Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. Յաջորդող Ամեակներու Անխուսափելի Ճանապարհը

Ապրիլ 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

4-23-15-azk3«Ուսումնասիրել պատմութիւնը ո՛չ իբրեւ նահատակի եւ զոհի հոգեբանութեամբ, այլ` յաղթողի»:

ՌՈՊԸՐԹ ՖԻՍՔ
Անգլիացի հանրաճանաչ լրագրող

Բնականաբար, քաղաքական վերլուծաբանին եւ միջազգային ճանաչումի արժանացած լրագրողին վերոնշեալ գողտրիկ նախադասութիւնը իր պարզութեամբ իսկ կ՛ընդգրկէ հսկայածաւալ խորհուրդ եւ մարտահրաւէր:

Խորհուրդ է ան, որովհետեւ ըսուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Այլապէս մարտահրաւէր, երբ հարցը կը վերաբերի մեր ազգային ու մանաւանդ` պետական հասկացողութիւններու, այսինքն` պահանջատիրական մեր պայքարի ընդհանուր ռազմաքաղաքական եւ պատմաիրաւական  հեռանկարներու:

Եթէ երբեք  մեր մտածումին առանցքը կ՛ուզենք դարձնել յիշեալ մտածումն ու նմանատիպ արտայայտութիւններ, ոչ թէ անոր համար, որ ազգային մեր տեսադաշտէն եւ հաւաքական մտածողութենէն կը վրիպին անոնք, այլ այն պատճառով, որ հայ քաղաքական մտքին պէտք է ագուցենք անառարկելի համոզում մը, ճշմարտութիւն մը ինքնին, թէ ժամանակի թաւալքին հետ հարկ է ստեղծել (թէեւ յապաղած) եւ անտարակոյս որդեգրել ազգային ռազմավարական մտքի նորովի հայեացքներ եւ կիրարկել շօշափելի մարտավարութիւններ:

Ի դէպ, ռազմավարական մտքի հորիզոնի շեշտադրումը կ՛ենթադրէ` առաւելաբար ներազգային կեանքի ու պետական համակարգի ամրապնդում, գիտահետազօտական թէ ակադեմական մարդուժի եւ շրջանակներու ուժեղ ներկայութիւն, արհեստագիտական նուաճումներու ընդգրկում, եւ առհասարակ, ներկայի թէ ապագայի գործելակերպերու յստակ ուղղութիւն:

Միւս կողմէ, կարելի չէ երբեք ուրացումի եւ մերժումի խաչափայտին յանձնել հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան տարբեր հանգրուանները, հաւաքական մեր կեանքին դէմ ցցուած բազում դժուարութիւններն ու արգելքները, այլապէս յաղթանակներն ու պարտութիւնները, բացթողումները, բայց մանաւանդ` ապիկար եւ անհեռանկար գործընթացները, որոնց կրկնութենէն խուսափելու հրամայական պահանջին դէմ յանդիման կը գտնուինք ազգովին:

Նման հաստատումի մը հիմք կը ծառայէ անկասկած,  2015 թուականը, որ ունի տարբեր հնչեղութիւն եւ իմաստ: Փաստօրէն, անիկա սովորական տարեթիւ մը չէ, ոչ ալ օրացուցային առօրեայ ժամանակ ցոյց տուող սոսկական թիւ, այլ դարաւոր ազգի մը` այս պարագային` Հայոց  ցեղասպանութեան 100-ամեակն է:

Այո՛, 100-ամեակն է մարդկութեան դէմ գործուած այն Եղեռնին, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլիոն անմեղ ու սուրբ հայեր:

100-ամեակն է մարդասպան թուրքին, բարբարոս թրքութեան եւ  անոնց գործած մեծ ոճիրին, գազանային վերաբերումին` հանդէպ հայ մանուկին ու երիտասարդին, չափահասին ու տարեցին:

100-ամեակն է թուրքին ձեռամբ մեր դարաւոր հայրենիքին` Արեւմտահայաստանի ցարդ մինչեւ հիմա բռնագրաւուած մնալու ողբերգութեան:

100-ամեակն է հայոց դարաւոր մշակոյթի ու ազգային բացառիկ արժէքներու բնաջնջումին, սրբապղծումին եւ աշխարհի երեսէն ամբողջ ազգ մը բնաջինջ ընելու թուրքի զազրութեան եւ մարդակերի պահուածքին:

Մէկ խօսքով, 100-ամեակն է հայոց հաւաքական յիշողութեան վերաջրդեղումին եւ պահանջատիրական ոգիի բոցավառումին:

Ճիշդ է, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր, 100-ամեակի ոգեկոչման այս օրերուն, ազգովին կը ներկայանանք աշխարհին, մեր ճակատները սէգ, մեր հոգիները ամրապինդ, մեր կամքերը պրկած,  պահանջատիրական ոգիով աւելի հայացած, հաշիւ պահանջելու համարձակութեամբ զօրացած, իրաւունք պաշտպանելու գիտակցութեամբ զինուած, բայց մանաւանդ` զոհի ու տկարի հոգեվիճակէն ձերբազատ: Միւս կողմէ, սակայն, թուրքը կը շարունակէ պետական մակարդակի իր ժխտողականութիւնը, հայատեացութիւնը, այլամերժութիւնը ազգայնամոլութիւնն ու մոլեռանդութիւնը:

Յայտնապէս հայութիւնը կ՛ապրի անկիւնադարձային եւ պատմական օրեր:

Դասական մեր ըմբռնումով կրկին անգամ կը շեշտադրենք այն, թէ այնքան ատեն որ օսմանցի թուրքերու տխրադէմ ժառանգորդներ, թրքութեան եւ փանթուրանականութեան ջատագով պետական այրեր ծունկի չեն գար Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին դիմաց, այնքան ատեն որ թուրքը չ՛ընդունիր իր ոճիրը եւ քաղաքական ու նիւթաբարոյական հատուցում չի կատարեր, հայութիւնը պիտի շարունակէ «խանգարել» թուրքին կեանքը, իրաւատէրի իր հանգամանքով արդարութիւն պահանջել, իր կամքն ու կորովը պարտադրել` յանուն մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին ու գալիք սերունդներու խաղաղ ու բարօր կեանքի հաստատման:

Սակայն, հայութիւնը իր կարգին պէտք է, որ առերեսուի այն իրականութեան հետ, որ հարիւր տարուան պահանջատիրական իր պայքարը, իր ելեւէջային հանգրուաններով եւ արդիւնաւէտութեամբ հանդերձ, պէտք է թեւակոխէ նոր հանգրուան եւ որդեգրէ ռազմավարական շեշտակի ուղղութիւններ:

Այլ խօսքով, որպէսզի Հայ դատի թէ Հայոց ցեղասպանութեան ընդհանուր հասկացողութիւնը իր պատմաքաղաքական հարթակէն փոխադրուի իրաւական թէ աշխարհաքաղաքական ոլորտներ, եւ իր անստգիւտ ներկայութիւնը խարսխէ համամարդկային առօրեայ կեանքի ամենախուլ անկիւններն անգամ, հայ ժողովուրդը իր պետականութեամբ եւ համատարած սփիւռքներու գոյութեամբ պարտաւոր է շուտով լծուիլ հետագայ ընելիքներու բանաձեւումին եւ աշխատանքային ոլորտներու յանձանձումին:

Անկեղծ ասած, պահ մը երեւակայել, թէ ինչպիսի խոր եւ համամարդկային տարողութիւն պիտի ունենար Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի այս հանգրուանը, եթէ երբեք մենք աշխարհին ներկայանայինք ազգային հաւաքական ուժի եւ աշխատանքի հսկայածաւալ մօտեցումներով:

