ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Երբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելից կ՛ըսենք, խօսքը կը վերաբերի ամբողջ տարուան եւ ոչ թէ այդ տարուան մէկ օրուան` ապրիլ 24-ին: Եւ երբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելից կ՛ըսենք, սա կը նշանակէ ինքնըստինքեան, որ հայ ազգն ամբողջ ակնկալիքներ ունի այս թուականէն` իր սրբազան, բայց անլոյծ Դատին կանգնած անիւները շարժելու եւ ազգային նուիրական իղձերու իրագործման ճամբուն վրայ իրական ձեռքբերումներ ունենալու իմաստով: Այս առումով ալ 100-րդ տարելիցը կրկնապատիկը, եռապատիկը կարեւորութիւն կը զգենու մեր ազգային-հաւաքական կեանքին մէջ, քան` անցեալի միւս բոլոր Ցեղասպանութեան տարելիցները: Անիկա իր կարեւորութեամբ կը գերակշռէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին, որ մեկնակէտը հանդիսացաւ հայոց պահանջատիրական պայքարին:
Մեկնելով 2015 թուականին ներկայացուցած այս կարեւորութենէն, հայութեան ազգային իրաւունքներուն համար պայքարին առումով, աւելի քան որեւէ ժամանակ, կը շեշտուի հաւաքական աշխատանքի, հաւաքական ուժ դառնալու կարեւորութիւնը: Կ՛ընդգծուի նաեւ միասնական կեցուածքի անհրաժեշտութիւնը` ազգային պահանջներուն հետապնդման մակարդակին վրայ: Ազգային դատի մակարդակին վրայ հայութիւնը, իր զանազան հատուածներով, չի կրնար միասնակամ չըլլալ: Չի կրնար չգործել մէկ տեսլականով, որն է` Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն դարմանումը եւ պատմական արդարութեան վերականգնումը:
Իսկ ինչո՞ւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը կը գերակշռէ իր կարեւորութեամբ 50-ամեակին: Նախ եւ առաջ այն պարզ պատճառով, որ վերանկախացեալ հայոց պետականութեան հովանիին ներքեւ է, որ համայն հայութիւնը պիտի վերյիշէ Օսմանեան կայսրութեան ծրագրած նախճիրին պատճառած կորուստներն ու աղէտը, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ ըլլալով պետականօրէն նոր թափ պիտի տրուի պահանջատիրական պայքարին: Երկրորդ եւ ամէնէն կարեւորը` առաջին անգամ ըլլալով եւ պետական հովանիի ներքեւ հայոց պահանջատիրական պայքարը կը ծաւալի համախմբող ընդհանուր շրջագիծի մը ընդմէջէն, որ կը վայելէ հայութիւնը բաղկացնող հատուածներուն առաւելագոյն համախոհութիւնը:
Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի այս տարուան 29 յունուարին Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ հայութեան քաղաքական, հոգեւոր եւ հասարակական ներկայացուցիչներուն ներկայութեան կարդացած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու համակարգման պետական յանձնաժողովին հրապարակած Համահայկական հռչակագիրին: Առաջին անգամ ըլլալով Համահայկական հռչակագիրով հայութիւնը կ՛օժտուի տեսական համախմբող հիմքով մը, որով կը հիմնաւորուի անոր պահանջատիրական պայքարը Թուրքիոյ դէմ` «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսին ներքեւ:
Տեսական այս ընդհանուր շրջագիծը, այս ընդհանուր փաստաթուղթը կոչուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ամբողջ տարուան ընթացքին եւ անկէ ետք համախմբելու համայն հայութեան համակարգուած ճիգերը մէկ ընդհանուր ուղղութեամբ: Եւ հետեւաբար, կարելի չէ առարկել այսուհետեւ, որ նպատակի մէկութիւն չկայ հայութեան զանազան հատուածներուն միջեւ: Ասիկա այնքան սպասուած պահն էր հայոց բովանդակ պատմութեան մէջ, երբ ընդհանուր երազ մը համակած էր հայ ազգը` միասնական կեցուածքով հանդէս գալու զինք յուզող ազգային հարցերուն գծով: Հիմա կայ այդ շրջագիծը եւ կայ նաեւ գործունէութեան ընդհանուր դաշտը:
Կը մնայ միայն հաւատարիմ մնալ միասնականութեան սկզբունքին: Կը մնայ հաւատալ միասնականութեան ուժին: Հայութեան մեծ բանաստեղծը` Եղիշէ Չարենց ի զուր չէ պատգամած` «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: Մեծ բանաստեղծին եղերական մահէն տասնամեակներ ետք ահաւասիկ նոյն պատգամը տակաւին ուժի մէջ է: Ինչո՞ւ համար են միասնականութիւնը եւ հաւաքական ուժը: Բռունցքուելու համար: Որպէսզի նաեւ հայութիւնը ապրի նոր վերելք, ազգային վերանորոգ զարթօնք: Ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ մենք առիթը ունեցանք բազմիցս վկայելու զարթօնքներու շարք մը` ազգային, մշակութային եւ գրական մակարդակներու վրայ: Այդ զարթօնքներու շարքը, որոնց վերջինը 1988-ի ազգային զարթօնքն էր, այսօր պարզապէս յուշերու շարք մըն է: Մեզմէ կախում ունի միայն այն, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ակնկալուող ազգային նորոգ զարթօնքը իր մնայուն հետքը, դրոշմը ունենայ հայոց պատմութեան տարեգրութեան մէջ:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը առիթ է նաեւ շեշտելու, որ հայութիւնը պէտք է առաջնորդուի ծրագիրով, ազգային իր գոյութիւնը երաշխաւորող նպատակներով: Այդ նպատակները արդէն ընդհանուր գիծերու մէջ, ինչպէս ըսինք, մատնանշուած են Համահայկական հռչակագիրին մէջ, եւ կարելի չէ այդ նպատակներուն իրագործումը, եթէ լուրջ աշխատանք չտարուի երեք գլխաւոր օղակներու վրայ:
Ա.- Հայկական պետականութեան ամրապնդում եւ ժողովրդավարական հասկացողութիւններու ու ընկերային արդարութեան գաղափարներու ամրակայում:
Բ.- Արցախի Հանրապետութեան հզօրացում:
Գ.- Սփիւռքի վերակազմակերպում եւ անոր կարողականութիւններու ուղղորդում` յանուն հայութեան հաւաքական ու միասնական ուժի կայացման:
Ահաւասիկ ասոնք այն հիմնական օղակներն են, որոնց ընդմէջէն հայութիւնը իբրեւ մէկ ազգ պիտի ձգտի իր պատմական իղձերու կենսագործման: 100 տարի առաջ հայութիւնը Ցեղասպանութեան պատճառով հայրենազրկուեցաւ: Աղէտէն 100 տարի ետք եկած է պահը միասնաբար, միասնականութեամբ հայրենատիրութեան գաղափարով տոգորուելու: