Կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2023-ին, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հիւրընկալեց երեսփոխան Փոլա Եագուպեանը, որ` օգտագործելով Արցախի դէմ ներխուժումին եւ հոն գործուած ցեղային զտման ու կատարուած աղէտին մասին ուղղուած հարցումը, պատասխանեց` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին, ՀՅԴ-ին եւ Սահմանադրական խորհուրդին դէմ ցեխարձակումներ կատարելով:
Այս ցեխարձակումները իրենց տեսակին մէջ առաջինը չեն, եւ մեզ չեն զարմացներ, նաեւ չունինք անոնց պատասխանելու սովորութիւն: Զարմանքը սակայն այն է, որ երեսփոխանը` Արցախի աղէտը անտեսելով, իր ատելութիւնն ու մաղձը թափէ, ինչպէս նաեւ իր բարդոյթը արտայայտէ:
Առ այդ, ՀՅԴ տեղեկատուական գրասենեակին համար կարեւոր է ընդգծել հետեւեալը.
Ա. Արցախի մէջ ազրպէյճանական-թրքական-իսրայէլեան ձեռամբ գործուած պատերազմական ոճիրներու, իրենց պատմական հողերէն 120 հազար բնակիչներու բռնի տեղահանումին շրջանցումը եւ, պատասխանին ուղղութիւնը փոխելով, զայն ցեխարձակումի վերածելը, կը բացայայտէ պատասխանը տուողին առաջնահերթութիւնը, որ ինքզինքին կու տայ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ հայ առաքելական աթոռը իրաւացիօրէն զբաղեցնող երեսփոխանի հանգամանք:
Բ. Երեսփոխան Բագրատունիի ներկայացուցչական հանգամանքը իր շրջապատին եւ ընտրազանգուածին մօտ կը փաստուի անոր նկատմամբ ընտրողներուն վստահութեամբ: Իսկ ազգի երեսփոխան ըլլալու իր արժանի կոչումը, կը փաստուի աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր Լիբանանի տարածքին անոր տարած քաղաքական եւ օրէնսդրական գործունէութեամբ: Ասոր դիմաց վերոնշեալ երեսփոխանին հանգամանքը ու անոր քաղաքական եւ ներկայացուցչական բնոյթը պարզելու կարիք չկայ:
Գ. Երեսփոխան Եագուպեան կասկածի տակ առաւ Սահմանադրական խորհուրդին որոշումը` Ժատ Ղոսընի կողմէ ներկայացուած վիճարկումին մասին: Սահմանադրական խորհուրդը` իր տուած առարկայական որոշումներով եւ սահմանադրական կանոններու ու իրականութիւններու վրայ հիմնուելու իր արհեստավարժութեամբ կարիք չունի վկայութիւններու: Անոր հասցէին կատարուած նման զրպարտութիւնը կը զետեղենք խորհուրդին տրամադրութեան տակ, իսկ խորհուրդը իր որոշումներն ու դրդապատճառները պաշտպանողի կարիք չունի:
Դ. Իսկ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յ. Բագրատունիի կուսակցական հանգամանքին գծով, յիշեցնենք, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծանօթ է իր ժողովրդավարական կանոնագիրով, եւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին ընտրութիւնը կուսակցութեան կամքին արտայայտութիւնն է: Հետեւաբար, անոր դէմ յարձակումը զինք ընտրող հազարաւոր կուսակցականներու կամքին դէմ յարձակում է:
Ե. Իսկ ինչ կը վերաբերի ՀՅ Դաշնակցութեան հասցէին կատարուած արտայայտութիւններուն, ապա խանութները կը գտնուին առեւտրական եւ քուէ գնող վերացական միութիւններուն մէջ: Իսկ այն, ինչ որ երեսփոխան Եագուպեան յայտնած է իշխանութեան փտածութեան մէջ դերակատարութիւն ունենալու մասին, ապա անոնք կը պարզուին անոր գործընկերութիւններով, քարահանքերով եւ վառելանիւթով:
Ամէն պարագայի ՀՅԴ տեղեկատուական գրասենեակը կոչ կ՛ուղղէ պատեհապաշտներուն եւ պատահաբար յայտնուած մարդոց` իրենց չափն ու կշիռը լաւ գիտնալու, այնպէս, ինչպէս մենք գիտենք անոնց անցեալն ու ներկան: Կը զգուշացնենք, որ մեր կուսակցութիւնը շուրջ 150 տարուան ծառայութեան եւ զոհողութեան կուսակցութիւն է, որ ունի հազարաւոր կուսակցականներ եւ համակիրներ, որոնք պիտի չվարանին իրենց հայրենիքին, ժողովուրդին եւ գաղափարին ի խնդիր զոհողութիւններ կատարելէ:
ՀՅԴ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