Միթէ յաղթանակի եւ յաջողութեան, քաղաքական պարտադրանքի թէ դատաիրաւական հանգրուաններու աւելի ամրապինդ եւ փաստագրական անմրցելի արխիւային հաւաքածոներու տիրացած պիտի չըլլայի՞նք` ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բազմաթիւ թանգարան-կաճառներ, Հայ դատի եւ պահանջատիրական պայքարին նուիրուած գիտական եւ հետազօտական   կեդրոններ, հայագէտներու, փորձագէտներու, վերլուծաբաններու եւ լրագրողներու պատրաստութեան լծուած ուսումնարաններ, լրատուական թէ քարոզչական ազգային ցանցեր, որոնցմով պիտի կարենայինք հայոց արդար դատի ու ձայնի կշռոյթն ու ազդուութիւնը լսելի դարձնել աշխարհով մէկ:

Ա՛լ չենք խօսիր տնտեսական նկատառումներով աշխարհին ներկայանալու կարելիութիւններուն մասին, չենք ուզեր անդրադառնալ, թէ գաղութահայ օճախներու առաւել հզօրանքը, հայաբոյր եւ նպատակասլաց աշխատանքի կարեւորութիւնը որքա՜ն պիտի կարենայ թիկունք կանգնիլ ազգային մեր տենչերու իրականացման եւ հայոց պետականութեան ճառագայթումին:

Իրօք, ջայլամի քաղաքականութենէ խուսափելու մասին է խօսքը:

Արտասովոր քաղաքական թէ զինուորական կացութիւններու դէմ դնելու եւ վճռակամ քայլեր առնելու պահանջն է, որ ինքզինք կը պարտադրէ այլեւս:

Մանուածապատ եւ անպտուղ կարգախօսերու որոգայթէն ձերբազատելու  հրաւէրն է, որ մեզ կը զգուշացնէ ամէն ատեն:

Ազգային պարունակի եւ արժէքային համակարգի առաւել բոցավառումին նպաստող շօշափելի իրագործումներու կարօտը կ՛ապրինք հաւաքաբար:

Հայոց պետականութեան հսկայական կարելիութիւններու օգտագործումին սպասողն ենք ընդմիշտ:

Հայազգի բարեկամ պետութիւններու թէ ժողովուրդներու մօտ հայութեան ինքնութեան եւ արժէքներու փոխանցման միջոցառումներու փայլքը առաւել տիրական պէտք է ըլլան:

Հայ դատի ի նպաստ քաղաքական թէ բարոյական միջազգային նեցուկին  եւ կեցուածքին հարկ է, որ յաջորդէ նորովի մակարդակ եւ հանգրուան:

Դէպի ապագայ ճախրելու ազգային կամքին զինանոցը վերաջրդեղել է հարկաւոր ամէն պատեհ առիթի:

Այդուհանդերձ, հայութիւնը քաջ գիտէ, որ արդարութեան հասնելու ճամբան այդքան ալ հարթ չէ, քարքարուտ ու դժուար է, բայց ոչ անանցանելի, քաղաքական մտքի ու կազմակերպական հսկայ աշխատանքի կը կարօտի, հայրենիքի պետական հզօրանքին կարիքը ունի անկասկած, հայոց քաջարի բանակին զգօնութեան եւ աչալուրջ հսկողութեան պէտք ունի ամէն քայլափոխի, հզօր ու աւելի լաւ կազմակերպուած սփիւռքի մասին պէտք է մտածուի ամէն ատեն, հայ եկեղեցւոյ ուժեղ օրհնութեան բարիքը պէտք է վայելենք ամէն ժամերգութեան, հայ դպրոցը անյապաղ պէտք է բարեկարգէ ինքզինք եւ յառաջատար դառնայ, հայ ծնողքի խիղճին պարտքն է իր զաւակը օտար վարժարանի տխուր դաստիարակութենէն զերծ պահել, հայ նորահաս սերունդի զաւակներ հիւանդագին օտարամոլութենէն հեռու պէտք է մնան առանց վարանումի, հայ կուսակցութիւններու իրական համախմբումին կարօտ կ՛ապրինք անդադար: Այո՛, հայութեան մէկութեան գաղափարին պէտք է ծառայենք ազգովին, սասունցիի քաջութեամբ եւ արցախցիի հզօրութեամբ համակենք մեր շրջապատը ամէն օր եւ նետուինք թշնամիին դէմ անվախօրէն, ինչպէս Արցախի քաջարի հայութիւնը իր կուրծքը ցցեց վախկոտ ու դարանակալ թուրք-ազերիին ու յաղթեց, այո՛, հայութիւնը բարձրաճակատ յաղթեց թուրք-ազերիին, շնորհիւ իր ծոցէն ծնունդ առած առիւծասիրտ մերօրեայ ֆետայիներու, որոնք իրենց քաջութեամբ եւ խելացութեամբ ծունկի բերին ազերի թէ վարձկան յելուզակներ:

Այսօր ոչինչ փոխուած է անցեալի արժէքներէն, պարզապէս կեանքի ընթացքն է փոխուած եւ աւելի զարգացած:

Այսօր ինչն է որ մեզ կը խրախուսէ, աւելի կ՛ուժեղացնէ եւ իմաստ կու տայ մեր ազգային կեանքին, եթէ ոչ հայ երիտասարդութեան կատարած սրբազան արարքները հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին:

Մենք քաջ հաւատացողն ենք, որ հայութեան ծոցէն ծնունդ առած մերօրեայ երիտասարդութիւնը իր հոգեկան աշխարհին մէջ ամուր կը պահէ նահատակներուն կտակը, կ՛աշխատի այդ ուղղութեամբ, կը փորձէ քայլ պահել կեանքի զարգացումին հետ, ուսանիլ եւ հասնիլ կրթական բարձրագոյն մակարդակներու, որակի ու արուեստի կշիռ ուժ ունենալ, օտար լեզուներու տիրապետել, յեղափոխական ոգիով ինքզինք դաստիարակել, քննական միտքով սնանիլ, ազգային արժէքներու պահապան ըլլալ, իր ժողովուրդի պաշտպանութեան լծուիլ, տէր դառնալ գաղութահայ կեանքին եւ խրոխտ ոգիով դիմակայել ամէն սպառնալիք:

Հայ երիտասարդին կոչումն է համարձակ քայլերով դէմ դնել վատառողջ երեւոյթներու, սրբագրելու ներազգային կեանքի թերացումներն ու բացթողումները, եւ անյապաղ լծուիլ վերանորոգման եւ վերահայացման սրբազան աշխատանքներու:

Հայութեան եւ Հայ դատի մէկութեան գաղափարին ամէնէն վաւերական փաստը եթէ մէկ կողմէ Արարատն է, ապա միւս կողմէ հայ երիտասարդութիւնն է` իր հաւատքով հզօր եւ խանդավառութեամբ եզակի:

Եթէ Հայոց ցեղասպանութիւնը խարան է մարդկութեան ճակտին, ապա հայութեան պարտքն է այդ խարանի յարատեւ շիկացումն ու բորբոքումը յառաջիկայ ամեակներու թաւալքին զուգահեռ` օգտագործելով ամէն կարելիութիւն եւ մարտահրաւէր:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արդարութեան Ծուխ… Վատիկանէն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Օրինակելի Նախաձեռնութիւն Մը

RelatedPosts

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակի Առիթով) Բ. Մաս

Մարտ 24, 2023
Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Պարտութեան Մատնել Հայերը Քալիֆորնիոյ Մէջ
Անդրադարձ

Իրաւական Փորձագէտները Միջազգային Դատարանէն Կը Պահանջեն Քննութեան Ենթարկել Թուրքիոյ` Մարդկութեան Դէմ Գործած Յանցանքները

Մարտ 24, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In