Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տուն. «Ներկայ Կացութիւնը Պաղեստինեան Իշխանութեան Չ՛արտօներ Կազան Հաւաստի Կերպով Կառավարել»

December 5, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարեց. «Պաղեստինեան իշխանութիւնը ներկայիս չի կրնար Կազայի կառավարումը ստանձնել: Անիկա ներկայիս կացութեան մը մէջ է, որ անոր չ՛արտօներ Կազան հաւաստի կերպով կառավարել»:

«Միացեալ Նահանգներ չհրաժարեցան «երկու պետութիւններ»-ու գաղափարէն, սակայն կ՛ուզեն տեսնել Պաղեստինեան իշխանութիւն մը, որ կրնայ պէտք եղած բարեփոխումները գործադրել եւ բաւարարել պաղեստինցի ժողովուրդի ձգտումները»:

Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը երէկ հաղորդեց. «Սպիտակ տունէն ամերիկեան պատուիրակութիւն մը այսօր կը հասնի Իսրայէլ` Կազայի մէջ պատերազմին «յաջորդող օր»-ը քննարկելու համար»: Կայքը նաեւ նշեց, որ «ամերիկեան պատուիրակութեան կը նախագահէ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ֆիլ Կորտըն»:

Կայքը նշեց, որ կը նախատեսուի, որ ամերիկեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունենայ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհրդատուին եւ Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարարին հետ` աւելցնելով. «Ամերիկացի պաշտօնատարները Ռամալլայի մէջ հանդիպում պիտի ունենան Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց. «Ամերիկան ուղղակի եւ անհերքելի դեր ունի սիոնական գոյացութեան` պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործած ոճիրներուն մէջ»:

«Այսօր ամերիկեան վարչակազմը պատերազմին մէջ կողմ կը նկատուի, սակայն ասիկա կը հակասէ յայտարարութիւնները ամերիկացիներուն, որոնք կ՛ըսեն, թէ պատերազմի ընդլայնումը չեն ուզեր եւ Իսրայէլը զգուշացուցած են քաղաքայինները սպաննելէ», յայտնեց Քենաանի:

«Իրան Պաղեստինին զօրակցիլը կը նկատէ հիմնական ու մարդասիրական սկզբունք մը եւ կարեւոր առաջնահերթութիւն մը, եւ ատիկա պէտք է հիմնական սկզբունք ըլլայ բոլոր կառավարութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն համար, ներառեալ ՄԱԿ-ը, որ այսօր պատանդ դարձած է Ամերիկայի մօտ», ըսաւ ան:

«ՄԱԿ-ը, միջազգային կազմակերպութիւնները ապացուցեցին, որ աշխարհի վրայ անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը երաշխաւորելու բաւարար կարողութիւն չունին, եւ Ամերիկան կը չարաշահէ ՄԱԿ-ը հիւրընկալելն ու իր ունեցած ուժը», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Արաբական լիկան երէկ յայտարարեց. «Կազայէն, Այսրյորդանանէն կամ Երուսաղէմէն բռնի տեղահանութիւնը միջազգային ոճիր է եւ միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութեան մնայուն յանձնախումբի 39-րդ նախարարական ժողովի ընթացքին յայտնեց, որ «Կազան համաշխարհային համակարգին համար իսկական քննութեան վերածուեցաւ»` նշելով, որ իսրայէլեան ռմբակոծումի զոհերուն երկու երրորդը մանուկներ են:

Ան նշեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «պատմութեան գիրքերը մուտք գործեց Կազայի ջարդարար տիտղոսով, եւ մենք զինք դատելու նախապատրաստական աշխատանք կը տանինք: Նեթանիահուն պէտք է դատել, ինչպէս դատուեցաւ Սլոպոտան Միլոսեւիչը, որ Պալքաններու ջարդարար տիտղոսը կը կրէր»:

«Իսրայէլ Կազայի մէջ իր ջարդերուն կշռոյթը արագացուց: Ան հիւլէական ռումբ ունի: Այդ հարցը միջազգային մակարդակի վրայ պիտի հետապնդենք եւ պիտի չարտօնենք մոռնալ հարցը հիւլէական զէնքերուն, զորս ունենալը Իսրայէլ իրողապէս հաստատեց», յայտնեց Էրտողան:

«Պաղեստինեան հողը պաղեստինցիներուն է եւ յաւիտեանս այդպէս պիտի մնայ», ըսաւ ան:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի իսրայէլեան բանակի հարաւային հրամանատարութեան Կազայի զօրամասի կեդրոնատեղի այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը շաբաթ առաւօտեան Կազայի հարաւին մէջ սկսած է անոր հիւսիսին մէջ կատարած «նոյն գործողութիւնը»` շեշտելով, որ անիկա Կազայի հիւսիսին մէջ գործողութիւններէն «նուազ ուժեղ պիտի չըլլայ»:

Հալեւի նաեւ յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ հիւսիսային Կազայի մէջ իր գործողութիւնները եւ «զանոնք կը խորացնէ»:

Ան նշեց, որ իսրայէլեան բանակը հիւսիսային Կազայի մէջ Համասի երկու փաղանգներ կազմալուծած է: «Տակաւին հիւսիսային շրջաններուն մէջ գործողութիւնը չաւարտեցինք. կ՛աշխատինք խորացնելու ձեռքբերումը եւ յաւելեալ փաղանգներ հարուածելու», աւելցուց իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը:

Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի տեղեկատուական խորհրդատու Թահեր Նունու յայտնեց, որ իսրայէլեան ներքին գաղտնի սպասարկութեան` Շապաքի Պաղեստինի, Լիբանանի, Քաթարի եւ Թուրքիոյ մէջ Համասի ղեկավարները հետապնդելու սպառնալիքը քաղաքական ու մարտի դաշտերուն մէջ անոր մատնուած անելին արտացոլացումն է»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց. «Կ՛ենթադրուի, որ Համասի մօտ տակաւին 137 կալանաւոր գոյութիւն ունի»:

Նախորդը

Քամերոն. «Եթէ Փութինը Ուքրանիոյ Մէջ Չկանգնեցնենք, Ան Աւելին Ստանալու Նպատակով Պիտի Վերադառնայ»

Յաջորդը

Պայսարի Ընդունեց Եգիպտոսի Դեսպանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.