Անդրադարձ

Յիսնամեակէն Հարիւրամեակ Պահանջատիրութենէն Հատուցում

«Զարթօնք», «Ազդակ», «Արարատ» թերթերու 24 ապրիլի միացեալ թիւին մէջ լոյս պէտք է տեսնէր հետեւեալ յօդուածը, որ կամքէ անկախ պատճառներով դուրս մնացած է տուեալ թիւէն: Ուստի, երեք օրաթերթերն ալ սոյն յօդուածը կը հրատարակեն իրենց այսօրուան թիւին մէջ: 1965-ին տաս տարեկան էի: Օր մը ընտանեօք գացինք Պէյրութի մարզաւանը, որ լեցուն էր մարդոցմով: Չեմ գիտեր ինչքան մնացինք հոն, հայրս բարկացկոտ ըսաւ, որ ելլենք,...

Խմբագրական.  Պերլինէն Հասած Հարուածը

Խմբագրական. Պերլինէն Հասած Հարուածը

Վարագոյրը բարձրացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ստեղծած քաղաքական մթնոլորտին վրայ: Միջազգային մակարդակի վրայ արձանագրուածները, տոմինոյի ազդեցութեան տեսութեամբ առարկայացած ճանաչումներու, դատապարտանքներու եւ համապատասխան յայտարարութիւններու արշաւը կը յուշեն նախադրեալներ` շարունակականութիւն ապահովելու: 100-ամեակը լաւ առիթ էր առնչուած պետութիւններուն համար կարմիր քարտը ցոյց տալու Անգարային: «Կա՛նգ առ» ըսելու նոր օսմանականութեան յոխորտանքով աշխարհաքաղաքական ուժի վերածուելու նկրտումներ դրսեւորող եւ արեւմտեան ուժերու վերահսկողութենէն դուրս եկող կրօնական ծայրայեղականութեան տիրութիւն...

Խմբագրական.  100-Ամեակէն Անմիջապէս Ետք

Խմբագրական. 100-Ամեակէն Անմիջապէս Ետք

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ ԱՆԻ ԵՓՐԵՄԵԱՆ ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Այսօր հայկական աշխարհը կը նշէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Նշումներու բովանդակութիւնն ու տարողութիւնը բոլորովին այլ բնոյթ ստացած կ՛ըլլային, եթէ Ցեղասպանութեան պատասխանատու պետութեան իրաւաժառանգորդը ի՛նք հաշուի նստած ըլլար իր իսկ սեփական պատմութեան հետ, ոչ միայն ճանչցած, այլ նաեւ դատապարտած ըլլար Օսմանեան կայսրութեան կազմակերպած սպանդը, տեղահանութիւնն ու ամբողջ ազգաբնակչութիւն մը իր հարազատ բնօրրանէն զրկելու...

25 Ապրիլ 2015-ին` Պայքարի Նոր Դաշտ

25 Ապրիլ 2015-ին` Պայքարի Նոր Դաշտ

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը այսօր փաստօրէն կը թեւակոխէ Հայ դատի հետապնդման եւ Համահայկական հռչակագիրով նշուած հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման համար հետզհետէ սաստկացող պայքարի նոր հանգրուան մը: Հանգրուան մը, որ վստահաբար նոյնքան ծանր, դժուարութիւններով լեցուն, անակնկալներով յղի եւ ոչ նուազ վտանգաւոր պիտի ըլլայ, քան անցնող հարիւր տարիներն ու Հայ դատի հետապնդման հոլովոյթը, հայապահպանումէն քաղաքականացում ու յեղափոխականացում, մինչեւ Հայաստանի անկախացում ու...

Լիբանանում Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի Ուղերձը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Կապակցութեամբ

Լիբանանում Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի Ուղերձը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Կապակցութեամբ

Սիրելի՛ լիբանանահայեր, 2015թ.  յատուկ նշանակութիւն ունի հայութեան համար: Ողջ աշխարհով սփռուած հայ ժողովուրդը պատշաճ կերպով անցկացնում է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներ: Հայաստանում եւ աշխարհի տարբեր երկրներում անցկացուող բազմաթիւ միջոցառումների նպատակն է միջազգային հանրութեան լայն զանգուածներին իրազեկ պահելը եւ հայ ժողովրդի պահանջատիրութիւնը լսելի դարձնելը միջազգային քաղաքացիական հասարակութեանը, պատմաբաններին եւ ցեղասպանագէտներին, իրաւաբաններին եւ քաղաքական գործիչներին, պետութիւններին: Ոգեկոչման միջոցառումներն անցկացւում են ...

Պատմական Արդարութիւնը Վերականգնելու  Հրամայականը

Պատմական Արդարութիւնը Վերականգնելու Հրամայականը

ՍԵՊՈՒՀ ԳԱԼՓԱՔԵԱՆ 23 ապրիլ 2015-ին, Երեւանի ժամով երեկոյեան ժամը  19:15-ին, որ եղերական թուականը կը խորհրդանշէ, աշխարհասփիւռ հայկական բազմահարիւր եկեղեցիներու անլռելի զանգակատուները միաժամանակ դէպի երկինք ու աշխարհ պիտի հնչեցնեն իրենց խորհրդանշական 100 ղօղանջները` վերակոչելով Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը եւ ազդարարելով սկիզբը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ձօնուած պետական ձեռնարկներուն, որոնց ներկայ պիտի գտնուին աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններու ղեկավարներ ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Իսկութեան մէջ,...

100-Ամեակի Մեր Կարեւորագոյն Ռազմավարութիւնը` Միասնականութիւն

100-Ամեակի Մեր Կարեւորագոյն Ռազմավարութիւնը` Միասնականութիւն

ՅԱԿՈԲ  ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, պատահական չէր Վատիկանէն լսել հայոց ի նպաստ մեծ յայտարարութիւնը` 20-րդ դարասկիզբին թուրք պետութեան հայոց դէմ գործադրուած ոճիրին արդարացի սահմանումը, որպէս Ցեղասպանութիւն: Պատահական անձ մը չէր զայն սահմանողը: Ան Ֆրանչիսկոս մեծ մարդասէր պապն էր` Աստուծոյ մարդը, որ իր խիղճին, Աստուծոյ եւ պատմութեան առաջ կատարեց իր աստուածահաճոյ պարտքը` հայ ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան հանդէպ ըլլալով արդար...

Ցեղասպան Թուրքը Պարտուեցաւ 1965-ին,  Մեր Յաղթական Երթը Նաեւ 100-Ամեակէն Անդին

Ցեղասպան Թուրքը Պարտուեցաւ 1965-ին, Մեր Յաղթական Երթը Նաեւ 100-Ամեակէն Անդին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ - Լսեցի՞ր... Պէյրութի մէջ հայկական մեր երեք թերթերը որոշած են ապրիլ 24-ին միացեալ թիւ մը հրատարակել Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով,- աւետեց բարեկամս, հեռաձայնի գիծին միւս ծայրէն, ու արագ խորհրդածութիւններ ըրաւ մեր հասարակաց իրաւունքներուն համար միացեալ ճակատով շօշափելի արդիւնքներու հասնելու մասին: Յիշեցուցի, որ նման նախաձեռնութիւն աննախընթաց չէ, իսկ ճակատումի նոյն խրամատին մէջ ըլլալու մեր մամուլի երթին մէջ հպարտառիթ հանգրուան մը...

Միշտ Միասնականութեամբ Առաջնորդուելու Հրամայականին Անսալով

Միշտ Միասնականութեամբ Առաջնորդուելու Հրամայականին Անսալով

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ Երբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելից կ՛ըսենք, խօսքը կը վերաբերի ամբողջ տարուան եւ ոչ թէ այդ տարուան մէկ օրուան` ապրիլ 24-ին: Եւ երբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելից կ՛ըսենք, սա կը նշանակէ ինքնըստինքեան, որ հայ ազգն ամբողջ ակնկալիքներ ունի այս թուականէն` իր սրբազան, բայց անլոյծ Դատին կանգնած անիւները շարժելու եւ ազգային նուիրական իղձերու իրագործման ճամբուն վրայ իրական ձեռքբերումներ ունենալու...

Նոր Սերունդը Պատրաստ Է Դիմակալելու  Մարտահրաւէրները

Նոր Սերունդը Պատրաստ Է Դիմակալելու Մարտահրաւէրները

ՅԱԿՈԲ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ Ապտիւլ Համիտ Բ. դեռ 19-րդ դարու 80-ական թուականներէն սկսեալ գործի դրած էր հայերը բնաջնջելու քաղաքականութիւնը: Շրջան մը ետք այդ նոյն քաղաքականութիւնը իրենց ձեռքը առին ու շարունակեցին երիտթուրքերը, եւ 1915-16 թուականները դարձան անոնց ծրագրած ոճիրին գագաթնակէտը: Աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայ սպաննուեցաւ, հարիւր հազարներ ստիպուեցան ապաստան գտնել օտար երկինքներու տակ: Անոնք, որոնք փրկուեցան, որբացան: Խոր ու ամուր արմատներով սաղարթաշատ...

