Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կտրուկ կերպով մերժեց Կազայի մէջ միջազգային ուժեր տեղակայելու գաղափարը` յայտնելով, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պէտք է վերահսկէ պատերազմէն ետք Կազայի զինաթափման:
«Կազան պէտք է զինաթափուի. եւ կայ միայն մէկ ուժ, որ կրնայ այդ մէկը ապահովել, եւ այդ ուժը Իսրայէլի բանակն է», ըսաւ Նեթանիահու` աւելցնելով. «Ոչ մէկ միջազգային ուժ կրնայ ատոր համար պատասխանատուութիւն ստանձնել»:
«Մենք տեսած ենք, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է այլ վայրերու մէջ, ուր միջազգային ուժեր բերուած են ապառազմականացման նպատակով», յայտնեց Իսրայէլի վարչապետը` ակնարկելով ՖԻՆԻՒԼ-ին:
«Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմը պատերազմի սկիզբէն ի վեր Իսրայէլի վրայ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի տագնապին աւարտէն ետք Կազայի մէջ պատահելիքին համար ծրագիր կազմէ:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ կայքին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ֆիլ Կորտընի այս շաբաթ կատարած բանակցութիւններուն ընթացքին իսրայէլացի պաշտօնատարները «պատրաստ էին խօսելու Կազայի ապագային մասին»: Ամերիկացի պաշտօնատարները նշած են, որ Ուաշինկթըն «կ՛ուզէ խուսափիլ պատերազմի աւարտէն ետք Կազայի մէջ իշխանութեան եւ անվտանգութեան թափուր դրութեան ստեղծումէն, որ կրնայ Համասին արտօնել անգամ մը եւս ոտքի կանգնիլ»: Անոնք խոստովանած են, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ Կազայի ապագային վերաբերեալ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին, իսկ մեծագոյն տարակարծութիւնը Պաղեստինեան իշխանութեան դերակատարութեան շուրջ է:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը սկսած է Համասի դէմ պատերազմի երրորդ փուլին:
Անոր համաձայն, իսրայէլեան ուժերը Կազայի հիւսիսային շրջանին մէջ գրաւած են Համասի մեծ թիւով յենակէտեր եւ այժմ աշխուժ գործողութիւններու սկսած են Կազայի հարաւը:
Ան նաեւ պնդեց, թէ իսրայէլեան բանակը Համասի դէմ գետնի վրայ եւ գետնի տակ` օդէն, ծովէն եւ ցամաքէն միացեալ յարձակումներ կատարելէ առաջ բնակչութիւնը կը հեռացնէ մարտական գօտիներէն:
Ամերիկեան վարչակազմէն քանի մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, որ ամերիկացի պաշտօնատարները կ՛ակնկալեն, որ Կազայի մէջ Իսրայէլի ցամաքային գործողութեան ներկայ փուլը պիտի տեւէ քանի մը շաբաթ, մինչեւ որ Իսրայէլը, հաւանաբար մինչեւ որ յունուար, անցնի աւելի նուազ բուռն, չափազանց տեղայնացուած ռազմավարութեան, որ կը թիրախաւորէ Համասի յատուկ զինեալներն ու ղեկավարները:
Ամերիկեան վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, որ Սպիտակ տունը խորապէս մտահոգուած է, թէ յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին ինչպէ՛ս կը զարգանան Իսրայէլի գործողութիւնները:
Ամերիկացի պաշտօնատարները յայտարարած են, որ Միացեալ Նահանգները Իսրայէլը «կոշտ» եւ «ուղիղ» զրոյցներու ընթացքին նախազգուշացուցած են, թէ իսրայէլեան ուժերը չեն կրնար կրկնել այն կործանարար մարտավարութիւնը, որ կը կիրարկեն հիւսիսի մէջ, եւ պէտք է աւելին ընեն խաղաղ բնակչութեան մէջ զոհերը սահմանափակելու համար:
Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին ըսած են, որ երբ համաշխարհային հասարակական կարծիքը հետզհետէ աւելի դէմ կ՛արտայայտուի ցամաքային գործողութեան, որուն հետեւանքով հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ զոհուած են, արագօրէն կը նուազի գործողութիւնը ներկայ տեսքով շարունակելու եւ տակաւին նշանակալից միջազգային աջակցութիւնը պահպանելու ժամանակը:
Մինչեւ օրս ամէնէն ուղղակի հրապարակային նախազգուշացումը կատարեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինը, որ Իսրայէլը նախազգուշացուց, որ ան կրնայ «քաղաքային պատերազմին մէջ յաղթել միայն խաղաղ բնակիչները պաշտպանելով»: Ան շաբաթավերջին Ռեկընի ազգային պաշտպանութեան հարթակին վրայ խօսք արտասանելով ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու` Իսրայէլին տրամադրած աջակցութիւնը «սակարկելի չէ», սակայն յայտարարած է, որ Իսրայէլ «մարտավարական յաղթանակը ռազմավարական պարտութեամբ» փոխարինելու վտանգը կը դիմագրաւէ, եթէ քաղաքային մահերը կանխարգիլելու համար աւելին չընէ:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զինեալ ուժերու գնահատականները ցոյց կու տան, որ բանակը Կազայի մէջ մէկ ամիս տեւողութեամբ գործողութիւններու կարիք ունի, նախքան Համասի հետ գերիներու փոխանակման նոր գործարքի մը առիթ տալը:
Պաշտօնական աղբիւր մը ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է. «Մէկ ամիսով ցամաքային գործողութիւնը այն անհրաժեշտ ժամանակն է գործադրելու զինուորական ճնշում, որ Համասը պիտի մղէ աւելի լաւ պայմաններու մէջ բանակցութիւնները շարունակելու»:
Ազատ Արձակուած Գերիները Նեթանիահուին.
«Իսրայէլեան Ռմբակոծումէն Կը Վախնայինք Եւ Ոչ Թէ Համասէն»
Համասի կողմէ ազատ արձակուած իսրայէլացի գերիներ Նեթանիահուի հետ իրենց հանդիպումի ընթացքին բուռն կերպով քննադատած են զինք` նշելով, որ իրենք իսրայէլեան բանակի ռմբակոծումէն կը վախնային եւ ոչ թէ Համասէն: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը:
Օրաթերթին համաձայն, ազատ արձակուած գերիները Իսրայէլի վարչապետին ըսած են. «Որեւէ գաղափար չունիք, թէ այդտեղ ի՛նչ կ՛ընէք: Փապուղիներու մէջ նստեցանք եւ վախցանք, որ Իսրայէլը մեզ սպաննէ եւ ոչ թէ Համասը»:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» նաեւ հաղորդեց, որ գերիներու ընտանեկան պարագաները Իսրայէլի պատերազմական նախարարաց խորհուրդէն պահանջած են արագօրէն գործել անմիջապէս բոլոր գերիներու ազատ արձակման համաձայնութիւն գոյացնելու համար:
«Գերիներու առնուազն երկու երրորդը կը տառապին հիւանդութիւններէ, որոնք կանոնաւոր բժշկական խնամք կը պահանջեն, եւ շարք մը առեւանգեալներ առեւանգման ընթացքին կամ անկէ ետք վիրաւորուած են, փամփուշտի վէրքերէ եւ անդամահատումէ կը տառապին», իրենց նամակին մէջ գրած են անոնք:
Գերիներու ընտանեկան պարագաները յայտնած են, որ իրենք ստացած են տեղեկութիւններ, թէ գերիներու առողջական կացութիւնը վատթարացած է, եւ անոնց կեանքերը վտանգուած են:
Իսրայէլեան «Եիսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը զգուշացուց. «Կազայի հարաւը գործողութիւններու շարունակումն ու խորացումը Համասի մօտ գտնուող իսրայէլացի գերիներու տունդարձը չեն երաշխաւորեր»:
Օրաթերթը նշեց, որ Իսրայէլ գերիներու տունդարձի հարցին մէջ անելի մատնուած է, որովհետեւ յարգի ժամանակ կորսնցուցած է, եւ քննադատեց կառավարութիւնը ստեղծուած առիթները օգտագործելով գերիներու փոխանակման գործարքներու ճամբով կարելի եղածին չափ շատ իսրայէլացի գերիներու տունդարձը ապահովել չջանալուն համար, եւ շեշտեց, որ հարցերը ապագային կրնան շատ աւելի վատ ըլլալ: