Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ճիչը Զի՛լ Է, Զի՛լ Է

Ապրիլ 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ

3466650262_500f8e14ed_oՍովորական ճիչ չէ սա:

Այլ բողոք` յանուն արդարութեան, պոռթկում` վասն հայրենատիրութեան եւ ճիչ` վրէժխնդրութեան:

1915:

Օսմանեան կայսրութեան ղեկին տիրացած երիտթուրքեր` առաջնորդութեամբ Թալէաթ փաշայի, 1911-ին իրենց որդեգրած դիւային ծրագիրը կենսակոչելու համար, միջազգային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները նպաստաւոր համարելով, նախաձեռնարկ եղան ազգ մը բնաջնջելու, արմատախիլ ընելու եւ զայն պատմութենէն ի սպառ անհետացնելու սադայէլական աշխատանքին:

Մարդկային տարրական բարեմասնութիւններէ զուրկ, բարբարոսութեան եւ դաժանութեան իթթիհատական ախոյեանները, առանց խորշելու պատմութեան դատաստանին ենթարկուելու անճողոպրելի խեցեվճիռէն, միջազգային տարեգրութեանց մէջ «անմահացան» իրենց արիւնաթաթախ թաթերով, արիւնկզակ դիմաստուերներով եւ Թուրքիոյ ճակատին դաջեցին ցեղասպանի վարկաբեկիչ խարանը` իրենց յետնորդներուն կտակելով յանցագործի, թալանչիի եւ զաւթիչի ծանր բեռը:

Թալէաթ փաշա եւ իր յանցակիցները կ՛որոճային` մէկ հայ թողուլ… թանգարանի համար:

Ահազարհուր Ցեղասպանութեան ընդհանուր պատմութիւնը լի է քստմնելի դրուագներով եւ սահմռկեցուցիչ պատկերներով: Իւրաքանչիւր հայու, ամէն ընտանիքի, որեւէ աւանի եւ գիւղի փշաքաղիչ ոդիսականը իր կիզիչ ու դառնալեղի յիշատակը դրոշմած է մեր յիշողութեան մտապաստառին վրայ: Անվերականգնելի կորուստներու կողքին` բարոյահոգեբանական ցնցող աղէտը, տարագրութեան կարաւանէն մինչեւ չոր հացի եւ կաթիլ մը ջուրի կարօտը, տոչորող աւազի եւ անորոշ ապագայի դեգերումները, զրկանքներու եւ որբեւայրիութեան ողբերգական երկար շղթան հայու Գողգոթային սրտակեղեք պատումները կը կազմեն:

Արդարեւ, վճիռը մռայլ էր` մէկ հայ թողուլ թանգարանի համար:

Բայց 1915-ին Տէր Զօրի անապատի վրանի մը մէջ լսուեցաւ ճիչ մը. նոր հայու մը զիլ ճիչը: Զայն կոչեցին ՎՐԷԺ:

1945:

Վրանածածկ կացարանին փոխարինած էր թիթեղածածկ երդիքը. աւազներու վրայ ԱԲԳ-ի դասերուն փոխան` շինուած էր աղիւսապատ կրթարանը եւ անոր կից` համեստ արտաքինով աղօթավայրը` եկեղեցին: Մեծ եղեռնի անհամար կորուստներուն տեղ ծնած էին նոր հայորդիներ եւ բազմացած էին ընտանիքները: Ապրիլ 24-ին յիշատակումը պատարագ էր, լաց ու ողբ, սգահանդէս. ասմունք մը Դանիէլ Վարուժանէն եւ կենդանի պատկեր մը` Սիամանթոյէն: Աչքերու մէջ` դառն յիշատակներու մելամաղձոտ արտացոլացումը. խոնաւ ու թաց` անզսպելի յուզմունքէն: Կարօտը կը մղկտար սիրտերու մէջ. հայրենիք վերադարձի յոյսը կ՛առկայծուէր ստէպ-ստէպ: Կոմիտասեան մեղեդին կը թրթռացնէր հոգիները եւ ամէն օրօրոցի մէջ կ՛ուրուագծուէր դիմապատկերը 1915-ին նահատակուած հարազատի մը: Խղճուկ ճաշասեղանին շուրջ ոգեշնչուած ու սրտայոյզ կ՛երգէին` «Հայաստանին հողին մեռնեմ սրտիս խորքիցը» կամ` «Այն հայը, որ ազգն ուրանայ եւ այլազգ դառնայ, մահուան օրին հայ արցունքին նա չարժանանայ»:

Թանգարանի համար մէկ հայ թողելու հրէշաւոր մտայղացումը ձախողած էր գլխովին, քանզի թիթեղաշէն տան մը մէջ լսուեցաւ ճիչ մը, ընտանիքին ութերորդ զաւակին զիլ ճիչը, եւ զայն կոչեցին… ՎՐԷԺ:

1965:

Հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցին, ծովածաւալ բազմութիւններ կը տողանցէին` «Մե՛ր հողերը, մեր հողերը» պոռալով: Հողմացրիւ հայութիւնը, անցեալ տասնամեակներուն ծնած Վրէժները, միաբռունցք ոգիով եւ վերանորոգ վճռակամութեամբ ողջ աշխարհին կը յիշեցնէին անտեսուած Դատի մը առկայութիւնը: Մէկ հայ իսկ չմնացած կարծող անխռով Անգարայի Թալէաթի զաւակները խուլ կը ձեւանային: Թէեւ պատրանախաբ, սակայն թրքական կառավարութեան վարիչները չէին ուզեր լսել խաղաղ ցուցարարներուն զայրոյթը, համահայկական ընդվզման փաստը, վաղեմութեան տակ կքած հարցի մը իրողութիւնը, եղեռնակործան խլեակներու վերյառնումին ճշմարտութիւնը, վերածնած հայութեան արդար պահանջը: Ժամանակը կամաց կամաց պէտք էր մոռցնէր 1915-ին իրագործուած 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը: 1965-ին տարբեր վայրերու մէջ լսուեցան ճիչեր, զիլ ճիչեր. նորածինները կոչուեցան ՎՐԷԺներ:

1973-1983:

4-24-15_canada10Այս անգամ ճիչը աւելի զիլ էր: Պահանջատիրական նոր եւ ազդու միջոցի մը սուր ճիչն էր, որ ոչ միայն ահաբեկեց թրքական վարչակարգը, այլ խախտեց միջազգային քար լռութեան պարիսպները: Լոս Անճելըսէն ծայր առած Թուրքիոյ դիւանագիտական ցանցին ուղղուած ցաւատանջ հարուածները պահ մը յիշեցուցին Թուրքիոյ վարիչներուն, որ ոչ թէ հայը «թանգարանի նմուշ է», այլ անոնցմէ իւրաքանչիւրը լարուած ռումբ ու ական` յանուն իրաւունքի եւ արդար դատի: Փարիզէն Վիեննա, Լիզպոնէն Պոլիս ու Պէյրութ, Թեհրանէն Անգարա, Մատրիտ ու Ժընեւ եւ այլուր դիտապաստ դիւանագէտներն ու օդահան եղող թրքական կառոյցները եղան ուշացած հակազդեցութիւնները 1915-ի դաժանատեսիլ եւ աղեխարշ ապրումներով դաստիարակուած սերունդին: Յետեղեռնեան երրորդ սերունդին տղաքն էին, որոնք իրենց մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն թախծոտ աչքերուն արդարացի եւ իրաւացի արձագանգները կը հանդիսանային: Անոնք անապատներու հետեւանք Վրէժներ էին:

Այո՛, ողջ էութեամբ թեւաթափ դարձած էր Թալէաթի սնամէջ յոխորտանքը: Սերունդները դարձած էին աւելի՛ ահեղ ու իրաւատէր:

1988-1994:

«Թանգարանի նմուշ» չդարձած եւ փիւնիկի նման վերակենդանացած հայորդիք այս անգամ փորձանաւոր նոր հանգրուան մը պիտի նուաճէին: Իթթիհատականներու արենակիցները, որոնք ցանկատեսական ախորժակով մը ուզեցին ընկճել արցախահայը, վերջնականապէս իւրացնել Լեռնային Ղարաբաղը եւ օղակել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, զգետնիչ հակահարուածով մը անդրադարձան, թէ հայը թանգարանէն վաղո՜ւց վերապրած է: Աւելի՛ն. անապատներու աւազներէն ծնած Վրէժներու ոգին կը սաւառնի Հայաստանի լեռներուն վրայ եւ հայոց հոգիներուն մէջ: «Ջնջել Հայաստան, ջնջել հայ անուն» թրքօազերիական սադրանքը եւ երազը ընդմիշտ խորտակուած էին, քանզի հայութիւնը պիտի կերտէր իր երկրորդ պետական միաւորը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:

1990-ականներուն երբ թէժ մարտեր կը ծաւալէին Արցախի ծերպերուն, միջազգային լրագրող մը ժամանելով հոն, ականատես ըլլալով պատերազմի մռայլաշունչ պայմաններուն, կը նշէր, որ այդ օրերուն մանուկ մը ծնաւ Արցախի մէջ եւ զայն կոչեցին ՎՐԷԺ` տալով այդ անուան թարգմանութիւնն ու իմաստը: Արդեօք ուրիշ ժողովուրդներ ունի՞ն վրէժ բառին բովանդակութիւնը արտայայտող տղու յատուկ անուն մը:

2015:

Հարիւր տարիներու աշխարհացունց եղելոյթները, պատմութեան բուռն ելեւէջներն ու իրերայաջորդ ալեկոծումները, կարմիր ջարդէն ետք սպիտակ ջարդին աւերն ու աւարը, ձուլման եւ ուծացման մշտագոյ սպառնալիքները, նահանջի եւ օտարամոլութեան ախտն ու վարակը մազաչափ մ՛անգամ չկրցան շեղել պահանջատիրական մեր պայքարէն: Եւ ի՜նչ հեգնանք, Թուրքիոյ երազած «թանգարանի նմուշ» հայը այսօր աւելի՛ եւս վերածուած է վճռական բանակի, աւելի՛ լիցքաւորուած է ազգային ու բարոյական անփշրելի կամքով եւ, աւելի՛ն, միջազգային հանրութիւնը սկսած է ճանչնալ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը: Այդ դարձած է իսկական մղձաւանջ Անգարայի սնապարծ եւ մեծամիտ պետական այրերուն համար: Դարձած է արդարութեան ուրուական` հալածախտէ տառապող Թալէաթի թոռներուն համար: Ազգային զարթօնքի եւ արմատներու վերադարձի խթան` Թուրքիոյ մէջ ապրող ծպտուած հայոց համար, խորթ երկինքներու տակ օտարացած հայոց բեկորներուն համար:

Տէր Զօրի անապատներէն ծնած Վրէժէն չորս սերունդներ ետք, այսօր, այդ ոգիին շարունակութեան փաստն է, որ կ՛արձանագրուի:

Ո՛չ արցունքին ու ողբին, ո՛չ սուգ ու շիւանին: Ի՜նչ տեղին է մէջբերել հայր Սահակ Կոգեանին մէկ պատգամը. «Ամուլ եւ անպէտ են արցունքները, ո՛վ հայրեր ու մայրեր, եթէ չկատարէք ծանր պարտականութիւնը` ձեր զաւակներով կազմելու նոր հայ ընտանիքներ:

«Ամուլ եւ անպէտ են արցունքները, ո՛վ հայ կտրիճներ եւ օրիորդներ, եթէ չնուաճէք ձեր եսամոլութիւնը ու մերժէք զոհողութիւնները յանձն առնել` խառնելու համար ուժ եւ գեղեցկութիւն, դառնալու համար աղբիւր նոր հայ կեանքերու»:

Թալէաթի թոռները այսօր ապշահար են ու քարացած` ի տես համահայկական զօրաշարժին եւ միջազգային ահագնացող աղմուկին: «Թանգարանի նմուշ»-ները տակաւին պահանջատէր են ու բազմացած… Պիտի չհարցնե՞ն անոնք` այս ի՜նչ աղմուկ ու ճիչ աստ ու անդ. պիտի չգազազի՞ն բարկաճայթ:

Պատասխանը պարզ է ու մեկին. հայուն ճիչը զի՛լ է, զի՛լ է…

 

 

 

Նախորդը

Մասիսի Լանջին Պիտի Պարե՞նք

Յաջորդը

Ժըպրանի Ցաւն Ու Այսօրուան Ուղղութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023
Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In