Մերժողականութիւնն Ու Թուրքիոյ Օրինակը

Մերժողականութիւնն Ու Թուրքիոյ Օրինակը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ «Վա՜յ անոնց, որ չարին բարի կ՛ըսեն եւ բարիին` չար. Որ խաւարը լոյս կը սեպեն եւ լոյսը` խաւար. Որ դառնը քաղցր կը սեպեն եւ քաղցրը` դառն»: Ես 5.20 Աստուածաշունչի վերոնշեալ համարը մերժողականներուն ուղղուած զգուշացում մըն է: Համացանցի վրայ պրպտում մը կատարելով` գտանք հետեւեալ դիպուկ սահմանումը, ըստ որուն, մերժողականութիւնը այն երեւոյթն է, երբ անհատներ, խմբակներ կամ պետութիւններ կը մերժեն փաստեր,...

Ժըպրանի Ցաւն Ու Այսօրուան Ուղղութիւնը

Ժըպրանի Ցաւն Ու Այսօրուան Ուղղութիւնը

ՇԻՐԱԶ ՃԷՐԷՃԵԱՆ Գարնանային, ջերմ եւ խաղաղ է Լիբանանի բարձրագոյն գօտին: Լեռներէն արդէն սկսած է ձիւնհալը` յաւելեալ փայլք տալով արդէն իսկ կանաչապատ Պշարրէի գաւառին: Այստեղ, երկրի փառքը խորհրդանշող մշտադալար մայրիներու անտառի մօտակայքէն կը ճեղքուի Քատիշայի բնական հրաշալիքը: Այդ պատմական «սուրբ» հովիտէն բարձրացող գահաւանդներու բազմաթիւ քարայրները, հովիտը բաժնող եւ նոյն անունը կրող գետի կողքին թառած գողտրիկ վանքերն ու մատուռները տակաւին կը կրեն...

Մեր Ճիչը Զի՛լ Է, Զի՛լ Է

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ Սովորական ճիչ չէ սա: Այլ բողոք` յանուն արդարութեան, պոռթկում` վասն հայրենատիրութեան եւ ճիչ` վրէժխնդրութեան: 1915: Օսմանեան կայսրութեան ղեկին տիրացած երիտթուրքեր` առաջնորդութեամբ Թալէաթ փաշայի, 1911-ին իրենց որդեգրած դիւային ծրագիրը կենսակոչելու համար, միջազգային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները նպաստաւոր համարելով, նախաձեռնարկ եղան ազգ մը բնաջնջելու, արմատախիլ ընելու եւ զայն պատմութենէն ի սպառ անհետացնելու սադայէլական աշխատանքին: Մարդկային տարրական բարեմասնութիւններէ զուրկ, բարբարոսութեան եւ դաժանութեան իթթիհատական...

Մասիսի Լանջին Պիտի Պարե՞նք

ԺԵՆԻ  ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ-ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Անկեղծօրէն սկիզբը ես ալ շատերու նման անմոռուկի հանդէպ, մեղմ ըսած, համակրանք մը չունեցայ... Այդքան արուեստագէտ, տաղանդաշատ եւ բարձրաճաշակ հայը եւ ընդամէնը ծաղի՞կ մը պիտի խորհրդանշէր Մեծ եղեռնի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը... «տեսնես` այդ ո՞ր մէկ ...ն է առաջարկած այդ յղումը», կը կրկնէր յաճախ իմ մէջ տաքարիւն պատանին, մինչեւ որ օր մը, նոյն իմ տրամաբանութիւն եւ դատողութիւն կոչուած երէցս արձագանգեց`...

Բոցակէզ Պատկեր… Բոցավառ Պատգամ…

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Հասած է պահը, զոր «իրականացուցած եմ» յաճախ երազներուս մէջ, զայն ապրիլ տենչացած եմ մնայուն կերպով, անոր մասին կարդացած իւրաքանչիւր տողի հետ անիկա խոյացած է դիմացս իր պատկառելի շքեղութեամբ, զայն տեսնելու ու շօշափելի անուրջով օրօրուած եմ տակաւին փոքր տարիքէս... Հասած է պահը, սակայն հազիւ հեռուէն զայն նշմարած, վախն ու յուզումը միախառնուելով` կը համակեն ողջ էութիւնս, լայն բացած աչքերուս մէջ...

