Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թռիչք… Ամենակուլ Անդունդի Վրայէն

Ապրիլ 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԷՏՈՒԱՐՏ Ա. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Քառսուն կազ խոր հորում լինէք, թէ ջաղացի քարի տակին`
Տ’ելնի ձեր դէմ Սասնայ Դաւիթ, տ’ելնի ձեր դէմ Թուր-Կեծակին…»

«Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպէն

4-24-15_trichkՎշտակիցներու բանակը աւելի ստուարացնելու եւ ամբողջացնելու սին յոյսով մեր ցաւը պիտի չչափազանցենք:  Շատ ըրած ենք այդպէս:

Մեր ժողովուրդի քաղաքակրթական հանճարի,  եւ ի վերուստ տրուած բացառիկ առաքելութեան մասին բազմահազար ծնծղաներով  փառաբանման գովք եւս պիտի չընենք: Այդպէս ալ շատ ըրած ենք:

Մեր հազարաւոր տարիներու պատմութեան մէջ ոչ մէկը, նոյնիսկ բռնի, կրցաւ ծունկի բերել մեզ, եթէ անշուշտ, սոյն «ոեւէ մէկը» նախապէս, նենգօրէն չկոտրեց զայն, ինչպէս պատահեցաւ եղերական տասնհինգին, երբ զէնք կրելու ընդունակ ամբողջ բնակչութիւնը դաւադրաբար կանչուեցաւ «զինուորական ծառայութեան…»:

Մենք մեր կարգին, պատմութեան ընթացքին մեր ամենազօրեղ եղած օրերուն անգամ, առանձնապէս չենք փութացած ծունկի բերել ու նուաստացնել ուրիշը:  Չենք փութացած նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ Հայաստան աշխարհի թագաւորները «Արքայից արքայ» տիտղոսը կը կրէին, իսկ պետութեան սահմանները ծովէ ծով էին:

Հազարամեակներու ընթացքին ունեցած ենք անշուշտ, ցաւալի պարտութիւններ, բայց թիկունքով դէպի թշնամին չենք շրջուած երբեք, մարտի դաշտէն խուճապահար չենք փախչած, առաւել եւս` ամբողջ զօրաբանակով չենք յանձնուած թշնամիի քմահաճոյքին, ինչպէս յաճախ ըրած են մեր դրացիներն ու քաղաքակիրթ Եւրոպան…

Անհամար են մեր պատմութեան «ինչո՞ւ»-ները եւ «ինչպէ՞ս»-ները: Բազմաթիւ են եւ ո՛չ միանշանակ, իսկ երբեմն նաեւ շատ հակասական, ինչպէս ինք` պատմութիւնը եւ ընդհանրապէս մարդկային բնոյթը:

Երէկ ու այսօր, ո՛չ միայն  հմուտ քաղաքագէտներն ու դիւանագէտները, այլ արիւներախ թշնամին անգամ կը դժուարանար ըմբռնել ու հասկնալ, թէ հայ ժողովուրդը ինչպէ՞ս դիմակալեց հրէշայնօրէն ծրագրուած «Ցեղասպանութիւն» կոչուող մեծ արհաւիրքը, եւ ինչպէ՞ս, գերբնական ի՞նչ ուժով ընդամէնը հինգ տարի ետք, բզկտուած ու սովամահութեան եզրին հասած Հայաստանը Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի մատոյցներուն ջարդեց անարգ թշնամիին անխոցելի կարծուած  ողնաշարը:

Ջարդեց միայնակ, առա՜նց կողմնակի նուազագոյն օգնութեան: Աւելի՛ն. ծունկի բերաւ ու ջարդեց  թշնամին` իրենք զիրենք «գերտէրութիւն» յորջորջող պետութիւններու պաղ ու անտարբեր հայեացքի, երբեմն նաեւ գոռոզամիտ քմծիծաղի ներքոյ…

Այսօր այդ հմուտ քաղաքագէտներու եւ դիւանագէտներու զաւակներն ու թոռները ըմբռնելու նոյն դժուարութիւնը ունին` ինչպէ՞ս, գերբնական ի՞նչ ուժով էր, որ սոսկալի երկրաշարժէն անդամալոյծ եւ լիակատար շրջափակումի ենթարկուած Հայաստանը ոչ միայն կրցաւ կասեցնել թուրք-ազերի վոհմակներուն յառաջխաղացումը, այլ նաեւ զանոնք դուրս նետեց  Արցախ աշխարհի մեծագոյն հատուածէն` այս անգամ անոնց  ստիպելով ծունկի գալ ու հրադադար աղերսել անտարբեր աշխարհի նոյնքան պաղ ու անտարբեր հայեացքի ներքոյ…

Ու, եթէ չըլլար այդ գերտէրութիւններուն խոցելի միջամտութիւնը մեր փառաւոր յաղթանակներէն ետք, ինչպէս քսաներորդ դարասկիզբին, այնպէս ալ դարավերջին, վստահաբար, գոնէ մենք, նուազ կը լսէինք թուրք-ազերի լկտի յոխորտանքները  եւ աւելի բարձր ու աւելի շատ կը լսէինք անոնց վայնասունը…

Այսօրուան աշխարհաքաղաքական գործընթացները այնպիսի ուղղութեամբ կը զարգանան, որ կարծես անխուսափելի կը դառնան քաղաքական ու աշխարհագրական վերաձեւումները, երեւոյթ, որմէ անմասն չի կրնար մնալ նաեւ մեր տարածաշրջանը, որ ընդունուած է ամէնէն պայթիւնավտանգներէն մին համարել:

Ուզենք թէ չուզենք, Հայաստանը եւս չի կրնար անմասն մնալ, եւ ուշ կամ կանուխ մասնակից պիտի դառնայ այդ գործընթացներուն:   Այս պարագային շատ կարեւոր է միասնականութեան ու հաւաքական կամքի դրսեւորումը, որ մեր յաղթանակներու կարեւորագոյն գրաւականն ու անդաւաճան ուղեկիցը եղած է ճակատամարտերու օրերուն, բայց զարմանալիօրէն պակսած է… յաղթանակները քաղաքական ու դիւանագիտական ատեաններուն մէջ ամրագրելու ժամանակ…

Ցաւօք, կան նաեւ այնպիսի ժամանակներ, երբ քաղաքական կեղծիքը, բիրտ ուժն ու պատեհապաշտութիւնը կը վերածուին օրինաչափութեան, քաղաքական կենսակերպի եւ բացառութիւն ըլլալէ կը դադրին:

Նմանօրինակ պարագաներուն դժուար է գնահատական տալ որեւէ պետութեան քաղաքական ուղեգիծին: Դժուար` այն պարզ պատճառով, որ ուղեգիծ պարզապէս չկայ, կամ ալ այնքան արագ ու անսպասելի կը փոխուի, որ դժուար կ՛ըլլայ զանազանել, թէ ո՛ւր աւարտեցաւ կեղծիքը եւ ո՞ւր սկսաւ ճշմարտութիւնը…

Հիմա, սակայն, որքան ալ տարօրինակ թուի, աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ մղուող մեծ ու պզտիկ, բայց միշտ անասելի դաժան պատերազմներու պայմաններուն մէջ` հասած է պատմական ճշմարտութեան հետ առերեսուելու պահը:

Այդ պահը հասունացած է, եւ այդ դրական քաղաքական գործընթացը արագացնողը… նաեւ էրտողանեան Թուրքիան է…

Փոյթ չէ, որ արագացուցած է  քաղաքական աժան աճպարարութիւններու, պետական քամահրանքի, սադրանքներու, նոյնիսկ մերօրեայ դիւանագիտութեան համար անյարիր ու ստոր միջոցներու գինով, որոնց պարզ թուարկումն անգամ սրտխառնուք կը յառաջացնէ:

Ո՛չ միայն հզօր, այլեւ իրենք զիրենք քիչ թէ շատ յարգող պետութիւնները չեն հանդուրժեր եւ երբեւէ պիտի չհանդուրժեն, որ իրենց հետ  վերջնագիրերով խօսին, իսկ ապրիլ 24-ին Կալիփոլիի ճակատամարտի հարիւրամեակ նշելն ու աշխարհի չորս կողմը այդ ձեռնարկին մասնակցութեան հրաւէրներ ղրկելը վերջնագրի ու բացայայտ պահանջի շեշտուած տարրեր կը պարունակեն:

Տարիներով աշխարհի շատ ու շատ պետութիւններու ղեկավարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ այս կամ այն ձեւով, ճշդապահօրէն ապրիլ 24-ին անդրադարձած են Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու ոգեկոչման տարելիցներուն: Տասնամեակներով այդպէս եղած է:  Հիմա չքննարկենք, թէ պետութիւններու նախագահներէն ո՛վ ի՞նչ ըսած է այդ յիշատակի օրերուն, եւ ի՞նչ եզրոյթով որակած է հայոց անլուր ողբերգութիւնը:

Հիմա, սակայն, Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անունով մէկը յայտնուած է, որ մարդկային բանականութենէ եւ պարզունակ տրամաբանութենէ դուրս, քմահաճ որոշումով, Կալիփոլիի ճակատամարտի յիշատակման օրը հարիւր տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղափոխած է ապրիլ 24` ճիշդ այն օրը, երբ մարդկութեան յառաջադէմ եւ առաւել բանական մասը հայ ժողովուրդին հետ միասին սգացած եւ նշած է մարդկութեան դէմ երբեւէ կատարուած ամենազարհուրելի ոճիրներէն մէկուն ողբերգական տարելիցը:

Անոնցմէ շատեր, աւելի ճիշդ` ա՛յն պետութիւնները, որոնք ղեկավարելու պատիւը ունին անոնք, տարբեր տարիներու  ընդունած են Հայոց ցեղասպանութեան եղերական փաստը եւ,  աւելի՛ն, կարգ մը պետութիւններու մէջ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէօրէն պատժելի  յանցանք կ՛որակուի:

Քաղաքական ինչ-ինչ նկատառումներէ ելլելով, սակայն, որոշ գերտէրութիւններ պարբերաբար կրցած են խուսանաւիլ հայ-թրքական չափազանց կնճռոտ յարաբերութեանց մէջ` միաժամանակ հմտօրէն օգտագործելով թէ՛ նալին,  թէ՛ մեխին զարնելու իրենց քաղաքական «բացառիկ»  ընդունակութիւնը…

Հիմա անոնք զրկուած են այդ կարելիութիւններէն եւ ա՛յդ է, որ պիտի չներուի թրքական կողմին: Որպէս նմանօրինակ առաջին քայլ, ինչպէս եւ կ՛ակնկալուէր, կատարեց Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան: Ռուսերը միշտ ալ օգտագործած են «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը, եւ ապրիլ 24-ին իրենց տեղեկատուական անհամար միջոցներով անդրադարձած են Հայոց ցեղասպանութեան մանրամասնութիւններուն` յստակօրէն դատապարտելով Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կատարուած սոսկալի ոճիրը:

Այս անգամ, սակայն, անոնց առնելիք քաղաքական քայլը բոլորովին նոր որակ ունի, եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի աշխատակազմի ղեկավարին հրապարակած յայտարարութիւնը նշուածին լաւագոյն վկայութիւնն է: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի, թէ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, 150 անձերէ բաղկացած պատուիրակութեամբ պիտի մասնակցի  Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կայանալիք Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին նուիրուած բոլոր ձեռնարկներուն: Նշուած է նաեւ, որ այդ ծանրակշիռ պատուիրակութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած է  Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

Նոյնանման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Ֆրանսան: Վստահաբար չեն ուշանար նաեւ միւսները…

2015 թուականի ապրիլ 25-էն տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական գործընթացները որակական նոր փուլ պիտի մտնեն, եւ չափազանց կարեւոր է, որ պատմութեան ճակատագրական պահերու մեր անդաւաճան զինակիցները` միասնականութիւն, հաւաքական կամք ու անկոտրում ոգի` իրենց արժանի բարձրութեան վրայ գտնուին…

 

 

Նախորդը

Եկէք` Ճանչնանք Մեր Դատը

Յաջորդը

Բոցակէզ Պատկեր… Բոցավառ Պատգամ…

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?