Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տիրեց Զգուշաւոր Լռութիւն. Երեկոյեան Իսրայէլեան Հրետանին Ռմբակոծեց Սահմանային Շրջաններ
Կազայի մէջ Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ բռնկած պատերազմին հետեւանքներէն ազդուող Լիբանանը, յատկապէս հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին պարզեց զգուշաւոր լռութեան իրավիճակ մը: Ամբողջ օրուան ընթացքին իսրայէլեան բանակը յայտնած էր, թէ հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանին մէջ արտասովոր դէպքեր չկան` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը կազմ ու պատրաստ կը հսկեն սահմանին: Գրեթէ ամբողջ օրը տեւած զգուշաւոր լռութիւնը սակայն խախտեցաւ երեկոյեան...




















