Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծոցի Վեհաժողով. «Տագնապը Կրնայ Միջին Արեւելքի Մէջ Այլ Շրջաններ Տարածուիլ, Եթէ Իսրայէլեան Յարձակումը Չդադրի»

Դեկտեմբեր 6, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի 44-րդ վեհաժողովը:

Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը վեհաժողովի բացման նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Արագացող փոփոխութիւնները խորհրդակցութիւնն ու համակարգումը հրամայական կը դարձնեն` խուսափելու համար անոնց հետեւանքներէն»:

«Մենք վստահ ենք, որ Ծոցի երկիրները կը գիտակցին շրջանային կարգ մը խնդիրներու լուծման համար գործակցութեան կամ փոխադարձ հասկացողութեան գոյացման կարեւորութեան», նշեց իշխանը` աւելցնելով. «Միջազգային ընտանիքին համար ամօթ է, որ կ՛արտօնէ Կազայի մէջ ստոր ոճիրներու շարունակութիւնը»:

«Ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը բռնագրաւողին համար կիրարկելի չէ, եւ Իսրայէլի գործած ցեղասպանական ոճիրները չի թոյլատրեր», յայտարարեց Քաթարի իշխանը:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի իր կարգին յայտարարեց. «Ծոցի վեհաժողովը հաստատեց միջնորդութեան ջանքերը շարունակելով զինադադարի հասնելու կարեւորութիւնը»: Ան աւելցուց. «Կը շարունակենք ջանք թափել զինադադարի վերականգնման ու պատանդներու եւ գերիներու ազատ արձակման համար»:

«Զինադադարի վերաբերեալ մեր գործընկերներուն հետ համակարգումը կը շարունակուի», ըսաւ ան` նշելով. «Մեր հիմնական նպատակը Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելն է»:

«Պատերազմի մնայուն դադրեցումն ու քաղաքական լուծումի հասնիլը կարեւոր են», նշեց քաթարեան դիւանագիտութեան պետը:

«Օժանդակութիւնները Կազայի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդը ծունկի բերել փորձելու համար օգտագործելը անընդունելի է», շեշտեց ան:

Վեհաժողովի աւարտին որդեգրուեցաւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի «Տոհայի հռչակագիր»-ը, որ կը հաստատէ, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը կը կանգնի պաղեստինցի ժողովուրդին կողքին եւ աշխատանք կը տանի Կազայի բնակիչներուն տառապանքը դադրեցնելու, ինչպէս նաեւ անցնող տարիներուն ընթացքին իսրայէլեան բանակին Կազայի մէջ քանդածին վերականգնման համար աջակցութեան ձեռք կ՛երկարէ:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու ղեկավարները խոր մտահոգութիւն ու մեծ դժգոհութիւն յայտնեցին պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան յարձակումին առնչութեամբ եւ դատապարտեցին Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակին գործած սանձարձակ բռնարարքներուն ու ռմբակոծումներուն, քաղաքայիններու բռնի տեղահանման, քաղաքային կառոյցներու եւ ենթակառոյցներու քանդման, բնակելի շէնքերու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու եւ պաշտամունքի վայրերու քանդման նկատմամբ` նշելով, որ այդ արարքները բացայայտ կերպով կը խախտեն միջազգային օրէնքն ու միջազգային մարդասիրական օրէնքը:

Խորհուրդը գնահատեց Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու միացեալ միջնորդական ջանքերը` նշելով, որ պէտք է անմիջապէս վերականգնել գոյացած մարդասիրական զինադադարը` հասնելով ամբողջական ու մնայուն զինադադարի, մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման երաշխաւորման, ելեկտրականութեան ու ջուրի մատակարարման վերականգնման եւ Կազայի բնակիչներուն սննդեղէնի, դեղորայքի եւ վառելանիւթի մատակարարման:

Վեհաժողովը զգուշացուց, որ տագնապը կրնայ Միջին Արեւելքի մէջ այլ շրջաններ տարածուիլ, եթէ իսրայէլեան յարձակումը չդադրի, ինչ որ շրջանի բնակիչներուն, միջազգային անվտանգութեան ու խաղաղութեան համար ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ պետութիւնները միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեցին` միջամտելու զինադադար հաստատելու, պաղեստինցի քաղաքայինները պաշտպանելու եւ միջազգային օրէնքին համաձայն պէտք եղած քայլերը որդեգրելու` հակադարձելու համար Իսրայէլի արարքներուն ու Կազայի անզէն բնակչութեան դէմ կիրարկուող հաւաքական պատիժի քաղաքականութեան:

Միւս կողմէ, «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ Իսրայէլ տեղադրած է մղիչներ, որոնցմով կ՛ուզէ Համասի` Կազայի տակ գտնուող փապուղիներու համակարգը ողողել ծովու ջուրով, սակայն տակաւին վերջնական որոշում չէ տուած: Օրաթերթը այս մասին հաղորդեց` վկայակոչելով ծրագիրին ծանօթ անանուն ամերիկացի պաշտօնատարներ:

Կը նշուի, որ Կազայի հիւսիսը տեղակայուած է հինգ մղիչներէ բաղկացած համակարգ մը: Համասի 500 քիլոմեթրնոց փապուղիները Միջերկրական ծովու ջուրով ողողելը պիտի պահանջէ քանի մը շաբաթ, ինչ որ պէտք է բաւարար ժամանակ ըլլայ բոլոր պատանդները փապուղիներէն դուրս բերելու համար:

Բայց եւ այնպէս, փապուղիները ծովու ջուրով ողողելու վերաբերեալ քննարկումները տակաւին կը շարունակուին, որովհետեւ Իսրայէլ չի գիտեր, թէ Համասի ստորգետնեայ փապուղիներու ցանցը որքա՛ն ընդարձակ է, ի՛նչ կայ անոնց մէջ եւ ծովու ջուրը ինչպէ՛ս պիտի ազդէ ստորգետնեայ ջուրերուն վրայ, որոնցմէ կ՛օգտուի տեղւոյն բնակչութիւնը:

 

 

Նախորդը

Փութին Այսօր Սէուտական Արաբիա Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Պիտի Այցելէ, Իսկ Ռայիսին Վաղը Ռուսիա Պիտի Այցելէ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 8, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?