ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
«Վա՜յ անոնց, որ չարին բարի կ՛ըսեն եւ բարիին` չար. Որ խաւարը լոյս կը սեպեն եւ լոյսը` խաւար. Որ դառնը քաղցր կը սեպեն եւ քաղցրը` դառն»: Ես 5.20
Աստուածաշունչի վերոնշեալ համարը մերժողականներուն ուղղուած զգուշացում մըն է: Համացանցի վրայ պրպտում մը կատարելով` գտանք հետեւեալ դիպուկ սահմանումը, ըստ որուն, մերժողականութիւնը այն երեւոյթն է, երբ անհատներ, խմբակներ կամ պետութիւններ կը մերժեն փաստեր, որոնց շուրջ գիտական ու մասնագիտական միաձայնութիւն գոյութիւն ունի, եւ յաճախ հռետորական մարտավարութեան դիմելով` կը փորձեն վէճի մը գոյութեան պատրանքը ստեղծել հոն, ուր իսկութեան մէջ վէճ գոյութիւն չունի:
Մերժողականութիւնը այլապէս ալ պէտք չէ շփոթել վէճին հետ, որովհետեւ մերժողականութիւնը փաստին առնչուած է, իսկ վէճը` փաստի մանրամասնութիւններուն: Անգլերէնի «Ուեպսթըր» բառարանը «ժխտողականութիւն»-ը հետեւեալ ձեւով կը սահմանէ` «Ճշմարտութիւնը կամ իրականութիւնը ընդունելու մերժում». հոգեբանական գետնի վրայ` «Վիճակ մը, ուր անհատ մը չ՛ընդունիր, որ տխուր, ցաւալի բան մը ճշմարիտ կամ իրական է». իսկ բժշկական սահմանումը` «Հոգեբանական ինքնապաշտպանութեան մեքանիզմ մը, ուր անձնական հարցի մը կամ իրականութեան հետ առերեսումէն խուսափում կը կատարուի հարցին կամ իրականութեան գոյութիւնը մերժելով»: Վերջինիս իբրեւ օրինակ` կարելի է նշել փետրուար 2015-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքի` Քանատայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Մեր պատմութեան մէջ ամօթալի ոչինչ կայ, մենք բաց ճակատով ենք: Փա՛ռք Աստուծոյ, յանցանք չունինք: Ո՛վ ի՞նչ կ՛ուզէ, թող ըսէ, մենք մաքրամաքուր ազգ ենք»: Մարտ 2015-ին Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանը նոյնպիսի յայտարարութիւն մը կատարելով` ըսաւ. «Թուրքերը պատրաստ են առերեսուելու պատմութեան հետ, որովհետեւ ամչնալու ոչինչ ունին»: Անշուշտ թուրք դիւանագէտին «քաջութիւն»-ը սնամէջ ու կեղծ է եւ գործնական որեւէ արտայայտութիւն պիտի չունենայ, որովհետեւ պատմութեան հետ առերեսուելու քաջութիւն ունեցող կողմը այդ պատրաստակամութեան մասին իրերայաջորդ յայտարարութիւններ չի կատարեր եւ մանաւանդ անկէ անմիջապէս ետք «ամչնալու ոչինչ ունինք» ըսելով` ետդարձ չ՛ըներ: Թուրք ղեկավարները Հայոց ցեղասպանութեան խարանը ծածկելու համար ստեղծած են «մաքրամաքուր ազգ» ըլլալու առասպելը` զայն դպրոցական տարիքէն ամրագրելով իրենց իրերայաջորդ նոր սերունդներուն մտքին մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը վերջիններուս մօտ կը յառաջացնէ մեծ ցնցում մը, զոր կը փորձեն դիմակայել մերժողականութեան միջոցով:
Դիպուկ է Էքսեթըր համալսարանին մէջ իմաստասիրութեան դասախօս Էտուըրտ Սքիտելսքի տեսակէտը. ան կը յայտնէ, որ մերժում բառին արմատը կը գտնուի «մերժում»-ի հին իմաստի մը մէջ, որ սերտօրէն առնչուած է «ուրանալ» բառին (ինչպէս Պետրոս առաքեալը` Յիսուսին), սակայն անոր անմիջական իմաստը ֆրոյտեան է` ցաւալի կամ վարկաբեկիչ ճշմարտութիւն մը ընդունելու մերժումը: Պետրոս առաքեալի օրինակի օգտագործումը նշանակալից է. ան 3 անգամ ուրացաւ Յիսուսը, իմա՛ ճշմարտութիւնը (որովհետեւ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ Ճշմարտութիւնը» Յհ14.6), հակառակ անոր որ լաւ կը ճանչնար զայն, սակայն ի վերջոյ ընդունեց զայն: Թուրքիան եւս ի վերջոյ պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այդ մէկը անխուսափելի է: Սակայն մինչ այդ ինքզինք յանձնած է մերժողականութեան, որ ըստ Մարք եւ Քրիստ Հուֆակըլ եղբայրներուն, հինգ յատկանիշներ ունի: 1) Մերժողականները կը հաւատան դաւադրութեան տեսութիւններու. ահա թէ ինչո՛ւ Տողու Փերինչեք կը յայտարարէ. «Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ մըն է»: 2) Կ՛օգտագործեն կեղծ մասնագէտներ, որոնց կարծիքը չի համապատասխաներ հաստատուած տեղեկութեան. Թուրքիոյ պարագային ան կ՛օգտագործէ Ճասթըն ՄքՔարթիի նման «մասնագէտներ»: 3) «Կեռաս քաղել»-ը` ընտրել մեկուսի եւ լուսանցքային փաստաթուղթեր, որոնք փաստաթուղթերու զանգուածին համահունչ չեն: Թուրքերը կ՛օգտագործեն վերոնշեալ «մասնագէտներու» գրութիւնները: 4) Հետազօտութիւններու արդիւնքներու նկատմամբ անկարելի սպասումներ կ՛ունենան, ինչպէս այն ակնկալութիւնը, որ պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբը 1915-ի իրադարձութեանց շուրջ այլ եզրակացութիւններու պիտի յանգի: 5) Խեղաթիւրում եւ խաբէութիւն. Թուրքիա կը պնդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի քրէականացման օրէնքներու որդեգրումը խօսքի ազատութեան ոտնակոխում է, երբ Մարդկային իրաւանց համաշխարհային հռչակագիրի 19-րդ յօդուածը յստակօրէն կը նշէ, թէ խօսքի ազատութեան իրաւունքը իր մէջ կը պարունակէ «յատուկ պարտաւորութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ», «ուստի կրնայ որոշ սահմանափակումներու ենթակայ ըլլալ» հարկ ըլլալու պարագային «յարգելու համար ուրիշներու իրաւունքներն ու վարկը», կամ` «Ազգային ապահովութեան հասարակական կարգ ու կանոնի, հասարակական առողջութեան կամ բարոյականութեան պաշտպանութեան համար»:
Վերոնշեալներէն կարելի է եզրակացնել, որ մերժողականութիւնը թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ալ հոգեբանական ախտ մըն է, որ կարողականութեան մսխում կը պատճառէ: Ցեղասպանութեան վերջին արարը եղող այդ երկսայրի սուրը վնաս կը պատճառէ, թէ՛ զայն կիրարկողին, թէ՛ ալ զոհին, իսկ ճանաչումը եւ անոր տրամաբանական շարունակութիւնը եղող փոխհատուցումն ու իրաւունքներու վերականգնումը կը դարմանեն զոհին վէրքերը, իսկ յանցագործին իրաւայաջորդն ու մերժողական անհատը կը փրկեն իր ոսկորներն ու հոգին կրծող այն ախտէն, որմէ կը զգուշացնէ Աստուածաշունչի վերոնշեալ համարը: