Մինչ հարաւային սահմանագիծին վրայ ռմբակոծումները աւելի բուռն կը դառնան, թէ՛ Իսրայէլի ռմբակոծումներուն եւ թէ՛ Հըզպալլայի զինուորական գործողութիւններուն մակարդակով, լիբանանցի պատասխանատուներուն նորանոր զգուշացումներ կը փոխանցուին արեւմտեան դիւանագիտութեան ճամբով:
Զգուշացումները կ՛անդրադառնան պատերազմին շրջագիծը ընդարձակելու իսրայէլեան լուրջ միտումներուն, ինչպէս նաեւ Հըզպալլան հիւսիսային Լիթանի փոխադրելուն` հիւսիսային Իսրայէլի բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովել կարենալու նպատակով:
Ամերիկեան աղբիւրներ Լիբանանի եւ Իսրայէլի պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցութիւններ կը կատարեն պատերազմը չընդարձակելու միտումով, իսկ Փարիզ լուրջ զգուշացումներ յղած է Պէյրութին` նկատել տալով, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան բանակին բռնկեցուցած պատերազմին երկրորդ փուլը կրնայ ողբերգական հետեւանքներ ունենալ հարաւային Լիբանանի ռազմաճակատին համար:
Նշենք, որ շրջանառութեան մէջ դրուած են նաեւ այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ ֆրանսական գաղտնի սպասարկութեան պետ Պեռնար Էմիէ` հինգ պատասխանատուներու ընկերակցութեամբ, գաղտնի այցելութեամբ մը կը գտնուի Պէյրութ` լիբանանեան իշխանութիւնները համոզելու, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրեն:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան թռիչքներ գործեց Պէյրութի եւ հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն վերեւ: Իսկ իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Նաքուրա, Այթա Շաապ, Ռամիէ, Այթարուն, Պլիտա, Համամես, Քֆարշուպա, Ժապալ Պլաթ, Օուէյտա, Քֆարքիլա, Ատայսէ, Ըզզիէ, Տէյր Միմաս, Ժըպպայն, Շիհին, Մաժտալ Զուն, Խիամ, Մարի, Լապպունէ, Թէյր Հարֆա, Քֆարհամամ-Հըպպարիէ, Զըպքին, Պէյթ Լիֆ եւ Քաուզահ շրջանները:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:45-ին, իսրայէլեան ուժերը «Մերքաւա» տիպի հրասայլէ մը արձակուած 4 հրթիռներով ռմբակոծեցին Նապի Օուէյտա-Ատայսէ բարձունքներուն վրայ գտնուող լիբանանեան բանակի դիրք մը` պատճառելով զոհ մը եւ վիրաւորելով երեք ուրիշներ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, թէ Նապի Օուէյտա-Ատայսէ բարձունքներուն վրայ գտնուող լիբանանեան բանակի դիրքը յարձակումի ենթարկուած է Իսրայէլի կողմէ, եւ այդ պատճառով նահատակուած է բանակային մը եւ վիրաւորուած են երեք այլ զինուորներ, որոնք փոխադրուած են շրջանի հիւանդանոցները:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ լիբանանեան բանակը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու մասին տեղեակ պիտի պահեն ՄԱԿ-ը: «Լիբանանի պատասխանը պիտի ըլլայ դիւանագիտական: Լիբանան պատերազմ չի փափաքիր եւ ան զոհ է` հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի մէջ Իսրայէլի գործած բռնարարքներուն», ըսաւ ան:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանանի համար ողջունելի է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը` ընդգծելով, որ այդ բանաձեւին գործադրութիւնը միշտ կը խախտուի Իսրայէլի կողմէ: «Իսրայէլի ղեկավարները Լիբանանի եւ Կազայի ժողովուրդները սպաննելու պայքար կը մղեն», շեշտեց ան:
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ողջունեց նահատակ զինուորին խիզախութիւնը` հաստատելով, որ թշնամի Իսրայէլին կողմէ լիբանանեան բանակի դիրքին ռմբակոծումը թիւ 1701 բանաձեւի խախտում է:
Հըզպալլա իր կարգին առաւօտեան ժամը 5:00-ին թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան բանակին պատկանող երկու զրահապատներ, որոնք կը գտնուէին Ռամիա զինուորական դիրքին մօտակայքը:
Առաւօտեան ժամը 9:50-ին Դիմադրութեան մարտիկները Ռուէյսեթ Ասիի դիրքին վրայ թիրախ դարձուցին իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Կէս ժամ ետք Հըզպալլա ռմբակոծեց իսրայէլեան Զըպտին եւ Պայատ Պլիտա զինուորական դիրքերը:
Յետմիջօրէին Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով հարուածեցին իսրայէլեան Ժալ Օլամ, Տհայրա եւ Քոպրա զինուորական դիրքերը, ինչպէս նաեւ Պըրքեթ Ռիշայի դիրքին վրայ ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ յարմար զէնքերով հարուածած է իսրայէլեան Պրանեթ դիրքը եւ արձանագրած ուղղակի թիրախներ, իսկ երեկոյեան ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած է Ռամիայի դիրքը:
Դիմադրութեան մարտիկները հարուածեցին Մանարա բնակեցման վայրը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Աւելի ուշ անոնք հարուածեցին նաեւ իսրայէլեան Մթըլլէ զինուորական դիրքն ու Խալլեթ Ուարտէի մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը:


