Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
– Լսեցի՞ր… Պէյրութի մէջ հայկական մեր երեք թերթերը որոշած են ապրիլ 24-ին միացեալ թիւ մը հրատարակել Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով,- աւետեց բարեկամս, հեռաձայնի գիծին միւս ծայրէն, ու արագ խորհրդածութիւններ ըրաւ մեր հասարակաց իրաւունքներուն համար միացեալ ճակատով շօշափելի արդիւնքներու հասնելու մասին:
Յիշեցուցի, որ նման նախաձեռնութիւն աննախընթաց չէ, իսկ ճակատումի նոյն խրամատին մէջ ըլլալու մեր մամուլի երթին մէջ հպարտառիթ հանգրուան մը կտրած ենք ճիշդ 50 տարի առաջ, երբ «Ազդակ»-ն ու «Զարթօնք»-ը միասնաբար դիմակալեցին թրքական խարդաւանանք մը եւ յաղթական դուրս եկան պատմական դատավարութենէ մը:
Ընկալուչը վար դնելէ ետք երեւակայութեանս ցուցամատը կոխեց յիշողութեանս այն կոճակին վրայ, որ դէպի ետ թաւալող ժապաւէնի մը պէս զիս տարաւ անցեալ` 50 տարի ետ, հասցուց 1965 տարուան մէկ պատմական օրը, երբ…
Միջնակարգի աշակերտ էինք. թերթերու եւ ձայնասփիւռի-պատկերասփիւռի առօրեայ լրատուութեան հետ շատ կապ չունէինք. այս կալուածը այսօրուան չափ տարածուած ու մատչելի ալ չէր. մեզ աւելի՛ կը հետաքրքրէին ժապաւէնները, արեւմտեան նոր երգերը, Պիթըլզը, Ռոլինկ Սթոնզը, Փոլ Անքան, Փեկի Լին եւ այդ օրերու աստղերու հոյլը:
Օր մը մեր ուսուցիչը յայտարարեց, որ յաջորդ օրը մեզ խմբովին դատարան պիտի տանէին, որովհետեւ «պատմական դատավարութիւն մը» տեղի պիտի ունենար Պէյրութի Արդարութեան պալատին մէջ: Բաւականացաւ բացատրելով, որ «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերը դատարան կանչուած են Թուրքիոյ պետութեան բողոքին վրայ, ու մենք` աշակերտներս, այլ դպրոցներէ աշակերտներու եւ հայ զանգուածին միանալով, ցոյց պիտի կատարէինք դատարանին առջեւ` պահանջելով, որ մեր թերթերը անպարտ արձակուէին, Թուրքիոյ պահանջին ընթացք չտրուէր:
Յաջորդ առտու մեծ պաս մը հասաւ մեր դպրոցին` Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի մուտքին: Վերին դասարաններու աշակերտներս պաս բարձրացանք եւ ճամբայ ելանք դէպի Արդարութեան պալատ: Մեր առաջին հակազդեցութիւնը այն էր, որ ի՜նչ լաւ, այդ օրը դասերէ կ՛ազատէինք, վրան ալ` պասով պտոյտի կ՛երթայինք: Պասին մէջ խանդավառութիւն կը տիրէր: Շատ բան չէինք գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ընէինք, մեր ընելիքը բանի մը պիտի ծառայէ՞ր…
Արդարութեան պալատի շէնքը նորակառոյց էր ու տպաւորիչ: Հաւաքուեցանք պալատին բակը, ուր պաստառներ պարզած բազմութիւն մը արդէն մեզ կանխած էր: Յետոյ բարձրացանք աստիճաններէն վեր ու մտանք նախասրահը, զմայլանքով դիտեցինք բարձր սիւներն ու ապակեպատ յառաջամասը: Մեծ եռուզեռ կար շէնքին մէջ ու շուրջ-բոլորը:
