ՇԻՐԱԶ ՃԷՐԷՃԵԱՆ
Գարնանային, ջերմ եւ խաղաղ է Լիբանանի բարձրագոյն գօտին: Լեռներէն արդէն սկսած է ձիւնհալը` յաւելեալ փայլք տալով արդէն իսկ կանաչապատ Պշարրէի գաւառին: Այստեղ, երկրի փառքը խորհրդանշող մշտադալար մայրիներու անտառի մօտակայքէն կը ճեղքուի Քատիշայի բնական հրաշալիքը: Այդ պատմական «սուրբ» հովիտէն բարձրացող գահաւանդներու բազմաթիւ քարայրները, հովիտը բաժնող եւ նոյն անունը կրող գետի կողքին թառած գողտրիկ վանքերն ու մատուռները տակաւին կը կրեն թրքական բռնութիւններէն տառապած լեռնցիներուն հետքերը: Հալածանքներէ խուսափելու համար վանականներ ժամեր, նոյնիսկ օրեր քալելով կ՛ապաստանէին յատուկ յարմարցուած բնական քարանձաւներու մէջ, ուրկէ տակաւին մինչեւ օրս կը բացայայտուին կենցաղային ծանր եւ նեղ պայմանները ապացուցող իրեր:
Հովիտի կատարով ընթացող գիւղական ճամբան կը ճեղքէ կարմրագոյն գիւղերը` հասնելով մինչեւ Պշարրէի աւանը: Այստեղ իր բանաստեղծի եւ արուեստագէտի առաջին արմատները նետած է լիբանանցի մեծանուն փիլիսոփայ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանը: Աւանի մուտքին, «Մարգարէն» աշխարահռչակ գիրքի հեղինակին աճիւնները ամփոփող «Ժըպրանի թանգարան»-ին մէջ հազարաւոր գրութիւններու, բանաստեղծութիւններու, գիրքերու եւ գեղանկարներու շարքին է Մեծ եղեռնի արհաւիրքը բացայայտող նամակ մը` շարադրուած Ժըպրանի ձեռագրով, յղուած Միացեալ Նահանգներ` Մերի Հեսքըլին: Իմաստասէրը սոյն նամակով բացայայտած է թրքական քաղաքականութիւններուն պատճառով Լեռնալիբանանի բնակչութեան աղէտը` 1916-ին, նոյն թուականին, երբ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ թուրք դահիճներուն ձեռամբ կախաղան բարձրացան ազգային գործիչներ:
Սիրելի՛ Մերի,
Ժողովուրդս, Լեռնալիբանանի ժողովուրդը կը բնաջնջուի սովի միջոցով, որ ծրագրուած է թրքական կառավարութեան կողմէ: 80 հազար անձ արդէն մահացած է: Հազարաւորներ կը մահանան ամէն օր: Նոյնը, որ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ, կը պատահի նաեւ Սուրիոյ մէջ (նկատի ունի արդի Սուրիոյ եւ Լիբանանի հանրապետութիւններու ընդհանուր տարածքը): Լեռնալիբանանը, ըլլալով քրիստոնեայ երկիր, առաւելագոյնը կը տուժէ:
Կրնաս երեւակայել, Մերի՛, վիճակս այս պահուն: Չեմ կրնար քնանալ, ուտել, կամ հանգստանալ: Բոլոր սուրիացիները (նկատի ունի ընդհանուր շրջանի բնակիչները) այստեղ կը չարչարուին նոյն ձեւով: Մեր լաւագոյնը կը փորձենք ընել: Պէտք է փրկենք անոնք, որոնք տակաւին ողջ են: Ա՜խ Մերի՛, շատ ծանր է տոկալ, շատ ծանր: Աղօթէ մեզի համար, սիրելի Մերի՛, մեզի օգնէ` մտորումներով:
Սիրով, տառապող Խալիլէն (1)
Հետաքրքրականօրէն Սուրբ Ծնունդի տօնին` 6 յունուար 1883-ին ծնած Ժըպրանի աչքերը տեսած են երիտթուրքին պատճառած արհաւիրքը, կրօնք, սեռ եւ գոյն չճանչցող բռնութիւնները: Անոր յուշերն ու նամակները բանաստեղծի ցաւոտ եւ մտահոգ գրիչով կը բացայայտեն Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերու դաժան կացութիւնը: Անցած են հարիւր տարիներ: Մայիս 6 թուականը Լիբանանի մէջ վերջերս դադրած է ազգային տօն ըլլալէ, սակայն մեծանուն լեռնալիբանանցի Ժըպրանին տողածը` Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը բացայայտող եւս անհերքելի փաստ մըն է:
Լիբանանի ոչ հայ քաղաքացիներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ծանօթ է Ցեղասպանութեան փաստին, կը ճանչնայ Մեծ եղեռնը, կը յարգէ զոհերուն յիշատակը եւ համերաշխութիւն կը ցուցաբերէ ապրիլ 24-ին: Այսուհանդերձ, Հայոց ցեղասպանութեան փաստը 1997 թուականին ճանչցած Լիբանանի բազմաթիւ քաղաքացիներ տակաւին արհամարհանքով կամ կասկածամտութեամբ կը մօտենան 1915-ի եղելութեան: Սակայն նոյն ցաւը ապրած Ժըպրանի ժառանգորդը ինչո՞ւ պիտի ժխտէ Ցեղասպանութեան փաստը, կամ պարզապէս չմասնակցի, ընդդիմանայ յիշատակի եւ ոգեկոչումի ձեռնարկներուն: Անհրաժեշտ է անդրադառնալ նաեւ այդ փոքրամասնութեան` իմանալու համար հաւանական թերութիւնները եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ բարեփոխելու հայկական քարոզչութեան միջոցները: (2)
Պուրճ Համուտի բնակիչ Էլին գուցէ կատակելով կ՛ըսէ, թէ` «հարիւր տարի անցած է արդէն: Ժամանակները փոխուած են: Այսօրուան թուրքը տարբեր է: Եթէ հողերը վերադարձնեն, դուն պատրա՞ստ ես պապերուդ ծննդավայրը վերադառնալու»: Անոր համաձայն, ժամանակն է անցեալը մոռնալու եւ յառաջ անցնելու: Ռամին` համալսարանի բարեկամ մը, կասկածներ ունի թէ՛ Ցեղասպանութեան եղելութեան, թէ՛ հայկական քարոզչութեան նկատմամբ: «Նոյնիսկ եթէ պատահածը Ցեղասպանութիւն էր, այստեղ հայերը նախ Լիբանանի քաղաքացի են: Պարտաւոր են յարգելու երկրի ընդհանուր քաղաքական ուղեգիծը: Լիբանան լաւ կապեր կրնայ ունենալ բոլորին հետ` ներառեալ, Թուրքիոյ: Հայերը` իրենց բողոքի հաւաքներով պէտք չէ վտանգեն այդ յարաբերութիւնները», կ՛ըսէ ան` գուցէ մոռնալով, որ թրքական քաղաքականութիւնը գրեթէ միշտ հիմնուած է խաբէութեան վրայ:
Լրագրող Հուսէյնը կը ճանչնայ Ցեղասպանութեան փաստը եւ համաձայն չէ Թուրքիոյ այսօրուան քաղաքականութիւններուն, սակայն կը նախընտրէ Եղեռնին մասին չխօսիլ, որովհետեւ հարցը կը դիտէ նեղ կրօնական դիտանկիւնէ: Անոր խօսքով, մասնաւորաբար Լիբանանի նման բազմադաւան երկրի մը մէջ այդ կրնայ կրօնական կիրքեր հրահրել եւ վտանգել մահմետականներուն յարաբերութիւնը` լիբանանահայերուն հետ: Ան գուցէ ազդուած ըլլայ կրօնական շահարկումներու թրքական ուղղուածութենէն, սակայն բոլոր մահմետականներուն մտահոգութիւնը միեւնոյնը չէ: Ուսանող Ահմետին համաձայն, կրօնը այս պարագային գործօն մը չէ, սակայն լիբանանահայերու ձեռնարկած շարժումները նեղացուցիչ եւ անտեղի են: Ան մասնաւոր նշում կը կատարէ «մարդոց արդէն իսկ դժուարացած կեանքը խոչընդոտող երթերուն, հաւաքներուն եւ բողոքի ձեռնարկներուն»: Նոյն տեսակէտին համաձայն է 26 ամեայ Ժոյէլը: «Ես կը զօրակցիմ հայերուն, նոյնիսկ պատրաստ եմ մասնակցելու անոնց ձեռնարկներուն, սակայն կ՛ուզեմ այդ կատարել կամովին` ոչ պարտադրաբար: Որոշ պարագաներու կը զգամ, որ հայերը կը փորձեն իրենց կամքը պարտադրել: Քարոզչութիւնը կարելի է աւելի զուսպ եւ կառուցողական ձեւով կազմակերպել», կ՛ըսէ Ժոյէլ:
Պէյրութի մէջ աշխատող Սեմերը Հայոց ցեղասպանութեան մասին նոյնիսկ չէր լսած մայրաքաղաք փոխադրուելէ առաջ: Ան հիւսիսի Աքքար գաւառէն է, կ՛աշխատակցի ապահովական ծառայութիւններու ընկերութեան մը: Սեմերի համաձայն, Ցեղասպանութեան մասին որեւէ գաղափար չունենալու պատճառը` լիբանանահայերն են: «Աքքարի մէջ հայ չկայ: Գուցէ այդ է պատճառը, որ մեր շրջաններուն մէջ որեւէ ձեռնարկ չեն կազմակերպեր, որեւէ յայտարարութիւն չի տարածուիր: Կը կարծեմ, որ հայերը քարոզչութիւն կրնան կատարել համեմատաբար հեռաւոր գաւառներուն մէջ եւս», կ՛ըսէ Սեմեր: Միւս կողմէ, իր կեանքի 38 տարիները գրեթէ ամբողջութեամբ Էշրէֆիյէի մէջ ապրած Ֆետին կ՛ըսէ, թէ միշտ շաղուած է հայերու հետ եւ շատ լաւ գիտէ անոնց պատմութեան մասին, սակայն երբեք առիթը չէ ունեցած մասնակցելու յիշատակի ժողովրդային հանդիսութիւններուն, որովհետեւ անոնք գրեթէ միշտ հայերէն լեզուով կ՛ընթանան: «Չեմ հասկնար, թէ ինչո՛ւ գրեթէ բոլոր հանդիսութիւնները հայերէնով կը կազմակերպուին: Ի՞նչ իմաստ ունի, եթէ դուք խօսիք, դուք լսէք: Քարոզչութեան շրջագիծը ներքին հայկական հրապարակէն դուրս գալով` պէտք է ներառէ նաեւ ոչ հայերը: Դուք արդէն շատ լաւ գիտէք Ցեղասպանութեան մասին: Կարեւոր է, որ ուրիշներ եւս իմանան, մասնակից դառնան ձեռնարկներուն», կ՛ըսէ Ֆետի: Համակարգչային գիտութիւններու մասնագէտ Լայալը սակայն կ՛աւելցնէ, որ իրօք բազմաթիւ հանդիսութիւններու ներկայ գտնուած է եւ աւելի մօտէն ծանօթացած` Հայկական հարցին, շնորհիւ համալսարաններու հայկական ակումբերուն, որոնք կը փորձեն հայկական դատն ու մշակոյթը ներկայացնել դիւրամատչելի եւ հետաքրքրական միջոցներով:
Ուրիշներ կը հաւատան, որ լիբանանահայերուն կատարածը նոյնիսկ բաւարար չէ: «Ապրիլին իրար կ’անցնիք, հոս հոն ձեւական ձեռնարկ կը կազմակերպէք, քաղաքական շահեր հետապնդող անձնաւորութիւններ եւ ընտրական հաւանական թեկնածուներ ձեզի կը զօրակցին եւ վե՛րջ: Հայերու դատին մասին դարձեալ չենք լսեր», կը պնդէ Մարուանը, որ աշխատանքի բերումով յաճախ նկարահանած է հայկական ձեռնարկներ: Աւելի՛ն. թաքսիի վարորդ Մոհամետը կը պնդէ, որ ուրիշներէն, ներառեալ ոչ հայ լիբանանցիներէն ճանաչում պահանջելու վրայ հիմնուած պայքարը վերջնական յաջողութիւն չի կրնար ապահովել: «Պատմութենէն չենք կրցած սորվիլ, որ դատդ չես կրնար վստահիլ այլոց: Ինչ որ կորսնցուցիր, միայն սեփական ջանքերով եւ ձեռքով կը վերադարձնես, բնականաբար երբ ուժեղ դառնաս: Թոյլին հետ մեծերը գործ չունին», կ’ըսէ ծերունին:
Բարեբախտաբար ոչ հայ լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը լաւապէս ըմբռնած է հայերու դիրքորոշումն ու պահանջը` շնորհիւ լիբանանահայ համայնքի երկարատեւ աշխատանքին, համբերութեան, քաղաքական ջանքերուն, աշխատասիրութեան եւ բոլորին հետ դրական կապեր պահպանելու սովորութեան: Իսկ այն փոքրամասնութիւնը, որ գուցէ մոռցած է Ժըպրանի յուշերն ու տողերը, ան եւս արժանի է լիբանանահայերու ուշադրութեան եւ խոհեմ մօտեցումին, ո՛չ արհամարհանքին եւ ընդվզումին: Անհնար է անցեալը չճանչնալ եւ ներկան չգործածել` յանուն ապագային: Ինչպէս նոյնինքն Ժըպրան կ՛ըսէ. «Երէկ այսօրուան յիշատակն էր, իսկ վաղը` այսօրուայ երազը»:
Ծանօթութիւններ.
(1). Ժըպրանի նամակը Մէրի Հէսքըլին: Սեփականութիւնն է Պշէրրի գաւառի «Ժըպրանի Թանգարան»-ին: Լուսանկարուած եւ հրապարակուած` կեդրոնի տնօրէնութեան արտօնութեամբ:
(2). Հեղինակը պայման չէ որ համաձայնի արտայայտուած բոլոր տեսակէտներուն հետ: