Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Շրջանային «3+3» Հարթակը Արդէն Կը Ձեւաւորուի Եւ Հետզհետէ Աւելի Խոստմնալից Կը Դառնայ»

December 6, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շրջանային «3+3» հարթակը (Հայաստան, Ազրպէյճան, Վրաստան+Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա) արդէն կը ձեւաւորուի եւ հետզհետէ աւելի խոստմնալից կը դառնայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ բանակցութիւններուն սկիզբը:

«Իլհամ Ալիեւի «3+3» նախաձեռնութիւնը, այսպէս կոչուած «3+3» շրջանային հարթակը արդէն կը ձեւաւորուի: Ասիկա նոյնպէս խոստմնալից ձեւաչափ է: Ուրախ պիտի ըլլանք լսել ձեր գնահատականները այս ուղղութեամբ հետագայ քայլերու մասին», Պայրամովին ըսած է Լաւրով:

Անոր համաձայն, ռուսական կողմը կ՛ակնկալէ, որ Ազրպէյճանի նախագահը պիտի մասնակցի Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) ոչ պաշտօնական վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:

Բացի ատկէ, Լաւրով նշած է, որ ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները վերելք կ՛ապրին:

«12 հոկտեմբերին` երկու ամիս առաջ, Պիշքեքի մէջ մեր ղեկավարները զրուցեցին ԱՊՀ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ եւ հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը խորացնելու մեր դաշնակցային, ռազմավարական փոխադարձ գործակցութիւնը», աւելցուցած է ան:

Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկած Են Պաքուի Եւ
Երեւանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ երկկողմանի հանդիպումի ժամանակ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ քննարկած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կասպեան «հնգեակ»-ի միջեւ համագործակցութեան հարցերը: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Շրջանային հարցերու քննարկման ծիրին մէջ հաստատուած է 2020-2022 թուականներուն համար բարձրագոյն մակարդակով եռակողմ համաձայնութիւններու հիման վրայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն կարգաւորման ուղղուած ջանքերու յաւելման անհրաժեշտութիւնը», կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքի հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ նախարարները քննարկած են նաեւ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ դաշնակցային համագործակցութեան մասին 22 փետրուար 2022-ի հռչակագիրի կէտերու կատարման հարցը:

 

 

Նախորդը

«Հայաստանի Հետ Սահմանը Իրանի Համար Ամէնէն Կարճն Ու Որակական Առումով Լաւագոյնն Է» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

Յաջորդը

«Հայաքուէ»-ի Նախագիծը Չընդգրկուեցաւ Ազգային Ժողովի Լիագումար Նիստի Օրակարգին Վրայ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.