ՅԱԿՈԲ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, պատահական չէր Վատիկանէն լսել հայոց ի նպաստ մեծ յայտարարութիւնը` 20-րդ դարասկիզբին թուրք պետութեան հայոց դէմ գործադրուած ոճիրին արդարացի սահմանումը, որպէս Ցեղասպանութիւն: Պատահական անձ մը չէր զայն սահմանողը: Ան Ֆրանչիսկոս մեծ մարդասէր պապն էր` Աստուծոյ մարդը, որ իր խիղճին, Աստուծոյ եւ պատմութեան առաջ կատարեց իր աստուածահաճոյ պարտքը` հայ ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան հանդէպ ըլլալով արդար եւ անաչառ, հեռու քաղաքական նեղմիտ հաշիւներէ եւ նկատառումներէ:
20-րդ դարը, որ պատմական փաստը կը հաստատէ, թէ դարն էր գիտական եւ մշակութային իրագործումներու վերելքի, դժբախտաբար նաեւ դարը հանդիսացաւ փաստելու մարդուն վայրագութիւնը, որ լաւագոյնս արտացոլաց երկու աշխարհամարտերով, ցեղասպանութիւններով եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներով:
Հայոց ցեղասպանութիւնը առաջինն էր այս բոլորին, զոր թուրք պետութիւնը գործադրեց ջարդելով իր իսկ հոգատարութեան տակ գտնուող խաղաղ քաղաքացիները` իր պատմական հողին վրայէն բնաջնջել փորձելով ամբողջ ժողովուրդ մը: Միջազգային ընտանիքին կողմէ օրին չառնուած քայլերը պատժելու ոճրագործը, ճամբան հարթեց ֆաշական եւ նացիական գաղափարախօսութիւններու, արիւնարբու բռնատիրութիւններու եւ այլ ցեղասպանութիւններու, Հրէական ողջակիզումէն մինչեւ` Քամպոտիա, Ռուանտայէն մինչեւ Տարֆուր… Տահեշ եւ Նուսրա:
Մարդկային Իրաւունքներու հասկացողութիւնը գոյութիւն ունէր մարդկային խիղճը խոցող այս բոլոր բարբարոսութիւններէն ալ առաջ: 14-րդ եւ 15-րդ դարերուն եւրոպական աւատապետութիւնը տեղի տուաւ ժողովրդավարական եւ ազատական սկզբունքներու դիմաց ու աստիճանաբար չքացաւ: 1789-ին Ֆրանսական յեղափոխութեան նախաշեմին ֆրանսացի Մարքիզ Լա Ֆայեթ սահմանադրութիւն դնելու առաջարկ բերաւ` թագաւորներու անսահման եւ անհաշուետու իշխանութիւնը զսպելու համար:
Դժբախտաբար վերոյիշեալները չկրցան կանխարգիլել իշխանութիւններու կողմէ հետագային գործադրուած ոճիրները, որոնցմէ մեծագոյններէն էր Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ի տես նման բարբարոսութիւններու եւ զանոնք կանխարգիլելու նոր փորձ մը ընելով, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովը 10 դեկտեմբեր 1948-ին որդեգրեց Մարդկային իրաւունքներու համաշխարհային հռչակագիրը, որուն պատրաստութեան մէջ մեծ դեր ունեցաւ լիբանանցի տեսաբան մեծանուն Շարլ Մալեքը: Այդ թուականէն օր մը առաջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովը որդեգրած էր Ցեղասպանութիւն կանխարգիլելու եւ պատժելու համաձայնագիր որոշումը ու սահմանած` Մարդկութեան դէմ ոճիրի եւ ցեղասպանութեան միջազգային օրէնքի հասկացողութիւնը:
Հակառակ այն փաստին, որ 146 երկիրներ մինչեւ օրս վաւերացուցած եւ համաձայն գտնուած են վերոյիշեալ որոշումին, Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ ամէն չափանիշերով կ՛իյնայ նման ոճիրի սահմանումին մէջ, ճանչցուած չէ բոլոր պետութիւններէն, նաեւ` Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն, որուն Ընդհանուր քարտուղարը թուականէս երկու շաբաթ առաջ խուսափեցաւ Ցեղասպանութիւն բառը գործածելէ` Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց հանդէպ գործադրած հրէշային արարքը կոչելով «վայրագութիւն», փոխան` «Ցեղասպանութեան»: Տեղին է հոս սակայն նշել եւ շնորհակալութիւն յայտնել այն բոլոր պետութիւններուն, որոնց շարքին` նաեւ մեր սիրելի Լիբանանի պետութեան, որ խիզախաբար եւ վեհօրէն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` թրքական պետութենէն, պահանջելով ճանաչում եւ հատուցում ի նպաստ հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին այժմ սակայն կ՛արժէ նաեւ ինքնաքննադատութեան եւ վերարժեւորումի առողջ ճամբով վերլուծել, թէ ո՛ւր յաջողեցանք եւ ո՛ւր բացթողումներ արձանագրեցինք` Հայ դատին հետապնդման մեր 100-ամեայ աշխատանքներուն մէջ:
Անհերքելի փաստ է այսօր, որ վերջին տաս տարիներուն, բաղդատած անոնց նախորդող տասնամեակներուն հետ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում ապահովելու եւ զայն միջազգային ամպիոն բարձրացնելու մեր յաջողութիւններու չափանիշը անզուգական վերելք մը արձանագրեց: 12 ապրիլ 2015-ին Ֆրանչիսկոս պապին` քրիստոնեայ եկեղեցւոյ անկեղծութեան ուղիին հաւատարիմ վերջին յայտարարութիւնը գագաթնակէտը հանդիսացաւ` արդարութեան ճամբուն վրայ մեր մինչեւ օրս արձանագրած յաղթանակներուն:
Զանազան տուեալներ նպաստեցին մեր յաջողութիւններուն: Նորահաս սերունդը, որուն հանդէպ ունինք մեծ յարգանք եւ համարում, իր գիտակցութեամբ եւ գիտական մօտեցումով լաւագոյն տուեալներէն մէկն էր անշուշտ: Ելեկտրոնային արհեստագիտութիւնն ու մետիան ունեցան իրենց հոյակապ դերը լոպիինկի, հանրային կարծիքի վրայ ազդեցութեան եւ տեղեկութիւն ու տեղեկատուութիւն տարածելու աշխատանքներու ծիրէն ներս: Այս բոլորը, սակայն, ըստ մեզի, երաշխաւորուեցան միասնական աշխատանքի հոյակապ փորձով: Սփիւռքի մէջ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու անցեալի հետ բաղդատած` անհամեմատ գործակցութիւնն ու համերաշխութեան ոգին աւելի եւս խրախուսեցին եւ ճիշդ հունին մէջ դրին տարուող աշխատանքը: Միասնական եւ համերաշխ աշխատանքի ոգին, որ անմիջապէս եւ շատ կարճ ժամանակի մէջ տուաւ իր պտուղները եկաւ փաստելու, թէ անցեալին շատ ժամանակ, մարդուժ եւ գրիչ վատնած ենք իրարու հետ անտեղի մրցակցութեան ճամբուն վրայ: Պաղ պատերազմը, եկեղեցական արհեստական տագնապը եւ պառակտումն ու երկուութիւնը տարտղնած են մեր գերլարումը` յանուն աւելի մեծ եւ համահայկական նպատակին, որուն իրագործումին նուիրուած են` սփիւռքեան մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն հիմնական նպատակն ու ծրագիրը, որ ահագին հասարակ յայտարարներ ունի բոլորիս մօտ:
Մեր քաղաքական ու գաղափարախօսական տարբերութիւնները մեր հարստութիւններն են իսկ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին մէկ է մեզի համար, հայ ժողովուրդին պատմութիւնը լուսաւորող իր նուիրապետական աթոռներով, որոնք մեր հոգեւոր ու մշակութային արժէքներն են, իսկ անոնց գահակալները մեր ազգին հեղինակութիւնները: Վերոյիշեալներուն շուրջ մեր երբեմնի հակամարտութիւնը եւ անտեղի մրցակցութիւնը ջլատած է մեր ուժերը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը հանգրուան մըն է` անցեալը վերլուծելով ապագան ծրագրելու: Հարիւրամեակը կ՛ենթադրէ նոր, վերանայուած եւ առողջ ռազմավարութիւն, որուն վերնագիրը պէտք է ըլլայ միասնականութիւնը: Վկայ մեր նորօրեայ յաղթանակները: Վկայ «Ազդակ-Զարթօնք-Արարատ» միացեալ թիւը:
Միակամ քալենք դէպի նորանոր իրագործումներ: Դէպի աւելի եւս ճանաչումը մեր արդար Դատին ու Հայոց ցեղասպանութեան` այս մարդկային իրաւունքներու դէմ գործուած բռնաբարումին ու մարդկութեան դէմ գործուած մեծ ոճիրին: Միակամ քալենք դէպի պահանջատիրութիւն եւ մեր միացեալ իրաւունքներուն վերատիրացում: