Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին

December 5, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ փոխադարձ ռմբակոծումները երէկ եւս շարունակուեցան Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ:

Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի մէջ տիրող կացութիւնը:

Իր կարգին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի կացութեան առնչութեամբ Իսրայէլ` Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն ճամբով յղած է շարք մը պատգամներ, որոնք իրեն փոխանցուած են Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի եւ Վատիկանի կողմէ:

Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է գործադրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը` աւելցնելով, որ Հըզպալլա պէտք է հիւսիսային Լիթանիի կողմը գտնուի, եւ ոչ հարաւային:

Այս շրջագիծին մէջ անկախ այն իրականութենէն, որ իսրայէլեան օդուժը մնայուն կերպով թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն վրայ, իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Այթա Շաապ, Ռըմէյշ, Եարուն, Մհայպիպ, Մէյսել Ժապալ, Տհայրա, Թէյր Հարֆա, Ալմա Շաապ, Լապպունէ, Նաքուրա, Համամես, Մաժիտիէ, Խիամ, Այթարուն, Պլիտա, Քֆարքիլա, Պընթ Ժպէյլ, Մարուն Ռաս, Տէյր Միմաս եւ Ըմ Թութ շրջանները:

Նշենք, որ իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն արձակուած հրասանդի ռումբեր թիրախ դարձուցած են Շթուլա բնակեցման վայրը եւ վիրաւորած երեք իսրայէլացի զինուորներ:

Հըզպալլա իր կարգին առաւօտեան կանուխ ժամերուն ռմբակոծեց իսրայէլեան Ռահեպ զինուորական դիրքը:

Կէսօրէ առաջ Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին Շթուլայի մէջ զինուորական խմբաւորում մը, ինչպէս նաեւ թիրախահար հրթիռներով հարուածեցին Պաղտատի իսրայէլեան զինուորական դիրքը:

Հըզպալլա թիրախ դարձուց նաեւ Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ գտնուող Ռուէյսեթ Ալամի իսրայէլեան դիրքը:

Հըզպալլա ուղղակի հարուածներ հասցուց նաեւ Մըսքաֆաամի դիրքին մօտակայքը գտնուող իսրայէլեան զինուորական խմբաւորումին` օգտագործելով թիրախահար հրթիռներ:

Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց նաեւ, որ Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցած են Շթուլայի եւ Հանիթայի անտառները:

Յետմիջօրէին Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին Պըրքեթ Ռիշայի եւ Ժալ Օլամի իսրայէլեան դիրքերը:

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի Պնդմամբ, Հայաստան Պէտք Է Փոխհատուցէ Ականներու Հասցուցած Վնասներուն Համար

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.