ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բախտը իր ամբողջական իմաստին մէջ ունի զանազան իմաստներ եւ յարաբերական ձեւով կը տարբերի անձէ անձ կամ երկրէ երկիր: Կարգ մը ազգերու համար բախտի իսկական քաղցրութիւնը կրնայ ըլլալ հանքային եւ նաֆթային հսկայական պահածոներ ունենալուն մէջ, ուրիշներու համար նիւթական եւ քաղաքական բարձր մակարդակի վրայ գտնուելուն մէջ, սակայն հայութեան համար այդ մէկը ունի ամբողջութեամբ տարբեր երեւոյթ մը. մենք աւելի քան 9-10 դարեր մեր բախտը փորձած ենք գտնել միայն մէկ բանի մէջ` «մեզ թող հանգիստ ձգեն, ուրիշ բան չենք ուզեր…», որուն փնտռտուքը մինչեւ օրս կը շարունակուի, սակայն բախտը կը մնայ նոյն յամառութեան վրայ…
Հայ ժողովուրդը այսօր, Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարիներ անց, իր գոյութեամբ, ծով համբերութեամբ կը փաստէ բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի բառերը, որ հայոց սեւ ճակատագրին մասին խօսելով` կ՛ըսէ.
«Ես գիրն այդ սեւ պիտի ջնջեմ ո՛չ արցունքով ու ո՛չ արեամբ,
Ամպրոպներով իմ անհամբեր ու իմ քարէ համբերութեամբ…»:
Ծով համբերութիւն, որ ունի դար մը կեանք. համբերութիւն, որ երբեք կարելի չէ անտարբերութիւն անուանել, որովհետեւ կան այնպիսիներ, որոնք հայոց քաղաքակիրթ ու համբերատար ընթացքը կ՛անուանեն որպէս անտարբերութիւն: Այդ մեր ցաւը կարելի չէ արեամբ լուծել, որովհետեւ այնքան շա՜տ արիւն թափած է հայ ազգը իր պատմութեան ընթացքին: Արցունքով եւս անկարելի է յաղթահարել, որովհետեւ արցունքը եւս անպակաս մէկ մասնիկը եղած է հայ ժողովուրդին, բայց թերեւս բախտը այնքան ալ յանցաւոր դեր չխաղայ այդ իրողութեան մէջ, որովհետեւ իրապէս ալ… «Պարզապէս մահն էր մեզ սիրահարուած…» (Պարոյր Սեւակ): Սիրահարած էր այնպիսի տարփանքով, որ տակաւին մինչեւ օրս չկրցանք յաղթահարել: Միշտ ալ մահը հետապնդեց մեզ, ուզեց գրկել ու ամբողջութեամբ իրը դարձնել, սակայն հայ ազգի կամքը եւս բախտի նման մնաց յամառ` իր հաստատամտութեամբ, գտնելու համար գոյութիւն չունեցող արդարութիւնը:
Պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին հանդէպ իրագործուած սպանդները, ջարդերը, կոտորածներն ու ոճիրները, գերութիւնն ու աքսորը երբեք արտասովոր ու տարօրինակ չեն եղած հայերուս աչքին, որովհետեւ գրեթէ անոնք անպակաս եղած են հազարամեայ մեր երթին ընթացքին: Սակայն հայ ժողովուրդը միշտ ալ շարունակած է ու մինչեւ օրս կը շարունակէ անդունդի մէջ փնտռել խաղաղութիւն մը, որուն ինչ ըլլալը տակաւին անյստակ է մեզի:
Հոն, ուր նպատակ, կամք ու յոյս չկայ, հոն մեռելութիւն է եւ այդ է պատճառը, որ մենք` հայերս, ամէն տեսակի փորձութիւններէ ետք դարձեալ շարունակած ենք ապրիլ: Մեր գոյատեւումի ընթացքը հաւանաբար խորհրդաւոր միսթիք մը թուի շատերու, որովհետեւ հազարամեայ պատմութեան ընթացքին գոյութիւն ունեցած են հայութենէն շատ աւելի զօրաւոր ազգեր ու պետութիւններ, որոնք այսօր լոկ պատմութեան էջերուն մէջ կը յիշուին: Հայ ազգը, հակառակ բախտի չգոյութեան, կրցած է գոյատեւել, որովհետեւ ան միշտ ալ փախուստ տուած է մահէն ու նուիրուած` կեանքի փնտռտուքին, կառչած կեանքին, յամառօրէն միշտ ալ գոչելով. «Կա՛նք… պիտի լինենք…» ու այդ խօսքը վերածած` կեանքի. փաստ` սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր դպրոցներն ու եկեղեցիները:
Հայ ազգը իր երկարամեայ պատմութեան ընթացքին, օգնութեան երկարող օտար ձեռքերու վստահելով` շատ անգամ յուսախաբ եղած է, երբեմն ալ` լաւապէս օգտուած, անշուշտ անոր դիմաց տալով բազմապատիկ պարգեւ, որովհետեւ արդարութեամբ քաղաքականութիւն գոյութիւն չունի. ինչպէս մարդիկ իրենց ներքին կեանքի մէջ, այնպէս ալ ազգեր կը վազեն ու կը հասնին հոն, ուր իրենք եւս այսպէս կամ այնպէս շահ մը ունին: Շատ ձեռքեր երկարած են մեզի, սակայն պէտք է գիտնանք, որ մեր ցաւի իսկական տէրերը մենք ենք, եւ ոչ ոք կրնայ ցաւը այնքան հասկնալ, որքան ցաւողը. այդ իսկ պատճառով մենք պէտք է ապաւինինք միայն մենք մեր վրայ, պէտք է օգնենք իրարու` ձեռք-ձեռքի տալով եւ հայ ազգի հպարտ ոգին միշտ բարձր ու վառ պահելու առաջադրանքով, ինչպէս Սասունի առաջին ապստամբութեան ժամանակ Հրայր Դժոխքի` «Հնչակ»-ի 1894-ի երկրորդ թիւին մէջ գրած հետեւեալ տողերը, որ այսօր եւս նոյն ուժգնութիւնն ու իմաստը ունին.
«Հա՛յ եղբայրներ
Հասաւ, վերջապէս, դարերէ ի վեր սպասուած կարմիր օրն. ահա կը հնչէ սրբազան զանգակն Սասնոյ բարձրաբերձ լեռներէն. ահա կը ծածանի այդ բարձանց վրայ հայութեան եւ մարդկութեան ոտնակոխուած իրաւանց նախանձախնդիր կարմիր դրօշակն. ահա զրկելոյն վրիժուց եւ բռնաւորին դատաստանի կենաց եւ մահու ժամը վճռական:
Այսօր, Հայկական խնդիրը նոր եւ գեղեցկայոյս շրջանի մը մէջ կը թեւակոխէ: Այսօր, ստրկական համբերութիւնը, գաղտագողի հառաչանքը, լռելեայն զայրոյթը եւ խուլ բողոքը կը վերջանան եւ անոնց կը յաջորդէ առիւծի մռնչիւնը…
Պէտք է այլեւս ոչ մէկ յոյս դնել դուրսի ուժերուն վրայ, որոնք թերեւս թշնամի էին հայ ժողովուրդին, ոչ մէկ յոյս թուրք կառավարութեան վրայ, որքան ատեն որ կը տիրեն ներկայ կարգերը, ոչ մէկ յոյս դուրսի ուժերուն վրայ, այլ պէտք է ապաւինիլ միայն սեփական ուժին, սեփական միութեան ու կազմակերպութեան…»:
Եւ այսօր ակներեւ է հայ երիտասարդութեան առիւծի մռնչիւնները, որովհետեւ այսօր կան նոր սերունդներ` հարիւրամեակի պոռթկուն ոգիով կլանուած: Այսօր լացող, ողբացող հայ գոյութիւն չունի ու չի կրնար ունենալ աշխարհի երեսին, այլ կայ պահանջատէր ու վրիժառու նայուածքներով հայ երիտասարդութիւն: Տակաւին 1915-էն տասնամեակ մը առաջ Հրայր Դժոխք կը հրամայէ, որ բողոքները վերջ գտնեն ու անոնց յաջորդեն առիւծի մռնչիւնները:
Որքա՜ն բաղձալի պիտի ըլլար Եզեկիէլի մարգարէութեան գիրքի 37 գլխուն մէջ գրուած դրուագը` բառացիօրէն կապուած ըլլար հայ ժողովուրդի գոյութեան: Ըստ դրուագին, Աստուած Եզեկիէլ մարգարէն կը տանի անապատ ու ցոյց տալով անշնչացած ոսկորները` կ՛ըսէ. «Մարդո՛ւ որդի, կրնա՞ն այս ոսկորները վերստին կենդանանալ», ու Տէրը դառնալով մարգարէին կ՛ըսէ. «Մարդո՛ւ որդի, մարգարէացիր այդ ցամքած ոսկորներուն եւ ըսէ անոնց. «Ցամքա՛ծ ոսկորներ, ես ձեզ ջիղ եւ միս պիտի տամ, ձեզ մորթով պիտի պատեմ, իմ հոգիս պիտի տամ ձեզի եւ պիտի կենդանանաք» (Եզեկիէլ 37.3-6):
Ա.- ՋԻՂԸ ՈՐՊԷՍ ԿԱՄՔ ՈՒ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ.- Ջիղը, որ պէտք է մեր ազգին, համբերութեան ու կամքի ոգին է. այդ մէկը աւելի քան հազարաւոր տարիներ հայ ժողովուրդը ունի, սակայն տակաւին կարիքը ունի, յաւելեալ ջիղի` մինչեւ վերջ համբերութեամբ տանելու եւ ստանալու համար յաղթանակի պսակը: Համբերութեան ջիղ` դիմանալու հայութեան ճակատագիրէն անպակաս եղող դժուարութիւններուն. համբերութիւն` դիմադրելու համար մահուան սիրահարութեան դէմ, ըսելով, որ մենք արդէն իսկ սիրահարած ենք կեանքին: Համբերութիւն, որովհետեւ հայը միշտ ալ համբերած է մինչեւ յարմար ժամանակը գայ, ինչպէս Ծերենց «Երկունք Թ. դարու» վէպին մէջ կը գրէ. «Հայը պէտք է համբերէ, մինչեւ որ գայ դանակը ոսկորին կռթնի, էլ համբերելու ճարը հատնի, այն ատեն սմքած գառը առիւծ կը դառնայ»: Համբերութիւն` մէջի առիւծը անձայն պահելու, մինչեւ գայ պոռթկումի օրը:
Բ.- ՄԻՍԸ ՈՐՊԷՍ ԼԵԶՈՒ, ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԿՐՕՆ.- Միսը մարդկային մարմնի կազմութեան մէջ այն իրողութիւնն է, որ կը ծածկէ մարդկային ոսկորներն ու ջիղերը` զանոնք աւելի ապահով վիճակի մէջ պահելով: Վստահաբար ընթերցողներէն ոչ ոք տեսած է ապրող մարդ արարած մը, որ զուրկ է միսէ, որովհետեւ առանց միսի` մարդ կը վերածուի չորցած ու անշնչացած ոսկորի: Նոյնպէս ալ հայ ազգի գոյութեան համար պէտք են` լեզուն, մշակոյթն ու կրօնը միասնաբար, որովհետեւ անոնք իրարմէ անբաժանելի մասնիկներ են: Անոնց գոյութիւնն է, որ կրցած է ապահով վիճակի մէջ պահել մեր ապրիլ ձգտելու, կամքի ու համբերութեան ջիղերը: Մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին այդ սրբազան միսերը եղած են մեր պայքարի վահանները եւ անոնց միջոցով է, որ այսօր տակաւին կանք աշխարհի երեսին, որպէս փոքր, սակայն հրաշագործ ժողովուրդ, որ միշտ կրցած է յարութիւն առնել ամէն չարչարանքէ ու դաժան խաչելութենէ ետք:
Գ.- ՄՈՐԹԸ` ՈՐՊԷՍ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ.- Վերոյիշեալ բոլոր իրողութիւնները ի մի համախմբողը մորթն է, որ ամբողջութեամբ պաշտպանն է թէ՛ ջիղին ու ոսկորին եւ թէ՛ միսին: Մեր իրականութեան մէջ աւելի քան երբեք հիմա է, որ մեզ մորթ պէտք է, դառնալու համար մէկ բռունցք, մէկ կամք ու նպատակ, որովհետեւ ի՞նչ կ՛արժէ մարդը, եթէ ունենայ ջիղ, ոսկոր ու միս, սակայն բոլորն ալ` իրարմէ անջատ վիճակի մէջ, ու չունենայ մորթը` զանոնք ի մի համախմբելու համար: Պետութիւններ ու ազգեր պատմութեան ընթացքին յաճախ փորձած են մեզ մորթազերծ ընել. շատ անգամ մենք մեզի դէմ փորձած ենք կատարել այդ մէկը, սակայն յաջողութեան գաղտնիքը միասնականութիւն խորհրդանշող մորթին գոյութիւնն է, որ Եղիշէ Չարենց հայ բանաստեղծը կու տայ այդ գաղտնիքը` ըսելով. «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնդ քո միասնական ուժի մէջ է…»:
Դ.- ՀՈԳԻՆ` ՈՐՊԷՍ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ ՀԱՒԱՏՔԻ.- Վերոյիշեալ երեք իրողութիւններն ալ անջատ-անջատ գոյութիւն չեն կրնար կազմել. կարելի չէ տեսնել մարդ մը, որ միայն ոսկոր ունի եւ կամ` միայն ջիղ, առանց միսի, սակայն` մորթով: Երեք իրողութիւններն ալ միասնաբար է, որ կեանքի կը կոչուին. կարելի չէ անոնցմէ մին դասել աւելի բարձր իսկ միւսը` նուազ կարեւոր, որովհետեւ մէկը միւսը լրացնող ու ամբողջացնող իրողութիւններ են: Սակայն կարելի չէ յաջողութիւն ձեռք ձգել` առանց հաւատալու կատարուող պայքարին նպատակին ու ոգիին, որովհետեւ ազգ մը իբրեւ հաւաքական մարմին կը գոյատեւէ այնքան, որքան հաւատք ունի հասնելու իր իղձերուն ու նպատակներուն, քանի որ կատարուած գործին հանդէպ հաւատք ունենալը գործին կէս յաջողութիւնը ապահովել է:
Երբ վերոյիշեալ բոլոր կէտերը ի մի համախմբենք լաւագոյն ձեւով, այն ատեն է, որ առողջ ու քաջ մարդու նման ոտքի կը կանգնի հայ ազգը եւ այն ատեն է, որ Աստուծոյ խօսքին համաձայն` «Տկար եղողը «ես զօրաւոր եմ» թող ըսէ» (Յվլ 3.9-10) կրնայ ըսել անվախօրէն, ապրիլ ձգտող իր ջիղերուն, ոգիին ու շունչին ապաւինելով:
Այո՛, բախտը անծանօթ է մեր ազգի հասցէին եւ կամ գուցէ գիտէ, թերեւս ալ կ՛ուզէ գալ, սակայն միշտ ալ արգելք կը հանդիսանանք անոր: Սակայն հայը չի յուսահատիր բախտի չգոյութեան անբախտութենէն, որովհետեւ ան գիտէ իր անբախտութեան մէջ իր իսկ ձեռքերով ստեղծել իր բախտը` ծնունդ տալով Անդրանիկներու, Հրայր Դժոխքներու եւ նման բազմաթիւ հազարաւոր հերոսներու: Բախտը անծանօթ է մեզի, սակայն մենք կրցած ենք ստեղծել մեր բախտը, ու թէեւ շատ անգամ գանգատած ենք Աստուծոյ բախտի չգոյութեան պատճառով, սակայն շարունակած ենք մեր ձեռքերը դարձեալ դէպի երկինք բարձրացնել ու շնորհակալ ըլլալ, շինած ենք եկեղեցիներ, շինած` դպրոցներ, պահած` հայ լեզուն եւ մշակոյթը, որովհետեւ ՀԱՅ-ը եւս յամառ է, ինչպէս մահը սիրահարած է իրեն… ինք ալ սաստիկ սիրով կապուած է կեանքին:
Փա՜ռք այն հերոսներուն, որոնք բախտի չգոյութեամբ մեզի համար բախտ դարձած են` իրենց կեանքը զոհելով հայրենիքի սիրոյն: Ա՛յս է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պատգամը: