ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Հարաւային Արուարձաններու
Սաստիկ Ռմբակոծում
Լիբանանէն ներս իսրայէլեան ներխուժումէն ամիս մը ետք, Իսրայէլ 4 յուլիս 1982-ին գործադրութեան դրաւ արեւմտեան Պէյրութի շուրջ հաստատուած պաշարման օղակը սեղմելու սպառնալիքը: Արդարեւ, դէպի արեւմտեան Պէյրութ տանող անցքերէն երկուքը` Կալըրի Սըմաանի եւ Թանգարանի գիծերը փակուեցան, իսկ նաւահանգիստին անցքէն երթեւեկը մնաց գրեթէ անկարելի:
Օդակայանի եւ Ուզահիի շրջաններուն մէջ բախումներ եւ փոխադարձ հրթիռարձակումներ ծայր առին, իսկ Պըրճ Պարաժնէի եւ Պատարոյի շրջաններուն մէջ, հակադիր դիրքերու ամրապնդում տեղի ունեցաւ:
Զինուորական պաշարումի սեղմումին կողքին, արեւմտեան Պէյրութէն ջուրի եւ ելեկտրականութեան հոսանքները ընդհատուեցան, իսկ դէպի արեւմտեան գօտի ուղղուող բժշկական օժանդակութեանց դէմ արգելք հաստատուեցաւ:
Երկուշաբթի, յուլիս 5-ին, զինուորական վիճակը վատթարացում արձանագրեց Շուէյֆաթէն մինչեւ օդակայան ու պաղեստինեան գաղթակայաններ, Մարզական աւան, Ֆաքհանի եւ Մուսայթպէ տարածուող շրջաններուն մէջ, ուր հրետանիի փոխադարձ ռմբակոծումներ տեղի ունեցան: 120 մմ. տարողութեամբ հրթիռ մը ինկաւ նաեւ Պաապտայի պալատին բակը, վիրաւորելով արտաքին գործոց նախարարին մեքենավարն ու երկու պահակները: Ծովեզերեայ շրջաններ ռմբակոծուեցան նաեւ մարտանաւերէ, իսկ Շուէյֆաթ-օդակայան շրջանին մէջ, իսրայէլեան ուժեր յառաջխաղացք արձանագրեցին, մուտք գործելով օդակայանի շրջափակէն ներս:
Քանի մը ժամուան ծանր բախումներէ ետք, Պէյրութի երկու գօտիներուն, Ուաշինկթընի եւ Երուսաղէմի միջեւ շփումներուն իբրեւ արդիւնք, յետմիջօրէին կարելի եղաւ պաղեստինեւիսրայէլեան անուղղակի նոր զինադուլ մը հաստատել:
* * *
«Ազդակ», 5 յուլիս 1982-ի թիւով եւ «Լռութեան խորհուրդը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.
«Ազգերու կեանքին մէջ կան պահեր, երբ ամէն ձայն կը կորսնցնէ իր թելադրականութիւնը եւ կը դառնայ ամէնէն խօսուն… ելքը:
Լռութեան այդ պահը կ՛ապրի Լիբանան, որ աւելի քան եօթը տարիէ ի վեր դարձած է բոլորին մեղքը քաւող, անտէր ու ոտնակոխուած հայրենիքը: Բազմաչարչար հայրենիք մը, որ ահա հասած է անդունդի եզրին եւ լրիւ ամիս մըն է, որ բռնուած է զէնքերու գոռոցին եւ յայտարարութեանց աղմուկին միջեւ, որոնք պարզապէս կը ծածկեն ճշմարտութիւնը»:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով. «Ի՜նչ փոյթ որ այսօր կը լսուի միայն զէնքերուն, ամէնէն ծանր ու ահաւոր զէնքերուն գոռոցը Լիբանանի մէկ ծագէն միւսը: Փաստը ա՛յն է, որ զէնքերը պիտի լռեն օր մը եւ այսօր լռութեան մէջ զոհուող Լիբանանը վաղը անպայման պիտի դառնայ անլռելի վկան հայրենիքներու եւ ազգերու ճակատագրին հետ ամբողջական անհոգութեամբ վարուող մեծերու ոճիրին:
Ի՜նչ փոյթ որ յայտարարութեանց աղմուկ է այսօր եւ իւրաքանչիւր կողմ, ամէն օր եւ մինչեւ իսկ ամէն ժամ նոր յայտարարութեամբ մը իւղ կը թափէ Լիբանանը հրկիզող կրակին վրայ: Փաստը ա՛յն է, որ պաշտօնական բոլոր բանաձեւերէն եւ անպաշտօն բոլոր մեկնաբանութիւններէն առաջ թէ ետք, լռութիւն կը պահուի ճշմարտութեանց գերագոյնին շուրջ, որ փոքրերուն ձեռքը տրուած է նոյնի՛նքն փոքրերը սպաննելու նպատակին ծառայող մեծերուն արտադրած զէնքերուն ճշմարտութիւնն է:
Բայց լռութի՜ւնն ալ խօսուն է եւ երբեմն շատ աւելիով արձագանգ կը գտնէ, քան մահասփիւռ բոլոր զէնքերը կամ աշխարհով մէկ լսելի բոլոր ձայնալիքները»:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով. «Ամիս մըն է ահա, որ լսելի ամէն միջոց կը գործածուի` մարդկութեան խօսելու համար Լիբանանը տագնապի մատնող տարակարծութեանց եւ հակամարտութեանց մասին, բայց ոչ մէկ ձայն կը բարձրանայ` ըսելու համար որ մեծերը առաջին իսկ օրէն կրնային այս փոքր հայրենիքին խնայել աւելի քան եօթնամեայ անոր ողբերգութիւնը, եթէ միայն ունենային հարցեր լուծելու եւ ոչ թէ զանոնք շահարկելու բարոյական մեծութիւնը»:
Այնուհետեւ «Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ երբ մեծերը կ՛առաջնորդուին անտառի օրէնքով, լռութեան այդ ձայնը կը դառնայ յոյսը` աւելի արդար աշխարհի մը սեւեռող բոլոր տառապողներուն:
* * *
Իսկ 6 յուլիս 1982-ի թիւով եւ «Լիբանանն է բանալին» խորագիրով ակնարկով «Ազդակ» կը գրէր, որ Լիբանան միայն զոհը չէ, այլեւ լուծման բանալին է թէ՛ զինք եւ թէ՛ ամբողջ շրջանը կրակի վրայ պահող այս տագնապին:
«Ազդակ» կը նշէր, որ տագնապին խաղաթուղթը իրենց ձեռքին մէջ պահող ուժերը ամէն բանէ առաջ նկատի ունեցան Լիբանանի իւրայատուկ դիրքն ու զգայուն հաւասարակշռութիւնը, որպէսզի կարենան առաւելագոյն ուժգնութեամբ պայթեցնել թէ՛ Լիբանանի հակասութիւնները եւ թէ՛ այդ ճամբով ամբողջ շրջանին հարցերը:
Շարունակելով, «Ազդակ» կ՛ըսէր, որ Լիբանան զոհասեղանի վրայ բերուեցաւ յատկապէս ա՛յն պատճառով, որ իր կայունութիւնն ու անդորրութիւնը ամէնէն ապահով դուռն էին ամբողջ շրջանի անլոյծ հարցերը իրենց արդար լուծումին առաջնորդելու հնարաւորութեանց:
«Ազդակ» կը շեշտէր, որ Լիբանանն է բանալին աշխարհի այս գօտիին մէջ արդարութեան օրէնքը վերահաստատելու բոլոր պայքարներուն եւ կ՛եզրափակէր ըսելով. «Լիբանանի ճամբով ամէն բան փրկելու այս կարելիութենէն հեռու կը մնան բոլոր անոնք, որոնք չեն ուզեր անդրադառնալ թէ Լիբանան միաժամանակ զոհն է եւ լուծման բանալին: Կա՛մ կը վերագտնէ ինքզինք իբրեւ ազատութեան օրրան եւ արդար դատերու պաշտպան, կամ ալ կը գալարուի իր ցաւին մէջ եւ իրեն հետ տագնապի կը մատնէ իրաւունքի եւ արդարութեան սպասող բոլոր ձայները»:
* * *
Իսրայէլեան գրաւման տակ անցած հարաւային Լիբանանը սկսած էր վերադառնալ բնականոն կեանքի. փլատակները սկսած էին մաքրուիլ, ելեկտրականութեան եւ հեռաձայնի գիծերը վերահաստատուած էին, վաճառատուները բացուած ու երթեւեկը, որուն վրայ լիբանանցի զինեալ ոստիկաններ կը հսկէին, վերագտած էր իր նախկին աշխուժութիւնը:
Սակայն բնականոնացումը վարագոյր մըն էր, որ կը ծածկէր շատ խիստ կարգապահութիւն մը, որուն կ՛ընկերանային կամայական ձերբակալութիւնները եւ գէշ վերաբերումները:
Առաջին օրերուն ժողովուրդը ցնծութեամբ դիմաւորեց իսրայէլացի զինուորները, որոնք զինք կը փրկէին պաղեստինցի զինեալներէն: Բայց յաջորդող օրերուն իսրայէլացիք սկսան ձերբակալել ոչ միայն պաղեստինցիները, այլ նաեւ անմեղներ եւ զանոնք չարչարանքի ենթարկեցին:
Սուրի մօտակայ Ռաշիտիէ գաղթակայանին պաղեստինցի կիները ամբողջ գիշեր մը խոշտանգուեցան իսրայէլացի զինուորներու կողմէ, որոնք կ՛ուզէին հասկնալ զէնքի թաքստոցներուն վայրերը:
Քանի մը օր ետք իսրայէլացի զինուորները Սուրի յոյն օրթոտոքսներու առաջնորդարանը խուժեցին խուզարկութեան համար: Անոնք կը փնտռէին պաղեստինցի ղեկավար մը, որ արդէն մեռած էր, եւ որուն կինը ապաստան գտած էր հոն, այն համոզումով, որ եկեղեցին անբռնաբարելի վայր մըն էր: Սպան առաջնորդ Ժորժ Հատտատ եպիսկոպոսին սպառնաց, պահանջելով իրեն յանձնել փախստականը: Զինուորները, ատրճանակ բռնած, խուզարկեցին ամէն կողմ եւ յետոյ մեկնեցան:
Զինուորները մեծ թիւով անմեղներ ձերբակալեցին: Քանի մը օր ետք հարիւրաւորներ վերադարձան: Անոնք տարուած էին ձեռքերը եւ աչքերը կապուած:
Ժորժ Հատտատ եպիսկոպոս բողոքի նամակ մը գրեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Արիէլ Շարոնի, անկէ խնդրելով, որ հարցաքննութիւնները արագ ընթանան:
Մամուլին արգիլուած էր մուտք գործել Սուրի Ռաշիտիէ եւ Սայտայի Այն Հըլուէ գաղթակայաններէն ներս: Թղթակիցներուն արգիլուած էր նաեւ կանգ առնել Սիթրըս Քոմփանի հաստատութեան շրջափակին առջեւ, ուր կը համախմբուէին բանտարկեալները, Իսրայէլ ղրկուելէ առաջ: Դարպասին առջեւ կիներ եւ երեխաներ, նստած` մայթին վրայ, լուրեր կը սպասէին ձերբակալուած իրենց հարազատներէն:
Շրջագայութեան արտօնագիրը անհրաժեշտ էր: Արտօնագիր չունեցողները կը ձերբակալուէին փողոցներու մէջ եւ ծովեզերք կը տարուէին հարցաքննութեան համար:
Իսրայէլացիք պաղեստինցիներուն չափ լիբանանցիներ ալ կը ձերբակալէին, այն հիմամբ, որ մեծ թիւով լիբանանցիներ մեղսակից էին պաղեստինցիներուն:
