ՅԱԿՈԲ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ապտիւլ Համիտ Բ. դեռ 19-րդ դարու 80-ական թուականներէն սկսեալ գործի դրած էր հայերը բնաջնջելու քաղաքականութիւնը:
Շրջան մը ետք այդ նոյն քաղաքականութիւնը իրենց ձեռքը առին ու շարունակեցին երիտթուրքերը, եւ 1915-16 թուականները դարձան անոնց ծրագրած ոճիրին գագաթնակէտը: Աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայ սպաննուեցաւ, հարիւր հազարներ ստիպուեցան ապաստան գտնել օտար երկինքներու տակ: Անոնք, որոնք փրկուեցան, որբացան: Խոր ու ամուր արմատներով սաղարթաշատ ծառ յիշեցնող հայը հովէն քշուած տերեւ դարձաւ…
Տասնամեակները դար դարձան, բայց Թուրքիոյ խաւարամոլ ուժերը նոյնը մնացին: Հարիւր տարի առաջ պատահածը այսօրուան թուրքը ոչ միայն չի խոստովանիր, այլեւ ամէն օր պետական մակարդակով պատմութիւն կը խեղաթիւրէ: Օսմանցին ու երիտթուրքերը կոտորեցին մեր պապերը, իսկ այսօրուան թուրքը պատմութենէն կ՛ուզէ ջնջել այդ զարհուրելի փաստը:
Ըստ անոնց, հայերը ոչ մէկ օրինական պահանջ կրնան ունենալ Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ: Պաշտօնական Թուրքիան յարատեւ կը կեղծէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ ծրագրուած մշակութային ջարդ կը կազմակերպէ: Կը կազմակերպէ, յետոյ հետեւողականօրէն կ՛իրագործէ` առանց հասկնալու, որ չի կրնար քողարկել իր եղունգներուն տակ սառած արիւնը…
Հարիւր տարի անցած է… Թուրքիոյ քաղաքական ու պետական գործիչները, լրագրողներն ու գիտութեան մարդիկ տակաւին չեն հասած գիտակցական այն մակարդակին, որ բաց աչքերով նային անցեալի պատմութեան:
1919 թուականին Թուրքիոյ հանրային միտքը կարծես պատրաստ էր ընդունելու Հայոց ցեղասպանութեան փաստը եւ դատապարտելու զայն: Թրքական կառավարութիւնը հայոց Եղեռնի պատասխանատուներուն դատավարութիւնը կազմակերպեց, բայց…
Ամէն ինչ ձեւական էր ու կեղծ, պարզապէս աշխարհին ըսելու համար, թէ իրենք արդարամիտ են ու ժողովրդավար: Տարիներ ետք, երբ Հայկական հարցը բարձրացուեցաւ, թուրքերը համոզուած էին, որ Ցեղասպանութիւնը արդէն մոռցուած եւ հարցը ամբողջութեամբ գոցուած է:
Իսկ ինչպէ՞ս բարձրացաւ Հայկական հարցը, որ անշուշտ բաց ու կոտտացող վէրք է մեզի համար: Մեծ պետութիւններուն շահը միշտ ալ պահանջած է, որ անոնք լուռ մնան ու բացարձակապէս չանդրադառնան այդ մեծ ոճիրին: Ի վերջոյ մարդկային բռնադատուած իրաւունքին ճիչը ուժական պայքարի միջոցով հասաւ խուլցած ականջներուն ու յաջողեցաւ բանալ կոյր աչքերը:
Ի հեճուկս թուրք ոճրագործներուն եւ անոնց այսօրուան հետնորդներուն, հայը աշխարհի բոլոր ծագերուն կը շարունակէ պահպանել իր տեսակը, եւ թէեւ սփիւռքը աւելի մեծ թիւ կը կազմէ, քան մեր հայրենաբնակ հատուածը, սակայն այս երեւոյթը շատ հին է եւ շատոնց գոյութիւն ունի մեր մէջ:
Կարեւորը եւ գլխաւորը այն է, որ հայը կը յարատեւէ եւ կը մնայ ստեղծագործ: Հայը չի ձուլուիր, կառչած կը մնայ իր ազգային աւանդութիւններուն ու սովորութիւններուն, զանոնք սրբութեամբ փոխանցելով նոր սերունդին: Հայը իր դիմագիծին հետ կը պահպանէ նաեւ անցեալի յիշողութիւնները:
Այնքան ատեն որ Երկիր մոլորակի վրայ կայ հայն ու հայուն հայրենիքը` Հայաստանը, իսկ Արեւմտեան Հայաստանը կը մնայ բռնագրաւուած, մենք պէտք է ուղիներ փնտռենք եւ վերատիրանանք մեր որբ մնացած հողերուն, պէտք է տէր կանգնինք մեր պապերէն խլուած հայրենիքի այդ սրբազան հատուածին ու չդադրինք յուսալէ…
Վերջին տարիներուն Ցեղասպանութեան խնդիրով եւ ընդհանրապես Հայկական հարցով աւելի ու աւելի յաճախ սկսած են զբաղիլ միջազգային կազմակերպութիւնները: Ասիկա կը նշանակէ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման խնդիրը քաղաքական կարեւոր նշանակութիւն ստացած է: Որոշ երկիրներ Եղեռնը դատապարտող բանաձեւ ընդունած են եւ անոնց թիւը հետզհետէ պիտի աւելնայ:
Ցեղասպանութիւնը ծանրագոյն յանցագործութիւնն է մարդկութեան հանդէպ եւ միջազգային հանրութեան կողմէ, անկախ իր վաղեմութեան ժամկէտէն` կը դատապարտուի:
Արդի Թուքիան կառավարողները եւ թուրք ներկայ սերունդը, որ մեղք չունի 1915 թուականի ազգասպան ոճիրին մէջ, պէտք է ոչ թէ պահեն իրենց բարբարոս նախորդներուն արիւնոտ թաթը եւ ուրանան հայկական կոտորածները, այլ մաքրեն անոնց կողմէ թրքական պատմութեան ճակատին խարանած մուրը, պաշտօնապէս ընդունին եւ հրապարակայնօրէն դատապարտեն հայ ժողովուրդին նկատմամբ երիտթուրքերու եւ քեմալականներու ոճրագործութեան փաստը, կիներու եւ մանուկներու հրէշային կոտորածը, դատապարտեն այդ սատանայական ոճիրը: Ասիկա մեր արդար պահանջն է:
Եթէ Թուրքիան կ՛ուզէ մաս կազմել քաղաքակիրթ պետութիւններու խումբին, ապա պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, ուրիշ ճամբայ չկայ:
Ի վերջոյ մարդկային արդարութիւնը չի կրնար չհատուցել մարդկային ընտանիքի անդամներէն մէկուն` հայ ժողովուրդին անչափելի կորուստները: Հայ ժողովուրդը կը հաւատայ ու կը սպասէ այդ օրուան:
Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտումը հրամայական է, այլապէս աշխարհի ժողովուրդներու պատմութեան մէջ այդպիսի ոճիրները անդադար կրնան կրկնուիլ: Թերեւս ալ պատճառը այդ է, որ աշխարհի կարգ մը հզօր երկիրներ իրենց դպրոցական ծրագրերուն մէջ սկսած են անդրադառնալ Հայոց ցեղասպանութեան:
Մեր` նոր սերունդի ներկայացուցիչներուս համար շատ կարեւոր է, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու դպրոցականներ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ճշմարիտ ու վաւերական տեղեկութիւններ ստանան:
Ամերիկեան Քալիֆորնիա նահանգի ծերակոյտի յատկացումներու յանձնաժողովը սկսած է օրինագիծ մը պատրաստել, ըստ որուն, դպրոցական 7-12 դասարաններու դպրոցական ծրագիրին մէջ պէտք է ընդգրկուի «Հայոց ցեղասպանութիւն» նիւթը:
«Այս օրինագիծին մէջ աւելի կարեւորը այն է,- ըսած է պատասխանատուներէն մէկը, – որ աշակերտները բազմակողմանիօրէն կ՛ուսումնասիրեն անցեալ դարուն մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները, քանի որ ծրագիրը պիտի ներառէ ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Ողջակիզումը, այլեւ` Քամպոտիայի, Տարֆուրի եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները»:
Ֆրանսա լոյս տեսած պատմութեան դասագիրքի մէջ ներառուած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթեր: Նոր դասագիրքի հեղինակ Վալերի Փերթուէն ֆրանսացի աշակերտներուն կ՛առաջարկէ նոր հայեացքով նայիլ պատմութեան:
Վերջերս Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամ Քաթրին Վեռներ բաց նամակ մը յղած է Գերմանիոյ պետական նախարարին` իր անհամաձայնութիւնը յայտնելով Գերմանիոյ կառավարութեան դիրքորոշման վերաբերեալ, ըստ որուն, գիտնականները պէտք է ուսումնասիրեն Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:
Նամակին մէջ ան ընդգծած է նաեւ, որ Պերլին պաշտօնապէս պէտք է ճանչնայ ե՛ւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ե՛ւ այդ հարցին մէջ Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը:
Ուրիշ խորհրդարանական մը առաջարկ ներկայացուցած է այդ հարցերը ներառել դպրոցական ծրագիրներուն մէջ:
«Գերմանացի դպրոցականները պէտք է գիտնան Գերմանիոյ մութ էջերուն` Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան մասնակից ըլլալու մասին», ըսած է ան:
Բոլոր այս տուեալները յոյս եւ հաւատք կը ներշնչեն, որ երկու կամ երեք տասնամեակ ետք, երբ աշխարհի մեր սերնդակիցներուն բախտ վիճակուի պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն ստանձնել քաղաքական ասպարէզի մէջ` մարդկութեան դէմ կատարուած ամենասոսկալի ոճիրներէն մէկուն մասին դպրոցական տարիներուն իրենց ստացած տեղեկութիւնները անպայման կ՛ունենան իրենց դրական ազդեցութիւնը…