իր կարելիութեան 25 առ հարիւր համեմատութեամբ միայն: Պետութեան մաքսային եկամուտը նուազած էր նոյն համեմատութեամբ:

***

Սաննինի բարձունքներուն վրայ, կռիւներուն առանցքը ֆրանսական գրասենեակն էր, ուր կեդրոնացած էին «Լիբանանեան ուժեր»-ու միլիսներ: Բուռն բախումներէ ետք, «Լիբանանեան ուժեր»-ու հաղորդակցութեան գիծերը կտրուեցան եւ սուրիական ուժեր ու ղովմի միլիսներ օղակի մէջ առին գրասենեակը: Ստեղծուած կացութեան առջեւ, «Լիբանանեան ուժեր»-ը քաշուեցան գրասենեակէն, որմէ ետք սուրիական ուժեր գրաւեցին զայն ու ականահարեցին:

Երկու հազար մեթր բարձրութեան վրայ, Զահլէի ճիշդ վերերը, սուրիական բանակի պուլտոզըրներ սկսան ճամբայ մը բանալ Սաննինի գագաթին վրայ, ուր սուրիական զօրքերն ու ղովմի միլիսները սկսան ամրացնել իրենց դիրքերը ֆրանսական գրասենեակի շրջանին մէջ:

Շուրջը ընդհատ բախումներ եւ պայթումներ տեղի կ՛ունենային: Ձիւնի սպիտակ սաւանի տակ, գիշերները մութին դիրքերը դժուարութեամբ կը զանազանուէին իրարմէ: «Լիբանանեան ուժեր» օտարազգի գործաւորներ հաւաքելով աշխատանքային վաշտեր կազմեցին եւ զանոնք բարձունքներուն վրայ դիրքերու հաստատման համար օգտագործեցին: «Լիբանանեանի ուժեր»-ու միլիսներու խմբակներ նաեւ ձիւնին վրայ չնշմարուելու համար սպիտակ տարազ հագած, սողոսկելով գիշերային տեղափոխութիւններ կատարեցին եւ նոր դիրքեր ամրապնդեցին: Ցուրտէն չսառելու համար, քանի մը ժամը անգամ մը դիրքապահները կը փոխարինուէին ուրիշներով:

Գագաթներու այդ պատերազմին մէջ, ուր իւրաքանչիւր բարձունք ուրիշ բարձունք մը կը քողարկէր, սուրիական ուժերը եւ ղովմիները նոր ճամբաներ բացին: Անոնք արդէն կը հակակշռէին Զահլէի եւ Պեքաայի մէկ մասին վրայ տիրող բարձունքները:

Ծածկուած` մշուշներով, գագաթին վրայ սառն հով մը կը փչէր: Մայիս ամիսն էր, բայց արեւը տակաւին չէր կրցած հալեցնել ձիւները: Ամէնէն ահաւորը գիշերն էր. կռուողները մինչեւ լոյս կը շարժէին, սառոյցի չվերածուելու համար: Կը քնանային ցերեկները քանի մը ժամ, երբ արեւը կը տաքցնէր մթնոլորտը:

Սուրիական ուժերու ճամբարին մօտ հաստատուած էին 23 միլիմեթրնոց քառափող հակաօդային թնդանօթներ, ուրիշ տեսակի թնդանօթներ եւ «Թէ.54» հրասայլեր:

Սուրիական ուժերը կը հակակշռէին Այնթուրայի եւ Թարշիշի վրայով Միջերկրականէն Պեքաա տանող ճամբան եւ իրենց թնդանօթները դարձուցած էին դէպի հիւսիս, ուր կը գտնուէին «Լիբանանեան ուժեր»-ու դիրքերը: Իսկ հակաօդային թնդանօթները անդադար կը դառնային իրենք իրենց վրայ, այն վախով որ յանկարծ իսրայէլեան օդանաւեր կրնան յայտնուիլ:

Վարը Զահլէն էր, կծկուած հովիտին մէջ: Մօտը` Քաա էլ Ռիմ գիւղը, ուր «Լիբանանեան ուժեր»-ը կը գտնուէին սուրիական դիրքերու հակակշիռին տակ:

Սաննինի բարձունքէն «Լիբանանեան ուժեր»-ը ճամբայ մը բացած էին, որ կը հասնէր մինչեւ Զահլէ: Հոնկէ անոնք կը ռմբակոծէին Շթորան եւ Պէյրութ-Դամասկոս ճամբան: Սուրիացիք յետոյ գրաւեցին լեռնային այդ ճամբան եւ ամբողջական շրջափակման մէջ առին Զահլէն:

Լեռներու միջերկրականեան կողմին վրայ, սուրիական ուժեր հաստատուած էին Պոլոնիայի, Տհուր Շուէյրի եւ Մրուժի մէջ: Սուրիական դիրքերու յառաջապահ գիծերուն վրայ կը գտնուէին ղովմի միլիսներ: Մրուժի բարձունքներուն վրայ հաստատուած հակահրասայլային 107նոց թնդանօթներուն ու հրասանդներուն բերանները ուղղուած էին դէպի Պասքինթա, ուր կը գտնուէին «Լիբանանեան ուժեր»-ը:

Իսկ Սաննինի կողին վրայ հաստատուած ձմեռնային զբօսանքի կեդրոնները` Ֆաքրա, Պաքիշ եւ Զաարուր, պատերազմի դաշտեր դարձած էին եւ անոնց արդիական շալէները զինուորներ եւ զինամթերք կը պատսպարէին:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Յուլիս 1965)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?