Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Թէժ Մարտեր` Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ

December 4, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի մէջ ամբողջ շաբաթավերջին թէժ մարտեր ընթացան Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ` պատճառելով երկկողմանի հսկայական վնասներ եւ տիրող կացութեան տալով աւելի սպառնալից բնոյթ:

Այս շրջագիծին մէջ Իսրայէլ ռմբակոծեց Հուլա, Քաունին, Այթարուն, Նաքուրա, Մարուն Ռաս, Եարուն, Քաուզահ, Պլիտա, Քֆարշուպա, Քֆարհամամ, Թիպէ, Խիամ, Համամես, Ալմա Շաապ, Այթա Շաապ, Պէյթ Լիֆ, Քֆարքիլա, Մըրուահին, Մերժահիուն, Թէյրհարֆա եւ Սլուքի շրջանները, ինչպէս նաեւ Ֆարտիսի եւ Հըպպարիէի միջեւ գտնուող անտառները:

Իսրայէլեան ուժեր արձակեցին նաեւ ֆոսֆորային եւ լուսաւորող ռումբեր` հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն վրայ:

Իր կարգին, Հըզպալլա «Կրատ» տիպի հրթիռներով ռմբակոծեց Տիշոնի եւ Խըրպեթ Ամերի իսրայէլեան հրասայլերու դիրքերը` արձանագրելով ուղղակի թիրախներ:

Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց նաեւ իսրայէլեան Ռահեպ դիրքն ու Պրանեթի զինուորական կեդրոնին մէջ գտնուող թիւ 91 ջոկատի հրամանատարութեան կեդրոնը:

Հըզպալլա ռմբակոծումի թիրախ դարձուց նաեւ Ռուէյսեթ Ալամի եւ Ժալ Օլամի իսրայէլեան դիրքերը:

Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց նաեւ Պըրքեթ Ռիշա դիրքին վրայ իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը, ինչպէս նաեւ Տովիւ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող երկու բնակարաններ, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներ:

Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Մարժ եւ Մթըլլէ կեդրոնները:

Դիմադրութիւնը երէկ կէսօրին Պէյթ Հայլալ զինուորական դիրքին մէջ թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան զրահապատ մը, որ լեցուն էր զինուորներով:

Իսրայէլեան տեղեկատուական աղբիւրներ նշեցին, որ Քըրիաթ Շմոնայի մէջ գտնուող Պէյթ Հայլալ զինուորական դիրքի ռմբակոծումին պատճառով վիրաւորուած են 11 իսրայէլացի զինուորներ:

Աւելի ուշ, Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Դիմադրութիւնը Մազարեհ Շեպաայի մէջ գտնուող իսրայէլեան Զըպտին, Ռատար եւ Ռուէյսեթ Ալամ դիրքերը ռմբակոծած է, ինչպէս նաեւ թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան Հանիթա դիրքին մէջ գտնուող զինուորներու խմբաւորում մը:

Երէկ երեկոյեան Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց իսրայէլեան Ռահեպ եւ Ռամիա զինուորական դիրքերը:

Նշենք, որ իր նահատակներուն յուղարկաւորութիւնները կազմակերպելու կողքին, Հըզպալլա յայտարարեց, որ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին միացած է իր մարտիկներէն Խտըր Սլիմ Ապպուտը:

Նախորդը

«Քոփ 28» Խորհրդաժողով. «Լիբանան Կը Դիմադրէ Մարդուն Եւ Քարին Դէմ Գործուող Իսրայէլեան Բռնարարքներու, Որոնք Կլիմայական Լուրջ Հետեւանքներ Ունին» Շեշտեց Միքաթի

Յաջորդը

Հայաստանի Առաջին Հայրենական Արբանեակը` «Հայասաթ-1», Արձակուեցաւ Տիեզերք

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.