Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի այցելէ հարաւային Լիբանան` զօրակցութիւն յայտնելու համար հարաւի բնակչութեան, յատկապէս` սահմանամերձ շրջաններէն տեղահանուած քաղաքացիներուն:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը Պաալպեքի Շըմըսթար գիւղաքաղաքին մէջ յուղարկաւորութիւնը կատարեց նահատակուած բանակային` տասնապետ Ապտել Քերիմ Մըքտատի:
Ան նահատակուած էր նախանցեալ օր Նապի Օուէյտա-Ատայսէ բարձունքներուն վրայ գտնուող լիբանանեան բանակի դիրքին վրայ` իսրայէլեան հրթիռակոծումին պատճառով:
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեցին, որ այս բախումներուն ընթացքին առաջին անգամն է, որ լիբանանեան բանակի զինուոր մը կը նահատակուի` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակը Իսրայէլի հետ բախումներուն մէջ չէ ներքաշուած:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց իսրայէլեան ռմբակոծումը, որուն պատճառով նահատակուեցաւ լիբանանցի զինուոր Ապտել Քերիմ Մըքտատ:
Նախարարութիւնը վերահաստատեց իր լուրջ մտահոգութիւնը Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ արձանագրուած բախումներուն առնչութեամբ, եւ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց ինքնազսպումի ենթարկուելու:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի ներակայացուցչութեան յանձնարարած է նոր բողոք մը ներկայացնել Ապահովութեան խորհուրդին` իսրայէլեան ուժերուն կողմէ լիբանանեան բանակը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու եւ լիբանանցի զինուորներուն շարքին նահատակ մը ու վիրաւորներ պատճառելու հարցով:
Ներկայացուած բողոքին մէջ նշուած է, որ իսրայէլեան բանակը իր գործած արարքով խախտած է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 425 եւ թիւ 1701 բանաձեւերուն գործադրութիւնը:
Նամակը կ՛ընդգծէ նաեւ, որ Լիբանան նախանձախնդիր կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ կը պահանջէ, որ Իսրայէլ իր կարգին յանձնառու մնայ յարգելու միջազգային այդ որոշումը եւ գործադրելու զայն:
Երեկոյեան Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց, որ Իսրայէլ միջազգային քաղաքական դասաւորումով կամ զինուորական գործողութեամբ Հըզպալլան պիտի հեռացնէ Լիթանիէն անդին:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով իսրայէլացի պատասխանատուներէն, կը գրէ, թէ Ուաշինկթըն կը սերտէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ սահմանային համաձայնութեան մը յանգելու կարելիութիւնը, այնպէս ինչպէս էր պարագան ծովային սահմանագծումին ընթացքին:
Ըստ նոյն թերթին, համաձայնութեան նպատակն է Հըզպալլան ընդմիշտ սահմանագիծէն հեռացնել:
Իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Այթա Շաապ, Նաքուրա, Մարուն Ռաս, Եարուն, Այթարուն, Հըլթա, Մհայպիպ եւ Պլիտա շրջանները:
Իսկ կէսօրէ ետք ժամը 2:10-ին Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռուէյսեթ Քարն, Տհայրա եւ Հատպ Պուսթան զինուորական դիրքերը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, յարմար զէնքերով հարուածած է իսրայէլեան Թալ Շաար դիրքը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան Քարմ Թուֆֆահ Միթաթ դիրքը, ուր կը գտնուէր իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը:
Դիմադրութեան մարտիկները ժամը 4:15-ին հարուածեցին իսրայէլեան Մալիքիէ եւ Ռահեպ դիրքերը, ինչպէս նաեւ Ռամիմ զօրանոցը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Նշենք, որ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին միացաւ Հըզպալլայի մարտիկ Ալի Հասան Աթաթ: