ԴԱԼԱՐ ԽԱՉԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ
«Զարուհի՛… Զարուհի՜…»…
Ասոնք եղան իր ականջներուն մէջ կրկնուող վերջին բառերը, երբ բաժնուեցան իր մատղաշ մատները քրոջը մատներէն:
Կարաւանը քալեց ու քալեց, ինք չգտաւ իր քոյրերը: Զգաց առանձին, մինակ, օտար, տկար, անօթի ծարաւ… Քանի մը օրեր, շաբաթներ հետիոտն քալելէ ետք կարաւանը հասաւ անապատ: Մօտեցաւ արաբ պետեւիի մը, որ զինք առաւ տարաւ իր վրանը: Հոն գտաւ նոր մարդիկ, նոր լեզու, նոր օրէնքներ: Չէր գիտեր, թէ ի՛նչ ըսէր կամ ընէր: Ապրեցաւ հոն` իբրեւ այդ վրանին փոքրիկ աղջնակը, բայց միշտ մտքին մէջ ունենալով իր հայ ըլլալու զգացումը, իր անունը, իր լեզուն, իր քաղաքը Ատապազար (Պոլսոյ արուարձաններէն) իր հայրն ու մայրը, երկու քոյրերը` Վարսենիկ եւ Աղաւնի եւ մէկ հատիկ եղբայրը` Խաչիկը (21 տարեկան), զոր թուրքերը տարին զինուոր, ու ալ չտեսաւ: Ինք կը յիշէր, երբ իրենց տան մէջ ուրախ-զուարթ կ՛ապրէր: Հիւրեր կու գային` «Ռուսենց» տունը ըսելով, իրենց յարկին տակ անպակաս կ՛ըլլային օտար թէ ծանօթ մարդիկը: Հայրը շատ յարգուած, ազնուական ընտանիքի պատկանող մարդ մըն էր` Չեքիճեան ընտանիքէն, բայց իր այս «նոր հայրը» տարօրինակ հագուածքով եւ խօսակցութեամբ, չէր նմաներ իր բարի հօր:
Կարծես բաւարար չէին իր կրած չարչարանքներն ու տանջանքները, օր մըն ալ «պատու» կիներ եկան իր ապրած վրանը, որպէսզի կապոյտ դաջուածք կիտեն փոքր աղջնակներուն` ճշդելու համար անոնց ծագումով արաբ ըլլալը: Մեծ մայրս (հօրս մայրը)` Զարուհին, որուն անունը Զահրա (ծաղիկ) դրած էին պետեւիները, ինքն ալ իր բաժինը ունեցաւ այդ ահազանգային արարքէն: Բաւական չարչարուելէ ետք, միւս աղջիկներուն նման, իր կզակին եւ դաստակներուն վրայ ունեցաւ այդ կապոյտ նշանները, որոնք ոչ մէկ իմաստ ունէին իրեն համար, բայց այդ արաբ ընտանիքին համար մեծ ուրախութիւն էր, թէ 6 տարեկան Զահրան իսկական արաբի մը վերածուեցաւ, որովհետեւ ան ապագային պիտի ըլլար իրենց «հարսը»…
Անցան տարիներ, մեծ մայրս ապրեցաւ այդ բազմանդամ ընտանիքին հետ շատ դժուար պայմաններու տակ. բայց միշտ իր սրտին ու մտքին մէջ ունէր իր հայ ըլլալու, մնալու տենչը:
Մօտ 8 տարիներ անցնելէ ետք, արաբ հայրը որոշեց Զահրան ամուսնացնել իր տղուն հետ: Ուստի գացին Հալէպ քաղաքի հին, գոց շուկան, որպէսզի «հարսին» օժիտը գնեն: Հոն պատահեցաւ անսպասելին: Մեծ մայրս ձգեցին շուկայի մուտքին` ըսելով, թէ իրենք քիչ ետք կը վերադառնան: Պատին տակ կեցած ու իր անխուսափելի ճակատագիրին սպասող մեծ մօրս աչքերը հանդիպեցան դիմացի մայթին վրայ, խանութի մը մուտքին նստած ծերունիի մը աչքերուն: Մօտաւորապէս 10 վայրկեան իրարու նայելէ ետք, ծերունին, ձեռքին աթոռ մը բռնած, մեծ մօրս տալու նպատակով մօտեցաւ եւ հայերէն լեզուով հարցուց. «Դուն հա՞յ ես, ի՞նչ է անունդ»: Այդ վայրկեանին մեծ մայրս անդադար կրկնելով իր հայ անունը` «Զարուհի, Զարուհի, Զարուհի» ըսաւ եւ աղաչեց, որ զինք անպայման ազատէ: Ծերունին անմիջապէս գիտցաւ, թէ այդ երիտասարդուհին ծագումով հայուհի մըն էր, «այդ աչքերը սուտ չէին կրնար ըլլալ, հայու աչքեր էին»: Ուստի իր խանութը փակեց եւ առաջին կառքը կեցնելով` ինք եւ մեծ մայրս նստան ու հեռացան այդ շուկայէն դէպի հայերուն որբանոցը:
Այս ծերունին տոքթ. Քասսիսին եղբայրն էր, անունը Պաշիր, հայրը հայ, իսկ մայրը արաբ: Ինք եւ իր փոքր եղբայրը կերպասի վաճառականներ էին, իսկ միջնեկ եղբայրը կիներու բժիշկ էր Հալէպի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ:
Մօտ 1 ժամ ետք վերադարձաւ ծերունի Պաշիրը, կրկին խանութը բանալով` նստաւ սովորական ձեւով: Պետեւիները երկար ատեն գնումներ ընելէ ետք ուրախ զուարթ ուղղուեցան դէպի շուկային մուտքը յուսալով առնել Զահրան, երթալ անապատ ու հոն սարքել «մեծ հարսանիքը»: Մեծ անակնկալ էր իրենց համար, երբ չտեսան Զահրան: Պոռացին, կանչեցին, արաբացած հայ աղջիկը գտնելու ամէն տեսակ փորձ ըրին, բայց ի զուր: Մինչեւ իսկ հարցուցին ծերունի Պաշիրին, թէ տեսա՞ծ էր պետեւի երիտասարդուհի մը: Ան ամենայն պաղարիւնութեամբ պատասխանեց. «Մէկը չտեսայ»: Յուսահատ պետեւիները ձգեցին Հալէպ քաղաքը եւ «դատարկ ձեռքով» վերադարձան անապատ:
Մեծ մայրս որբանոցին մէջ ապրեցաւ մօտ 3 տարի: Սորվեցաւ իր մայրենի լեզուն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն: 16 տարեկանը ամբողջացնելով` չէր կրնար այլեւս մնալ հոն, ուրեմն պէտք էր տեղ մը երթալ, բայց ինք մէկը չունէր այս աշխարհին մէջ: Ուստի նորէն դիմեց իր ազատարար ծերունիին` առաջարկելով իրենց տան խոհարարուհին դառնալ: Այդպէս ալ եղաւ, ոչ միայն խոհարարուհին, այլ նաեւ տան մէկ անդամը եղաւ Զարուհի, քանի որ զինք շատ սիրեց այս բարի ընտանիքը:
Քանի մը տարի տոքթ. Քասսիսենց տունը աշխատելէ ետք, նախկին որբանոցի պատասխանատու կիներէն մէկը մեծ մօրս ծանօթացուց շատ բարի, բայց տարիքոտ փռապանի մը, որ ապագային դարձաւ մեծ հայրս:
Յովհաննէս Տօնապետեան էր անունը: Սասնոյ Խնձորիկ գիւղէն, պանդուխտ եկած էր Հալէպ, փռապան աշխատելով` կը հոգար իր ընտանիքին ծախսերը (անշուշտ Սասնոյ ապստամբութենէն առաջ): Երկու տարին անգամ մը կ՛երթար «Երկիր»` Սասուն, տեսնելու համար իր կինն ու զաւակները: Օր մըն ալ իրեն լուր եկաւ, թէ չէր կրնար այլեւս երթալ Սասուն, որովհետեւ ջարդեր տեղի ունեցած էին ու մէկը չէր մնացած հոն, ընտանիքը, երիտասարդ զաւակները, կինը, տունը, տեղը, հողերը, ամէնը իր յիշողութեան մէջ արձանագրուած մնաց…
Երկար պրպտումներ ընելէ ետք իր ընտանիքին մասին, յուսահատ ընդունեց նոր էջ բանալ, նոր հայ ընտանիք կազմելով մեծ մօրս հետ, որ տարիքով իրմէ շատ փոքր էր, այնքան, որ կարելի էր իր թոռնիկին տարիքը նկատել: Մեծ հայրս 60-նոց մարդ էր, իսկ մեծ մայրս 17 տարեկան:
1925-ին ամուսնացան, որպէսզի հայ ընտանիք կազմեն: Մէկ տարի ետք Աստուած տուաւ առաջին զաւակը` հայրս, որուն անունը մեծ մայրս Խաչիկ դրաւ` յիշատակը վառ պահելու համար իր մահացած եղբօրը: Երկրորդ մանչը կոչեցին Զոհրապ, բայց քանի մը տարի ետք ան մահացաւ հիւանդութեան մը պատճառով: Երրորդ զաւակը հօրեղբայրս Յակոբն էր, որ գաղթեց Աւստրալիա 1950-ական թուականի վերջերը: Չորրորդ զաւակը 1935-ին հօրաքոյրս Թագուհին էր, որ փոխանցեց ինծի այս պատմութիւնն ու տեղեկութիւնները, իսկ վերջին զաւակը Անահիտն էր, որ հազիւ երկու ամսուան էր, երբ մահացաւ:
Այդ տարիներուն, երբ մեծ մայրս զբաղած էր իր ընտանիքի հոգատարութեամբ, միեւնոյն ժամանակ օգտակար կ՛ըլլար ուրիշ ծագումով հայ կիներու, որոնք կ՛ուզէին փախչիլ իրենց իսլամ ամուսիններէն: Ծանօթ մարդոց միջոցով կազմած էր խմբակներ եւ գիշերով տանիքէ տանիք կը փախցնէր զանոնք, որպէսզի վերադառնան իրենց հայ արմատներուն:
Բազմանդամ ընտանիք ունենալէ ետք մեծ մայրս կրկին խոհարարուհի աշխատեցաւ տոքթ. Քասսիսենց մօտ, որպէսզի իր ամուսնոյն հետ հոգար տան ծախսերը:
Ան դեռ նոր ծննդաբերած էր իր վերջին աղջնակը (մօտ 2 շաբթուան), երբ ունեցաւ մեծ արկած մը, որ զինք անդամալուծեց: Առտու մը, բակով տան մէջ հաւաքուած, կիներու հետ նստած ոսպ կը մաքրէր, երբ դրացուհիին մէկ տղեկը բարձունքէ մը (հաւանաբար տանիքէ) ինկաւ, եւ այդ ցաւալի պատահարը տեսնելով զօրաւոր ցնցում ունեցաւ, մարմնին ձախ կողմը անդամալուծուեցաւ:
Հալէպի հիւանդանոցներէն մէկը փոխադրուելէ առաջ ան քանի մը շաբաթ փորձեց իր ընտանիքը կառավարել` մերժելով իր ծծկեր մանուկը յանձնել դրացիներու հոգատարութեան: Այս պատճառով ալ գինը շատ սուղ վճարեց… փոքրիկ Անահիտը կորսնցուց յաւիտեան…
Հալէպի Սիպիլի շրջանին մէջ կար ծերանոց-հիւանդանոց մը, որուն պատասխանատուն ատապազարցի կին մըն էր: Ան օգնեց մեծ մօրս` հոն փոխադրելով զայն, ուր մնաց մօտ տարի մը եւ չվերադարձաւ տուն: Վերջին անգամ հօրաքոյրս` Թագուհին (այդ ժամանակ 6 տարեկան երեխայ մըն էր) արցունքոտ աչքերով յիշեց, թէ ինչպէս գաւաթ մը ջուր խմցուց իր մօր, որ փակեց աչքերը յաւիտեան` միանալով իր «հրեշտակին»…
Այս ցաւալի վիճակէն շատ նեղուած` նոյն տարին ուղեղային կաթուածով կը մահանայ նաեւ մեծ հայրս: Երեք զաւակները անտէր մնալով` դրացիները կ՛որոշեն ճար մը գտնել: Հօրեղբայրս եւ հօրաքոյրս կ՛երթան որբանոց, իսկ նկատի ունենալով, որ հայրս աւելի երէց էր, զինք կը մերժեն, ուստի իր հօրեղբօր տունը կ՛երթայ:
4-5 տարի անգլիացի զինուորներուն մօտ աշխատելով` կը փորձէ իր ծախսերը հոգալ, որպէսզի մէկու մը բեռ կամ արգելք չըլլայ:
Քանի մը տարի ետք, միանալով իր եղբօր եւ քրոջ, կը վերակազմէ ընտանիքը, ու բոլորը միասին կը գաղթեն Լիբանան: Կարծես հայու ճակատագիրը միշտ եղած է գաղթել…
Բայց գաղթելով հանդերձ, հայը պէտք է միշտ հայ մնայ, ինչպէս իմ մեծ մայրս մնաց…
Հարիւր հազարաւոր հայերու պատմութիւններէն մէկն է այս: Հայրս ինձմէ 25 տարիներ առաջ խնդրած էր, որ գրեմ այս արհաւիրքին մասին: 2015 տարին Ցեղասպանութեան 100-ամեակն է, կարելի չէր ալ լուռ մնալ, ուստի նուազագոյն պարտքը կը վճարեմ իմ նահատակ նախահայրերուս, ազգիս եւ հայրենիքիս:
Պէտք չէ ապերախտ կեցուածք ունենալ մեր նահատակներու թափած արեան եւ զոհողութեան հանդէպ:
Յիշեցէ՛ք ձեր անունը… ձեր արիւնը…
2015
Ժիպէյլ-Լիբանան