Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասիսի Լանջին Պիտի Պարե՞նք

Ապրիլ 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԵՆԻ  ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ-ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

4-24-15_24a-001Անկեղծօրէն սկիզբը ես ալ շատերու նման անմոռուկի հանդէպ, մեղմ ըսած, համակրանք մը չունեցայ… Այդքան արուեստագէտ, տաղանդաշատ եւ բարձրաճաշակ հայը եւ ընդամէնը ծաղի՞կ մը պիտի խորհրդանշէր Մեծ եղեռնի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը… «տեսնես` այդ ո՞ր մէկ …ն է առաջարկած այդ յղումը», կը կրկնէր յաճախ իմ մէջ տաքարիւն պատանին, մինչեւ որ օր մը, նոյն իմ տրամաբանութիւն եւ դատողութիւն կոչուած երէցս արձագանգեց` «ի՞նչ կարեւոր է, թէ ո՛վ եղած է առաջարկողը կամ որոշողը, եւ ի՛նչ գոյն կամ ձեւ գտած է խորհրդանիշը, կարեւորը այն է, որ 10 միլիոն հայ ընդունած են զայն եւ գործադրութեան մէջ դրած են միասնաբար…»:

Միասնաբա՜ր… միասնականութիւ՜ն… Այս հանգրուանին մեզի համար հաց ու ջուրի չափ անհրաժեշտ գաղափար մը, որ ափսոս, անիրագործելի է, որովհետեւ իտէալական է, իսկ կեանքը եւ իրականութիւնը գործնական ընթացք մըն են, որոնք հազիւ թէ իտէալականին հետ առնչութիւն մը ունենան: Ուրեմն ողջ հայ ժողովուրդին միասնականութիւն ներշնչող այս ծիլ անմոռուկի ծաղկունքը անսպասելի է, ան պիտի մնայ սոսկ իր ձեւին մէջ ընդամէնը մէկ տարի` առանց որեւէ գործնական խորութիւն մը ունենալու… ափսո՜ս:

Գուցէ զիս յոռետես համարես, յարգելի՛ ընթերցող, բայց ուրիշ ի՞նչ տրամադրութիւն կրնայ ունենալ հայ մը, երբ սփիւռքի մէջ իր երեք հզօր ուժերը միասնական տեսնելու համար պէտք էր սպասէր 100 տարի, ան ալ ընդամէնը մէկ օրուան համար` միայն մէկ համարով… Եթէ վստահ ըլլամ, որ «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերու ապրիլ 24-ի միասնական համարը ուշացած սկիզբ մը պիտի ըլլայ, ուրախութեամբ ու յուսադրուած գլուխս կը խոնարհեմ, իսկ եթէ սկիզբը դատապարտուած է անպտուղ մնալու, ուրեմն ծիլ անմոռուկ մը` առանց ծաղկունքի… Այնուամենայնիւ, չեմ վարանիր շնորհակալութիւնս յայտնելու նման «առաջին քայլը» իրականացնող քաջերուն, իսկ հետագան ընթացքը ցոյց կու տայ:

Ճանաչում… Ոճիրը կատարուած է եւ ոճրագործը ակներեւ է ողջ աշխարհի համար… բայց մեր ուզածը ի՞նչ է, արդեօք ա՞յն, որ հզօր պետութիւնները, որոնք նիւթական շահեր ունին ոճրագործին հետ, յանուն մարդասիրութեան հրաժարին իրենց շահերէն, դատապարտեն ու հաշուեյարդար պահանջեն ոճրագործէն, թ՞է այն, որ ոճրագործը ինքը յանուն մարդասիրութեան մեղայի գալով` ապաշխարէ, իր ոճիրը խոստովանի եւ թողութիւն հայցէ զոհէն…

Պահանջատիրութիւն… Եթէ օր մը Հոգին Սուրբը իջնէ ոճրագործին վրայ, եւ ան մեղայականով մը իր խիղճը հանգստացնելու համար, սիրայօժար պատրաստակամութեամբ փափաքի մեր պահանջը կատարել, ապա ո՞րու պիտի դիմէ, եւ գործնականօրէն ո՞րու պիտի փոխհատուցէ, ո՞ւր է այն պատասխանատու իրաւական մարմինը, որ պիտի ստանձնէ փոխհատուցումը… Եւ ո՞րն է մեր պահանջը, եթէ ոչ` բազմամիլիոն քիւրտերով բնակեցուած մեր պապենական հայրենիքը: Իսկ «միջազգային իրաւունքը» արդար պիտի գտնէ՞ արդեօք տեղահանել արդէն իսկ այնտեղ ապրող եւ սեփական հայրենիք համարող միլիոնաւոր քիւրտերը, որպէսզի աշխարհով մէկ տարածուած, հաստատուած, «բաղ ու պախճչա» դրած հայերուն իրաւունք տայ` յիշեալ տարածքներուն վրայ «ամառանոցներ» կառուցելու եւ տարին քանի մը ամիս հանգստանալու համար հոն երթալու որպէս պապենական հայրենիք…

Դուք ծանօ՞թ էք Աշնակ գիւղին,
Ուր ծիրանն է հասնում ճիւղին,
Ուր կտրին չիրն է քաղցրանում,
Ուր հոտը սարն է բարձրանում…

Վստահաբար ծանօթ էք Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարը» բանաստեղծութեան, ուր Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած, ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպած, ապա Սասունէն բռնագաղթած ու Հայաստանի Հանրապետութեան Աշնակ գիւղը հաստատուած սասունցիներու ոդիսականը կը պատմէ: Անցեալ դարու եօթանասունականներուն գրուած այս բանաստեղծութիւնը պարզ լուծում մը կ՛առաջարկէ, որ բոլորս գիտենք, կը հասկնանք, բայց մեզմէ շատերը, առանց որեւէ մէկ գործնական քայլ մը կատարելու, կը շարունակեն պարզապէս երազել Մասիսի լանջին շուրջպար բռնել…:

… պարի՜ Սասուն
Դու դեռ երազ ունես կատարելու
Վրէ՜ժ ունես պատմութիւնից դեռ հանելու
Պարի՜ գազպան դեռ քո ձեռքին է կարօտում,
Սասնայ հողը վար ու հերկի է կարօտում,
Պարի՜ մինչեւ ողջ հայերին դու ամբարես,
Եւ այս պարը Մասիս լերան լանջին պարես…

———————————————————————
Մինչեւ որ Արագածի շուրջ մեր քոչարին չպարենք,
Սասնայ եարխուշտան Մասիսի լանջին պիտի չպարենք…

 

 

 

Նախորդը

Բոցակէզ Պատկեր… Բոցավառ Պատգամ…

Յաջորդը

Մեր Ճիչը Զի՛լ Է, Զի՛լ Է

RelatedPosts

Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025
Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին
Անդրադարձ

Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլ» Թատերակը` Իբրեւ Արցախի Ազատագրման Ուղեգիծ

Մայիս 13, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Օգտակար Խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութեան` Ամերիկեան Լոպիական Ընկերութիւն Վարձակալելու Լոյսին Տակ

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?