Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Գտնուեցաւ Ղարաբաղի Բանակի Ռազմափորձերուն

«Հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջեւ առկայ փոխադարձ գործակցութեան ծրագիրի շրջագիծին մէջ աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի մէջ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար-հազարապետ Մովսէս Յակոբեանի եւ բանակի հրամանատարական կազմին հետ միասին այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսային հատուածի բանակի շարք մը զօրամասերը եւ զօրամասերու պահպանութեան տակ գտնուող առաջին գիծը»,...

Պոլսոյ Մէջ ՀՅԴ- Քրտամէտ ԽԺԿ Աննախընթաց Հանդիպում

                ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 12 նոյեմբերին, ՀՅԴ-ի եւ Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (ԽԺԿ) բարձրաստիճան պատուիրակութեանց միջեւ աննախընթաց հանդիպում մը տեղի ունեցաւՊոլսոյ մէջ: 1923-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ ՀՅԴ-ի պաշտօնական պատուիրակութիւն մը Պոլիս կ՛այցելէ: Քրտամէտ կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կուսակցութեան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ եւ...

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ   Հոնկ Քոնկ   Հայկական Կեդրոնի Բացում   9 նոյեմբերին Հոնկ Քոնկի մէջ տեղի ունեցաւ «Ճէք եւ Ճուլի Մաքսեաններու Հոնկ Քոնկի հայկական կեդրոն»-ի բացման պաշտօնական արարողութիւնը՝ մասնակցութեամբ շուրջ 100 հայորդիներու։   Արարողութեան ներկայ էր Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոս, որ օծեց կեդրոնին մէջ տեղադրուած Աստուածամօր սրբապատկերը եւ վէմ քարը՝ իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցելով ներկաներուն։ Այս առիթով ելոյթ ունեցաւ Չինաստանի...

ՀՅԴ Պոլսոյ Մէջ Կը Մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Նիստերուն

Մարիօ Նալպանտեան ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ կիրակի, 10 նոյեմբերին, Պոլսոյ մէջ սկսան Ընկերվար միջազգայնականի ժողովները։ Ժողովներուն մասնակցելու համար Պոլիս մեկնած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանէ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանէ։ Կիրակի, 10 նոյեմբերի յետմիջօրէին գումարուեցաւ նիստը Ընկերվար միջազգայնականի ելեւմուտքի...

«ՀՅԴ-ն Ինքնիրեն Նման Բան Թոյլ Չի Կրնար Տալ» Ըսաւ Արմէն Ռուստամեան

Արմէն Ռուստամեան ՀՅԴ խմբակցութեան դիրքորոշումը Ժառանգութիւն խմբակցութեան կողմէ ներկայացուցած «Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման մասին» օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ յայտնելու ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նկատել տուաւ, որ այս գծով ՀՅԴ-ի մօտեցումը չէ փոխուած։ Ռուստամեան ընդգծեց, որ ՀՅԴ խմբակցութիւնը չի կրնար չմասնակցիլ քուէարկութեան եւ մասնակցելով՝ կողմ պիտի քուէարկէ այդ օրինագիծին, որովհետեւ հակառակ պարագային ատիկա կրնայ դիտուիլ, թէ Դաշնակցութիւնը դէմ է...

Դամասկահայութիւնը Սուգի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ ի լրացումն Ազգային Սրբոց Թարգմանչաց ճեմարանի նախանցեալ օրուան դէպքին լրատուութեան՝ չորս զոհուած աշակերտներէն երկուքը հայ են՝ Յովհաննէս Աթոքանեան (առաջին դասարան) եւ Վանեսա Միխօ Պետրոս (երկրորդ դասարան): Սուրիական լրատուամիջոցները անդրադարձան Դամասկոսի մէջ երկուշաբթի, 11 նոյեմբերին Ազգային Սրբոց Թարգմանչաց ճեմարանի ողբերգութեան. երեք պաշտօնական պատկերասփիւռի կայանները նկարահանեցին վիրաւորներու պարագաները, ինչպէս նաեւ կարճ հարցազրոյցներ կատարեցին Արմաշ եպս....

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական Մարմինին. Ներկայացուեցաւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» 9-րդ Հատորը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին, երէկ՝ երեքշաբթի, 12 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին տեղի ունեցաւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» 9-րդ հատորի ներկայացումը՝ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ քաղաքական, միութենական եւ կրթական ներկայացուցիչներու ու մեծաթիւ ներկաներու։ Գրիգոր Հաշէօլեան ՀՅԴ քարոզչական մարմինին անունով Գրիգոր Հաշէօլեան բացումը կատարեց ձեռնարկին՝ ներկայացնելով նշեալ հատորի հիմնական ենթաբաժանումներն ու օրուան բանախօսները։ «ՀՅԴ-ի կեդրոնական արխիւներու...

«Ազդակ»-ի Կազմակերպութեամբ. «Իսլամացուած Հայերու Երեւոյթը՝ Պատմական Հանգրուաններն Ու Թղթածրարի Արդիականացման Այժմէականութիւնը» Նիւթով Զրոյց

Երէկ «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ «Իսլամացուած հայերու երեւոյթը՝ պատմական հանգրուաններն ու թղթածրարի արդիականացման այժմէականութիւնը» նիւթով զրոյց մը։ Զրուցակիցներն էին Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆ. Էդիկ Մինասեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեան։ Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան։ Զրոյցին սկիզբը Վահրամ Էմմիեան ներկայացուց...

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Համահայկական Խորհրդաժողովը

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 8-10 նոյեմբերին Երեւանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու համահայկական խորհրդաժողովը։ Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին 17 միութիւններէ 25 ներկայացուցիչներ՝ Քանատայէն, Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Հոլանտայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Հիւսիսային եւ Հարաւային Իրանէն, Արցախէն եւ Հայաստանէն։ Պէտք է նշել, որ խորհրդաժողովի աշխատանքներուն մասնակից եղան...

Խմբագրական. «Նիւթեր»ը՝ Պէյրութէն Դէպի Երեւան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինի նախաձեռնութեամբ այսօր տեղի կ՛ունենայ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» 9-րդ հատորի ներկայացումը։ Նոյն մարմինին կազմակերպութեամբ կը հետեւին «Համացանցի վրայ հակահայ քարոզչութեան խնդիրներ» եւ «Արցախեան ազատագրական շարժում՝ 1988-1994» նիւթերով դասախօսական երեկոները։ Թեմաները  բարացուցական են արդէն եւ կ՛ընդգծեն ինչպէս պատմագիտական, այնպէս նաեւ քաղաքական այժմէական նշանակութիւն ունեցող հարցերու արծարծումը, իրազեկումը, բայց մանաւանդ անոնց առընթեր խորհրդածութիւնը նշանակալի նախաձեռնութիւններու...

«Վերահսկիչ Պալատի Անկախութենէն Բան Չմնաց» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Արմէն Ռուստամեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան Վերահսկիչ Պալատի նախագահի թեկնածու Իշխան Զաքարեանի վերաբերեալ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան դիրքորոշումը յայտնելու ընթացքին յայտնեց, որ իրենց տեսակէտը կապ չունի Իշխան Զաքարեանի անձին հետ։ Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ սահմանադրականութիւնը խախտուած է, իսկ անոր մշտադիտարկումը իրականացնող Վերահսկիչ պալատը պէտք է առաջադրէր հակակշիռներու լուրջ տարրեր։ Սակայն այդ յարաբերութիւնները խախտուած են, սահմանադրութեան մշտադիտարկումը...

Դամասկոս. Վեց Տարեկան Հայ Աշակերտ Մը Զոհ՝ Հրասանդի Հրթիռներու Բեկորներու

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ անցնող օրերուն հրասանդի հրթիռներու տարափը Դամասկոսի մէջ հարուածեց կարգ մը շրջաններ, ինչպէս՝ Ժարամանա, Տուելաա, Քասաա եւ Պապ Շարքի՝ պատճառելով բազմաթիւ զոհեր, վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ: Երէկ Քասաա թաղամասը հարուածած հրթիռները ինկած են յոյն ուղղափառ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վրայ՝ պատճառելով նիւթական վնասներ, ինչպէս նաեւ յարակից Յովհաննէս Դամասկացի վարժարանին վրայ, ուր մէկ տասնեակ աշակերտներ վիրաւորուեցան:...

«Ազդակ»-ի Մամլոյ 86-րդ Լսարան. Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան Զեկուցեց «Ճշմարտութեան Սլաքը Պատմական Փորձին Եւ Պատմագիտութեան Միջեւ» Նիւթին Շուրջ

Մշակութային, քաղաքական, գաղափարաբանական թէ այլ նիւթերու քննարկման ծիրին մէջ, երէկ՝ երկուշաբթի, 11 նոյեմբեր 2013-ի, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ 86-րդ լսարանը, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ։ Ակադեմականներու, ուսուցիչներու եւ պատմասէր ազգայիններու ներկայութեան կազմակերպուած մամլոյ այս լսարանին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան, որ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանը։ Նախքան այդ Էմմիեան անդրադարձաւ...

Page 885 of 885 1 … 884 885