Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Չինաստանին Ուղղուած Ազդակը

Ակնարկ. Չինաստանին Ուղղուած Ազդակը

Անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնել Ուաշինկթընի` Չինաստանին կատարած դիմումի լուրին վրայ, իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան կարգաւորման համար: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը չինացի իր գործընկերոջ դիմած է այս առաջադրանքով: Նոյնքան ուշագրաւ է Փեքինի պատասխանը` ճգնաժամի լուծումը պայմանաւորուած է  Պաղեստինի անկախ պետութեան ստեղծումով` Իսրայէլի հետ անոր խաղաղ գոյակցութեան երաշխիքներով: Թէական զինադուլի հաստատման եւ բանակցութիւններու ձեռնարկումի համար կը թուէր, որ երկու գլխաւոր պետութիւններ իրենց...

Ուաշինկթըն. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Ղեկավարներուն Կոչ Կ՛ուղղենք Համաձայնիլ  Իրենց Ուժերը Սահմանի Երկայնքէն Ետ Քաշելու»

Ուաշինկթըն Կը Հերքէ Ազրպէյճանի Կողմէ Հայաստանի Ներխուժման Մասին Պլինքընի Վերագրուող Յայտարարութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց «Փոլիթիքօ» պարբերականի հրապարակած լուրը, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիրներու հետ հանդիպումի ընթացքին նախազգուշացուցած է, թէ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Ազրպէյճանը կրնայ Հայաստան ներխուժել: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր «Արմէնփրես»-ին տուած մեկնաբանութեան մէջ յայտնած է, թէ յօդուածին մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնը «սխալ է» եւ «չ՛արտացոլացներ այն, ինչ...

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Ենթակայ  Կը Մնայ Իսրայէլեան Բուռն Ռմբակոծումի

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Ենթակայ Կը Մնայ Իսրայէլեան Բուռն Ռմբակոծումի

Հըզպալլա Հակահրասայլային Հրթիռներով Կը Թիրախաւորէ Իսրայէլեան Զինուորական Դիրքեր Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը կը շարունակէ մնալ զինուորական սահմանափակ եւ չափաւոր ռազմական գործողութիւններու վկան` ստեղծելով իրավիճակ մը, որ աւելի քան զինեալ բախում է եւ նուազ քան պատերազմ: Երէկ առաւօտեան Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան բաժանմունքը յայտնեց, որ իր մարտիկներէն Մուժահետ Հիւսէյն Քամալ Մասրի նահատակուած է` ժիհատի իր պարտականութեան ընթացքին: Նոյն ընթացքին, այսինքն` առաւօտեան ժամը 10:00-ին,...

Ապտոլլահեան. «Իսրայէլեան Բռնարարքներուն  Շարունակուելուն Պարագային Զերօ Ժամի  Յայտարարութիւնը Դիմադրութեան Վերապահուած Է»

Ապտոլլահեան. «Իսրայէլեան Բռնարարքներուն Շարունակուելուն Պարագային Զերօ Ժամի Յայտարարութիւնը Դիմադրութեան Վերապահուած Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան շաբաթ կէսօրէ առաջ Պէյրութի իրանեան դեսպանատան մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ օր մը առաջ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն, ինչպէս նաեւ լիբանանցի պետական անձնաւորութիւններուն եւ քաղաքական ղեկավարներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն արդիւնքներուն: Ապտոլլահեան շեշտեց, որ իսրայէլեան բռնարարքներուն շարունակուելուն պարագային զերօ ժամի յայտարարութիւնը Դիմադրութեան վերապահուած է եւ անոր հայեցողութեան ձգուած: Ան դիտել տուաւ,...

Իսրայէլեան Բանակը Կազայի Դէմ Ցամաքային Գործողութիւնը Յետաձգած Է  Եւ Կը Սպասէ «Քաղաքական Որոշումին»

Իսրայէլեան Բանակը Կազայի Դէմ Ցամաքային Գործողութիւնը Յետաձգած Է Եւ Կը Սպասէ «Քաղաքական Որոշումին»

Իսրայէլեան բանակի բանբերներ Ռիչըրտ Հիշթ եւ Տանիէլ Հակարի երկու անջատ մամլոյ ասուլիսներու ընթացքին յայտարարեց, որ բանակը Կազայի դէմ սպասուող ցամաքային յարձակումի շղթայազերծման համար «քաղաքական որոշումին» կը սպասէ: Հիշթ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Մեր քաղաքական ղեկավարութեան հետ քննարկումներ կը կատարենք»: Իսրայէլեան բանակը իր ուժերէն տասնեակ հազարաւորներ կուտակած է Կազայի հետ սահմանին մօտ, եւ զինուորական պաշտօնատարներ կը հաղորդեն, որ ցամաքային գործողութեան մը...

Դատապարտում

Դատապարտում

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատու գրասենեակը դատապարտեց հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող լրագրողներուն կեդրոնը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու քայլը: Գրասենեակը լիբանանեան մամուլին յղած դատապարտանքի գիրին մէջ նշեց. «Վերջին օրերուն ընթացքին պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ Իսրայէլի գործած մարդկութեան դէմ ոճիրներէն ետք, իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին կարգ մը լրագրողներ, որոնք իրենց պարտականութիւնը կը կատարէին հարաւային Լիբանանի մէջ: Այդ արարքին նպատակն էր լռեցնել տեղեկատուութեան մարզը,...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» Կոմիտէին.  Հրայր Մարուխեանի Յիշատակը Արժանավայել Կերպով Ոգեկոչուեցաւ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» Կոմիտէին. Հրայր Մարուխեանի Յիշատակը Արժանավայել Կերպով Ոգեկոչուեցաւ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին, հինգշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2023-ին արժանավայել կերպով նշուեցաւ դաշնակցական ականաւոր ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու նախկին ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի յիշատակը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ազգային «Եղիշէ Մանուկեան» քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ, Տըպպայէ, ներկայութեամբ հոգեւոր, կուսակցական, պետական, միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ հայորդիներու հոծ բազմութեան: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավար Վարդան Ազնաւուրեան ներկաները հրաւիրեց...

Փութին Մոսկուայի Մէջ Ալիեւ-Փաշինեան Բանակցութիւններ Կ՛առաջարկէ

Փութին Մոսկուայի Մէջ Ալիեւ-Փաշինեան Բանակցութիւններ Կ՛առաջարկէ

Ռուսիան, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը եռակողմ ձեւաչափի մէջ քրտնաջան աշխատած են հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ, իսկ ռուս խաղաղապահները բարեխղճօրէն կատարած են Ղարաբաղի մէջ իրենց պարտաւորութիւնները: Այս մասին Պիշքեքի մէջ ԱՊՀ-ի ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: «Օրակարգի վրայ է խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստումը, որպէսզի վերջնականապէս վերջակէտ դրուի այս ձգձգուած տագնապին: Ռուսիան պատրաստ է այս հարցին մէջ իր գործընկերներուն...

Հարաւային Սահմանագիծին Ապրած Համեմատաբար  Խաղաղ Օրը Վերածուեցաւ Բուռն Ռմբակոծումներու

Հարաւային Սահմանագիծին Ապրած Համեմատաբար Խաղաղ Օրը Վերածուեցաւ Բուռն Ռմբակոծումներու

Իսրայէլ Կը Թիրախաւորէ Լրագրողներու Խումբ Մը. «Ռոյթըրզ»-ի Լուսանկարիչ-Լրագրողը` Զոհ Ռմբակոծումի Երէկ երեկոյեան իսրայէլեան բանակը թիրախաւորեց լրագրողներու խումբ մը, որ կը գտնուէր լիբանանեան-պաղեստինեան սահմանին վրայ Ալմա Շաապ շրջանին մէջ: Ռմբակոծման պատճառով զոհուեցաւ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան լուսանկարիչ-լրագրող Իսամ Ապտալլա, իսկ կարգ մը այլ լրագրողներ վիրաւորուեցան: Անոնց շարքին էին լրագրողներ Քարմէն Ժուխատար, Էլի Պրախիա եւ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը: Վեց գիշեր շարունակ հարաւային...

Իսրայէլեան Բանակ. «Յառաջիկայ Օրերուն  Կազայի Մէջ Զինուորական  Մեծ Գործողութիւններու Պիտի Սկսինք»

Իսրայէլեան Բանակ. «Յառաջիկայ Օրերուն Կազայի Մէջ Զինուորական Մեծ Գործողութիւններու Պիտի Սկսինք»

Իսրայէլի բանակը երէկ զգուշացուց ՄԱԿ-ը, որ 1,1 միլիոն մարդ պէտք է 24 ժամուան ընթացքին լքէ հիւսիսային Կազայի հատուածը եւ տեղափոխուի Կազայի հարաւը: ՄԱԿ-ի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք  յայտարարեց. «ՄԱԿ-ը անկարելի կը նկատէ, որ նման տարհանումը իրականացուի առանց մարդասիրական կործանարար հետեւանքներու եւ վճռականօրէն կոչ կ՛ուղղէ` չեղեալ նկատելու նման հրամանը, խուսափելու անկէ, ինչ որ կրնայ արդէն իսկ ողբերգութիւն եղողը վերածել աղէտալի կացութեան»: ՄԱԿ-ի...

Ակնարկ.  Պատերազմի Զսպման Գործօններ

Ակնարկ. Պատերազմի Զսպման Գործօններ

Հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող ռազմական սահմանափակ բախումները ցուցանշային հանգամանք ունին: Անոնց առայժմ սահմանափակ ըլլալը մտածել կու տայ պատերազմական գործողութիւններու լայնածաւալման առումով որոշ զսպումներու մասին: Փաստօրէն այն, ինչ որ կ՛արձանագրուի հարաւային Լիբանանի մէջ, գոնէ մինչ այժմ, թիրախաւորուած հրթիռակոծումներ են, որոնք չեն վերածուիր համընդգրկուն բռնկումի: Կ՛ընթանան դադարներով: Հըզպալլայի առաջնորդին ուղերձով չներկայանալը պատերազմէն հինգ օր անց, որոշ նշանակութիւն ունի: Առաջին տեսութիւնը այս իրականութեան...

Քոլոնա. «Ֆրանսան ՄԱԿ-ի Մէջ Պիտի Պահանջէ  Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու Վերադարձին  Վերաբերեալ Բանաձեւ Որդեգրել»

Քոլոնա. «Ֆրանսան ՄԱԿ-ի Մէջ Պիտի Պահանջէ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու Վերադարձին Վերաբերեալ Բանաձեւ Որդեգրել»

Ֆրանսան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ծիրին մէջ պիտի պահանջէ որդեգրումը բանաձեւի մը, որ պայմաններ պիտի ստեղծէ հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձին համար: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնան` իր երկրի Ծերակոյտին մէջ արտասանած խօսքին մէջ: Քոլոնան աւելցուցած է, որ այդ պայմանները պէտք է ներառեն Ղարաբաղի հայերու, ներառեալ պատմամշակութային իրաւունքներու պահպանման ամուր երաշխիքներ: Ատոր համար անհրաժեշտ է այդտեղ մնայուն...

Հարաւային Լիբանանի Սահմանային Կապոյտ  Գիծը Գրեթէ Ամբողջ Օրուան Ընթացքին Մնաց Հանդարտ

Հարաւային Լիբանանի Սահմանային Կապոյտ Գիծը Գրեթէ Ամբողջ Օրուան Ընթացքին Մնաց Հանդարտ

Անցեալ շաբաթ օրուընէ ի վեր, երէկ հարաւային Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ հանդարտութիւնը եղաւ երկարատեւ: Նախանցեալ երեկոյեան ժամը 6:30-ին Իսրայէլի կողմէ արձակուած լուսաւորող ռումբերէն ետք ոչ մէկ հրթիռարձակում արձանագրուեցաւ Կապոյտ գիծի սահմանին երկայնքին: Երէկ կէսօրին լսուեցան կրակոցներ, իսկ յետմիջօրէի ժամը շուրջ 4:30-ին Խիամի մէջ լսուեցան ուժգին պայթում մը, որմէ անմիջապէս ետք յայտնուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժեր հրթիռարձակում մը կատարած...

Իսրայէլ Պիտի Չվերականգնէ Կազայի Ջուրի  Եւ Ելեկտրականութեան Մատակարարումը,  Մինչեւ Որ Համաս Ազատ Արձակէ Գերիները

Իսրայէլ Պիտի Չվերականգնէ Կազայի Ջուրի Եւ Ելեկտրականութեան Մատակարարումը, Մինչեւ Որ Համաս Ազատ Արձակէ Գերիները

Մինչ Իսրայէլ 6-րդ օրն ըլլալով շարունակեց բուռն կերպով ռմբակոծել Կազան, Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Իսրայէլ Քաց «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտարարեց, որ Իսրայէլ պիտի չվերականգնէ Կազայի ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը, մինչեւ որ Համասը ազատ արձակէ գերիները: «Մարդասիրական օգնութիւն Կազայի՞ն: Ոչ մէկ ելեկտրական գիծ պիտի միացուի, ոչ մէկ ջուրի մղիչ պիտի գործէ եւ ոչ մէկ սիթեռն պիտի մտնէ, այնքան ատեն որ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Կիպրոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Կիպրոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Սանահին Թովմասեան, երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի նոր նշանակուած դեսպան Մարիա Հաճիթէոտոսիուի հետ։ Պատուիրակութիւնը դեսպանին ներկայացուց 19 սեպտեմբերին ազրպէյճանական չհրահրուած յարձակումէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը՝ մատնանշելով, որ տեղի ունեցածը ցեղային զտում էր։ Հայ դատի պատուիրակութիւնը ընդգծեց բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վերադարձի...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ  Տիրող Կացութեան Նկատմամբ

Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Այժմ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Լաւ Պայմաններ Ստեղծուած Են Գերիները «Բոլորը` Բոլորի Դիմաց» Սկզբունքով Փոխանակելու Համար

Մոսկուան լաւ պայմաններ կը նկատէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ «բոլորը` բոլորի դիմաց» բանաձեւով գերիներու փոխանակման համար: Ռուսական «Լենթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Զախարովայի համաձայն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյսով է, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տեղի պիտի ունենայ գերիներու յաջող փոխանակում, որուն համար «հասունցած են շատ...

Հարաւային Լիբանանի Սահմանները Կը Շարունակեն  Մնալ Իսրայէլեան Հրետանիին Կիզակէտը

Հարաւային Լիբանանի Սահմանները Կը Շարունակեն Մնալ Իսրայէլեան Հրետանիին Կիզակէտը

Հըզպալլա Իսրայէլեան Ռմբակոծումներուն Կը Պատասխանէ Թիրախաւորուած Գործողութիւններով Համասի կողմէ մեկնարկուած «Աքսայի ջրհեղեղ» զինուորական գործողութեան 5-րդ օրն ըլլալով, երէկ Լիբանան շարունակեց զգալ Կազայի մէջ սաստկացած այդ պատերազմին հետեւանքները: Հակառակ այն իրողութեան, որ նախորդող օրերուն ընթացքին ընդհանրապէս երեկոյեան ժամերուն եւ ուշ գիշերին կը կատարուէին հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանէն հրթիռարձակումը կամ Իսրայէլ թափանցելու փորձերը, երէկ նաեւ առաւօտեան եւ յատկապէս կէսօրին արձանագրուեցան նման փորձեր:...

Օդէն, Ծովէն Եւ Ցամաքէն Կազայի Բուռն  Ռմբակոծումը 5-րդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակուի

Օդէն, Ծովէն Եւ Ցամաքէն Կազայի Բուռն Ռմբակոծումը 5-րդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակուի

Երէկ` պաղեստինեան Համաս շարժումի շղթայազերծած «Աքսայի Ջրհեղեղ» յանդուգն գործողութենէն ետք ծաւալած բախումներուն 5-րդ օրը` օդէն, ծովէն եւ ցամաքէն Կազայի բուռն ռմբակոծումը շարունակուեցաւ: Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ զոհերուն թիւը բարձրացած է 1055-ի, իսկ վիրաւորներունը` 5184-ի: Իսրայէլեան բանակը նախազգուշացուց, որ զինուորական գործողութիւնները պիտի սաստկանան, անկախ այն հանգամանքէն, որ Իսրայէլի եւ Կազայի մէջ զոհերու թիւը կը շարունակէ աճիլ, եւ աւելի ուշ նշեց....

Լաւրով. «Ռուս Խաղաղապահները Պատրաստ Են  Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Նպաստելու»

Լաւրով. «Ռուս Խաղաղապահները Պատրաստ Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Նպաստելու»

Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը պատրաստ է օգնելու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման, մինչդեռ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը անկայունութիւն կը սերմանեն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` «ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներու ամբողջական պահպանումն ու փոխկապակցուածութիւնը միջազգային խաղաղութեան եւ կայունութեան բանալին են» խորագրեալ յօդուածին մէջ: Լաւրով յօդուածին մէջ շեշտած է,...

Ռուսերը Ազրպէյճանցիներու Հետ Միացեալ  Պահակակէտեր Կը Ստեղծեն Արցախի Մէջ  Գրաւուած Զէնքերուն Հսկելու Համար

Ռուսերը Ազրպէյճանցիներու Հետ Միացեալ Պահակակէտեր Կը Ստեղծեն Արցախի Մէջ Գրաւուած Զէնքերուն Հսկելու Համար

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ ռուս խաղաղապահները 25 պահակակէտ կը ստեղծեն Արցախի պաշտպանութեան բանակի ուժերուն կողմէ յանձնուած զէնքի, սպառազինութեան ու զինամթերքի պահեստներուն հսկելու համար: Պահակակէտերէն 14-ը կը ստեղծուի ազրպէյճանական կողմին հետ միատեղ:

Page 208 of 796 1 … 207 208 209 … 796

Արխիւներ