Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի անցեալ շաբաթավերջին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի կլիմայական «Քոփ 28» խորհրդաժողովին:
Տուպայի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին ընթացքին Միքաթի արտասանեց Լիբանանի պաշտօնական խօսքը, որուն մէջ հաստատեց, որ իրեն համար անկարելի է իբրեւ Լիբանանի ներկայացուցիչ չանդրադառնալ Լիբանանի ազգային կարողութիւնները ամրապնդելու համար անհրաժեշտ կարիքներուն, յատկապէս այն շրջաններուն մէջ, ուր կլիմայական լուրջ հետեւանքներ արձանագրուած են պատերազմներուն պատճառով:
«Լիբանան կը դիմադրէ մարդուն եւ քարին դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքներու, որոնք կլիմայական լուրջ հետեւանքներ ունին: Լիբանանեան հսկայական տարածքներ կ՛ենթարկուին կենսոլորտային վատթարացումի` իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով», շեշտեց ան:
Միքաթի նշեց, որ իսրայէլեան ուժեր շարունակ կ՛օգտագործեն միջազգայնօրէն արգիլուած ֆոսֆորային ռումբեր, որոնք խեղդամահ դարձուցին կարգ մը լիբանանցիներ, ինչպէս նաեւ հրկիզեցին աւելի քան միլիոն քառ. մեթր անտառներ եւ հազարաւոր ձիթենիներ:
«Այս բոլորը պատճառ դարձան, որ մեծ թիւով լիբանանցիներու ապրուստի աղբիւրը հարուած ստանայ, ինչպէս նաեւ տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիներ արտագաղթեն», ըսաւ ան:
Միքաթի շեշտեց, որ պէտք է ընդունիլ, որ այս բոլորը պատերազմի հետեւանքներ են, որոնք պէտք է լուծուին միջազգային եւ մարդասիրական օրէնքի ու կանոնի հիման վրայ:
Միքաթի նկատել տուաւ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի կողմէ 20 միլիառ տոլարի ֆոնտ մը հիմնելու յայտարարութիւնը կարեւոր է կլիմայական լուծումներ տրամադրելու համար: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ յայտարարուած այս ֆոնտին ընդարձակումը շուտով կատարուի եւ յաւելեալ ֆինանսաւորում ապահովուի` դիմագրաւելու համար բոլոր մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ ընդարձակելու անոր շրջագիծը, որպէսզի Լիբանանի մէջ կանաչ տնտեսութիւն ստեղծուի:
Միքաթի յայտնեց, որ ուժանիւթի մարզը տառապած է իրերայաջորդ տագնապներէն եւ անհրաժեշտ է անոր աշխուժացումն ու բաւարարաչափ ֆինանսաւորման երաշխաւորումը, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ մարզը արդիականացնել եւ զայն մաքուր ուժանիւթի վերածել` մեղմացնելու համար կլիմայական փոփոխութեան վրայ անոր ունենալիք ժխտական ազդեցութիւնը:
Ան արժեւորեց ՄԱԿ-ի կլիմայական «Քոփ 28» խորհրդաժողովը եւ կոչ ուղղեց տալու այնպիսի որոշումներ, ինչպէս նաեւ որդեգրելու այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնք կ՛առաջնորդեն դէպի բոլորին համար աւելի ապահով ապագայի մը կերտումը:
Միքաթիի Հանդիպումները
ՄԱԿ-ի կլիմայական «Քոփ 28» խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերելու կողքին, Միքաթի հանդիպումներ ունեցաւ այդ խորհրդաժողովին մասնակցող այլ երկիրներու ղեկավարներու հետ:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ: Քննարկուեցան Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները:
Միքաթի Մաքրոնի հետ քննարկեց նաեւ Լիբանան այցելած անոր պատուիրակին` Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ իր ունեցած քննարկումներուն արդիւնքները:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրլանտայի վարչապետ Լէօ Վարատքարի հետ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրլանտային` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելու առիթով, ինչպէս նաեւ դրուատեց անոնց զոհողութիւնները, որոնց հիման վրայ կը պահպանուի հարաւային Լիբանանի ապահովութիւնը:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միքաթի Սկովտիոյ վարչապետ Համզա Եուսեֆի հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները` ընդգծելով Եուսեֆի կեցուածքները, որոնք կը վերաբերէին Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Կազայի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ զինադուլ հաստատելու նպատակով ի գործ դրուած եգիպտական ջանքերը, որոնք ի վերջոյ պիտի յանգին ամբողջական լուծման` հաշուի առնելով պաղեստինեան իրաւունքները:
Միքաթի, ներկայութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի, հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսական «Թոթալ էնըրճիզ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Փաթրիք Փուանիէի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան ջուրերուն մէջ կազի եւ նաւթի պեղման «Թոթալ էնըրճիզ»-ի աշխատանքներուն մասին ընկերութեան պատրաստած տեղեկագիրները եւ թիւ 9 նաւթահորը դարձեալ հորատելու կարելիութիւնները:
Քննարկուեցան նաեւ թիւ 8 եւ թիւ 10 նաւթահորերը հորատելու կարելիութիւնները եւ այս իմաստով «Թոթալ էնըրճիզ»-ի ներկայացուցած առաջարկները:
Միքաթի մաղթեց, որ այդ տեղեկագիրները անյապաղ ներկայացուին, որպէսզի անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կարելի ըլլայ ապագայ քայլերուն քննարկումը:
Քննարկուեցան նաեւ «Թոթալ էնըրճիզ»-ի եւ «Քաթար էնըրճիզ»-ի ներկայացուցած առաջարկները` արեւային ուժանիւթով ելեկտրականութիւն արտադրելու ծրագիրներն ու անոնց անմիջական գործադրութեան հեռանկարները: