ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Հասած է պահը, զոր «իրականացուցած եմ» յաճախ երազներուս մէջ, զայն ապրիլ տենչացած եմ մնայուն կերպով, անոր մասին կարդացած իւրաքանչիւր տողի հետ անիկա խոյացած է դիմացս իր պատկառելի շքեղութեամբ, զայն տեսնելու ու շօշափելի անուրջով օրօրուած եմ տակաւին փոքր տարիքէս…
Հասած է պահը, սակայն հազիւ հեռուէն զայն նշմարած, վախն ու յուզումը միախառնուելով` կը համակեն ողջ էութիւնս, լայն բացած աչքերուս մէջ արցունքը կը լճանայ, սիրտս կը ծանրանայ յիշատակներուս առթած ցաւէն ու կը ծառանայ դիմացս կանգնած ու զիս իր գիրկը կանչող հոյակերտ կոթողին գոյութեան պատճառին ահաւորութեան ի լուր:
Ծիծեռնակաբերդ…
Ինչո՞ւ իր վեհութեամբ եւ բացառիկ գեղեցկութեամբ անիկա յուշարարը պիտի դառնայ նահատակներով լեցուն վիհերուն եւ թուրքին գործած բացորոշ ու զարհուրելի ոճրագործութեան…
Ինչո՞ւ անոր ուխտ եկած տասնեակ սերունդներ իրենց միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ փորագրուած տեղահանումի, տառապալից աքսորի, երեւակայելի եւ աներեւակայելի սպանդի ու ամբողջ ազգի մը ցեղասպանութեան պատկերները մտաբերելով պիտի մօտենան անոր, ինչո՞ւ անոնք երբ իրենց գլուխը խոնարհելով յարգեն նահատակներուն յիշատակը, բոցավառ կրակին դիմաց կանգնած` պիտի վերյիշեն, որ իրենք զաւակներն են 20-րդ դարու առաջին, ամէնէն ահաւոր ու անմարդկային ցեղասպանութեան, իրենց մտքին մէջ կը թնդայ այն, որ իրենք Տէր Զօրի աւազները գրկած նահատակներուն կտակը շարունակելով` աշխարհի զանազան երկիրները հասած վերապրողներուն յաջորդներն են, որ իրենք տակաւին Դատ ունին անլոյծ, պահանջ ունին անկատար, հատուցումներ ունին անտեսուած…
Ինչո՞ւ անհոգ ու Դատ չունեցող ժողովուրդներուն շարքին չենք, ինչո՞ւ հայ ըլլալը պիտի նշանակէ 100 տարուան Դատի մը հաւատաւոր զինուորը ըլլալ, անվերջ պայքարող մարտիկը դառնալ, տիւ ու գիշեր պահանջատէրի պատերազմ մղել:
Կը բարկանամ Ծիծեռնակաբերդի գոյութեան դէմ, ինծի համար եւս անակնկալ մերժողութեամբ մը հայեացքս կ’ուղղեմ դէպի սլացիկ կոթող, դժկամող ոտքերս կը փորձեն տանիլ առաջ` դէպի երկինք սլացող, հայ ժողովուրդին գոյատեւումն ու ֆիզիքական վերելքը մարմնաւորող 44 մեթրնոց սիւնին կողքին կանգնելու եւ դէպի երկինք բարձրացող ընդվզումս արտայայտելու ու աղօթքս մրմնջելու:
Հազիւ քանի մը վայրկեան տեւած այս տատամսումիս վերջ տալու օժանդակութեան կը հասնին ինծի համար սուրբ նկատուողներ:
Էութեանս մէջ որքան բարակ թելով մը իրարմէ անջատուած են դէպի Ծիծեռնակաբերդ վազելու, ձեռքի ծաղիկներս անմար կրակին շուրջ զետեղելու, պահուան առթած յուզումն ու ցնցումը ապրելու տենչը եւ կռնակս դարձնելով, մէջս փոթորկող յոյզերն ու միտքս չարչրկող խոհերը հոն թողելով լոյսի մայրաքաղաք Երեւան վերադառնալու փափաքը:
Կը զգամ, թէ հայրիկի մը յոգնած ու վերապրում կերտած ձեռքը կը սեղմէ ափս` դէպի առջեւ մղելով զիս, իր քանդուած հայրենի տան փոխարէն քար առ քար հայ ընտանիքի երդիք կառուցած հայ մամիկի մը աղաչական ու պահանջող ձայնը կը շշնջայ ականջիս, թէ` խոստում ունիմ յարգելիք, անջրդի ու հրկիզող Տէր Զօրի անապատներուն դաժանութեան յաղթելով` ապրելու եւ ապրեցնելու կամքի ներկայացուցիչներ դարձածներ, իրենց հարազատներուն տանջամահ ըլլալը տեսնելով հանդերձ, հայ ազգին կրկին շունչ ու հոգի տուողներ կը կանգնին դիմացս` իրենց արժանի զաւակը ըլլալու կոչով:
Թէեւ առանձինս կը քալեմ, սակայն անոնք բոլորը իմ կողքիս են, Արարատը իր վեհութեամբ ու խորհրդաւորութեամբ կը հսկէ մեր ուխտի կատարման` հաւատալով, որ օր մը իր լանջերուն բնակող հայ մանուկներուն ճիչերով պիտի արթննայ ու հայ մամիկներուն աղօթքներով քուն մտնէ:
Արդէն խրոխտ են այլեւս քայլերս, սպանդին յաղթանակած ազգի մը զաւակը ըլլալու հպարտութեամբ լեցուած է էութիւնս, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ու ինձմէ Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին շուրջ ծաղիկ զետեղել խնդրած իւրաքանչիւր մամիկէն փոխանցուած գուրգուրանքով ու պապիկին առթած զօրութեամբ կը հասնիմ բոցկլտացող անմար կրակին մօտ:
Կը դիտեմ կրակը, «կը խօսիմ» բոցերուն հետ ու անշէջ հուրը յիշատակներէս պատկերներ կը գծագրէ իր մէջ…
* * *
– Դուն վազող բոց տեսա՞ծ ես:
– Վազող բո՞ց…
Եղբայրս էր, որուն միացաւ մայրս, ու միասին «պարեցին», մինչեւ որ ածխացած ուրուականներու նման, յոգնած այդ «պար»-էն տապալեցան դիմացս… Աւելի քան 83 տարիներու ամէնօրեայ երազս է` վազող բոցը, եւ երեւակայէ, որ առանց հասկնալու, թէ ճիշդ ի՛նչ է այդ, պահ մը հրճուած էր մանկական երեւակայութիւնս` տեսնելով, որ բոցը կը շարժի, ձեռքեր ունի, կանչել կ՛ուզէ մեզ` արդէն իսկ ափ ըլլալէ դադրած ձեռքերուն ծայրամասերը շարժելով…
Կը զգամ, թէ ա՛լ անզօր եմ կասեցնելու կոկորդէս դուրս ցատկիլ ուզող այդ գունդը, անկարող եմ պահելու արցունքներս, որոնք ձեռքիս վրայ իյնալով կը միանան կողքիս նստած վերապրող պապուկին թախծող աչքերէն վազող կաթիլներուն:
Կը շարունակէ.
– Բոլորս կը քալէինք ոչխարներու նման, կիներ, ծերունիներ, փոքր պատանիներ ու մանուկներ: Անօթի էի ու ծարաւ, կօշիկներս արդէն մաշած էին եւ տաք աւազին վրայ հազիւ կրնայի յառաջանալ: Ձեռքս ուժգին, ցաւցնելու աստիճան սեղմած մայրս անվերջ կ’արտասուէր, անոր տխրութեան ի տես երբեմն-երբեմն կ’արտասուէի նաեւ ես` չհամարձակելով անօթի ու ծարաւ ըլլալս յայտնել խեղճ մօրս: Ես չտեսայ, սակայն մեր շուրջ գտնուող կիներ ըսին, թէ գիւղէն չելած` հօրս սպաննուիլը տեսած մայրս ա՛լ աւելի մեծ հարուած ստացած է, երբ իր աչքին դիմաց պարմանուհի քոյրս բռնաբարելէ ետք թուրք զինուորները զայն թուրք հովիւի մը վաճառած են… Հէգ քոյրս որքա՜ն աղաչած էր մօրս` զինք չլքել, որքա՜ն անոր օգնութիւնը հայցած էր, սակայն անզօր մայրս արձանի նման մնացած էր անխօս: Իսկ աւելի ուշ արդէն տակաւին նոր պատանութեան դռները թակած եղբայրս ու իրեն տարեկից հարիւրաւորներ առած տարած էին` ըսելով, որ զանոնք որբանոցի մը պիտի յանձնեն: Արեւը արդէն մար մտած էր, մութը` գրեթէ իր սաւանը փռած: Հասանք տեղ մը, ուր քիչ մը հանգիստ պիտի ընէինք: Մայրս ուժգին սեղմեց զիս կուրծքին ու լուռ հեկեկաց: Չէի գիտեր` ի՛նչ ընել, կը յիշեմ, որ թաթիկներս սահեցուցի անոր դէմքին, շոյեցի այտերը, համբուրեցի արցունքները ու ես ալ սկսայ լալ:
– Մի՛ լար, որդի՛ս, դուն պիտի շարունակես մեր գերդաստանին երթը, վստահ եմ, որ եղբայրդ պիտի գտնէ քեզ, թէկուզ տարիներ ետք, ու պիտի վերակենդանացնէք մեր ընտանիքը:
Յոյսով, սակայն ոչ մեծ հաւատքով արտասանուած մօրս խօսքերը լսելով քուն մտած էի, երբ իրարանցումէ մը սթափեցայ.
– Բո՜ց կայ, տեսէք,- կը պոռային կիները:
Բոլորը ետեւ դարձած` կը փորձէին կռահել, թէ ի՛նչ կը կատարուէր:
– Կրնանք հոն երթալ, քիչ մը ջերմանալ, արդէն ցուրտէն որդիս գրեթէ սառած է,- իրարանցումով կը փսփսար իր մահացած նորածինը գրկած ու անոր մահը մերժող հարս մը:
Գրեթէ ոչ ոք կը շարժէր, աւելի խոհեմ կիները կարծես հասկցած էին, որ բոցը սովորական խարոյկէ մը չի բարձրանար: Մայրս` աչքերը դէպի բոցը, ծնրադիր կ’ողբար` առաջին անգամ ըլլալով զիս մոռնալով: Ես իր փէշը սեղմած` կը նայէի մերթ մօրս, մերթ բոցին:
Յանկարծ եղաւ անսպասելին… Բոցավառ ուրուական մը սկսաւ վազել դէպի մեր կողմը` «Մայրի՜կ, մայրի՜կ» գոռալով… Մայրս դադրեցուց ողբը, ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ դէմքին վրայ, ընդոստ ոտքի կանգնեցաւ եւ սկսաւ վազել արդէն բաւական մեզի մօտեցած բոցին կողմը: Եղբօրս կիսադէմը տեսանելի էր, բոցը տակաւին ամբողջ դէմքը չէր ծածկած: Կ’ուզէի ես ալ հետեւիլ մօրս, կու լայի ու կը պաղատէի, սակայն ետին կանգնած կին մը սեղմած էր ուսերէս ու կը փորձէր փակել աչքերս… Սակայն կանացի մատներուն արանքէն կը դիտէի մարդկութեան ուղեղին համար անընկալելի տեսարանը:
Մայր ու որդի գիրկընդխառնուեցան, քար լռութեան մէջ մօրս հեծկլտոցին ձայնը կը լեցնէր ամբողջ անապատը եւ կը հասնէր մինչեւ երկինք, եղբայրս արդէն անկարող էր խօսելու, միջամտել փորձողներուն դիմաց մտրակ կը ճօճէին թուրք զինուորները… Խեղճ մայրս երկար չլացաւ, քիչ անց ինք եւս արդէն վերածուեցաւ բոցի մը` բոց եղբայրս գրկած… Աչքերս «փակած» կնոջ կուրծքին ելեւէջներէն կը զգայի հեկեկոցը, արցունքի կաթիլները կ’իյնային պատռտուած հագուստներէն մերկ մնացած ուսիս, ողբի ալիքը հետզհետէ կը տարածուէր, եւ աղիողորմ ձայները կը բարձրանային… Երէց կին մը լացի շղարշը պատռելով` գոռաց.
