«Կազայի Դէմ Ցամաքային Գործողութեան Սկսելու Որոշումը Տրուած Է» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը
Կազայի մէջ ցամաքային գործողութեան սկսելու որոշումը որդեգրուած է: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպանը: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ զինեալ ուժերը շուտով հրամաններ պիտի ստանան ցամաքային գործողութեան սկսելու Համասի դէմ եւ «ներսէն տեսնելու Կազան»: Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կ՛ենթադրէ, որ յարձակումը պիտի ըլլայ երկար եւ բուռն: Նեթանիահուի...




















