ՍԵԶԱ ՔԻՐԻՇՃԵԱՆ
Տակաւին կը յիշեմ, հայկական վարժարանի նախակրթարանի շարքերէն ներս երբ աշակերտ էի, ամէն տարի ապրիլեան այս օրերուն շատ կը լսէինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որուն որպէս հետեւանք` մենք ծնած էինք հայրենիքէն հեռու, ու մեր ունեցուածքները` մեզմէ բռնի խլուած:
Ահաւոր պատմութիւններ կը կարդայինք ու միշտ անվերջ անպատասխան մնացած հարցումներով լի տուն կը վերադառնայինք: Ամէնէն ահաւոր բանը, որ անդադար կը կրկնուէր սակայն, այն էր, թէ 100-ամեակը կը մօտենար եւ այդ մէկը մեր մէջ սարսափ պէտք էր պատճառէր: Ինչո՞ւ, որովհետեւ, ըստ անոնց, 100-ամեակին հետ նաեւ պիտի ջնջուէր մեր պահանջատիրութեան օրինականութիւնը: Անշուշտ այս մէկը իմացանք, որ բոլորովին անհիմն տարակարծութիւն մըն էր, ստեղծուած` միմիայն մեր մէջ պատասխանատուութեան զգացումը զօրացնելու համար թերեւս:
Տարիներ ետք, երբ անդրադարձայ պատահածին ու տարիներու անհիմն իմ մտավախութիւններուս, նաեւ անդրադարձայ, թէ որքան աւելի նախընտրելի պիտի ըլլար միջնակարգի եւ կարելիին համեմատ նախակրթարանի աշակերտներուն ներկայացնել պատմական դէպքերը, ինչպէս որ են` հեռո՛ւ զգացական վերիվայրումներէն եւ աւելի մօտ իրաւական հարցերու եւ անոնց համապատասխան պատմական փաստերու: Մէկ այսպիսի հարց մը, օրինակ, կը ներկայացնէ ներկայ Թուրքիոյ պետութեան պատասխանատուութիւնը 1915-ի դէպքերուն եւ անոնց յաջորդող տարիներու պատահածներուն նկատմամբ:
Արդեօք այսօրուան Թուրքիան պէ՞տք է մեղադրել ու ամբաստանել Օսմանեան կայսրութեան գործած յանցանքներուն համար: Այս մէկուն պատասխանը կրնանք գտնել ոչ միայն միջազգային օրէնքի, այլ նաեւ իւրաքանչիւրիս տրամաբանութեան ընդմէջէն: Այո՛, ճիշդ է, որ ներկայ Թուրքիոյ պետութիւնը ինք չէ, որ մտադրեց ու գործադրեց 1915-ի դէպքերը, սակայն այդ գործադրիչ կայսրութեան իրաւայաջորդ հանրապետութիւնը 1923 թուականին հիմնուեցաւ այդ նոյն անձնաւորութիւններու ղեկավարութեամբ, որոնք մտադրած ու գործադրած էին Հայոց ցեղասպանութիւնը : Թէեւ ներկայ Թուրքիոյ պետութիւնը ինքնին մեղսակից չէր 1915-ի դեպքերուն, սակայն այսօրուան Թուրքիան է, որ կը շարունակէ ժխտումի քաղաքականութիւնը, եւ աւելի՛ն, մինչեւ իսկ մեծարելով եւ առաւելագոյնս յարգանք ցուցաբերելով այն ղեկավարներուն հանդէպ, որոնք անձնապէս պատասխանատու կը նկատուին 1.5 միլիոն հայերու սպանութեան: Վերջապէս, ներկայ Թուրքիոյ պետութիւնը ժառանգորդն է այդ ամբողջ գոյքին եւ հողատարածքներուն, որոնք կը պատկանէին տեղահանուած հայ բնակչութեան: Վերոյիշեալ պատճառներուն համար ներկայ Թուրքիոյ պետութիւնը պատասխանատու կը նկատուի Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդի ժառանգներուն դիմաց:
Զուգահեռ մը կրնանք հաստատել սոյն երեւոյթին եւ ներկայ Գերմանիոյ պետութեան միջեւ: Այսօր Գերմանիոյ պետութիւնը թէեւ անձնապէս պատասխանատու չէ նացի Գերմանիոյ գործած արարքներուն համար, ներողամտութիւն խնդրեց ու բոլոր իր նիւթական ու իրաւական պարտականութիւնները լիովին կատարեց Ողջակիզումի զոհերու յաջորդ սերունդներուն հանդէպ:
Իրականութիւնը այն է, որ միջազգային օրէնքի համաձայն, այնպիսի կառուցուածք գոյութիւն ունի, որ թոյլ չի տար պետութիւններու պատասխանատուութենէ խուսափիլ` որպէս արդիւնք կառավարութեան հերթափոխութեան, յեղաշրջումի եւ կամ քաղաքական համակարգի փոփոխութեան (այս պարագային` Օսմանեան կայսրութեան հանրապետութեան վերածումը):
Միջազգային օրէնքի յանձնաժողովի (International Law Commission) համաձայն, միջազգային անարդարացի արարքներու պետակական պատասխանատուութեան յօդուածներէն 2-րդը (Responsibility of States for internationally wrongful acts) յստակօրէն կը նշէ, թէ միջազգայնօրէն անարդարացի գործողութիւն կը նկատուի պետութեան մը վարքագիծը, երբ անոր գործողութիւնը կամ բացթողումը կը վերագրուի, պետութեան միջազգային օրէնքի համաձայն, խախտում կը նկատուի պետութեան միջազգային պարտաւորութիւններու համաձայն:
Այսպիսով, պետութիւն մը միջազգայնօրէն պատասխանատու կը նկատուի իր գործերուն եւ բացթողումերուն համար, որոնք կը վերագրուին անոր միջազգային օրէնքի համաձայն եւ միաժամանակ կը նկատուին միջազգային պարտաւորութիւններու խախտում:
Աւելի՛ն. 30-րդ յօդուածին համաձայն, որ կ՛արծարծէ անարդարացի արարքներու դադրեցման նիւթը, այն պետութիւնը, որ պատասխանատու կը նկատուի միջազգային անարդարացի արարքներու համար, նաեւ պարտաւորութիւն ունի`
1- Կանխելու այդ արարքը, եթէ անիկա տակաւին կը շարունակուի:
2- Ներկայացնել համապատասխան հաւաստիացումներ եւ երաշխիքներ, որպէսզի վերոյիշեալ արարքները չկրկնուին եթէ, իրավիճակը այդպէս պահանջէ:
Վերոյիշեալ յօդուածին համաձայն, եթէ պետութիւնը շարունակէ անարդարացի արարքի գործադրութիւնը, ան պատասխանատու պիտի նկատուի ոչ միայն այն արարքներուն համար, որոնք գործուած են անոր իշխանութեան գլուխ գալէ ետք, այլ նաեւ` բոլոր այն արարքներուն համար, որոնք յառաջացած են նախորդող պետութեան կողմէ: Այս կէտէն մեկնելով, քանի որ ներկայ Թուրքիոյ պետութիւնը 1923-էն ետք չդադրեցուց ջարդերը, տեղահանութիւնը եւ նպատակային խումբի գոյքի բռնագրաւումը (այս պարագային հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւներու), այլ նաեւ շարունակեց վերոյիշեալ արարքները նոյնիսկ մինչեւ 1930-ական թուականները, ան այսօր պէտք է պատասխանատու նկատուի ոչ միայն այն արարքներուն համար, որոնք գործադրուեցան 1923-էն ետք, այլ նաեւ` բոլոր այն անարդարացի արարքներուն համար, որ այսօր կը դասուին ցեղասպանութեան մակարդակի վրայ, 1915- էն մինչեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնումը` 1923 թուականին:
Գալով 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն անուանելու իրաւական հարցին եւ անոր օրինականութեան, 2002 թուականին թրքական-հայկական հաշտեցման յանձնաժողովը հայկական ջարդերու իրաւական հարցը բարձրացուց միջազգային անցումային արդարութեան կեդրոնին (International Center for Transitional Justice)` ստանալու համար իրաւաբանական խորհրդատուութիւն: Հանձնաժողովը կեդրոնին դիմելով` ուզեց դատական վերանայման ենթարկել սոյն դէպքը` ճշդելու համար, թէ արդեօք 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութեան մակարդակին կը դասուի՞ն: 18 էջանոց խիստ իրաւաբանական վերլուծութիւնը կ՛եզրակացնէ, թէ` «կատարուած իրադարձութիւնները իրենց ամբողջութեամբ կը պարունակեն ցեղասպանութեան յանցագործութեան բոլոր այն տարրերը, որոնք սահմանուած են համաժողովին մէջ: Հետեւաբար իրաւագէտները գիտնականներ, պատմաբաններ, քաղաքագէտներ, լրագրողներ եւ ուրիշներ արդարացուած կերպով կրնան շարունակել դէպքերը նկարագրել որպէս ցեղասպանութիւն»:
Այսօր, հարիւր տարիներ անց, հակառակ ժխտողական քաղաքականութիւն վարող Թուրքիոյ ջանքերուն, Հայոց ցեղասպանութեան փաստն ու անոր հետ առնչուած իրաւական բանավէճը կը կայանայ ոչ միայն տարբեր երկիրներու պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու միջեւ, այլ նաեւ` ինքնին Թուրքիոյ տարածքէն ներս: Շնորհիւ համացանցի միջոցով կատարուած ընդլայնուած հետազօտութիւններու եւ որոնումներու` թուրք ժողովուրդին շարքերէն ներս կան աւելի քան երբեք այլախոհ ու լուսաբանուած խաւ մը, որ պատրաստ է դէմ յանդիման գալու իր անցեալին հետ:
Այսօր, հարիւր տարիներ անց, հակառակ իմ մանկութեանս մտավախութիւններուն, մեր ժողովուրդի արդար եւ իրաւական Դատը ոչ մէկ ձեւով չէ խախտած: Այսօրուան դրութեամբ, պէտք եղածը ոչ միայն ճանաչումն է Թուրքիոյ պետութեան կողմէ, այլեւ` հայ ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ իրաւական եւ պատմական իրադարձութիւններու գիտակցութիւնը:
Մենք, որպէս ազգ, անհրաժեշտաբար պէտքը ունինք միասնական տեսլականի եւ իրաւական պահանջներու իրազեկութեան:
Եկէք` ճանչնանք մեր Դատը եւ ապա պահանջենք մեր իրաւունքները: