Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Նախագահի Ընտրութեան Օրակարգին Առընթեր Հնչող Այլ Պահանջներ

December 2, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի յատուկ պատուիրակին հերթական այցելութիւնը կը զուգադիպէր Համաս-Իսրայէլ պատերազմի զինադուլի փուլին, առ երեւոյթ ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, որ զինադուլի հաստատման առընթեր միջազգային ընտանիքը վերստին պիտի կեդրոնանայ Լիբանանի նախագահութեան ընտրութեան օրակարգին վրայ: Զինադուլի երկարաձգման վերջին բանակցութիւնները արդիւնք չեն տուած: Չի նշանակեր անշուշտ, որ անոնք պիտի չշարունակուին, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք  Սպիտակ տան յայտարարութիւնը, թէ մարդասիրական զինադուլի երկարաձգման աշխատանքը պիտի շարունակուի:

Այս պայմաններուն մէջ Լը Տրիանի այցելութիւնը որեւէ գործնական արդիւնքի յանգելու համոզումը չի փոխանցեր: Հերթական այցելութիւն, նախագահ ընտրելու հրամայականի մասին ընդգծումներ եւ այսպէս շարունակ:

Ուշագրաւ բաժինը այս այցելութեան ընթացքին փոխանցուած ուղերձներուն կը վերաբերէր բանակի հրամանատարի պաշտօնավարման յետաձգման: Պահանջը ներկայացուած էր Ազատ հոսանքի ղեկավարութեան:

Հետաքրքրականը այն է, որ Փարիզի օրակարգը այս պարագային նախագահի ընտրութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնելն է, իսկ անոր ուղարկած պատուիրակին ներկայացուցած զուգահեռ պահանջը` բանակի հրամանատարի պաշտօնավարման երկարաձգումը:

Յայտնապէս ուրեմն, նախագահի թեկնածուի եւ բանակի հրամանատարի հարցերը զուգակցուած են միջազգային ընտանիքին համար, մանաւանդ երբ մտաբերենք, որ Լը Տըրիանը բազմիցս շեշտած է, որ ինք ոչ միայն Ֆրանսան կը ներկայացնէ, այլ նաեւ հնգեակը:

Առաջին հայեացքով կարելի է ենթադրել, որ այս ձեւով նախագահի թեկնածուի եւ բանակի հրամանատարի տարանջատում կ՛ապահովուի: Աւելի քաղաքական մօտեցումով կատարուող դիտարկում մը կրնայ նկատել այլ կէտեր: Պետութեան կազմաքանդուած յենասիւներէն ամէնէն հաստատուն միաւորը այս պահու դրութեամբ բանակն է: Բանակ, որ կը շարունակէ վայելել միջազգային ընտանիքի, չըսելու համար Միացեալ Նահանգներու վստահութիւնը:

Այս հանգամանքներով էր, որ տարբեր առիթներու բանակին վերապահուեցան ոչ բանակային գործառոյթներ: Օժանդակութեան բաժանում, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած գործարաններու, վաճառատուներու եւ բնակարաններու վնասներու չափագրում, գումարներու յատկացում: Ուղերձը պարզ էր. պետական հաստատութիւնները կը շրջանցուէին, կառավարութիւնը դուրս կու գար միջազգային ընտանիքի տեսադաշտէն եւ բանակը կ՛ըլլար այդ բոլորի հասցէն:

Հիմա քաղաքականօրէն կարդանք նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կացութիւնը 2006 թուականի կացութենէն շատ աւելի վտանգաւոր է: Որեւէ սխալ հաշուարկ կրնայ Լիբանանը ներքաշել անոր հարաւէն անդին տարածուելիք մագլցումի մը մէջ:

Ուղերձը, եթէ կապենք ֆրանսացի պատուիրակի պահանջին, հետեւեալն է. բանակը պէտք է շարունակէ ղեկավարուիլ նոյն հրամանատարով, այլապէս արդէն իսկ շատ վտանգաւոր կացութեան առջեւ է երկիրը, որ կրնայ անկանխատեսելի կացութեան մէջ ներքաշուիլ:

Այսքանով չեն աւարտիր այս զուգակցումներն ու պահանջները: Նախագահի չընտրուելուն պարագային եւ կազմալուծուած պետական հաստատութիւններու իրավիճակին մէջ բանակը կրնայ ստանձնել այլ գործառոյթներ եւս: Եթէ ռազմականէն մարդասիրական բնոյթի աշխատանքներ իրականացուցած է բանակը, չ՛արգիլուիր, որ այլ բնոյթի պարտականութիւններ եւս ստանձնէ:

Արդիւնքը այս բոլորին կ՛ըլլայ այն, որ նախագահի թեկնածուի շուրջ չհամաձայնող հիմնական կողմերը նպաստած կ՛ըլլան բանակի այլ գործառոյթներու ստանձնման հետզհետէ արդէն բացայայտ դարձող միջազգային միտումի փուլ առ փուլ իրականացման: Չի բացառուիր, նոյն տրամաբանութեամբ, որ այդ անհամաձայնութիւնը համակարգուած ըլլայ լիբանանեան կողմերը հովանաւորող գերտէրութիւններուն կողմէ:

«Ա.»

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Զեկուցող. «Ազրպէյճան Կը Ծրագրէ Հետագային Վերացնել Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Հայերու Ներկայութեան Բոլոր Ֆիզիքական Նշանները»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 134-ի Լուծում

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.