Մոսկուան կ՛ողջունէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան փոխնախարար Հրաչեայ Սարգսեանի խօսքերը:
Սարգսեան 4 դեկտեմբերին յայտնած էր, որ Հայաստանը մտադիր չէ դատի տալ Ռուսիան զէնքի համար, որուն համար Երեւանը վճարած է, սակայն Ռուսիան չէ մատակարարած:
«Մենք կրնանք միայն ողջունել ասիկա: Ինչպէս կը հասկնանք, նման վերաբերմունք ունի նաեւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը», ըսած է Զախարովա:
Ան մեկնաբանելով այլ երկիրներու հետ Հայաստանի ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութիւնը, յայտարարած է. «Չէինք ուզեր, որ Հայաստանի ժողովուրդը խաբուէր իր, այսպէս կոչուած, «արեւմտեան ընկերներէն»:
Անոր համաձայն, Ֆրանսայի կողմէ մատակարարուող «Պասթիոն» զրահամեքենաները անպիտան են:
«Եթէ բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, որոնք, ցաւօք, կ՛առնչուին Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն, այս տեղեկատուութիւնը խեղաթիւրուած չներկայացնէին եւ հակալրագրողական գործունէութեամբ չզբաղէին, այլ իրենց երկրի ժողովուրդին կարելիութիւն տային ծանօթանալ մէջբերումներուն եւ ուղիղ խօսքին, ապա, հաւանաբար, աւելի յստակ պիտի ըլլար, որ Հայաստանի ժողովուրդին անգամ մը եւս Արեւմուտքի կողմէ կեղծիք կը տրուի», ըսած է Զախարովա:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Մոսկուան Հայաստանն ու Ազրպէյճանը հրաւիրած է Ռուսիոյ եւ երրորդ երկիրներու մէջ բանակցութիւններու:
«Մենք երկիրներուն հրաւէրներ ուղարկած ենք Մոսկուա հանդիպումներու եւ երրորդ երկիրներու մէջ բազմակողմ բանակցութիւններու ծիրին մէջ: Պաքուն միշտ հաստատած է բանակցութիւններ վարելու պատրաստակամութիւնը: Ցաւօք, մենք նոյնը չենք կրնար ըսել մեր հայ գործընկերներուն մասին: Թերեւս անոնք կը կարծեն, թէ իրենց նոր խորհրդականները` Փարիզը, Ուաշինկթընը, Պրիւքսելը, պիտի կարենան աւելի հետաքրքրական, աւելի լաւ, աւելի արդիւնաւէտ բան առաջարկել», նշած է ան: