Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արդարութեան Ծուխ… Վատիկանէն
«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը յիշելը պարտադիր է, որովհետեւ ուր յիշատակ չկայ, այնտեղ չարիքը դեռ բաց կը պահէ վէրքը: Ծածկել յանցանքը` կը նշանակէ ձգել, որ վէրքը արիւնահոսի»: ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊ Վատիկան 12 ապրիլ 2015 Այս անգամ նորընտիր պապի մը լուրը աւետող սպիտակ ծուխը չէր, որ կը ծածկէր Վատիկանը, այլ` թափանցիկ... արդարութեան ծուխը: Ի վերջոյ, այդ թափանցիկ ծուխն ալ ընտրութեան մը հետ կապ ունէր...