Պահ մը սպասեցինք` զարմացած մեր չորս դին դիտելով եւ տղայական կատակներով-զրոյցներով: Յանկարծ, ուրախութեան բացագանչութիւններ բարձրացան, մէկը պոռաց` «Յաղթեցի՜նք…»: Ուրախութիւնը արձագանգեց նախասրահին մէջ, տարածուեցաւ շէնքէն դուրս, մենք ալ հետեւեցանք տարածուող ալիքին եւ փութացինք դուրս. հոն` բակին մէջ, խումբ մը երիտասարդներ մէկը բարձրացուցած էին իրենց ուսերուն եւ ցնծութեան ու գոհունակութեան բացագանչութիւններ կ՛արձակէին: Ըսին, որ պաշտպան փաստաբանն էր: Յաղթանակի մթնոլորտ կը տիրէր, սակայն մենք` աշակերտներս, տակաւին լիովին չէինք հասկնար, թէ ի՛նչ պատահած էր:
Վերադարձանք պաս, վարակուած ուրախութեան մթնոլորտէն` երգերով ու բացագանչութիւններով վերադարձանք դպրոց: Մէկ բան գիտէինք. մեր թերթերը դատարանին մէջ յաղթանակ մը տարած էին: Այդ օրերուն տակաւին պատմութիւնը չէր արձանագրած առաջին լուսնագնաց աստղանաւորդին` Նիլ Արմսթրոնկին հռչակաւոր խօսքը. «Փոքր քայլ մը` անձի մը համար, մեծ քայլ մը` մարդկութեան համար»…
Յաջորդ օրերուն էր, որ երէցները յաւելեալ լուսաբանութիւններ տուին անցած-դարձածին մասին, ու մենք` աշակերտներս, բնականաբար մղուեցանք թերթ կարդալու, տեսնելու եւ իմանալու, թէ յաղթանակին շարժառիթը ի՛նչ էր, ինչո՞ւ ուրախութեան ալիքը տարածուած էր հայաշխարհով մէկ:
Լսեցինք ու կարդացինք, որ Թուրքիոյ պետութիւնը Լիբանանի դատական ատեանին մօտ բողոք ներկայացուցած էր եւ դատ բացած` «Ազդակ»-ին ու «Զարթօնք»-ին դէմ, որովհետեւ անոնք Թուրքիոյ ցեղասպանական արարքները յիշեցուցած էին իրենց էջերէն, արդարութիւն եւ հաշուետուութիւն կը պահանջէին ոճրագործ պետութենէն:
Տարին էր 1965: Ցեղասպանութեան յիսնամեակը: Հայութիւնը աննախընթաց ալեկոծումի մէջ էր Լիբանանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը, խուլ արձագանգներ գտնելով նաեւ խորհրդային կապանքներու մէջ ապրող մայր հայրենիքին մէջ: Հայութիւնը սկսած էր առաջին քայլերը առնել իր Դատին քաղաքականացումի ճամբուն վրայ: Ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ մեր ազգային կորուստներուն մասին սրահային յուշահանդէսներու շրջագիծը խզելով` հայութիւնը սկսած էր աշխարհին ներկայանալ ցուցական եւ քաղաքական քայլերով: Տեղի կ՛ունենային հրապարակային հաւաքներ, տարբեր երկիրներու մէջ մեր Դատի միջազգային ճանաչման առաջին հանգրուանները կը կերտուէին հարաւամերիկեան երկիրներէն սկսելով: Այդ բոլորը ելեկտրական ուժգին հոսանքի մը առթած ցնցումի ազդեցութիւնը ունեցած էր Թուրքիոյ պետութեան վրայ, որ «Գող, սիրտը դող»-ի հոգեվիճակին մատնուած` կ՛աճապարէր հակազդեցութեան անհաւասարակշիռ ու անհեռատես քայլերու դիմելու. հայկական թերթերու մէջ զինք դիմակազերծող ոչ աննախընթաց յօդուածներ պատրուակելով` պատիւ եւ արժանապատուութիւն կը փնտռէր լիբանանեան դատական ատեաններու մօտ, այն յոյսով, որ պետական մակարդակի նման քայլեր պիտի յաջողէին խեղդել պետական յենարանէ զուրկ հայութեան արդարատենչութիւնն ու իրաւունքներու ճանաչման հետամտութիւնը: Եւ սակայն լիբանանեան արդարադատութիւնը շառաչուն ապտակ մը կու տար Թուրքիոյ պետութեան երեսին, կը վճռէր, որ անոր մեղադրանքները անհիմն էին, աւելի՛ն, հայութեան ամբաստանութիւննե՛րն էին հիմնաւորեալ: Չէ՞ որ Լիբանան եւս դարասկիզբի նոյն տարիներուն ճաշակած էր թրքական զուլումը… Չէ՞ որ լիբանանցի ու սուրիացի մտաւորականներ եւս թուրք ոճրագործ իշխանութիւններուն կողմէ կախաղան հանուած էին Պէյրութի եւ Դամասկոսի հրապարակներուն վրայ… Չէ՞ որ լիբանանցի ու սուրիացի զանգուածները եւս սովի մատնուած էին` Ա. Աշխարհամարտին մասնակցելու Թուրքիոյ արկածախնդրութեան պատճառով: Վերջապէս, Լիբանանն ու արաբական երկիրներ եւս հայութեան հետ նոյն խրամատներուն մէջ չէի՞ն եղած նախորդ դարաշրջանին, երբ թրքական բռնատիրութիւնը մահ, աւեր, ստրկութիւն եւ խաւարամտութիւնը պարտադրած էր երբեմնի շէներուն ու քաղաքակրթութեանց` խտրութիւն չդնելով իսլամին ու քրիստոնեային միջեւ…
«Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի արձանագրած յաղթականը միայն երկու թերթերուն չէր պատկաներ, անիկա Թուրքիոյ ստապատիր ելոյթներուն դէմ ամբողջ հայութեան առաջին յաղթանակներէն էր, նաեւ յաղթանակ մը` Լիբանանի պետութեան ու անոր արդարութեան իշխանութեանց համար: Մէկ խօսքով, անիկա ճշմարտութեան յաղթական էր սուտին եւ ուրացողին վրայ, արդարութեան յաղթանակն էր շիլ հաշիւներ հետապնդողներու դէմ: Թերթերուն դատը նաեւ հայութիւնը իրազեկ կը դարձնէր, որ Թուրքիա տարբեր կուսակցութեանց ու քաղաքական հոսանքներու հետեւորդ հայերը նոյն աչքով կը դիտէր, ինչպէս որ խտրութիւն չէր դրած սպանդանոց տարուած դաշնակցականին, հնչակեանին, ռամկավարին ու տարբեր յարանուանութեանց հոգեւորականներուն միջեւ…
***
Հիմա, 50 տարիներ անցած են այդ պատմական հանգրուանէն ասդին, հասած ենք 100-ամեակին: 1965-էն ետք Թուրքիոյ դէմ մեր պայքարը անցած է բազում հանգրուաններէ, արձանագրած ենք նկատառելի յառաջխաղացքներ, խզած ենք աշխարհին կողմէ մեզի պարտադրուած լռութեան ու լուսանցքայնացումի պատը, խորտակած ենք մինչեւ իսկ ներթրքական լռութեան եւ ուրացումի պատնէշները եւ ճշմարտութեան ճանաչման եւ արդարութեան իրագործման արձագանգներ կը լսենք Թուրքիոյ ներքին ճակատէն ներս, թէեւ ոչ տակաւին` պետութեան մակարդակին վրայ: Անոր կարգն ալ կու գայ 100-ամեակի վաղորդայնին…
Չենք կրնար մոռնալ, թէ այսօրուան «Կը յիշեմ, կը պահանջեմ» նշանախօսքին գործնական ճամբան ինչպիսի խոյանքներով կերտուեցաւ անցեալ 50 եւ աւելի տարիներուն. իրերայաջորդ սերունդներ ճգնեցան ու զոհաբերեցին մեր մեծ ու փոքր իրագործումներուն ի խնդիր: Քաղաքական պայքարին կողքին ծառացաւ ուժականը… Այդ բոլորին շնորհիւ է, որ այսօր չենք հոն, ուր որ էինք 1965-ին, սակայն նաեւ չենք հասած հոն, ուր պէտք էր ըլլայինք, կ՛ուզէինք հասած ըլլալ 100-ամեակին:
Մենք մեզ մեղադրելու պատճառ չունինք: «Պարզապէս մեր բախտն ուրիշ է եղել», պիտի ըսէր Պարոյր Սեւակ` ի տես մեզի պարտադրուած ընկրկումներուն ու տեղքայլերուն:
Սակայն նաեւ գիտենք, որ կ՛ապրինք այսօրուան աշխարհը եռեւեփող «տապակին» մէջ, մասնաւորաբար` Միջին Արեւելքի, ուր մեր գաղութները անգամ մը եւս ճակատագրակից դարձած են թրքատիպ մոլուցքներու զոհերուն: Քեսապէն մինչեւ Տէր Զօր, քրտաբնակ Արաբ Բունարէն մինչեւ եզիտիաբնակ իրաքեան բարձունքներ, մինչեւ Մուսուլ ու Պաղտատի դուռները, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` Նեղոսի ափերուն ու անկէ ալ անդին, թրքական ներշնչումով բորբոքած մողոքը մահ, աւեր ու աւար կը տարածէ: Լրատու աղբիւրներ, անոնք ըլլան պաշտօնական պատուհաններ թէ ժողովրդականացած հաղորդամիջոցներ, ամէն օր կը ցուցադրեն այնպիսի ոճիրներ, որոնք կրնան միայն ծնած ըլլալ թրքատիպ ուղեղներէ, ներշնչուած ըլլալ հայուն եւ ուրիշներու դէմ ցեղասպանութիւն գործած Թուրքիոյ պետական ոճիրներէն: Միջինարեւելեան երկիրներու մէջ գործադրուող ոճիրներուն տարբերակները կիրարկուեցան հայութեան դէմ, 1915-էն առաջ եւ անկէ տարիներ ետք, բաժին հանելով նաեւ ասորիին, եզիտիին, յոյնին ու արաբին, աւելի ուշ նաեւ` քիւրտին: Նոյն ներշնչումով շարժեցաւ նաեւ հիթլերական Գերմանիան` Բ. Աշխարհամարտի օրերուն. այսօր այս բոլորին մասին կասկածի վերջին տերեւն անգամ չորցած-ինկած է, Թուրքիա աշխարհին դիմաց կը կանգնի իր ոճիրին ամբողջ մերկութեամբ. դժբախտ են ու նենգամիտ` բոլոր անոնք, որոնք չեն ուզեր տեսնել ճշմարտութիւնը:
Թէեւ Ցեղասպանութեան օրերուն տեղեկատուական ու հաղորդակցութեան գործիքները այսօրուան կարողութիւնները չունէին, սակայն եւ այնպէս կուտակուած արխիւային թղթածրարները բաւարար են ծանրագոյն վճիռները արձակելու համար Թուրքիոյ պետութեան դէմ: Ու հայութեան միասնական դիրքորոշումն ու միացեալ պայքարը նոր յենարաններ պիտի ապահովեն նոր յաղթանակներու համար, ինչպէս յաղթանակեցին մեր թերթերը` 50 տարիներ առաջ, «փոքր քայլ»-ով մը բանալով հայութեան ու մարդկութեան արդարատենչութեան լայն ճամբան:
Մեր պայքարի դաշտին մէջ մենք առանձին չենք, պէտք չէ մենք մեզ տեսնենք առանձին: Կրկնենք. Թուրքիոյ պետական ոճրածին ուղեղին նորագոյն կիրարկումները այսօր պատկերուած են աշխարհի աչքերուն առջեւ: Անհրաժեշտ է արդարութեան ու մարդկայնութեան ջահը ձերբազատել քաղաքական անվաղորդային հաշիւներէն, տառապող ժողովուրդները ազատագրել թրքատիպ յարձակումներու ալիքներէն: Թուրքիան ուղղակի կամ անուղղակի կերպով պաշտպանողներուն դիմակները պէտք է վար առնել բոլոր տառապողներուն հետ գործակցաբար, Ցեղասպանին դաշնակիցներուն պարտադրելով, որ պէտք է վերջ դնեն ռազմագոռ թմբկահարումներուն եւ խաղաղութեան ու արդարութեան շոգեկառքը վերադարձնեն իր բնական հունին: Չի բաւեր խոստովանիլ, թէ` «մեր հաշիւները սխալ դուրս եկան ու աւեր-մահ սփռուեցաւ»: Պէտք է սրբագրումի քայլերը հետեւին անյապաղ:
Կոյր ձեւանալու խաղը նախընտրողները պէտք է ընդունին, որ Թուրքիոյ պետութեան այսօրուան տրամաբանութեամբ, դրացիներու հետ «զերօ խնդիր»-ի քաղաքականութիւնը սնանկ է եւ չի համապատասխաներ իրականութեան: Թուրքիա Հայաստանի եւ այլ դրացիներու հետ խաղաղ գոյակցութիւն կրնայ ստեղծել ու զարգացնել միայն այն ատեն, երբ հրաժարի իր կայսերական անհիմն ու սնափառ ախորժակներէն, արդար հատուցում կատարէ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութեան եւ նոյն տրամաբանութեան նորագոյն դրսեւորումներուն զոհ գացողներուն:
Հայութեան դիրքերէն, պատմութեան ընթացքը եւ Թուրքիոյ հետ բարի դրացնութեան յարաբերութիւնները կրնան ճիշդ հունը գտնել միայն այն ատեն, երբ մեր հողային, մարդկային եւ ազգային կորուստները վերականգնին, ամբողջական Հայաստանը վերստանայ շրջանին մէջ գոյատեւելու, զարգանալու եւ դրացիներուն հետ հաւասարակշռուած գործակցութիւն զարգացնելու կարգավիճակը:
Եւ ինչպէս որ մեր թերթերուն 1965-ի յաղթանակը առաջին քայլ ու փոքր յենարան մը եղաւ յաջորդ տասնամեակներու մեր պայքարին ու յառաջխաղացքներուն, Թուրքիոյ մէջ մեր եկեղեցապատկան ու հայապատկան կալուածներուն վերատիրացման դատերն ալ յենարան պէտք է ծառայեն հայրենական բոլոր հողերուն վրայ հայկական գերիշխանութեան վերահաստատման անսակարկելի իրաւունքին կենսագործման, մեր բոլոր կորուստներուն դիմաց նիւթական ու բարոյական ամբողջական հատուցման ճամբով:
Այս պահանջին մէջ ողջ հայութիւնը միակամ է. Հայաստանն ու սփիւռքը չունին, չեն կրնար ունենալ հիւլէ մը տարակարծութիւն, ինչպէս կ՛երազէ Թուրքիա, երազ մը, որուն միայն ինք կը հաւատայ եւ ինքզինք ծիծաղելի կը դարձնէ, այնպէս` ինչպէս ծիծաղելի դարձաւ… Կալիփոլիի յիշատակը ապրիլ 24-ին նշելու իր «խաղով» ու իրեն հետ ծիծաղելի դարձուց պետական փոքրաթիւ… սնափառներ:
Եւ այս խաղը ուղղակի շարունակութիւնն է այն ձախորդ փորձին, որ կը միտէր լռութեան մատնել հայկական թերթերու 1965-ի քողազերծումները:
Մենք յաղթեցինք երէկ, պիտի յաղթենք նաեւ վաղը, որովհետեւ արդարութիւնը չի կրնար անթեղումի բռնադատուիլ ընդմիշտ: