Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Պերլինէն Հասած Հարուածը

Ապրիլ 29, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-28-15_KhempՎարագոյրը բարձրացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ստեղծած քաղաքական մթնոլորտին վրայ: Միջազգային մակարդակի վրայ արձանագրուածները, տոմինոյի ազդեցութեան տեսութեամբ առարկայացած ճանաչումներու, դատապարտանքներու եւ համապատասխան յայտարարութիւններու արշաւը կը յուշեն նախադրեալներ` շարունակականութիւն ապահովելու:

100-ամեակը լաւ առիթ էր առնչուած պետութիւններուն համար կարմիր քարտը ցոյց տալու Անգարային: «Կա՛նգ առ» ըսելու նոր օսմանականութեան յոխորտանքով աշխարհաքաղաքական ուժի վերածուելու նկրտումներ դրսեւորող եւ արեւմտեան ուժերու վերահսկողութենէն դուրս եկող կրօնական ծայրայեղականութեան տիրութիւն ընող Թուրքիոյ:

Պէտք է առանձնացնել այս բոլորին մէջ Գերմանիոյ օրինակը, որ նախագահի մակարդակով նախաբանը կատարեց եւ ուղենշեց խորհրդարանին կողմէ քուէարկուելիք բանաձեւը: Այստեղ անշուշտ մասնակցութեան, աւելի ճիշդը մեղսակցութեան ինքնախոստովանանքը կայ եւ բանաձեւին նշանակութիւնը կը բազմապատկէ, իբրեւ ցեղասպան պետութեան դաշնակից եւ յանցակից պետութեան ճանաչում եւ պատասխանատուութեան ստանձնում:

Յիշեցման կարգով. 24 ապրիլին Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամերթ յայտնեց. «Համաշխարհային Ա. պատերազմի կիսուն այն, ինչ որ աշխարհի աչքին առջեւ տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ցեղասպանութիւն էր»: «Գերմանիան մեղքի իր բաժինը ունի այդ տարիներուն կատարուածին մէջ»:

23 ապրիլին Պերլինի մայր տաճարին մէջ` մասնակցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան` Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուք Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ իրագործուածը բնորոշեց իբրեւ ցեղասպանութիւն: «Այդ հայերուն ճակատագիրը պատմութեան մէջ զանգուածային ոչնչացման, ցեղային մաքրագործման, կոտորածի, այո՛, ցեղասպանութեան յստակ օրինակ է, որով 20-րդ դարը կը յիշուի սարսափելի ձեւով: Այսպէս, մենք կը խօսինք հրեաներու Ողջակիզման հետ այս իրադարձութիւններու նմանութեան մասին», ըսաւ Գերմանիոյ նախագահը:

Նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին յայտարարութիւններէն ետք, ճիգ չ՛ուզեր ենթադրելը, որ խորհրդարանը ի՛նչ տեսակ բանաձեւ պիտի որդեգրէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Կալիփոլիի արարողութիւններուն չմասնակցիլը, եւ Անգարայէն կատարուած` եզրը չօգտագործելու դիմումներուն անպատասխան մնալը կը վերահաստատեն քաղաքական այն մթնոլորտը, որուն հիման վրայ կը սպասուի բանաձեւը:

Գերմանիա սակայն ցեղասպանութիւն հատուցելու ռահվիրայ պետութիւնն է: Այս պատճառով ալ Անգարային ամէնէն շատ կ՛անհանգստացնէ Գերմանիոյ նման դիրքորոշումը: Բոլոր պետութիւններէն առաջ պաշտօնական Պերլինը  ի՛նք գիտէ ցեղասպանութեան եզրին իրաւական նշանակութիւնը եւ անոր հատուցման հետ փոխպայմանականութիւնը:

Տարբեր հարցում է, թէ յանցակից ըլլալու ինքնախոստովանանքը հատուցման կ՛առաջնորդէ՞ պետական միաւորը:

Գերմանիոյ այս յատկանշական  քայլը կը հաստատէ,  որ եզրին իրաւականութեան իրազեկ պաշտօնական Պերլինը ճիշդ բռնած է Ցեղասպանութեան հարցին աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուելու գործընթացին բազկերակը: Այո՛. վարագոյրը ոչ թէ իջած է, այլ բարձրացած 100-ամեակով սկսած ճանաչումներու արշաւին վրայ:

Հատուցման նախադուռ բացող Գերմանիոյ այս օրինակը կը յուշէ հայկական կողմին գործնապէս անցում կատարելու ճանաչումէն հատուցում: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարուցած դատը խնդրի իրաւականացման քայլերէն կը նկատուի եւ օրակարգի աշխարհաքաղաքականացման ընդհանուր իրավիճակին մէջ կրնայ առաւելներ արձանագրել, ոչ անպայման անմիջական հանգրուանին:

Նպաստաւոր որեւէ բանաձեւի պարագային հայկական կողմը հասարակական կազմակերպութիւններով, Հայ դատի յանձնախումբերով եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններով երկարատեւ, համակարգաւորուած աշխատանք կը տանի: Մեծ առաւել է, երբ տուեալ երկրին մէջ հայկական դիւանագիտութիւնը կ՛աշխատի արհեստավարժ, նպատակաուղղուած եւ քաղաքական յարաբերութիւններու մէջ իր դրսեւորած հմտութեան բարձրորակ նշաձողերով:

Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  երէկուան դեսպանը նկատառելի եւ անշրջանցելի ներդրում ունի այս արդիւնքին մէջ:

Նախորդը

Սերժ Սարգսեան. «Թուրքիայէն Կը Պահանջենք Ճանաչում»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?