Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

December 4, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային ներկայացուցչական 51-րդ ժողովը գումարուեցաւ 1-3 դեկտեմբեր 2023-ին, «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ: Ժողովին ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ, ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղերու 54 լիազօր քոյր-եղբայրներ, 25 հրաւիրեալներ եւ ի պաշտօնէ մասնակիցներ:

Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը հանգամանօրէն քննեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի անցնող երկու տարուան գործունէութիւնը եւ կատարեց համապատասխան գնահատական:

Ժողովին ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն կողմէ զեկուցում մը տրուեցաւ ժողովին աշխատանքներուն եւ ՀՄԸՄ-ի համահայկական ընտանիքին դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրներուն մասին:

Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումներու լոյսին տակ, Ներկայացուցչական ժողովը հաստատեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախին եւ իր աշխատանքները Հայաստանի մէջ շարունակող ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղին: Ժողովը նաեւ ընդգծեց, որ իբրեւ ազգային արժէքներու պահապան միութիւն, ՀՄԸՄ այսուհետեւ յանձնառու կ՛ըլլայ իր բոլոր ակումբներուն մէջ եւ  միութենական բոլոր ձեռնարկներուն ընթացքին ծածանել Արցախի դրօշը: ՀՄԸՄ-ի մարզիկները եւ սկաուտները իրենց տարազներուն վրայ պիտի կրեն Արցախի յատուկ պէճեր, եւ Արցախի քայլերգը պիտի հնչէ բոլոր հանդիսութիւններուն ընթացքին: Շրջանը նաեւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «ՀՄԸՄ-ի Արցախ հիմնադրամ»-ի նուիրահաւաքի աշխատանքին:

Շրջանային ներկայացուցչական 51-րդ ժողովը իր առաջարկները եւ պատկերացումները ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի յառաջիկայ երկու տարուան գործունէութեան համար, յատկապէս շեշտելով երիտասարդութեան համախմբման եւ աշակերտական մարզախաղերուն (ԼԵՎԱՄ-ի) թափ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Աւարտին, Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը 2023-2025 երկամեակին համար ընտրեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան իննանդամ նոր կազմ` բաղկացած հետեւեալներէն.

Եղբ. Վահան Համամճեան
Եղբ. Րաֆֆի Խիւտավերտեան
Եղբ. Մհեր Քէնտիրճեան
Քոյր Լարա Քէչէպաշեան
Քոյր Մարիա Գէորգեան
Եղբ. Վիգէն Մահտեսեան
Եղբ. Հրայր Մարգարեան
Քոյր Դալար Պէպէճեան
Քոյր Թամար Քէշիշեան

ԴԻՒԱՆ ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ 51-ՐԴ ԺՈՂՈՎԻ

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (4 Դեկտեմբեր 2023)

Յաջորդը

Մօրս Արցունքները

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.