– Անաստուածնե՛ր, ոճրագործնե՛ր, աշխարհը պիտի չներէ ձեզի, օրը պիտի գայ, երբ արժանի պատիժը պիտի ստանաք, անաստուածնե՜ր, ոճրագործնե՜ր…
Բոլորը անշարժ էին, անզօր էին ու տկար… Միակ համարձակը եղաւ արդէն իսկ խելակորոյս հարսը, որ մահացած նորածինը գիրկը` կրցաւ վազել դէպի բոցը ու անոր մէջ նետել իր մանուկը.
– Թող տաքնայ, որպէսզի չմեռնի, թող ջերմանայ, սառած է խեղճը…
Չեմ գիտեր` որքա՛ն տեւեց «խարուկահանդէսը», գիտեմ, որ ուշքս կորսնցուցած էի գրեթէ, իսկ երբ աչքերս բացի, ածխացած մօրս ու եղբօրս միացումը տեսայ յստակօրէն:
Ստիպուած էինք քալել, թրքական «շարժապատկեր»-ը աւարտած էր, պէտք էր շարունակէինք մեր աքսորը` առանց կարենալ պատկերացնելու, որ յաջորդ ոճրային պատկերը ի՛նչ պիտի ըլլայ, ո՞վ պիտի ըլլայ զոհը այս անգամ: Կը մերժէի քալել, կ’ուզէի միանալ մօրս, կ’աղաչէի, որ գէթ վերջին անգամ համբուրեմ զայն, սակայն զիս համոզել փորձած ու ձախողած կին մը` յուսահատ, գրկեց զիս ու սկսաւ քալել` ականջիս մրմնջելով, որ չվախնամ, որ ինք պիտի ըլլայ պահապանս:
Ճամբուն ընթացքին կիներէն մէկը, որ իր գեղեցկութեան զոհը դառնալով` ամբողջ աքսորին տեւողութեան թուրք զինուորի մը ճիրաններուն մէջ ինկած էր, պատմեց, թէ զինուորը իրեն ըսած է, թէ հարիւրաւոր պատանիներու հրկիզումէն բարձրացող բոցն էր ատիկա, իսկ եղբայրս աւելի ծայրը գտնուելով, միւսներուն նման լրիւ չէր այրած…
Լռեց հայրիկը ու նայեցաւ կարմրած աչքերուս. շոյեց այտերս ու զիս գրկած սկսաւ բարձրաձայն հեկեկալ.
– Բայց մօրս կտակը կատարեցի, հաւատա՛, մօրս կտակը կատարեցի, հակառակ անոր որ մահը յաճախ սպառնաց ինծի, սակայն տոկացի, որպէսզի մեր ընտանիքը վերապրի,- ըսաւ ան այնպիսի անմեղ շեշտով ու մեղմ ձայնով, որ կարծէք այդ ահաւոր տեսարանը դիտող մանուկն ըլլար:
Կը համբուրեմ լայն ճակատն ու կթոտած ձեռքերը` օրհնուած ըլլալու գոհացումով բաժնուելով մեծ պապուկէն:
* * *
Խոր քունէ սթափածի նման կը վերադառնամ իրականութեան` դուրս գալով բոցավառ յիշատակներէս: Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յաւերժութիւնն ու անմահութիւնը խորհրդանշող բոցին ջերմութիւնը կը զգամ դէմքիս վրայ, երկինքը եւս կ’արտասուէ ու կը միանայ ողբիս, ինծի «ընկերակցող» վերապրողները կողքիս չեն արդէն, առանձինս ծնրադրած եմ` ծաղիկներս սեղմած:
Կը կանգնիմ ինքնավստահ ու սէգ, հայավայել կեցուածքով, կը կանգնիմ Ծիծեռնակաբերդ հասած պահուս ներաշխարհս փոթորկող ընդվզումի ու բարկութեան փոխարէն զգալով կտակին սրբութենէն ու զօրութենէն էութիւնս լիացուցած ուժին անսահման տարողութիւնը: Բոցին ընդմէջէն կատարած «ճամբորդութիւնս» եւ պապուկին գէթ վերջին խօսքը` թէ ինք վերապրումի խոստումը յարգած է, կը մղեն մտածելու, թէ որքան աննշան ենք վերապրողներուն հերոսութեան դիմաց, որքան անհեթեթ են մեր ապրումներն ու ցաւերը անոնց կրած տառապանքներուն դիմաց, որքան դաւաճան ենք, եթէ յոգնինք պայքարէն, եթէ տկարանայ մեր կամքը եւ պահ մը յանդգնինք մտածել, թէ ինչո՞ւ մենք նման ճակատագիր պիտի ունենայինք…
Այո՛, մե՛նք, որովհետեւ մենք ոչ միայն նահատակներ ու զոհեր, այլ վերապրողներ եւ վրիժառուներ ունեցած ենք, մենք ապրած ենք նահատակներուն գիր-գրականութեամբ ու մշակոյթով, մենք կրցած ենք ողբէն ու վիշտէն դուրս գալ ու վերստին կերտել ազգ մը:
Այո՛, մե՛նք, որովհետեւ թրքական ամէն տեսակի չարչարանքներէ ու սպանդէ ճողոպրելէ ետք Տէր Զօրի աւազամրրիկները յաղթահարած, սովն ու ծարաւը ծաղրած մեր մեծ պապերն ու մայրիկներն են, որոնք օտար ափերու մէջ անկոտրում կամքով ոչինչէն ամէն ինչ կերտեցին, հայութիւն պահպանեցին ու կրցան ցաւը ոտնակոխելով ըլլալ պահանջատէր:
Այո՛, մե՛նք, որովհետեւ մենք կրցանք բոցերուն մէջ տեսնել լոյսը, յոյսը եւ հաւատքը, հրկիզող բոցը կրցանք վերածել լուսաւորողի, ցաւցնող վէրքը մահուան չյանձնուելու միջոցի` անապատին մէջ մահաքունին չյանձնուելով:
Հեռուէն կը դիտեմ Ծիծեռնակաբերդի 12 պազալթաշէն մոյթերը, որոնք կը խորհրդանշեն Արեւմտահայաստանի 12 նահանգները, ուրկէ տարագրուեցան տասնեակ հազարաւոր հայեր, 12 սիւները խոնարհած են անմար կրակին շուրջ` իբրեւ յարգանք մէկուկէս միլիոնին:
Կը հեռանամ` հոգիս ու միտքս ձգելով այնտեղ, կը հեռանամ նոյն ուղիով, սակայն այս անգամ` առանց տատամսումի, առանց հարցումներու, հեռու «ինչո՞ւ»-ներէն… Ծիծեռնակաբերդը նահատակութեան խորհուրդը չէ միայն, այլ պատգամն է պահանջատիրութեան, 12 սիւները լոկ իբրեւ խորհրդանիշ ունենալէ բացի մեր 12 նահանգներուն վերադարձին պայքարը բոցավառ պահող կոթողն է, կանչն է` տէրը ըլլալու անգերեզման նահատակներու սրբազան կտակին` Տէր Զօրէն ի սփիւռս աշխարհի, մինչեւ Ծիծեռնակաբերդ:
Կը հեռանամ` կրկին վերադառնալու խոստումով, կը հեռանամ ֆիզիքապէս առանձին, որովհետեւ հոն իրենց վերջին հանգիստը գտան միշտ ինծի հետ եղող այն վերապրողները, որոնց դաժան վկայութիւններուն ականջալուր եղած եմ, որոնց արցունքներուն պատգամաբեր ջերմութիւնը զգացած եմ, եւ որոնց գրկած եմ` միշտ չյաջողելով սփոփանքի խօսքեր գտնել:
Կը հեռանամ, սակայն Ծիծեռնակաբերդ այցելող ո՞ր անհատը կրնայ ներաշխարհով հեռանալ հոնկէ, ո՞ր հայը կրնայ առաւել եւս չկառչիլ իր Դատին ու պահանջատիրութեան, եւ իւրաքանչիւր հայու ողջունող Արարատի սէգ ճակատին նայելով ո՞ր իսկական հայը կրնայ չերդուել, որ ժայռերու պէս անսասան կամքով, անքակտելի միասնականութեամբ պիտի ձգտի իրականութիւն տեսնելու մեր պապերուն սուրբ կտակը.
«Պիտի հասնինք, սրբազա՛ն լեռ, կատարիդ»:
Յուզումս գրիչով արտայայտելը կարողութենէս վեր է:
Պօղոս Շահմելիքեան