Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Կազայի Սահմաններու Փոփոխութիւն Կամ Պաղեստինցիներու Տեղահանում Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը

Դեկտեմբեր 4, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն ոչ մէկ պարագայի պիտի արտօնէ Կազայէն պաղեստինցիներու հարկադիր տեղահանում կամ շրջանի սահմաններու վերաձեւում: Այս մասին Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս:

«Փոխնախագահը նաեւ քննարկած է Միացեալ Նահանգներու` Կազայի հատուածին մէջ յետհակամարտային ծրագրաւորման վերաբերող գաղափարները, ներառեալ` անոր վերականգնման, անվտանգութեան ապահովման եւ կառավարման ջանքերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարիս ընդգծած է, որ պաղեստինեան Համաս շարժումը պէտք չէ պահպանէ Կազայի վրայ վերահսկողութիւնը:

Անոր կարծիքով` իրադարձութիւններու նման զարգացումը պիտի հակասէ թէ՛ Իսրայէլի, թէ՛ ալ պաղեստինցի ժողովուրդի շահերուն ու շրջանային անվտանգութեան:

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Իսրայէլն ու Համասը չեն ուզեր վերադառնալ պատանդներու վերաբերեալ բանակցութիւններուն»:

«Այս պահուս կողմերէն ոչ մէկը կ՛ուզէ վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան», յայտարարած է ան:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն իր կարգին զգուշացուց Իսրայէլը, թէ Համասը «ամբողջութեամբ ոչնչացնելու նպատակը» 10-ամեայ պատերազմի պիտի յանգեցնէ:

Լրագրող Ժորժ Մալպորօ «Էքս»-ի վրայ իր գրառումին մէջ նշեց, թէ Մաքրոն ըսած է. «Համասը ամբողջութեամբ ոչնչացնել. այդ ի՞նչ է: Ոեւէ մէկը ատիկա կարելի կը նկատէ՞: Եթէ կը կարծէ, ուրեմն պատերազմը տասը տարի պիտի շարունակուի, եւ չեմ կարծեր, թէ ոեւէ մէկը գիտէ այդ նպատակը լրջօրէն ներկայացնել: Ուստի այդ նպատակը պէտք է յստակացնել»:

Մաքրոն «ՔՈՓ 28» խորհրդաժողովի ընթացքին լրագրողներուն ըսած էր. «Համասի վտանգը ոչնչացնելը զայն մնայուն կերպով ռմբակոծելու ճամբով պիտի չըլլայ»:

Լրագրող Մալպորօ նաեւ յայտնեց. «Ֆրանսացի բարձրաստիճան սպայ մը հինգշաբթի օր մեզի յայտնեց, որ Իսրայէլ պատանդ էր սկիզբը յայտարարած իր զինուորական նպատակներուն, որոնք դժուար հասանելի էին»:

Նշենք, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել քանի մը օր առաջ յայտարարած էր. «Եւրոպան առաջին զոհը պիտի ըլլայ Կազայի մէջ իշխանութեան բացին, եթէ ատիկա ստեղծուի»:

Իսրայէլի վարչապետի խորհրդատու Մարք Ռեկեւ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Կազայի մէջ անվտանգութեան գօտիի ստեղծման մանրամասն ծրագիր գոյութիւն ունի»:

«Այդ ծրագիրը կը բաղկանայ երեք մակարդակներէ, որոնք կը վերաբերին յետհամասեան փուլին», նշեց ան` աւելցնելով. «Ծրագիրի մակարդակները կը ներառեն Համասի ոչնչացումը, Կազայի ապազինումն ու ծայրայեղականութեան վերջ տալը»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շաբաթ օր յայտարարեց. «Պաղեստինեան իշխանութիւնը ահաբեկչութեան դէմ չի պայքարիր, այլ զայն կը ֆինանսաւորէ, ուստի անիկա պէտք չէ ըլլայ այն կողմը, որ ներկայիս Կազա մուտք պիտի գործէ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան զգուշացուց. «Գոյութիւն ունի այն կարելիութիւնը, որ պատերազմի տարողութիւնը շրջանի մէջ ընդլայնուի, եթէ սիոնական գոյացութեան Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ ոճիրները չդադրին»:

Համասի քաղաքական գրասենեակի փոխնախագահ Սալեհ Արուրի «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Պատերազմի աւարտէն առաջ գերիներու փոխանակումը բացառուած է, եւ դիմադրութիւնը պատրաստ է իսրայէլեան զինուորական բոլոր բեմագրութիւններուն, ըլլայ այդ ցամաքային պատերազմ, օդային կամ այլ»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ շաբաթ գիշեր Թել Աւիւի մէջ տեղի ունեցած է գերիներու հարազատներու Նեթանիահուի կառավարութեան դէմ բազմամարդ ցոյց մը, որուն մասնակցած են տասնեակ հազարաւոր իսրայէլացիներ. ցոյցին առաջին անգամ ըլլալով խօսք առած է «նախապէս Համասի կողմէ ազատ արձակուած գերիներէն մէկը»:

Ցուցարարները բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին. «Մենք կը մահանանք Նեթանիահուի քաղաքականութեան պատճառով: Հեռացի՛ր մեր կեանքէն»: Անոնք պահանջած են դադրեցնել պատերազմը եւ ազատ արձակել Կազայի մէջ կալանաւորուած իսրայէլացի բոլոր գերիները:

Իսրայէլեան «Ուալա» կայքին համաձայն, ցոյցը տեղի ունեցած է այժմ երթեւեկի առջեւ փակուած «Սաւուղ թագաւոր» թաղին մէջ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներու համաձայն, Նեթանիահուի կառավարութեան դէմ բազմամարդ ցոյց տեղի ունեցած է նաեւ Հայֆայի մէջ:

Հարցախոյզի մը արդիւնքին համաձայն, իսրայէլացիներուն 80 առ հարիւրին կարծիքով` Նեթանիահուն պէտք է կրէ 7 հոկտեմբերի դէպքերուն պատասխանատուութիւնը:

«Ժազիրա» հաղորդեց, որ ցուցարարները բողոքած են Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ գերիներու փոխանակման բանակցութիւններու դադրեցման դէմ:

Նախորդը

Ֆիլիփինի Մէջ Ս. Պատարագի Ընթացքին Կաթողիկէ Եկեղեցի Մը Ականահարուեցաւ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?