Թռիչք… Ամենակուլ Անդունդի Վրայէն

ԷՏՈՒԱՐՏ Ա. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Քառսուն կազ խոր հորում լինէք, թէ ջաղացի քարի տակին` Տ’ելնի ձեր դէմ Սասնայ Դաւիթ, տ’ելնի ձեր դէմ Թուր-Կեծակին...» «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպէն Վշտակիցներու բանակը աւելի ստուարացնելու եւ ամբողջացնելու սին յոյսով մեր ցաւը պիտի չչափազանցենք:  Շատ ըրած ենք այդպէս: Մեր ժողովուրդի քաղաքակրթական հանճարի,  եւ ի վերուստ տրուած բացառիկ առաքելութեան մասին բազմահազար ծնծղաներով  փառաբանման գովք եւս պիտի չընենք: Այդպէս ալ...

Եկէք` Ճանչնանք Մեր Դատը

ՍԵԶԱ  ՔԻՐԻՇՃԵԱՆ Տակաւին կը յիշեմ, հայկական վարժարանի նախակրթարանի շարքերէն ներս երբ աշակերտ էի, ամէն տարի ապրիլեան այս օրերուն շատ կը լսէինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որուն որպէս հետեւանք` մենք ծնած էինք հայրենիքէն հեռու, ու մեր ունեցուածքները` մեզմէ բռնի խլուած: Ահաւոր պատմութիւններ կը կարդայինք ու միշտ անվերջ անպատասխան մնացած հարցումներով լի տուն կը վերադառնայինք: Ամէնէն ահաւոր բանը, որ անդադար կը կրկնուէր սակայն,...

Ազգ, Որուն Հասցէն Անծանօթ Է Բախտին

Ազգ, Որուն Հասցէն Անծանօթ Է Բախտին

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ Բախտը իր ամբողջական իմաստին մէջ ունի զանազան իմաստներ եւ յարաբերական ձեւով կը տարբերի անձէ անձ կամ երկրէ երկիր: Կարգ մը ազգերու համար բախտի իսկական քաղցրութիւնը կրնայ ըլլալ հանքային եւ նաֆթային հսկայական պահածոներ  ունենալուն մէջ, ուրիշներու համար նիւթական եւ քաղաքական բարձր մակարդակի վրայ գտնուելուն մէջ, սակայն հայութեան համար այդ մէկը ունի ամբողջութեամբ տարբեր երեւոյթ մը. մենք  աւելի քան 9-10...

Անունի Կանչը… Արեան Կանչը

Անունի Կանչը… Արեան Կանչը

ԴԱԼԱՐ ԽԱՉԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ «Զարուհի՛... Զարուհի՜...»... Ասոնք եղան իր ականջներուն մէջ կրկնուող վերջին բառերը, երբ բաժնուեցան իր մատղաշ մատները քրոջը մատներէն: Կարաւանը քալեց ու քալեց, ինք չգտաւ իր քոյրերը: Զգաց առանձին, մինակ, օտար, տկար, անօթի ծարաւ... Քանի մը օրեր, շաբաթներ հետիոտն քալելէ ետք կարաւանը հասաւ անապատ: Մօտեցաւ արաբ պետեւիի մը, որ զինք առաւ տարաւ իր վրանը: Հոն գտաւ նոր մարդիկ, նոր...

Մտորումներ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով.  Յաջորդող Ամեակներու Անխուսափելի Ճանապարհը

Մտորումներ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. Յաջորդող Ամեակներու Անխուսափելի Ճանապարհը

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Ուսումնասիրել պատմութիւնը ո՛չ իբրեւ նահատակի եւ զոհի հոգեբանութեամբ, այլ` յաղթողի»: ՌՈՊԸՐԹ ՖԻՍՔ Անգլիացի հանրաճանաչ լրագրող Բնականաբար, քաղաքական վերլուծաբանին եւ միջազգային ճանաչումի արժանացած լրագրողին վերոնշեալ գողտրիկ նախադասութիւնը իր պարզութեամբ իսկ կ՛ընդգրկէ հսկայածաւալ խորհուրդ եւ մարտահրաւէր: Խորհուրդ է ան, որովհետեւ ըսուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Այլապէս մարտահրաւէր, երբ հարցը կը վերաբերի մեր ազգային ու մանաւանդ` պետական հասկացողութիւններու, այսինքն` պահանջատիրական...

Page 781 of 806 1 … 780 781 782 … 806

Արխիւներ