* * *
Երեքշաբթի, 6 յուլիսին, նախորդ օր հաստատուած զինադուլը խախտեցաւ, Կալըրի Սըման-Հազմիէ առանցքին վրայ արձակազինութեամբ եւ հակադիր դիրքերու միջեւ հրետանիի ռմբակոծումներով: Կարճ ատեն մը ետք, բախումներու եւ ռմբակոծումներու ծիրը տարածուեցաւ եւ ընդգրկեց բոլոր այն շրջանները, որոնք Պէյրութի պաշարումէն ի վեր ծանրակշիռ դէպքերու թատերաբեմ եղած էին: Շուէյֆաթէն մինչեւ օդակայանի շրջան, Շաթիլա, Պըրճ Պարաժնէ, Սապրա գաղթակայանները, Ֆաքհանի, Պիր Հասան, քուէյթեան դեսպանատան շրջանը, Մազրաայի քոռնիշը, Հայ Սըլլոմն ու Լէյլաքին` մէկ կողմէ եւ միւս կողմէ` Հատէթը, Հազմիէն, Եարզէն, Այն Ռըմմանէն ու մինչեւ Ժսըր Պաշա թիրախ դարձան սաստիկ ռմբակոծումներու:
Իսրայէլեան ուժերը ֆոսֆորային եւ տարանջատուող, ինչպէս նաեւ ծխարձակ ռումբեր գործածեցին յառաջխաղացքներ արձանագրելու համար:
* * *
Արեւմտեան Պէյրութ կը մնար զինուորական պաշարումի սեղմ օղակի մը մէջ, իսկ հարաւային արուարձաններուն մէջ ռմբակոծումները սկսած էին ստանալ առօրեայ հերթականութիւն: Միւս կողմէ, ջրաբաշխումի եւ ելեկտրաբաշխումի արգելքները վերցուեցաւ արեւմտեան Պէյրութէն:
Ջրաբաշխումի վերսկսումէն ետք, իսրայէլեան ուժեր չորեքշաբթի, յուլիս 7-ին հեռացան Քարանթինայի շրջանին մէջ գտնուող ելեկտրականութեան փոխանցման կեդրոնէն, որմէ ետք, արեւմտեան Պէյրութի ելեկտրաբաշխումի յայտագիրի գործադրութիւնը վերսկսաւ:
Միւս կողմէ, մայրաքաղաքի երկու գօտիներուն միջեւ երթեւեկը կը մնար սեղմումներու ենթակայ: Դէպի արեւմտեան Պէյրութ անցքը փակ կը մնար քաղաքացիներու առջեւ, բայց զինուորականներու երթեւեկին դէմ դրուած արգելքը վերացաւ Թանգարան-Պարպիր անցքին վրայ:
Իսրայէլեան ուժեր քաղաքացիներուն երթեւեկը արգիլեցին Խալտէ – Տամուր գիծին վրայ, նոր ուժեր փոխադրելու համար:
* * *
«Ազդակ», 7 յուլիս 1982-ի թիւով եւ «Դերերը շրջուած են» խորագիրով ակնարկով կը գրէր.
Ծանօթ տեսութիւն է, որ պատերազմը շարունակութիւնն է քաղաքականութեան: Երբ քաղաքական հարց մը լուծելու խաղաղ բնոյթի բոլոր միջոցները կը սպառին, պատերազմը կը դառնայ ելք մը գտնելու վերջին միջոցը:
Բայց իր շրջած շատ մը տեսութեանց շարքին, լիբանանեան տագնապի փորձառութիւնը այս գծով եւս խախտեց ընկալեալ կարգը: Փաստօրէն, Լիբանանի մէջ, պատերազմը ինք կը ստանձնէ քաղաքական հարց մը սեղանի վրայ բերելու նախաձեռնութիւնը եւ, ապա միայն, դիւանագիտութեան կը վստահի իր ստեղծած անելին լուծում մը բերելու առաքելութիւնը:
Բազմաչարչար այս հայրենիքը արեան իր տուրքը կը վճարէ դերերու նոյն, անհեթե՛թ շրջումին, ո՛վ որ ալ ըլլայ պատերազմի դիմող կողմը:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով.
Երբ յունիս 1982-ի սկզբնաւորութեան բռնկեցաւ պատերազմի ա՛յս հանգրուանը, միշտ ընկալեալ տրամաբանութեան հետեւելով, անխտիր բոլոր դէտերը ձայնակցեցան այն վերլուծումին, որ սկսած է քաղաքականապէս անլոյծ մնացած հարց մը զինուորապէս լուծելու փորձը: Բայց արդէն նոյնքան տարածուած է հակառակին համոզումը, այն` որ պատերազմը պարզապէս սեղանի վրայ բերաւ ոչ միայն Լիբանանը, այլեւ` ամբողջ Մ. Արեւելքը յուզող հարցերը, որոնց լուծումին համար բոլորին աչքերը սեւեռած են… դիւանագիտութեան:
Ողբերգութիւնը հոն է, կը շեշտէր «Ազդակ», որ լիբանանցիներուն տիալոկի ճամբան մատնանշած մեծերը իրենք եւս անձնատուր եղած են դերերու նոյն շրջումին, պատերազմին կանաչ լոյս տալու եւ շատ ուշ ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքական միջոցներով կանխել պատերազմին անհակակշռելի հետեւանքները:
Թերեւս կարելի է մխիթարուիլ այն փաստով, կ՛եզրափակէր «Ազդակ», որ վերջապէս ահա բոլորն ալ գործած են նոյն սխալը եւ այլեւս չեն շրջեր դերերը. պատերազմին կու տան խօսքը միայն ա՛յն ատեն, երբ իրապէս սպառած են քաղաքական լուծումի բոլոր միջոցները:
* * *
Հինգշաբթի, յուլիս 8-ին, Կալըրի Սըմաանէն Մար Մխայէլ տանող գիծը բաց հռչակուեցաւ քաղաքային երթեւեկի առջեւ, սակայն զգուշաւոր վիճակն ու շրջանին մէջ ինկած քանի մը հրթիռները պատճառ դարձան որ գիծը մնայ ամայի: Միւս կողմէ, Թանգարանի անցքը բաց հռչակուեցաւ հետիոտն անցորդներուն առջեւ ու բազմաթիւ քաղաքացիներ երթեւեկեցին աւազի կոյտերով լեցուած պողոտայէն, ենթարկուելով քննութեան:
Միւս կողմէ, Խալտէէն մինչեւ օդակայան, Հայ Սըլլոմ ու Լէյլաքի շրջաններուն մէջ ամբողջ օրը տեղի ունեցան հրետանիի ռմբակոծումներ:
Ուրբաթ, յուլիս 9-ի առաւօտուն եւ կէսօրին տեղի ունեցած ընդհատ ռմբակոծումներէ ետք, յետմիջօրէին ծայր առած ռմբակոծումները հասան դժոխային սաստկութեան:
Պըրճ Պարաժնէի, Լէյլաքիի, Հայ Սըլլոմի եւ Շուէյֆաթի շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած ընդհատ ռմբակոծումներէն ետք, կացութիւնը ուժգնօրէն պայթեցաւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Կոյր ռմբակոծումներու եւ հրթիռարձակումներու ծիրը արագօրէն տարածուեցաւ ու ընդգրկեց Շուէյֆաթ – Քֆարշիմա շրջանէն մինչեւ օդակայան, պաղեստինեան գաղթակայաններ, Մարզական աւան, քուէյթեան դեսպանատան շրջանը, Պիր Հասան, Մազրաայի քոռնիշ, Պարպիր հիւանդանոցէն մինչեւ Թանգարան, ձիարձակարան, ու միւս կողմէն Պատարօ, Այն Ռըմմանէ, Հազմիէ, Կալըրի Սըմաան գիծը, Հատեթ, Պաապտա, Մոնթէ Վերտի ու Արպանիէ: Ռումբերէն բաժին ստացան նաեւ Պաապտայի նախագահական պալատը (ուր պալատի երեք պահակներ վիրաւորուեցան), Քամէլ Ասաատի Հազմիէի բնակարանը եւ օդակայանը (ուր ներքին ապահովութեան ուժերու պատկանող տասը ոստիկաններ վիրաւորուեցան):
Յետմիջօրէին հրթիռներ ինկան նաեւ Կալըրի Սըմաանի բանակային անցարգելին մօտ ու չորս բանակային վիրաւորներու կողքին, անցքը վերստին փակուեցաւ:
Մինչեւ ուշ գիշեր շարունակուած ռմբակոծումներն ու հրթիռարձակումները պատճառ դարձան բազմաթիւ հրդեհներու եւ լայնածաւալ քանդումի ու աւերումի: