Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 100-Ամեակէն Անմիջապէս Ետք

April 24, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
ԱՆԻ ԵՓՐԵՄԵԱՆ
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

100Amyag-Genocide-CLԱյսօր հայկական աշխարհը կը նշէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Նշումներու բովանդակութիւնն ու տարողութիւնը բոլորովին այլ բնոյթ ստացած կ՛ըլլային, եթէ Ցեղասպանութեան պատասխանատու պետութեան իրաւաժառանգորդը ի՛նք հաշուի նստած ըլլար իր իսկ սեփական պատմութեան հետ, ոչ միայն ճանչցած, այլ նաեւ դատապարտած ըլլար Օսմանեան կայսրութեան կազմակերպած սպանդը, տեղահանութիւնն ու ամբողջ ազգաբնակչութիւն մը իր հարազատ բնօրրանէն զրկելու ծրագիրը, բայց մանաւանդ հատուցած ըլլար այդ բոլորին համար եւ վերականգնած` հայ ժողովուրդի պատմական բոլո՛ր իրաւունքները:

Միայն նման ընթացքն ու քաղաքական պահուածքը կրնային առաջնորդել երկու պետութիւններն ու երկու ժողովուրդները բնականոն յարաբերութիւններու, ինչ որ նաեւ դրական ուղղուածութիւն կ՛ապահովէր ընդհանրապէս տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատելու եւ տարբեր ոլորտներու համագործակցութեան ծրագիրներուն:

Անգարան, սակայն, գլխաւոր խոչընդոտն է այդ առաջադրանքներու իրականացման: Շարունակելով ուրացման եւ ժխտումի քաղաքականութիւնը, շրջափակումը` Հայաստանի Հանրապետութեան, գործնական քաջալերանքը` Պաքուի ռազմատենչ գործողութիւններուն, եւ, տակաւին, նախապայմանային մօտեցումները` քաղաքական գործընթացները արգելակելու, վճռորոշ հանգամանքներ եւ որեւէ յառաջընթաց չարձանագրելու:

Յառաջընթացի արգելակման կը միտին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներու չէզոքացման նպատակով, միեւնոյն օրը` ապրիլ 24-ին Կալիփոլիի յոբելենական հաւաքներ կազմակերպելը եւ միջազգային հանրութեան կարծիքը ապակողմնորոշելը:

Հայկական կողմը երկու հանրապետութիւններով եւ սփիւռքով Ցեղասպանութենէն բխած հետեւանքներու յաղթահարման համար ներազգային համաձայնութեան կարեւոր հանգրուան իրագործած է արդէն եւ ազգովին անցած` ճանաչումէն դէպի հատուցում կարեւորագոյն փուլին:

Համահայկական աննախընթաց հռչակագիրը պատմական համարուելու բոլոր տուեալները ամբողջացուցած է եւ իբրեւ ազգի բոլոր հատուածներու համաձայնութիւնը ունեցող փաստաթուղթ` առաջնային նշանակութիւն ունի մեր հետագայ աշխատանքները ուղենշելու եւ հունաւորելու առումով:

Նման համահայկական տարողունակութիւն ունեցող գերխնդիրներ եւ անոնց հայեցակարգերը ճշդող բանաձեւեր կ՛ընդգծեն անհրաժեշտութիւնը նոյնքան համահայկական ներկայացուցչութեամբ գործող մեքենականութիւններու: Ժամանակն է, որ անյապաղ համահայկական եւ համագաղութային մարմիններ, յանձնաժողովներ կեանքի կոչուին, հռչակագրին ճշդած առաջադրանքներուն եւ յատկապէս մեր իրաւական պահանջատիրութեան ուղղութեամբ գործնական աշխատանքներ կազմակերպելու համար:

Համահայկական հարցերը, համահայկական ներուժի համախմբում եւ համահայկական ձեւաչափով մարմիններու արհեստավարժ գործելաձեւ կ՛ենթադրեն:

Լիբանանահայ գաղութը, յետցեղասպանական սփիւռքի կարեւորագոյն միջավայրերէն կը նկատուի, այս ուղղութեամբ նախաքայլեր առած է: Շուրջ չորս տարիէ ի վեր կը գործէ գաղութի յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներէ բաղկացած կեդրոնական մարմին, որ յաջողած է շրջել կարեւոր կարծրատիպեր եւ փաստել, որ համայնքի ներկայացուցչական համակարգը ոչ միայն ապրիլ 24-է ապրիլ 24 կը հաւաքուի, ապա կը ցրուի, այլ մնայուն հետեւողականութեամբ եւ իրեն կից գործող նոյնքան ներկայացուցչական տարբեր ոլորտներու յանձնախումբերով կը կազմակերպէ քննարկումներ, գիտաժողովներ, ցուցահանդէսներ, համերգներ եւ պահանջատիրական բնոյթի ձեռնարկներ. մինչ քաղաքական կուսակցութիւնները քաղաքական եւ պահանջատիրական առումներով լծուած են միասնական հետեւողական աշխատանքի:

Հայկական դաշտը ընդհանրապէս 100-ամեակի առիթով եւ մանաւանդ այդ եզրագիծէն անմիջապէս ետք պէտք ունի նոր կառուցակարգերու, ուր համախմբուած պիտի ըլլայ համահայկական ներուժը, որ իր կարգին պիտի աշխատի կեանքի կոչելու 100-ամեակի հռչակագրին բանաձեւած առաջադրանքները:

Լիբանանահայ գաղութը ունի նախադրեալները նոր կառուցակարգերու ստեղծման ընդառաջ առաջին օրինակը դառնալու:

Նախորդը

100 Տարի Առաջ Նահատակուած Մէկուկէս Միլիոն Հայերը Սուրբեր Հռչակուեցան

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Քայլերթ` Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Յիշատակին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պատմութեան Անցնելու Համար
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պատմութեան Անցնելու Համար

January 20, 2026
Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր  Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան  Խորհուրդին Միանալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

January 20, 2026
Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը  «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.