Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Արդարութիւնը Վերականգնելու Հրամայականը

Ապրիլ 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՊՈՒՀ ԳԱԼՓԱՔԵԱՆ

23 ապրիլ 2015-ին, Երեւանի ժամով երեկոյեան ժամը  19:15-ին, որ եղերական թուականը կը խորհրդանշէ, աշխարհասփիւռ հայկական բազմահարիւր եկեղեցիներու անլռելի զանգակատուները միաժամանակ դէպի երկինք ու աշխարհ պիտի հնչեցնեն իրենց խորհրդանշական 100 ղօղանջները` վերակոչելով Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը եւ ազդարարելով սկիզբը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ձօնուած պետական ձեռնարկներուն, որոնց ներկայ պիտի գտնուին աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններու ղեկավարներ ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Իսկութեան մէջ, մարդկութեան` մասնաւորաբար հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած այդ սոսկալի ոճիրի դատապարտման եւ հայոց մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակի   ձեռնարկներուն սկիզբը շատոնց տրուած է:

Բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ էին սփիւռքի եւ մայր հայրենիքի մէջ իրականացուող ձեռնարկները` գիտական քննարկումներ, դասախօսութիւններ, արխիւային հազուագիւտ փաստաթուղթերու եւ հարիւրաւոր տեսերիզներու ցուցադրութիւն, մշակութային ձեռնարկներ ու երթեր…

Այո՛, բազմաթիւ են այդ ձեռնարկները, բայց բոլորին ընդհանուր նպատակն ու ուղղութիւնը մէկ է` դատապարտել մարդկութեան դէմ կատարուած ամենասոսկալի ոճիրը եւ ցոյց տալ, թէ ի՛նչպիսի մոլեգին բարբարոսութիւն կը դիմագրաւէր հայ ժողովուրդը, անշուշտ միաժամանակ ներկայացնելով նաեւ անոր հրաշափառ վերածնունդը:

Վերածնունդ` որ շատերուն անվերապահ հիացմունքին արժանացած է, իսկ ոմանց ալ սեւ ու չար նախանձի առիթ պատճառած է:

Հայաստանի անկախացումէն եւ Արցախ աշխարհի ազատագրումէն ետք որակական նոր` շատ աւելի բարձր աստիճանի հասած է Հայաստան-Արցախ-սփիւռք համագործակցութիւնը, ու թէեւ այս բնագաւառին մէջ ընելիքներ դեռ շատ կան, սակայն անհերքելի ճշմարտութիւն մը կայ. այս սերտ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք, որակական նոր աստիճանի բարձրացաւ նա՛եւ Հայ դատի հետապնդումն ու պահանջատիրութիւնը: Եւ ասիկա մեզի համար քաղաքական սոսկական  հոլովոյթ չէ, որուն վերջնական յաղթանակին կը հաւատանք բոլորս եւ որուն իրագործումին կը ձգտին եռամիութեան մեր բոլոր ջանքերը:

Նախ եւ առաջ, այս հոլովոյթը յարգանքի այն տուրքն է, որ մենք, մեր լուռ ու արժանապատիւ խոնարհումէն ետք, կրնանք եւ պարտաւոր ենք բերել Հայոց ցեղասպանութեան մէկ միլիոն ու կէս անմեղ զոհերու անմեռ յիշատակին:

Մանաւանդ մեծ ջանք չի պահանջուիր հաշուելու համար, թէ անցած հարիւրամեակի ընթացքին այդ թիւը դեռ քանի՜ցս կրնար բազմապատկուիլ, որ իրականութեան մէջ սոսկական թիւ մը չէ, այլ` ողբերգականօրէն աշխարհ չեկած Փարամազներու, Անդրանիկներու, Վարուժաններու, Սիամանթոներու եւ Կոմիտասներու հսկայական բանակ մը…:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը շրջադարձային պիտի դառնայ նախ եւ առաջ արդար հատուցման մեր համազգային պահանջով: Որքան մերօրեայ թրքական իշխանութիւնները կառչին փակուղի տանող իրենց ստայօդ յոխորտանքներու եւ ուրացման քաղաքական վարքագիծին, ակնյայտ ու կարեւոր երեւոյթ մը կայ. նոյնիսկ այնտեղ` Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող խմորումները կը վկայեն այն մասին, որ այսօր որոշակի զանգուած մը կայ, որ այլեւս չ’ուզեր կրել ուրացող ցեղասպանի ժառանգորդը ըլլալու տաժանելի բեռը:

Մերօրեայ քաղաքական համաշխարհային միտքը այլեւս դժուարութեամբ կը հանդուրժէ ուրացումին, սուտին ու կեղծիքին: Ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ դրական այնպիսի հոլովոյթներ տեղի կ’ունենան, որոնց գոյութի՛ւնն իսկ մէկ կամ երկու տասնամեակ առաջ կարելի չէր պատկերացնել: Ըսուածին վկայութիւնն են նաեւ էրտողանեան իշխանութեան քաղաքական ապարդիւն ջղագարութիւնները, որոնցմով անոնք պարբերաբար հանդէս կու գան, երբ խօսքը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան…

Հայկական հարցին շուրջ խօսելու ընթացքին միշտ զգուշաւոր` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ջղաձգութիւնները նոյնպէս այս ծիրին մէջ կ՛իյնան: «Թուրքիան պատրաստ է գին վճարելու, եթէ պատմաբանները որոշեն, որ եղածը ցեղասպանութիւն է»: Տարիներ առաջ այսպիսի յայտարարութիւն մը ենթադրելն անգամ անհաւանական  էր: Ու թէեւ, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւններուն մէջ շատ բարձր տոկոս կը կազմեն քաղաքական աճպարարութիւնն ու դիւանագիտական խաղը, միեւնոյնն է, ասիկա կը վկայէ թրքական ներիշխանական ոլորապտոյտի մը մասին, որ, ի դէպ, նոր սկսած չէ:

Երեք տարի առաջ, երբ Ֆրանսայի ծերակոյտը կը քննարկէր Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը Ֆրանսայի տարածքին քրէականօրէն դատապարտելի արարք նկատելու մասին օրէնքի նախագիծը, Թուրքիոյ ազգայնական կուսակցութեան առաջնորդներէն մէկը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, ուր մասնաւորաբար ըսուած էր.

«Ֆրանսացիներուն քայլը, որ ցնցեց մեզ, աննշմար հսկայական սառցալերան միա՛յն տեսանելի այն մասն է, որուն կործանարար ուժին պիտի բախի Թուրքիան հայերու կողմէ թմբկահարուող Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն: Մենք պարտաւոր ենք ամէն կերպ մեղմացնել այդ հարուածը, իսկ ատոր համար հայերուն հետ լեզու պէտք է գտնել»:

Բնականաբար այստեղ եւս չափէն աւելի բարձր է քաղաքական աճպարարութեան եւ աժան դիւանագիտական խաղին տոկոսը, որովհետեւ անոր խօսքը ուրացման ճամբէն հրաժարելու եւ ճշմարտութիւնը դիմագրաւելու մասին չի վերաբերիր, այլ ընդամէնը` «հայերու հետ լեզու գտնելու»: Իսկ թէ ի՞նչ կը նշանակէ «լեզու գտնել»` թրքական դիւանագիտութեան, առաւել եւս թուրք կուսակցապետի մը համար, ըստ մեզի, մեկնաբանութեան չի կարօտիր:

Այս առումով, խորապէս համոզուած ենք, որ ճիշդ ժամանակին ու տեղին էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագրին հրապարակումը:

Խորհրդանշական է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, ի լուր աշխարհի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստի աւարտէն ետք կարդաց զայն:

Կարդաց ո՛չ թէ նախագահական պալատի կամ այլ պաշտօնական դահլիճի մէջ, այլ Ծիծեռնակաբերդի` Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրին առջեւ, անմեղ նահատակներու յուշարձանին ծաղկեպսակներ զետեղելէ եւ անոնց սուրբ յիշատակին խնկարկելէ ետք:

Հայ ժողովուրդը, ըսուած է Հռչակագրին մէջ, կը դիտարկէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը իբրեւ կարեւոր հանգրուան` պատմական արդարութեան համար մղուող պայքարը «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» լոզունգով շարունակելու հոլովոյթին մէջ:

Կոչ կ՛ընէ հայորդիներու գալիք սերունդներուն` հայրենասէր, գիտակից եւ ուսեալ կեցուածքով պաշտպան կանգնելու հայրենի սրբազան ժառանգութեան, աննահանջ պայքարով ծառայելու յանուն`

– աւելի հզօր հայրենիքի` ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան,

– անկախ Արցախի յառաջընթացին ու զօրացման,

– աշխարհասփիւռ հայութեան գործօն համախմբման,

– համայն հայութեան դարաւոր նուիրական նպատակներու իրականացման»:

Աշխարհասփիւռ հայութեան բոլոր ուժերու համատեղ ջանքերով ստեղծուած պատմական այս հռչակագիրը սկիզբն է հայոց արդար պահանջատիրութեան որակական նոր հանգրուանին, եւ բոլոր նախադրեալները կան, որ ան վերջինը ըլլայ մեր հարիւրամեայ պայքարի ընթացքին:

Ասիկա ո՛չ միայն ցանկութիւն, այլ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու հրամայական է, եւ մեր ժողովուրդի հաւաքական ուժին գերագոյն նպատակն է օր առաջ մօտեցնել բաղձալի այդ ժամանակները:

ՍԵՊՈՒՀ ԳԱԼՓԱՔԵԱՆ
Լիբանանեան խորհրդարանի անդամ

Նախորդը

100-Ամեակի Մեր Կարեւորագոյն Ռազմավարութիւնը` Միասնականութիւն

Յաջորդը

Լիբանանում Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի Ուղերձը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Կապակցութեամբ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?