Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ուաշինկթընը, Անգարան Եւ Համասը

Դեկտեմբեր 5, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համասի հարցով Ուաշինկթըն – Անգարա տարակարծութիւնը թատերական էութիւն ունենալու տպաւորութիւնը կը ձգէ: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի ահաբեկչութեան եւ ելեւմտական հարցերու տեղեկահաւաքի հարցերով օգնականը Թուրքիա այցելութեան ընթացքին Համասի հետ Անգարայի յարաբերութիւններուն նկատմամբ Ուաշինկթընի խոր մտահոգութիւնը յայտնած էր` կոչ ուղղելով, որ Համասի ֆինանսաւորումը շարունակելու պարագային Թուրքիան ծանր հետեւանքներ կրնայ կրել:

Համասի հովանաւոր եռեակը կը բնութագրուի ռազմական ուղղութեամբ Իրանով, ֆինանսական` Քաթարով, իսկ գաղափարախօսական` Թուրքիայով: Այդ չի նշանակեր անշուշտ, որ Անգարան չէ ֆինանսաւորած Համասը: Ֆինանսաւորման բոլոր փուլերուն իրազեկ էին անշուշտ Միացեալ Նահանգները: Հիմա  Ուաշինկթընը հրապարակայնօրէն  կը պահանջէ Անգարայէն Համասը ճանչնալ իբրեւ ահաբեկչական միաւոր:

Բնականաբար հարց կը ծագի, թէ մինչեւ այս վերջին պատերազմը թոյլատրելի՞ էին Համասի ֆինանսաւորումները: Ասկէ ետք` արտօնուած չե՞ն եւ կրնան ծանր հետեւանքներ ունենալ:

Նոյն պահանջը չի դրուիր Տոհայի դիմաց, որ հիմնականին մէջ գլխաւոր ֆինանսաւորողն է Համասին: Տոհայի նկատմամբ վերապահումներ չկան,  արտօնելի չըլլալու յիշեցումներ չեն կատարուիր կամ Համասը իբրեւ ահաբեկիչներու խումբ հրապարակայնօրէն ճանչնալու եւ կապեր խզելու պաշտօնական պահանջներ չեն հնչեր:

Պահանջը աւելի քարոզչական բնոյթ ունի, Թել Աւիւին յղուած ուղերձ կը պարփակէ եւ  մաս կը կազմէ Անգարա – արաբական աշխարհ կապը սերտացնելու մարտավարութեան: Կամ` Թուրքիոյ ազդեցութիւնը արաբական աշխարհին վրայ ուժեղացնելու նպատակը կը ներառէ: Քաթար-Անգարա կապը եւս հաստատուն կ՛երեւի, եւ այդ կապը ամրացնողներուն հիմնականը կը թուի ըլլալ Ուաշինկթընը:

Թուրքիոյ նախագահին պատասխանը ցուցադրականօրէն համարձակ է: Անգարան իր շահերէն մեկնած արտաքին քաղաքականութիւն կը կիրարկէ եւ Համասը կը նկատէ Պաղեստինի մէջ ընտրութիւններ շահած կազմակերպութիւն: Թուրքիոյ նախագահը յոյս կը յայտնէ, որ բոլոր կողմերը կը գիտակցին Թուրքիոյ հաւասարակշիռ քաղաքականութեան ծալքերուն:

Անգարան այս ձեւով պարզապէս կը յայտնէ, որ պիտի շարունակէ  հաստատ մնալ  Համասը ահաբեկչական միաւոր չնկատելու իր դիրքորոշումին վրայ, եւ կառչած` Համասը ֆինանսաւորելու իր որոշումին:

Իսրայէլը ցեղասպան պետութիւն  նկատելէ, զայն ամէնէն սուր քննադատութեան ենթարկելէ, անոր վարչապետին ճակատագիրը արդարադատութեան միջազգային ատեաններու մէջ տեսնելէ ետք հետաքրքրական է, որ առ այս պահը չեն խզուած Թել Աւիւի եւ Անգարայի դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Չեղեալ չէ յայտարարուած փաստօրէն Թուրքիա – Իսրայէլ ռազմավարական դաշինքը:

Թուրքիոյ ուղղուած Ուաշինկթընի սպառնալիքը հեռու է առարկայացումէ: Այս իրողութիւնը ոչ միայն կապ ունի Թուրքիան հովանաւորելու եւ թրքական ձին միջինարեւելեան դաշտին մէջ վազցնելու ընդհանուր վարքագիծին հետ, այլ նաեւ Իսրայէլի նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութեան շօշափելի փոփոխութիւններուն:

Կը թուի այնպէս, որ ո՛չ իրանեան աջակցութիւնները, ո՛չ քաթարեան միջնորդութիւնները, ո՛չ ալ թրքական ֆինանսաւորումները կ՛ընթանան ի հեճուկս Միացեալ Նահանգներու: Այս վարքագիծը կը մշուշապատուի Թուրքիոյ ուղղուած նման կոչերու ծխածածկոյթին տակ:

«Ա.»

Նախորդը

Ազգային Ժողովի Պետաիրաւական Յանձնախումբը Դէմ Քուէարկեց «Հայաքուէ»-ի Նախագիծին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?