Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են, որ հայ-թրքական սահմանի «Մարգարա» անցակէտը պատրաստ է շահագործման:
«Հայկական կողմը կ՛ակնկալէ թրքական կողմէն եւս դրական ազդակներ ստանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցողներու համար սահմանը բանալու վերաբերեալ», նշած են արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանն ալ առանց այլ մանրամասնութիւն յայտնելու ըսաւ, որ Երեւանի ու Անգարայի յատուկ ներկայացուցիչներու հաւանական հանդիպման մասին քննարկում այս պահուն չկայ:
Հայ-թրքական կարգաւորման հարցով յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեանը եւ Սերտար Քըլըչը մինչեւ հիմա պաշտօնական չորս հանդիպում ունեցած են, վերջինը շուրջ մէկուկէս տարի առաջ` Վիեննայի մէջ: Այդ հանդիպումին կողմերը պայմանաւորուած էին բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար ամէնէն սեղմ ժամկէտներուն մէջ: Իրականացման հարցին մէջ, սակայն, յառաջընթաց չկայ: