«Զարթօնք», «Ազդակ», «Արարատ» թերթերու 24 ապրիլի միացեալ թիւին մէջ լոյս պէտք է տեսնէր հետեւեալ յօդուածը, որ կամքէ անկախ պատճառներով դուրս մնացած է տուեալ թիւէն: Ուստի, երեք օրաթերթերն ալ սոյն յօդուածը կը հրատարակեն իրենց այսօրուան թիւին մէջ:
1965-ին տաս տարեկան էի: Օր մը ընտանեօք գացինք Պէյրութի մարզաւանը, որ լեցուն էր մարդոցմով: Չեմ գիտեր ինչքան մնացինք հոն, հայրս բարկացկոտ ըսաւ, որ ելլենք, պիտի չքալենք եղեր: Յաջորդ օրերուն կը խօսուէր, որ Լիբանանի այդ օրերու ներքին գործոց նախարարը չէ արտօնած հայոց քայլարշաւը` ըսելով, թէ Թուրքիայէն ներածուած միսը աւելի կարեւոր է Լիբանանի համար, քան հայոց հետ պատահած անցեալին թէկուզ ցաւալի պատահարները: Յետոյ պիտի իմանայի, որ մարզաւանի այդ հաւաքը Մեծ Եղեռնի` Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակի օրը` 24 ապրիլին համազգային նշման համաշխարհայնօրէն կարեւորագոյն միջոցառումներէն մէկն էր, որ անշուշտ լաւապէս նեղացուցած էր թրքական պետութիւնը:
Յետ յիսնամեակի տարիներուն յուսախաբութեան մթնոլորտ ստեղծուած էր Հայ դատի հետապնդման առնչութեամբ, որովհետեւ միջազգային հանրութիւնը անտարբեր կը մնար հայոց դէմ գործուած անիրաւութեան: Հայութիւնը չէր կրցած պէտք եղած ձեւով իր արդար ձայնը հասցնել անհրաժեշտ հասցէներուն:
1973-ին այժմ փակուած Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան աւարտական դասարանի աշակերտ էի: Ձմրան օր մը դպրոցին մէջ լուր մը տարածուեցաւ, թէ Ամերիկայի մէջ հայ ծերուկ մը երկու թուրք դիւանագէտներ սպաններ է: Զարմանքի, հպարտութեան, հիացման, խանդավառութեան ու… կասկածի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ այս հարցին շուրջ: Որոշ ժամանակ անց ըսուեցաւ, թէ այդ ծերունիին` Գուրգէն Եանիգեանին պաշտպանութեան համար դրամ պիտի հաւաքուի եւ հաւաքուեցաւ: Օր մըն ալ ըսուեցաւ, որ բոլորին տուած դրամը պիտի վերադարձուի եւ այդպէս ալ եղաւ, առանց յստակ բացատրութեան: Ծերունիին կատարածը եւ անոր դատավարութիւնը մեծ արձագանգ սկսած էին ձգել միջազգայնօրէն, այս անգամ ո՛չ միայն նեղացնելով, այլ բարկացնելով թրքական պետութիւնը:
1975-ին Պէյրութի Հայկազեան քոլեճի (այժմ համալսարան) ուսանող եմ, նախորդ տարուընէ ուսանողական ցոյցերը, դասադուլները եւ գործադուլները երկիրը ցնցած են: Պաղեստինեան յեղափոխութիւնը առաջնային հետաքրքրութիւն ստեղծած է արաբական ու միջազգային հանրութեան մօտ: Հայ երիտասարդութենէն մաս մը մօտէն կը հետեւի այս անցուդարձերուն: Քննարկման առարկայ է նաեւ Հայ դատի հետապնդման նոր ձեւերու որոնման հարցը: Կրկին ձմրան օր մը, այդ ժամանակ ամէնէն աւելի ունկնդրուող «Մոնթէ Քարլօ»-ի ռատիոկայանի արաբական լուրերէն կը ձայնասփռուի, որ Վիեննայի եւ Փարիզի թուրք դեսպանները սպաննուած են ու պատասխանատութիւնը ստանձնած է հայկական գաղտնի կազմակերպութիւն մը: Կրկին հիացական ու կասկածի արտայայտութիւններ հայոց մէջ, իսկ թրքական պետութիւնը շշմած է:
Հայոց ցեղասպանութեան 60-ամեակին Հայ դատի հետապնդման նոր յոյսերու ակնկալութիւնները կ՛աւելնան, բայց 13 ապրիլին սկսած լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը պատճառ կ’ըլլայ, որ ապրիլ 24-ին հայոց զանգուածային ցոյցը չկայանայ: Լիբանանի նահատակաց տօնին օրը` 6 մայիսին այդ ցոյցը կը կայանայ դէպի Պէյրութի կեդրոնը գտնուող Պուրճի հրապարակը, ուր իթթիհատականներու կողմէ սպաննուած լիբանանցի մտաւորականներու յիշատակին կանգնեցուած` Լիբանանի նահատակաց յուշարձանին ծաղկեպսակ կը դրուի Լիբանանահայ միացեալ մարմինին կողմէ: Այս երեւոյթը լիբանանահայոց մօտ գոհունակութիւն կը պատճառէ` տասը տարի առաջուան արգիլուածը իրականացուցած ըլլալու զգացումով:
Մինչ այդ իմացուած էր, որ Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդ բարձրանալով ծաղկեպսակ զետեղած է` Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշահամալիրի անմառ կրակին` ձեւով մը գոհացնելով հայրենի զանգուածներու տասը տարի առաջուան ինքնաբուխ ցոյցերուն հնչեցուցած` «Հողերը, հողերը» բացագանչութեան պահանջը, այդպիսով պաշտօնականացնելով 24 ապրիլը իբրեւ հայոց Ցեղասպանութեան նշման օր: Ինքնաբերաբար վերի երեւոյթները համաշխարհային ուշադրութեան կ՛արժանանան, այս անգամ գազազեցնելով թրքական պետութիւնը:
1975-էն սկսեալ տասնամեակ մը համաշխարհային հանրութիւնը ականատեսն ու ականջալուրը կ՛ըլլայ` աշխարհի չորս ծագերուն հակաթրքական հայկական զինեալ պայքարին, զոր հայ երիտասարդներ կ՛իրականացնեն քաջալերուած Գուրգէն Եանիգեանի արարքէն ու անոր դատավարութեան ձգած դրական եւ ժխտական արձագանգներէն: Ինչ անուանում ալ տրուի այդ գործունէութեան` ահաբեկչութիւն, վրէժխնդրութիւն, ցուցական արարքներ եւ այլն, մէկ բան յստակ է, որ անոր իբրեւ արդիւնք Հայ դատը վերստին կ՛արծարծուի եւ համաշխարհայնօրէն կը դառնայ թէկուզ մասնակի այժմէական հարց:
Այդ պայքարին մանաւանդ Թուրքիայէն հողային պահանջատիրութեան արծարծումը` ուղղակի կը կատղեցնէ թրքական պետութիւնը, որ պաշտօնապէս թրքավարի հակահայկական ժխտման եւ ուրացման քաղաքականութեան կ՛անցնի երկրէն ներս ու դուրս, համաշխարհային հանրութեան հետաքրքրութիւնը աւելի եւս բարձրացնելով` Հայ դատին ու պահանջատիրութեան շուրջ:
1988-ին Խորհրդային միութեան ղեկավարութեան բարենորոգչական քաղաքականութենէն օգտուելով, զանգուածային ցոյցեր կը սկսին կատարուիլ Խորհրդային Հայաստանի` մանաւանդ մայրաքաղաք Երեւանի ու Արցախի մէջ, ուր հիմնական պահանջ կը դրուի Ղարաբաղի միացումը Խ. Հայաստանին: Այս անգամ Թուրքիոյ փոքր եղբայր Խորհրդային Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը առիթը գտած ըլլալով, հարազատօրէն ընդօրինակելով իր մեծ եղբօր վարքագիծը` հակահայկական ժխտման եւ ուրացման քաղաքականութեան կ՛անցնի, անկէ ալ քայլ մը առաջ երթալով` կը սկսի հակահայկական ջարդեր կատարել: Այս բոլորին արդիւնքը կ՛ըլլայ Ղարաբաղի ազատագրական պատերազմին սկսիլը… բայց չսպասուած ու չակնկալուած բնական բնորոշուած` սակայն մեծ հարցականներով աղէտ մը կը պատուհասէ Խ. Հայաստանի հիւսիսը: Յանկարծակի ահաւոր երկրաշարժ մը քարուքանդ կ՛ընէ Գիւմրի (այդ ժամանակ Լենինական), Սպիտակ եւ Ստեփանաւան քաղաքներն ու բազմատասնեակ գիւղեր, ըստ պաշտօնական տուեալներու, պատճառելով քսան հինգ հազար զոհեր, սակայն անպաշտօն թիւերը շատ աւելին ցոյց կու տան:
Համաշխարհային օժանդակութիւնները երկրաշարժէն տուժած Խ. Հայաստանին ու անոր զուգահեռ ընթացող Ղարաբաղի պահանջատիրական մարտերը, հայութեան մասին աւելի եւս խօսիլ կու տան համաշխարհայնօրէն, մերթ ընդ մերթ անդրադառնալով նաեւ Հայ դատին: Թուրքիան աւելի զուսպ, իսկ Ազրպէյճանը կատղած կը շարունակեն իրենց հակահայկական ամէն ձեւի գործունէութիւնները:
Այս իրավիճակին մէջ յետ հանրաքուէի` 1991-ին Խ. Հայաստանը եւ Ղարաբաղը կ՛անկախանան` նոր յոյսեր եւ ակնկալիքներ ներշնչելով համայն հայութեան, մէջը ըլլալով իրենց թմբիրէն արթնցող կիսաձուլուած ու խառնուրդ հայերն ալ, որոնք անցնող տասնամեակներուն իրենց ազգային պատկանելիութեան ցնցումները ստացած էին` իբրեւ արդիւնք վերոնշեալ իրողութեանց:
1994-ի զինադադարով ազերիներէն պարպուած եւ Ազրպէյճանէն բռնագաղթած հայերով լեցուած, միջազգային ճանաչումի արժանացած Հայաստանի ու դիւանագիտականօրէն չճանչցուած, բայց փաստական գոյութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնները, յետ պատերազմեան վերաշինութեան հանգրուանի կ՛անցնին: Այստեղ կը յայտնուի կարեւոր պարագայ մը` հայկական երկու պետութիւններուն վերաշինութեան օժանդակելու համար կը ստեղծուի «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը, որ հայութեան զանազան կողմերը միաւորող ազդակ կը հանդիսանայ: Միեւնոյն ժամանակ կը սկսի Հայ դատի դիւանագիտական արծարծումը` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման արշաւի ձեւով, ուր փոփոխութեան ենթարկուելով մինչ այդ սփիւռքահայութեան կողմէ հետապնդուած հիմնական նպատակը` բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանի հողային պահանջատիրութիւնը, կը փոխարինուի հատուցման անյստակ դրոյթով` առանց պարզաբանելու հատուցուելիքը:
Հայաստանի անկախացմամբ եւ համաշխարհայնացման իրողականութեամբ, Հայ դատի հետապնդումը թէեւ ուշացումով` կ՛ընդելուզուի հայկական դիւանագիտութեան աշխատանքին մէջ, ուր ամէն ինչ նրբութեամբ արտացոլուելով` կը բախի այս գծով կազմաւորուած հայկական աւանդական մտածելակերպին: Այս ժամանակամիջոցին տարօրինակ միտքեր կը հնչեն, նոյնիսկ իրաւագիտութեան գիտակներէ, թէ 100 տարին երբ ամբողջանայ Հայ դատը կը կորսնցնէ իր օրինական ուժականութիւնը, մոռնալով կամ մոռացութեան տալով, որ սովորական ոճիրի հետապնդումն իսկ անժամանցելի է եւ նոյնիսկ հարկ եղած պարագային փակուած թղթածրարներ կը վերաբացուին, ալ ուր մնաց ամբողջ ժողովուրդի մը դէմ գործադրուած եւ իբրեւ մարդկութեան դէմ ոճիր արդէն միջազգայնօրէն ճանաչման ճամբուն վրայ գտնուող այս պարագան:
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշման թուականին մօտենալով, ազգային այս կոտտացող ցաւը պատշաճօրէն արտայայտելու ճիգերը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, ի վերջոյ կը յանգեցնեն Հայաստանի պետութեան մասնակցութեամբ համազգային մարմնի մը ստեղծման, որ երկար աշխատանքներէ ետք այս տարեսկիզբին, Ծիծեռնակաբերդի բարձրունքէն Հայաստանի նախագահին կողմէ համահայկական հռչակագիրի ձեւով կը հրապարակուի:
Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակէն մինչեւ հարիւրամեակ այս հպանցիկ ու ոչ ամբողջական զարգացումներու ներկայացումէն ետք, այժմ Հայ դատի հետապնդումը` համայն հայութիւնը իր պետականութեամբ հանդերձ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը կանգնեցնէ: Յստակ է, որ մինչեւ այժմ գոյութիւն ունեցած մտածելակերպերով եւ աշխատելաձեւերով, ներկայի աշխարհակարգին մէջ, թրքական պետութեան ամէն տեսակի խաղերով, հայոց արդար իրաւունքներուն տիրանալու հետապնդումը արմատական փոփոխութիւն կը պահանջէ, համահայկական մարմինի մը աշխատանքով, ուր արհեստավարժութիւնը նախապայման է: Հարիւրամեակէն ետք Հայ դատի հետապնդման այս ուղղութեամբ կազմակերպուած աշխատանքը միայն` կրնայ յուսալի ըլլալ այդ գծով յաջողութիւններու հասնելու:
ՅՈՎՍԷՓ ԱՐԹԻՆԵԱՆ